1506
804
նկատած որ Ձեռագրիս գրիչը կրնայ ըլլալ Գրիգոր Տաթեւացի, անկարելի չէ որ Ձեռագիրս գրուած ըլլայ ԺԵ դարու առաջին տասնամեակին։
բոլորգիր։
Բ-ԺԷx12 (ԺԳ՝ 11, ԺԷ՝ 6)։
թուղթ։
կիսակաշի ստուարաթուղթ, ծածկուած սեւ լաթով։
վատ. կը պակսի առաջին թերթը, թերի կը մնայ նաեւ վերջաւորութիւնը. թուղթ մը ինկած է ընդմէջ թղ. 156-157։ Ձեռագիրս մնացած է խոնաւութեան մէջ, որ թողած է իր հետքը. բազմաթիւ թուղթեր, յատկապէս վարի արտաքին լուսանցքը՝ գրութեամբ հանդերձ կտրուած է, եւ նորագոյն թուղթով ամբողջացած՝ նորոգողին կողմէ։ Պոկուած են լուսանցազարդերը՝ կամաւոր ձեռքէ մը։ Թղ. 151՝ անջատուած է Ձեռագրէս։
անյայտ։
նոր ճառ սկսելուն, բազմագոյն ընտիր զարդերով, որոնք մասամբ վնասուած են եւ կամ լուսանցազարդերը պոկուած ըլլալով՝ անոնք այ կրած են հետեւանքը։
կապոյտ երկաթագիր եւ կարմիր բոլորգիր։
մնացած են սակաւք, բազմագոյն, մեծ մասամբ կտրուած հանուած են՝ անխնայ կերպով։
ներկայիս չունի, անցեալին գուցէ ունէին՝ որոնք պոկուած են։
չունի։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 130բ. «Զամէներանեան արժանացեալն շնորհի եւ զմշտակախեալն ի սէր սիրոյն Յիսուսի, զմեծ վարժեացն պետ ըզՅովհանէս Որոտնեցի, հանդերձ ծնողաւք իւրովք կրկնակի, եւ զիս՝ մեղապարտ գծաւղս սպասաւոր նմին եւ բանի, զձեզ՝ դասք լուսերամից, աղերսեմ անմոռաց յիշատակել ի զենումն գառինն անարատի, յորում եւ ձերն արձանասցի ի դպրութիւնն անջնջելի»։ 2. Թղ. 182ա. «Արդ ես թմբրամածս Գրիգոր, վերջինս ի ծնունդս եկեղեցւոյ եւ տրուպըս բանին սպասաւորաց, սիրով միայն զանունն ստացայ, ջանիւ ի գործն ոչ մխեցայ. յերես անկեալ աղաչեմ զպատահաւղսըդ այսմ գծիս, յիշել բարի յիշմամբ զմեզ առաջի Քրիստոսի. զի որպէս եւ որչափ յիշէքդ՝ բազմապատիկ եւ ձեզ շնորհեսցի. 3. Թղ. 184բ. «Եւ դեղկելի ծրողս աղաչեմ յիշել ի Տէր»։
«Փոխանակեալ ընդ տպագիր մատենից, ի ձեռն Պր. Սերովբէ Մարգար-Ալիշան, յամի 1852»։ Մատեանս կը բովանդակէ Գրիգոր Աստուածաբանի Ճառերը, Գր. Տաթեւացիի ներբողեանը Յովհ. Որոտնեցիի, Դաւիթ Անյաղթի Վերլուծութիւնք Արիստոտելի, հետեւեալ 1. Թղ. 1ա. «(Բ. Գրիգորի Աստուածաբանի, ի Յայտնութիւնն Քրիստոսի. Դարձեալ իմ Յիսուս).... Ես եմ լոյս աշխարհի, եւ յաղագս այսորիկ (մատ)իք առ նա եւ լուսաւորեցարուք եւ երեսք ձեր մի՛ ամաչեսցեն. ճշմարիտ լուսովն նշանակիմք, ժամանակ վերստին ծննդեանն, ծնցուք վերստին»։ Վերջ թղ. 11ա. «Զի լոյսք կատարեալք ի մեծի լուսոյն մերձ կայցէք եւ անդ նուիրիցիք լուսաւորութեանն, պայծառացեալք Երրորդութեամբն, մաքրագոյն եւ հաստատագոյն, որոյ այժմ չափաւորապէս ընկալեալ եղեւ մի ճառագայթ ի միոջէ աստուածութենէն՝ ի Քրիստոս Յիսուս, որում փառք յաւիտեանս. Ձեռագրիս առաջին թերթը կորսուած ըլլալով, կը պակսի առաջին Ճառը ամբողջութեամբ (սկ. «Քրիստոս ծնեալ լինի»), իսկ երկրորդը թերի է սկզբնաւորութեան։ 2. Թղ. 11ա. «Գ. Նորին ի Մկրտութիւնն. Երէկ զպայծառ լուսաւորութեանցն զաւր տաւնեցաք, քանզի եւ վայելէր իսկ գոհութիւն դնել ի փրկութեան յաւուրն մերոյ»։ 3. Թղ. 41ա. «(Դ. Նորին ի Պասքա եւ ի հեղգութիւն. Յարութեան օր եւ սկիզբն)». ... Ես բռնադատեալս գեղեցիկ հարստահարութեամբն, քանզի զայս այժմ յաւելում»։ Թուղթը պոկուած ըլլալով՝ կը պակսի խորագիրը եւ ճառին սկզբնաւորութիւնը։ 4. Թղ. 43ա. «Ե. Նորին ի սուրբ Պասքա. Ի պահու իմում կացից, ասէ, սքանչելին Ամբակում»։ 5. Թղ. 56բ. «Զ. Նորին խաւս ի Նոր կիւրակէին, ի Կեսարիայ Կապպադոկացւոց, ի կատարման յիշատակի սրբոյ վկային Մամասայ, քանզի ի Նորում կիւրակէին կատարի միշտ ի Կեսարացւոց քաղաքին. Նաւակատիք պատուեցին Հին աւրէնքն եւ գեղեցկապէս 6. Թղ. 63բ. «Է. Նորին ի Պենտակոստէն եւ ի Հոգին. Յաղագս տաւնիս դուզնաքեայ ինչ իմաստասիրեսցուք, զի հոգեւորապէս տաւնիցեմք»։ 7. Թղ. 74ա. «Ը. Նորին Գրիգորի Նազազացւոց ի ժողովօղն. Այսպէս ասէ ժողովաւղն հաւթայ թագաւորի եւ մարգարէի որդի, ամենայն Աստուծոյ եկեղեցւոյ»։ 8. Թղ. 90ա. «Թ. Նորին Առ հայրն իւր յռեալ եւ սգ(ա)ցեալ վասն հարուածոց կարկըտին. Ընդէ՞ր լուծանէք զկարգ գովելի, հի՞մ բռնադատէք»։ 9. Թղ. 104բ. «Ժ. Նորին Յաղագս աղքատսիրութեան. Արք, եղբարք եւ աղքատակիցք, քանզի աղքատք ամենեքեան եւ աստուածային շնորհին կարաւտեալք»։ 10. Թղ. 131ա. «ԺԱ. Նորին Ի Կիպրիանոս յեպիսկոպոս եւ ի վկայ, յանդաստանէ եկեալ, յետ միոյ աւուր յիշատակին. Փոքր ինչ եւ Կիպրիանոս զերծանէր ի մէնջ, ո՛վ տուգանիս, եւ դուք ներէիք»։ 11. Թղ. 142բ. «Նորին Ի Մակաբէացի վկայսն. Ջի՞նչ եւ մակաբէացիքս, վասն զի սոցա է մերձաւոր տաւնս, ոչ ի բազմաց պատուեցելոց»։ 12. Թղ. 151ա. «Յիշատակարան եւ պատմութիւն Յովհաննու Որոտնեցւոյ, Գրիգորի աշակերտի գծողի գրոյս ասացեալ. Որ բոլոր գոյից է պատճառ եւ հանուրց էացելոց սկիզբըն, արմատ գոլով եւ աղբիւր ամենայն բարեաց իբր հանրահարուստ եւ առաջին բարի, ուստի ամենայն տուրք բարիք եւ պարգեւք կատարեալք ի հաւրէն լուսոյ. զի որպէս ըստ էական բնութեանն»։ Թղ. 153ա. «Գրեմ աստ ա՛յլ բան, տըրտմագին աղետական, որ ի յայժմուս ներգործեցան եւ հրաշական» (սկ. «Իրիգորի է»)։ 13. Թղ. 155ա. «(Դաւթի Անյաղթի վերլուծականք ժԴ գլխոց Արիստոտելի). Դիտաւորութիւն Արիստոտէլի ի վերլուծականէն բուռն հարկանել զպարզ հաւաքմանէ. այլ եթէ է դիտաւորութիւն առաջնոյ վերլուծականաց պարզ հաւաքման, զիա՛ րդ վաղվաղակի յիսկզբանս» (պրակ Ա-ԺԴ)։ - Վերջ 182ա. «Այս ԺԴ. գլուխք, զոր մեկնեալ է Դաւթի փիլիսոփայի յարիստոտէլական վերլուծականէն, եւ արդ ի յիւրմէ տրամաբանեալ զձեւս բանի, զոր ոչ է իմանալ ամենայն արհեստաւորի, ներգործեցաւ կտակ բաղկացեալ մատենիս, որ ի տասնից եւ ի քառից շարադասեալ եւ արտայայտեալ տրամաբանականին Դաւթի, ի վարժս ուսումնասիրաց անձանց, ի փառս Աստուծոյ՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյն»։ 14. Թղ. 182բ. «Հարցումն յԱրիստոտէլ(ի). Դու հանրականագոյն ես թէ կենդանի (...) Պտ. Կենդանի, վասն զի որ ինչ ես եւ կենդանի(..) ինչ եւ կենդանի եւ ես. Հց. Զի՞նչ սահման. Պտ...»։ Թղ. 183բ. «Վերլուծութիւն ստորոգութեան Արիստոտէլի. Ժ. բան. Ստորոգութիւնք ներքեւասութիւնք անուանին, կամ քննութիւն, այսինքն՝ զներքինս քննելով»։ Թղ. 184ա. «Վասն է՞ր տասն են ստորոգութիւնքն. Ասելի է. վասն զի ամենայն էակք բաժանին յերկուս, է որ նենթակայում է եւ է որ ոչ է նենթակայում. նենթակայումն՝ պատահմունք են։ Թղ. 184բ. «Դարձեալ ի նոյն. Վասն է՞ր տասն են ստորոգութիւնքն. Պտ. ասելի է, թէ էակն ընդհանրականապէս բաժանի ի գոյազըչթիւն եւ ի պատահումե»։ - Գերջ թղ.