Other notices
— - Bibliographic notice
546
ՇԱՐԱԿԱՆ Ղ
ԺԵ դար - ԺԵ դար

ID
Number
546
Old record number
1674
Title
ՇԱՐԱԿԱՆ Ղ
Start date
ԺԵ դար
End date
ԺԵ դար
Date details

հաւանաբար ժԵ դար, ոչ աւելի ուշ։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
290
Dimension
9x13
Layout
միասիւն (6x10,5)։
Writing details

բոլորգիր մանր ու հնաձեւ։

Codicology

չեն զանազանուիր (տե՛ս Հանգամանք)։

Principal subject
Subject details

թուղթ բամպակեայ։

Number of lines
22։
Binding

տե՛ս Հանգամանք։

State of preservation

1969-1970 տարիներուն՝ ձեռագիրս ստացած է նոր կազմ, եւ փրկուած է փճացումէ։ Այս նորոգութենէն առաջ կազմը ինկած էր, եւ վերածուած էր անջատ թուղթերու, չէին մնացած թերթերու բաժանումները։ Ձեռագրին առաջին թուղթերը ամենախեղն վիճակի մէջ էին, գրեթէ բամպակի կոյտի մը վերածուած էին։ Կողմնակի լուսանցքները մեծապէս վնասուած ըլլալով՝ լուսանցազարդերը փճացած են ու անտեսանելի դարձած։ Միջանկեալ շատ մը թուղթեր ինկած են, այսպէս ընդ մէջ Թղ. 2-3, 5-6, 65-66, 82-83, 87-88, 136-137, 139-140, 141-142, 145146, 201-202, 203-204, 272-273։ Ձեռագիրը առաջին նորոգութեան մը ընթացքին՝ աւելցուցած են նոր թուղթեր՝ նոր գրչութեամբ, այսպէս Թղ. 15-17, 24, 46, 152, 188։

Copyist
եւ այլն անյայտ։
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

չկան։

Lettrines

շատ պարզ։

Initials

կարմիր թանաքով են։

Marginal illuminations

Images

Canon tables 1

չկան։

Canon tables 2

Թղ. 50ա, 102ա, 169ա, 207ա, 245ա շատ պարզ ու նախնական ոճով։

Title text

եւ

Blank pages

չկան։

Colophon

1. Թղ. 116ա. «Զգծողս յիշեա՛ եւ զԱստուած ողորմի ասա»։ 2. Թղ. 156ա. «եւ զիս յիշեա՝ զգծողս գանարժանս, աղաչեմ»։

Informations

վանքիս ձեռագիր ցուցակէն կ'իմանանք «է ի գրոց Հ. Մինաս Բժշկեան, զոր յամին 1906՝ Հ. Դիոն. Գաղատոսեան յղեաց ի վանա»։ Մատեանս է Շարակնոց, ունի բաւական թուով նորութիւններ. կը պարունակէ հետեւեալ կանոնները. 1. Թղ. 1ա. (Կանոն ծննդեան Աստուածածնին) եւ այլն։ Հմմտ. ԼԹ. Շրկ. § 1. ձեռագրին առաջին թուղթերը ինկած ըլլալով՝ կը սկսի առաջին կանոնի ճաշու շարականով. «Ծառ կենաց»։ 2. Թղ. 6ա. (Կանոն նրագալուցի Յայտնութեան) եւ այլն։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 6-16, ունի շատ մը պակաս թուղթեր. Յայտնութեան Ա. օրուան Օրհնութեան մէջ կայ յաւելուած տուն մը «Եդար ի մսուր խոստովանեալ թագաւոր. արդ»։ Յարութեան Մեծացուսցէներուն մէջ աւելցուած են ԱԿ. «Վերնական բարեաց բաշխմանն», Գե. ւնոր արեւելք դուռն արեւու»։ 3. Թղ. 31բ. «Կանոն Անտոնի անապապատականի» եւ այլն։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 17-24, ունի հեջ տեւեալ տարբերութիւնները. ա. Թէոդոս թագաւորի կանոնէն կը պակսի «Որ գերագոյն» շարականը, անոր տեղ կայ «Սրբոց գընդից նահատակաց քաջ զաւրավար զինուորաց Թէոդորոս» եւ այլն։ բ. Յովհաննու եւ Յակովբայ կանոնին կը յաջորդէ «Ի յանսաւման ծովէն» չարագ. Եօթանասնից «Առաքեալք» շարակաեը ունի չորս տուն (Ա-Է) փոխսանակ ե4. Թղ. 50ա. «Կանոն բուն բարեկենդանին»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 27-78. զանազան տարբերակներով. ա. § 28ի Հարցը սկսելէ առաջ կայ «Կանոն ապաշխարութեան» խորագիրը։ բ. ԱԶ պահոց Համբարձի շարականը (Յ 33), որ երկու մաս ունի, նախ օրինակուած է «Համբարձի զաչս իմ» եւ ապա «Ինձ աւգնութիւն ի Տեառնէ»։ գ. Քառասնորդաց Բ. կիրակին սկսելէ առաջ՝ կայ «Կանոն Թէոդորոսի զինուորին» որու առաջին շարականը կը սկսի «Որ ի հանդէս մեծ ճգնութեան», սակայն կիսատ կը մնայ թուղթի անկումի պատճառով. մնացած է «մկ. Որ ընտրեցեր ի սկզբանէ» (հմմտ. Ա. Շրկ. § 184)։ դ. Քառասնորդաց Գ. կիրակին սկսելէ առաջ կայ «Շարական Կիւրղի Երուսաղեմայ հայրապետին. Մանկունըք նոր»։ ե. Քառասնորդաց Դ. կիրակին սկսելէ առաջ «Կանոն Յովհաննու Երուսաղեմայ հայրապետին. Ծագումըն արեւու արեւելեան» շարականը։ զ. ԳՁ պահոց Համբարձի շարականը (§ 58), որ երկու մաս ունի, նախ օրինակուած է «Պահապան խնդրեմք» եւ ապա «Ջաւրհներգութիւնս բանաւոր պատարագ»։ է. Քառասնից կանոնին մէջ աւելցուած է «եր. Հրաշափառ հընձանահարկ ի ձեզ հանկեաւ»։ ը. Ս. Գրիգորի կանոնը կը սկսի «Այսաւր զուարճացեալ ցնծայ» շարականով։ որմէ հազիւ երկու տող կայ, մնացածը ինկած է. նոր թուղթը կը սկսի «Ցնծայ այսաւր մանկունք վերին Սիոնի», այս երգը՝ «Որ յանճառից փառաց» պարականոն օրհնութեան հինգերորդ տունն է, նախորդ չորս տուները ինկած են. մնացածը հմմտ. Ա. որկ. § 70։ 5. Թղ. 96ա. «Կանոն Յովնանու մարգարէին»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. § 25, իբր Մեծացուսցէ ունի ոչ թէ «Մարգարէն», այլ «Ուրախ լեր Աստուածածին անարատ սրբուհի, աւետեաւց Գաբրիէլի յղացար» եւ այլն։ 6. Թղ. 98բ. «Տեառն Ներսէսի ասացեա, ...Աւրհնեմք ըզքեզ Հայր» եւն. (Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 198-9) 7. Թղ. 102ա. «Կանովն Ղազարու յարրութեան» եւ այլն։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 79-88, հետեւեալ տարբերակներով. ա. Ղազարու յարութեան կանոնը ունի Մեծացուսցէ շարական. «Տունկ տնաւրէնութեան եւ տաղաւար»։ բ. Աւագ շաբթու օրերու Համբարձներուն կը յաջորդեն «Արարչական բանին հրաման» երգը՝ իրենց սովորական ստորաբաժանումներով։ գ. Աւագ Բշ. ունի Մեծացուսցէ. «Արարիչն արարածոց նորաստեղծեալ սկիզբն աշխարհի»։ դ. Աւագ Գշ. Մեծացուսցէ. «Սքանչելի բանին բարձաւղ»։ ե. Աւագ Դշ. Մեծացուսցէ. «Որ խորհըրդոցն հայրենի»։ զ. Աւագ Եշ. Մեծացուսցէ. «Ի հայրական ծոցոյ ծագեալ»։ - «Այսաւր կանգնեցաւ» շարականը ունի երեք յաւելուած տուներ. «Այսաւր տէրն մեր... Զայն լըւեալ Յուդայի... Առեալ զպատառն»։ է. Աւագ Ուր. «Այսաւր անճառ» եւ այլն երգը զետեղուած է «Արծաթսիրութեամբ մոլեալ»է առաջ։ - Բացի «Յահեղ աւուրն ուրբաթու» Մեծացուսցէէն, ունի ուրիշ շարական մըն ալ. «մ. Հաստատաբոյս ներգործմամբ»։ - Օրուան Համբարձի «Եկայք»ի կը յաջորդէ «Չհանդուրժեալ», եւ ապա ցերեկի աւետարաններու երգերը. «Նորոգող տիեզերաց» եւ այլն. այս երգերու վերջաւորութեան կայ շարական մը եւս. «Հըզաւր եւ սուրբ թագաւոր Քրիստոս քեղ փառս» եւ այլն։ ը. Աւագ Շբ. փոխանակ Ա. Շրկ.ի ունեցած Մեծացուսցէին «Աստուածածին ի շընորհէն լոյս», ունի տարբեր հատ մը. «Յորժամ ի հող մահու իջանէր»։ 8. Թղ. 137ա. (Կանոն Պասէքին)։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 89-144. հետեւեալ նորութիւններով։ ա. Պասէքի օրուան կանոնին կը հետեւի «Նորաստեղծեալ» միաշաբաթի երգը, իսկ անկէ յետոյ՝ Արեւագալի երգը «Յարեւելից մինչ ի մուտս», որ կիսատ մնացած է թուղթի անկումով։ բ. Համբարձման կանոնը ունի Մեծացուսցէ շարական մը. «մ. Անըսկիզբըն բանդ անճառելի ծընունդ Հաւր որ ի վերջին»։ գ. Հոգեգալստեան Ա. օրուան Օրհնութիւնը ունի երեք յաւելեալ տուներ. «Որ անձրեւածին ցաւղովն արբեցուցեր» եւ այլն։ դ. Հոգեգալստեան Դ. օրուան կանոնը ունի Մեծացուսցէ. «Ուրախացիր սրբուհի Աստուածածին Մարիամ բնակարան սուրբ Հոգւոյն»։ 9. Թղ. 179բ. «Կանոն Յովհաննու Մըկըրտչին»։ Ձեռագրիս մէջ օրինակուած է նախ Յովհաննու կանոնը եւ ապա գլխատման կանոնը (հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 14, 13)։ Ապա յաջորդաբար կան հետեւեալ կանոնները. Ս. Գր. Լուսաւորչի (հմմտ. Ա. Շրկ. § 147), ուր աւելցուած է «Էջ միածինն ի Հաւրէ» շարականը. Որդւոց եւ թոռանց (հմմտ. Ա. Շրկ. § 148). Հարցին կը յաջորդէ «Ամուլ ուրախ լեր բազմածին», իսկ կանոնին վերջաւորութեան «Որ յառաջագոյն կոչեցար ի հրամանէ Հոգւոյն Հայոց», Ս. Ներսէսի հայրապետի (հմմտ. Բ. Շրկ. § 77), որմէ կը պակսի «Որ ընտրեցեր» շարականը։ Զանց եղած է Ս. Սահակի շարականը, որու տեղ հոս փոխադրուած է Մանկանց Բեթղեհեմի կանոնը (հմմտ. Ա. Շրկ. § 174), եւ ապա կան Հռիփսիմեանց կանոնը եւ Ս. Սանդուխտի շարականը (հմմտ. Ա. Շրկ. § 151-2)։ 10. Թղ. 196ա. «Կանոն Տապանակին»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 153-170. ունի կարգ մը տարբերութիւններ. ա. Կանոն Շողակաթին փոխադրուած է Վերափոխման Գ. օրուան կանոնէն յետոյ. սակայն թուղթ ինկած ըլլալով՝ կիսատ մնաբ. Ս. Խաչի Դ. օր կանոնին մէջ նախ օրինակուած է «Սրբութիւն սրբոց» եւ ապա «Խաչըն կենարար» շարականը։ Ս. Խաչի շարականներուն մէջ աւելցուած են հետեւեալները. գ. Գ. օր. «Քառակերպեան աթոռ ակն պատուական», «Աւրհնեմք զքեղ փայտ դ. Դ. օր. «Փայտ կենաց եւ զարդ սուրբ եկեղեցւոյ», «Փայտ կենաց զաւրութեան եւ պատուանդան»։ ե. Ե. օր. «Տնկեցար ի յերկրի կայ ի Գողգոթայ», «Յահեղ ձայնէն Յիսուսի սարզ. Զ. օր. «Իսրայէլեան բանակին եղեր առաջնորդ»։ է. Է. օր. «Ի վեց աւուր երրորդի բարձրացար», «Երկրպագեմք նշանի աստուածընկալ սուրբ»։ ը. Ը. օր. «Խորհուրդ սուրբ նշանին յառաջնումն»։ թ. Վարագայ Խաչի «Ապաւինեցաք» շարականը ունի վեց տուն (Ա-Զ)։ 11. Թղ. 222բ. «Կանովն սրբոց Մարգարէիցն»։ Մարգարէից զոյգ կանոնները հմմտ. Դ. Շրկ. § 29. ապա յաջորդաբար կան սուրբերու շարականներ հետեւեալ կարգով. Թարգմանչաց, Հրեշտակաց, Հայրապետաց (կը պակսի «6շ. Այսաւր երկնաւորացն ընդ մեզ» շարականը), Ոսկեբերանի, Գրիգորի աստուածաբանի, Բարսղի, Իգնատիոսի, Երկուց բիւրուց, Եւստռատիոսեանց, Եփրեմի, Ստեփանոսի Ուլնեցւոյ, Սուքիասանց, Վահանայ, Դաւթի, Կիրակոսի, Ատոմեանց, Ոսկեանց, Վարդանանց (նախ «Նորահրաշ» եւ ապա «Արիացեալք»), Ղեւոնդեանց (կը պակսի «Երգեմք ձեզ» շարականը), Յակոբայ Սծբնայ, Միւռոնի «Հայր ամենակալ»։ 12. Թղ. 245ա. «Կանոն համաւրէն Մարտիրոսաց» (հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 200-207)։ 13. Թղ. 263. «Կանովն Յարութեան ջքինութեներ», (Հմմտ. և. երկ, 3§ 216, 14. Թղ. 279բ. «Կանոն հանգստեան ննջեցելոց»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 208-215, վերջին թուղթերը ինկած ըլլալով՝ կը պակսին ԴՁ եւ ԴԵ ձայներու պատկանող շարականները. իսկ ԲԿ եւ ԳՉ ձայներէն զանց եղած են օրինակուելէ հետեւեալներր. «Ի գալստեան», «Գայ զաւրութեանց թագաւորն», «Արարչագործ որ, յոչնչէ»։ «Զքեզ աղաչեմք»։ «Արեգակն արդարութեան»։

Content