1580
2283
Մատեանս կը բովանդակէ Կլիմաքոսի գրութիւնները, օրինակուած Հ. Ներսէս Վրդ. Սարգիսեան Մխիթարեան միաբանի գրիչով։ Ընդօրինակութիւնը հաւանաբար կատարած է 1846-1852 տարիներուն՝ դէպի Հայաստան գիտական ուղեւորութեան ընթացքին, նախագաղափար ունենալով Վարք Հարանց մը, որ յաջորդաբար իր ջանքերով ստացած է, եւ ներկայիս կը կրէ 806 թիւը (տե՛ս Վարք Հարանց Բ.)։