757
2053
ԺԸ դար։
նոտր, որ շեղագրի կը նմանի։
չեն նշանակուած։
թուղթ։
փայտեայ կաշեպատ, դրոշմանիշ։ Կռնակի կաշին ինկած է, գոցելու զոյգ ականջներուն հետքերը մնացած են։
խեղն, խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով՝ ստորին թուղթերը դժգունած են. ցեցակետ է ստորին լուսանցքը։
սեւ մելանով եւ ոչ յաջող։
եւ այլ զարդեր չկան։
բնագրին սեւ մելանով։
Էջ 541. «Փառք ամենակարողին Աստուծոյ, Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, զօրութեամբ եւ կարողութեամբն աւարտեցաք այսըմ գիրգս (Յ)այսմաւուրից։ Եւ մեք հետեւելով, կարդալով, լուանք մի քանի անուանի սրբոց պատմութիւնն գրեցինք։ Այս գիրգս մէկ դժուարացեալ ժամանակս գրւեցաւ, բայց կարելի է պատահումն լինելով սխալութիւն, ո՛չ թէ գիտութեամբ՝ այլ մոռացմամբ սխալութիւն եղեր է, աղերսեմք թէ անմեղադիր եղէք»։
1952ին Տիար ժագ Մաթոսեան նուիրած է Մատենադարանիս։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, օրինակուած առձեռն գործածութեան համար։ Սկսեալ Յունուարի առաջին օրէն, տօնացոյցի ձեւով կան բոլոր օրերու սուրբերու անունները, հայկական եւ հռոմէական ամիսներով։ Կարգ մը վկայաբանութիւններ՝ օրինակուած են ամբողջութեամբ, յատկապէս հայ սուրբերու կամ մեծ հայրապետներու։ Զանց կ'ընենք նշանակել վկայաբանութիւններու ցանկը, կու տանք իւրաքանչիւր ամիսներու առաջին օրերուն օրինակուած վկայաբանութիւնը։ Էջ 1. «Օրհնութիւնք վարդապետաց. Օրհնութիւն Սուրբ Աստուածածնի. Այլ եւ օրհնեալ Տիրամայր սուրբ կոյս ԱստուածաԷջ 3. «Քաղոցի ԻԴ. եւ Յունուարի Ա. Յիշատակ վարուց սրբոյն Բարսեղի հայրապետին Կեսարու»։ Էջ 57. «Արաց ԻԵ. եւ Փետրվարի Բ. Տօն Քառասնօրեայ գալստեան Քրիստոսի ի տաԷջ 76. «Մեհեկի Զ. եւ Մարտի Դ. Յիշատակ սուրբ հարանցն Մարկոսի եւ Մակարայ ճգնաւորին»։ էջ 143. «Արեգի ԻԴ. եւ Ապրիլի Ա. Մարիամու եգիպտացւոյն»։ Էջ 185. «Ահեկի Ի. եւ Մայիսի Ժ. Արսենի սուրբ հօրն եւ Անտոնինեայ եւ ՄարկիանոԷջ 195. «Մարգաց Ե. եւ Յունիսի ԻԴ. Տօն է ծննդեան Յօհաննու Կարապետին եւ ծնողաց Էջ 217. «Մարգաց ԻԶ. եւ Յուլիսի Բ. Գիւտ պատուական տփին յորում եդեալ էր գլխադիրն Մարիամու Աստուածածնին»։ Էջ 227. «Հռոտից Լ. եւ Օգոստոսի Ե. Տօն է Տապանակին Տեառն եւ յիշատակ Ներսէսի նլայեցւոյն»։ Էջ 314. «Նաւասարդի ԻԲ. եւ Սեպտեմբերի Ը. Տօն է Յղացման եւ ծննդեան սուրբ կոյս Մարիամու Աստուածածնին»։ Էջ 349. «Հոռի ԻԹ. եւ Հոկտեմբեր Ը. Վկայաբ. սրբուհոյն Պեղիքեայ կուսին»։ Էջ 360. «Սահմի ԻԵ. եւ Նոյեմբերի Գ. Վկայաբ. սրբոյն Ստեփաննոսի, Հռօմայ հայրապետին»։ Էջ 449. «Տրէի ԻԶ. եւ Դեկտեմբերի Դ. Վկայաբ. սրբուեւոյն Վառվառեայ»։ Էջ 542-4. «Մի քանի խօսք որ ոտանաւոր պիտանի. Աւաղ մեզ հայիլ պիտի, այն արեւն որ լոյս կու ծագէ»։ էջ 561. «Վարք եւ պատմութիւն Ալեքսիանոսի ճգնաւորին»։ Էջ 576. «Պատմութիւն Տէր Յուսկան եւ որդւոյ նորին Ստեփաննոսի»։