925
2460
1730ին Պոլիս տպագրուած «Բուզանդարան Պատմութիւն»ի վրայ, Տիրացու Գէորգ Պալատեցի Տէր Յովհաննիսեան անցուցած է Ձեռագրի մը տարբերակները, եւ 1783ի Սեպտեմբերին դրկած է Ս. Ղազար։ Չէ նշանակած թէ ի՞նչ Ձեռագրի հետեւած է։ Ձեռագրին սկիզբը Հ. Մկրտիչ Վրդ. Աւգերեան գրած է սա ծանօթութիւնը. «Զայս Բուզանդ ուղղագրեալ ի միոյ ձեռագրէ, առաքեաց Տիրացու Գէորգն Տէր Յօհաննիսեան, յամի 1783 ի Սեպտեմբերի»։