1503
2428
Մատեանս Բարսեղ Կեսարացիի «Ճառք վասն վեցօրեայ արարչութեանն» 1830ին Վենետիկ տպուած օրինակն է, որու վրայ կատարուած են սրբագրութիւններ, լուսանցքներուն վրայ նշանակուած են տարընթերցումներ՝ Անտոնեանց Ձեռագիրներէն մէկուն, որ ներկայիս կը գտնուի Ջմմառի Մատենադարանը (Ձեռ. թիւ Թ - 429)։ Գիրքիս սկիզբը կայ սա ծանօթութիւնը. «Բաղդատեցաւ մատեանս ընդ ընտիր օրինակին (որ թէպէտեւ նօտրգիր՝ այլ ի հին օրինակէ), որ պահի առ Լիբանանեան Հարս ի Կ. Պօլիս, եւ կարմրադեղիւք է նշանակեալ»։