924
1509
1712-3։
նոտր։
Ա-ԺԸ։
թուղթ տոկուն։
ոսկեդրոշմ եզերքով շագանակագոյն կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ։
շատ լաւ։
հաւանաբար գրիչը։
չունի։
սակաւք, գունաւոր թռչնագիր։
կարմիր։
չունի։
թղ. 1բ սուրբ Երրորդութիւնը, 2ա դրախտը, 2բ Ադամ եւ Եւա դրախտին մէջ, 3ա հրեշտակը հրեղէն սուրով կ'արտաքսէ դրախտէն Ադամն ու Եւան, թղ. 95ա Աստուած որ կը խօսի Մովսէսի հետ, 68ա Բաբելոնի աշտարակը՝ տնաձեւ, թղ. 96ա Աստուած որ կը խօսի Մովսէսի, թղ. 96բ Կարմիր ծովէն անցքը, 97բ Մովսէս կը ստանայ տասնաբանեան, թղ. 98ա Ահարոն՝ տաճարին մէջ պաշտամունքի պահուն, թղ. 109 Սամսոն կը պատռէ առիւծին բերանը, թղ. 114ա Աբրահամ կը զոհէ իր որդին Իսահակը, 117բ Սողոմոնի շինած տաճար, թղ. 137 Բաբելոնի գազանը, 165բ Յիսուսի ծնունդը եւ մոգերու երկրպագութիւնը, թղ. 182բ Մահմէտ (լուսանցազարդի ոճով եւ եղծուած). բոլոր նկարները (մեծութիւնք 15x22) բազմագոյն են եւ բաւական ճաշակաւոր։ Բացի ասոնցմէ՝ կան բոլորակ նկարներ ալ (5 սմ տրամագիծով), 140 հատ, որոնք կը ներկացնեն մարգարէներու կամ առաքեալներու դէմքերը, բոլորն ալ գունաւոր։
3բ, մեծութիւն 10x23, բազմագոյն։
չունի։
թղ. 1ա, 163ա։
Թղ. 4բ. «Քանզի զմտաւ իմով ածելով զճապաղութիւն աստուածային պատմութեանց եւ զդժուարութիւն հետեւողաց աշակերտութեան աստուածային, զի վասն ոմանց ծուլութեանց եւ այլոց ոմանց սակս աղքատութեան ստանալոյ գրեանց՝ ոչ կարեն ամենայն աստուածային պատմութեանց հետեւել եւ ոչ զմտաւ ածել, փորձեցի ենթակայիւս զամենայն պարունակել, զի զսակաւս քան զբազումս դիւրագոյն ուսանել կարէ ամենայն ոք եւ զուսեալն ոչ մոռանալ։ Եւ զայս հաւաքեցի ի սուրբ գրեանց, սկսեալ յԱդամա(յ), նահապետօք, դատաւորօք, թագաւորօք, մարգարէիւք եւ քահանայիւք. այլ եւ ազգաց թագաւորաց թէ ուստի ի յուր, որպէս գաւազանքն տանի զժամանակ մինչեւ ի Քըրիստոս, ճշմարիտ եւ համառօտ պատմութեամբ, ըստ Եօթանասնից թարգմանութեան, եդի զկարգ աղիւսակացս. զի համայն պատմագիրք Ադամա(յ) մինչ ի Քրիստոս՝ անմիաբան բերեն զժամանակ նախահարց, դատաւորաց, թագաւորաց եւ այլն այսու կերպիւ։ Ըստ Անանիա Շիրակացոյ՝ Ադամայ մինչ ի ծնունդն Քրիստոսի են ամք ԲՆԻԵ. ըստ Եպիփանու են ամք ՐՇ. ըստ Աթանասի են ամք ՐՄԿԴ. ըստ Սեբեայ են ամք ՐՍ. ըստ Անդրէասի են ամք ՈՆԻ. ըստ հրէից եւ Շամարտացոց, որ է Սամարացոց՝ են ամք Տ. ըստ Եռինոտրի են ամք տեառն. ըստ լատինացոց են ամք ՏՄ. ըստ Լօմբառտացոց են ամք ՎՋՄէ. ըստ Ակիւղասայ են ամք Ր. ըստ Ասորոց են ամք ՏՈՁԱ, եւ ըստ Եօթանասնից են ամք ՐՃՂԸ։ «Բայց որք Եօթանասնից հետեւեցան, իբրեւ ի հոգւոյն սրբոյ առաջնորդեալք նոցա մեզ ուշ եդեալ շարագրեսցուք զձեռնարկեալըս մինչ ի Քրիստոս, եւ ի Քրիստոսէ մինչեւ ի մեր ժամանակս հասուսցուք աշխատութեամբ. բայց վերոյ ասացեալ արանց կարգեալ ամքն տարաձայն գոլով միմեանց եւ անհամեմատ նախահարց թուոցն եւ ազգատոհմին Քրիստոսի, անկարելի եւ դժուարին էր անմիաբան թուականաց ձեռն արկանել մեզ, զի մի՛ շփօթեսցէ զԵօթանասնից դարագլխաց գաւազանքն, որք են հիմ եւ անխոտոր ճանապարհ հետեւեցեալս. այս այսպէս։ Ադամայ մինչ ի Ղամեքա ԼԱ ամն «Արդ այսու պայմանաւ եղեւ հնար համեմատութեան դարեաց ի դար նկարել գաւազանքն մինչեւ ի Քրիստոս ի գիրքս այս, որպէս տեսանի, եւ աղիւսակքն սկսանի ի նախահօրէն Ադամայ յետ արտաքսելոյն եանուշակ կենացն եւ տանի մինչ ի ջրհեղեղն, նահապետաց թվովքն միաբան մինչ ի Նոյի Ո ամն, որ լինի Ադամայ մինչ ի ջըհեղեղն ամք ՈՄԽԲ ըստ Աստուածաշնչին եւ ըստ Եօթանասնից թարգմանութեան համեմատ ի միմեանց, եւ անմիաբան ի յայլ պատմագրաց, որպէս Ասորոց թարգմանն եւ այլք պատմագիրք, Ադամայ ի ջրհեղեղն ոմն աւելի բերէ, քան զՍՄԽԲ ամն եւ ոմն պակաս, զոր կարի սխալ գայր միջոցն եւ շաղփաղփա։ «Նաեւ ոչ կարացի իմանալ զպատճառ անմիաբանութեան սոցա թէ ընդէր ոչ համեմատին Աստուածաշնչին եւ Եօթանասնից, վասն այն ոչ կարացի իշխել անմիաբան թվոցն ձեռն արկանել եւ գրել աւել եւ պակաս թվով, զոր բազում անգամ ամսօրեայք պարապեալ ի հետ գրքիս րէղէմաթափ թղթովք համարելով զթիւքն անմիաբան, թէ մինչ ի ջրհեղեղն եւ անտի յաշտարակն անցանելով եւ մինչ ի Մովսէս եւ յելսն Եգիպտոսի, եւ անտուստ ի Սողոմոն եւ այլ յառաջեալ մինչ ի Զօրաբաբէլ եւ ի ծնունդն Քրիստոսի։ Էր որ միաբանէին թիւքն եւ էր որ ոչ, ոմն յառաջ եւ ոմն յետ տանէր զդարագլուխ թուականքն. վասն այն անճար մնացի, զԵօթանասնիցն ձեռն արկի եւ կրկին րէխէմով համարեալ յԱդամայ մինչ ի ծնունդն Քրիստոսի՝ գտի համեմատ զան միաբան թիւքն, որ այց արար ինձ իմանալի արեգակն ի բարձանց վաղափափագ ըղձիս, զոր ցանկայի ի տուէ եւ ի գիշերի, եւ խոկայի միշտ թէ որով կերպիւ կարիցեմ զայս տաժանելի պատմագիրքս հեշտօրէն եւ նորագիւտ աղիւսակօք հասուցանել մինչ ի մեր ժամանակս։ Եւ այսպէս, շնորհիւ տեառն, զտգիտութիւնս ի բաց եդեալ՝ համարձակեցա(յ) յայս գործ եւ սկսայ ի գրել յամի տեառն ՌԷԺԲ (1712), եւ Հայոց ՌՃԿԱ, յամսեանն Հոկտեմբերի երկրորդ օրն, հինգշաբաթի։ «Երես անկեալ խնդրեմ իմաստուն ընթերցողացդ որ զծառայս ձեր անդատապարտ թողուլ ի բանբասանաց, զի կարն իմ այսպէս բաւեաց, եւ հազիւ թէ հնարել կարացի զգիրքըս աշխատութեամբ այսքան։ «Նուաստագոյն ծառայ ծառայիցդ Աստուծոյ, Աւետիք գրիչ ծնունդ Տիգրանակերտեան եւ նորակերտօղ գրքիս»։
Պոլիսէն Սերովբէ Ալիշան նուիրած է իր եղբօր՝ Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանի, 5 Մարտ 1880ին։ Բովանդակութիւն. Ձեռագիրս ինքնագիր շարադրութիւն մըն է, կատարուած Աւետիք Տիգրանակերտցիէ, 1712ին։ Էջերը գրուած են ոչ թէ հորիզոնական ընկալեալ ձեւով, այլ կողմնակի, այնպէս որ թուղթերը դարձնելով՝ ժամանակագրական սիւնակերը դիւրաւ կը յաջորդեն իրարու։ Շարադրութեան համար օգտագործած է ձեռքին տակ ունեցած բոլոր ժամանակագրութիւնները, առանց նշելու անոնց անունԿը սկսի Աստուածաշունչէն, այն է Ադամի ստեղծումէն, կու տայ տոհմային ծառեր եւ բացատրութիւններ, միջանկեալ մանրանկարներով։ Շատ համառօտ անցնելով Հայոց պատմութեան վրայէն՝ կը հասնի մինչեւ 1706 թուականը։ 1. Թղ. 3ա. «Ադամ ստեղծեալ ի դաշտին Քեբրոնի, ի յագարակին որ կոչի այժմս սուրբ Սիոն, եւ ի դրախտն վերափոխեալ, ուստի չորս գետք ելանեն, ընդ որ եւ կինն ի կողէ առն ննջելո(յ) եղեալ...»։ 2. Թղ. 3բ. «Ըստ մեծին Արիստոտէլի իմաստասիրի, հարկ է ամենայն ընդհանրականի յառաջանալ յիւրում առանձնական, զի ընդհանրականօքն առանձնականացն դիւրագոյն հմտանամք։ Եւ զի կամեցա(յ) խօսիլ ի վերա(յ) տոհմանց եւ ազգակցութեանց եւ պատմութեանց հին եւ նոր կտակարանացն, պատշաճաւոր թուեցաւ ինձ նախ բաժանել զգիրս հին եւ նոր կտակարանացն. զհին կտակարանաց բաժինքն...»։ 3. Թղ. 5բ. «Յաղագս մեղացն Ադամա(յ)։ Իբրեւ մեղաւ Ադամ ի դրախտին, կոչեաց Աստուած զայրն (...)։ Եւ զի Ադամ մարգարէական հոգով իմացաւ թէ արուեստք չորս են յաշխարհի. դարբնութիւն, երկրագործութիւն, շինողութիւն եւ ոստայնանկութիւն, զոր յետոյ գտեալ եղեն այլեւայլ ազգաց»։ 4. Թղ. 6բ. Կը սկսի միակ սիւնով «Ամք ի սկզբանէ արարածոց», որու կը միանայ (թղ. 7ա) «Ծնունդ եւ ամք Կայենի» «Ծնունդ եւ ամս Հաբէլի» երկու սիւնակները։ Թղ. 11ա. Երրորդ սիւնակը փոխանակ Աբելի՝ կը դնէ «Ծնունդք եւ ամք Սեթայ»։ Հին կտակարանի ժամանակագրական աղիւսակները եւ պատմութիւնը կ'աւարտի թղ. 162։ 5. Թղ. 163բ. «Վասն ազգաբանութեան Յովսեփայ եւ Մարիամու եւ այլոցն. . Ղեւի, այս էր ի ցեղէն Նաթանա(յ) որդո(յ) Դաւթի...»։ Այսուհետեւ կը սկսին ժամանակագրական աղիւսակները՝ հետեւեալ կերպով. ա. «Ամք ի սկզբանէ արարածոց», բ. «Ամք կենարարին մերոյ», գ. «Կարգ կաթողիկոսաց Հայոց», դ. «Թուական Հայոց», ե. «Իշխանք Հայոց», զ. «Թագաւորք Յունաց», յաջորդաբար կայ նաեւ է. «Թագաւորք արապաց»։ Թղ. 163բ-208բ. Թուականներուն դիմաց ստէպ համառօտ, երբեմն ընդարձակ, կու տայ Հայոց պատմութեան դէպքերը եւ կ'աւարտէ. «Ի Հայոց թվին ՌՃԾԵ (1706) ամին, Դեկտեմբերի է, օրն հինգշաբաթի, ի տօնի Նիկողայոսի Զմիւռնոյ հայրապետին, օծանի կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Տէր Աղեքսանդր Իսպահանցին»։ 6. Թղ. 209ա-210բ. «Ցանկ նորագիւտ պատմագրիս»։