667
1466
ՋԿԵ = 1516։
բոյորգիր։
12, որոնցմէ ա եւ բ ունին 11 թուղթ, գ եւ ը՝ 14 թուղթ, դ՝ 10 թղ., ժր՝ 2 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։
մագաղաթ։
խաւաքարտ կաշեպատ անզարդ։
մաքուր ու ներկայանալի. թուղթ մը ինկած է թղ. 11-12ի միջեւ, թղ. 31 ամբողջութենէն անջատուած է։
Խաչատուր կրօնաւոր, եղբօրորդի Մկրտիչ գրիչին։
միայն թղ. 73ա։
թղ. 38ա, 51ա, 98ա։
թղ. 2ա, 73ա, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, պարզ եւ ճաշակաւոր, նոյնպէս են նաեւ՝
կարմիր մելանով։
1. Թղ. 123բ. «Փառք... շնորհիւ Տեառկ սկսաւ եւ ողորմութեամբ նորին կատարեցօ Աղօթմատոյցս, ի լաւ եւ յընտիր օրինակէ րաբուն Թումայի, ի թվականութեանս Հայոց Ջ ու ԿԵ ( = 1516), ի սուրբ եւ գերահռչակ ուխտս որ կոչի Սանահին, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնիս եւ հրաշափառ սուրբ կաթուղիկէիս, յառաջնորդութեամբ Տէր Ղուկաս եպիսկոպոսին, ձեռամբ մեղաւոր եւ անարժան եւ փցուն գրչի Մկրտչի, յիշատակ հոգ(ւ)ոյ իմոյ եւ ծնաւղաց իմոց, զոր Տէր Աստուած վայելել տացէ եղբաւրորդ(ւ)ոյն իմոյ Խաչատուր նորաբողբոջ կրաւնաւորին. ամէն։ «Յիշեցէք ի Քրիստոս զիս զբազմամեղ գծողս, եւ Աստուած յիշողաց եւ յիշեցելոցս տղորմեսցի, եւ նմա փառք յաւիտեանս. ա2. Թղ. 72բ. «Ով սուրբ պատարագողք, զսակաւ աշխատողս յիշեցէք ի սուրբ յաղօթս ձեր եւ Աստուած զձեզ յիշէ»։
կը պակՄատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր. ունի հետեւեալ կարգր. 1. Թղ. 1ա. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Եկեղեցւոյ Հայաստանեայց որ կատարի ի մէջ գիշերի» (հմմտ. Զ. ժմգր. § 1)։ 2. Թղ. 12ա. «Կարգաւորութիւն... Առաւաւտու ժամուն» (հմմտ. Ա. Ժմգր. § 3, եւ Դ. Ժմգր. § 2)։ 3. Թղ. 33բ. «Կարգաւորութիւն... Արեւագալի ժամուն» (հմմտ. Դ. Ժմգր. § 3)։ 4. Թղ. 37ա. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» (հմմտ. Դ. Ժմգր. § 4-6)։ 5. Թղ. 51ա. «Աւրէնք արկանելո(յ) ըսպաս Եկեղեցւոյ»։ Հմմտ. Դ. Ժմգր. § 7, հետեւեալ տարբերակներով. ա. Զգեստաւորութենէն ետք՝ «Խոնարհեալ պատարագիչ քահանայն ասէ առաջի այլոց քահանայիցն առընթեր կացելոցն. Խոստովանիմ առաջի..., Ողորմեսցի.... Ազատեսցէ...։ Եւ յուասցեն զձեռս, Սղ. Լուացայց սրբ., Փխ. Դատ արա ինձ։ Քրզ. Սուրբ զԱստուածածինն. Սղ. Ընկալ Տէր զաղաչանս»։ բ. «Աւրհնեալ թագաւորութիւնն»էն ետք՝ կը պակսի «Տէր Աստուած կեցո զժողովուրդս» աղօթքը՝ գ. «Հաւատամք»ին մէջ ունի տարբերակներ. «ծնեալ եւ ոչ արարեալ», «Չարչարեալ այսինքն խաչեալ», «Հաւատամք եւ յայս միայն ընդհանրական»։ դ. Վերաբերումէն ետք, խորանի մը ներքեւ «Տէր Աստուած զաւրութեանց» աղօթքը ունի սա խորագիրը. «Պատարագամատոյց զոր արարեալ է սրբոյն Աթանասի Աղեքսանդրու հայրապետին»։ ե. Սրբագործման համար կը գործածէ այսօրուան ընդհանրացած բանաձեւը. լուսանցքին վրայ կարմիր մելանով կը գրէ. «Այս է էութիւն բանիս»։ զ. Սարկաւագին «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն» քարոզին մէջ կայ այս յաւելուածը. «Եւ քահանայիցս որք զպատարագս մատուցանեն, եւ վասն զօրութեան..., եւս առաւել վասն հանգուցեալ րաբունապետացն մերոց մեծին Սարկաւագայ, Գոշի, Վանականա(յ), Վարդանայ, Ներսեսի, Եսայեա(յ), Դաւթի, Տիրատրոյ, Յովհանիսի, Գրիգորի եւ շինողաց սուրբ եկեղեցեացըս...»։ է. Ճաշակումէն առաջ կայ երկու աղօթք. «Հայր սուրբ որ անուանեցեր...» եւ «Գոհանամք զքէն Քրիստոս թագաւոր...»։ Սարկաւագին, նոր ձեռնադրեալին եւ ժողովուրդին հաղորդուելուն մասին խորագիրները կը համաձայնին Դ. Ժմգր. § 7ի խորագիրներուն։ 6. Թղ. 98ա. (Կարգաւորութիւն... Երեկոյեան ժամուն) առանց խորագիրի։ 7. Թղ. 107բ. «Աւրհնութիւն առ սեղանն մարմնաւոր պիտոյից» (հմմտ. Ա. ժմգր. § 9)։ 8. Թղ. 110ա. «Կարգաւորութիւն... Խաղաղական ժամուն»։ Հմմտ. Դ. Ժմգր. § 12։ «Շնորհեա մեզ տէր ի գիշերի» երգը օրինակուած է ամբողջութեամբ, որու աւարտին՝ «Նայեա սիրով Հայրըդ գթ.» երգին միայն առաջին այս բառերը, որ ուրիշ ձեռագիրներու մէջ կը նշուի «Տէր լոյս իմ» սաղմոսի աւարտին։ Նմանապէս «Երանեալ» սաղմոսէն ետք նըշուած է «Ի քէն հայցեմք» երգին առաջին բառերը։ 9. Թղ. 116ա. «Կարգաւորութիւն... Հանգստեան ժամուն»։ Հմմտ. Բ. Ժմգր. § 6. վերջաւորութեան կ'աւելցնէ. «Ջհանգստեան աղաւթս եւ զաղաչանս...» համառօտ խմբագրութեամբ։ 10. Թղ. 118բ. «Պարտ է քահանայից այսպէս դաւանել զամենասուրբ Երրորդութեան. Հաւատամք զՀայր անսկիզբն, անեղ..., Մեղայ սուրբ Երրորդութեանն Հաւր...» (հմմտ. Դ. Ժմգր. § 17)։ 11. Թղ. 124բ. «Ժամամտեր. Որ ի Հաւրէ առաքեցար...»։