1030
339
ՉԽԸ1299։
բոլորգիր հին։
Գ-ԼԷ։
թուղթ։
(տե՛ս Հանգամանք). նոր եւ հաստատուն կազմը՝ կաշեպատ է, միջուկը տախտակ. առաջին եւ երկրորդ դռնակներուն վրայ կպցուած են հին դռնակներու կաշին՝ դրոշմանիշ։ Նոր դրուած են զոյգ կաշիէ փականքներ։
ներկայիս շատ լաւ, որովհետեւ ամբողջապէս նորոգուած է 1975-7 տարիներուն, ստանալով նոր կազմ եւ նոր կերպարանք։ Նախապէս Ձեռագիրը փճացած է եւ մեծապէս վնասուած, առաջին երկու թերթերը, ինչպէս նաեւ միջանկեալ ԻԱ թերթը կորած են. բազում թուղթեր կորսուած, եւ ուրիշներ կիսով չափ վնասուած են, յատկապէս սկզբնական մասին մէջ։
Կարապետ քահանայ։
չունի։
եւ այլ զարդեր չունի։
կարմիր թանաքով են։
նորոգութեան ընթացքին ինկած թուղթերուն տեղ զետեղուած են մաքուր եւ անգիր թուղթեր։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 393ա. «Յամի եւթնհարիւրերորդի քառասներորդի ութերորդի ի թուաբերութեանս հայոց, աւարտեցաւ մեկնութիւնս երջանիկ նահատակին Յովբայ յայլ եւ յայլ ժամանակ եւ տեղի զանազան գրչաւք, ի գաւառիս Կիղիկեցւոց, հուպ անառիկ դղեակս Բարձր կոչեցեալ, ի դառնագոյն ժամանակի, յորում յոյժ զզուիմք յանաւրինաց։ Որք աւգտիք ի սմանէ զերախտաւորս եւ զաշխատեալս ի սմա յիշեսջիք ի Տէր, եւ դուք ի նոյն լիջիք բարի աւրհնելոյն յաւիտեան։ «Այլ վասն թերութեան տառիս յայտ լիցի ընթերցողաց զի բանքս Իսիքոսի մինչեւ ցայս վայր սպառեցան, եւ թէ այս մինչեւ ցայս վայր միայն եղեւ քննեալ ի նմանէ, եւ թէ ի թարգմանութենէ թերին մնացեալ եղեւ՝ չէ յայտ։ Այլ բովանդակ գրոցն Յովբայ մեկնութեան թէ ոք փափագէ, խնդրեսցէ զժողովածոյ մեկնիչն, զարարեալն ի վարդապետէն Վանականէ Տաւուշեցոյ։ «Այլ զՆարեկացւոյն Գրիգորի բանն որ յՈվ է դայն է խաւսեալ եւ սուղ ինչ յԻսիքոսի բանիցս, գրեալ յայլոյ ումեքէ, մատոյց մեզ ի ձիր շնորհի քահանայ ոմն Կարապետ անուն, եւ մեր զթերին լցեալ ընծայեցաք զկնի եկելոցդ, եւ հայցեմք յիշել ի մեղաց թողութիւն զառաջին եւ զվերջին աշխատաւղս եւ ստացաւղս, եւ դուք ի նոյն լիջիք բարի Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ, որ է աւրհնեալ յա(աւիտեանս. ամէն)»։ 2. Թղ. 72ա. «Քրիստոս Աստուած ողորմեա ստացողի սորա Կարապետ քահանայի եւ ծնողաց իւրոց եւ գձողի սորա եւ որ զամէնն 3. Թղ. 198ա. «Տէր Աստուած ողորմի գծողի սորա եւ ստացողի»։ 4. Թղ. 210բ. «Ձեղկելիս յիշեսջիք ի Տէր»։
ունեցած ենք 1791էն առաջ։ Մատեանս է Գրիգոր Նարեկացիի Մեկնութիւն Յոբայ «Ով է դա»ի եւ Իւսիքովի Մեկնութիւն Յովբայ։ Ձեռագիրս քայքայուած եւ փճացած ըլլալով, 1975-1977 տարիներուն նորոգուած է Իտալիոյ Տորինոյ քաղաքը, ստանալով նոր կազմ եւ նոր կերպարանք։ Բնագիրը մեծապէս վնասուած ըլլալով՝ թերի է սկիզբը եւ լուսանքներու կողմէն։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. 1. Թղ. 3ա. «Գրիգորի Նարեկացւոյ (Մեկնութիւն Ով է դայի)»։ Ձեռագրին առաջին երկու թերթերը կորսուած են. պահպանուած է առաջին թուղթէն փոքրիկ ծուէն մը, ուր կը տեսնուի խորանի զարդէն փոքրիկ գծագրութիւն մը, 3x3 սմ. մեծութեամբ, ուր կը կարդացուի «Յիշէ Թորոս» յիշատակագրութիւնը, եւ անոր տակ «Գրիգորի Նարեկացւոյ» գրութիւնը։ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան թողած է սա գրութիւնը. «Զայս թղթիկ, որ է սկզբնաճակատ մատենիս, գտեալ ի մէջ կոտորակաց փտելոց՝ մածեալ ընդ հին կողս գրոցս. մածուցած ի սկըզբան անդ առ անկորուստ պահելոյ։ Եւ զի ի միւս կողմն թղթոյս կային մնացուածք բառից ինչ ի յառաջաբանութենէ անտի Նարեկացւոյն վասն առաջիկայս մեկնութեան Ով է դա յին Յոբայ, զայն թերատ բառս դրոշմեցաք ի թիկանց թղթոյս տառ առ տառ զգուշութեամբ օրինակելով. 'ե տաց - խանապետ ի խորհրդա - ւն է սկիզ - եւ» (թղ. 3ա-բ)։ Թղ. 5ա. Կը սկսի բնագիրը՝ Գ թերթէն. «... անձին ամպարշտացն բերկրի եւ ցընծա(յ), զի խիստ խաւար է մեղք եւ մառախուղ, եւ խաւարեցուցանէ զմիտս եւ զգայութիւնս ճաշակողացն զդառնութիւն պտղոյ նորա։ Արդ խաւսի բարերարն Աստուած քաղցը սիրով եւ բազում գթութեամբ ընդ արդարոյն Յովբայ, որպէս թէ աւետիս տալով»։ - Վերջ թղ. 72ա. «ընդ որս եւ մեք համաձայնեալ խոստովանեսցուք զերեքլուսեան անբաւութիւն եւ զմիաստուածութիւնն Հաւր եւ Որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյն այժմ եւ միշտ»։ Միջանկեալ կան ոչ միայն թերի թուղթեր, այլ շատ մը թուղթեր կիսատ մնացած են եւ կամ խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով անընթեռնլի են։ 2. Թղ. 72բ. «Իսիքոսի երիցու Երուսաղեմացւոյ (ի գիրս Յովբայ)։ Ամբողջ բնագրին ընթացքին, մաս առ մաս, մէջ կը բերուի Յոբի բնագիրը՝ իր ամբողջ ընդարձակութեամբ եւ ապա կը տրուի անոնց մեկնութիւնը։ Թղ. 72բ. «Ա. Բազում ինչ (մեզ Աստուած) յաւգտակար տեսիլս կան(գնե)աց, բազում եւ մեծամեծ իմաստասիրութեան ետ տարացոյցս»։ Թղ. 84ա. «Բ. Եւ եղեւ իբրեւ զաւուրս զայս եւ ահաւասիկ եկին հրեշտակք Աստուծոյ կալ... Գեղեցիկ է բարեպաշտաց պատերազմ պայծառ, այլ եւ յոյժ աւգտակար հոգեւորական ճգանցն»։ Թղ. 99ա. «Գ. Եւ ել սատանայ յերեսաց Տեառն եւ եղեւ իբրեւ զաւուրս զայս... Դուզնաքեա է մեր կենացս ժամանակ, բայց զգաստութեամբ ոչ սակաւ ինչ»։ Թղ. 116բ. «"Ի. Եւ եղեւ իբրեւ զաւուրս զայս... Դարձեալ վասն նորին եւ այժմ իսկ ճառս մխիթարէ զմեզ»։ Թղ. 141ա. «Ե. Իսկ լուեալ երից բարեկամացն... Ուրախ լեր Սիովն հանդէս պարհոց իմաստասիրութեան առագաստ»։ Թղ. 151ա. «Զ. Յետ այսորիկ եբաց Յովբ զբերան իւր եւ անեծ... Արք զորս Աստուած կոչէ եւ ձըգեալ յորդորէ առ ի բարեպաշտուԹղ. 181ա. «Է. (Կրկնեալ անդէն Եղիփազու Թեմնա)ցւոյ ասէ. Միթէ բազում անգամ լեալ իցեն քո բանք աշխատութեան... Քանից(ս) անկամ յեկեղեցի Աստուծոյ ժողովիմք կոչելով զմեզ սուրբ Հոգւոյն»։ Թղ. 198ա. «Ը. Բայց սակայն ես աղաչեցից զՏէր եւ կոչեցից զտէր ամենակալ... Սիշտ վայելուչ է տալ ի ճգունս Աստուծոյ զմարմինս եւ զհոգիս ի գործ առաքինութեան»։ Թղ. 210բ. «Թ. Կրկնեալ անդրէն Յովբայ ասէ. Եթէ կշռելով կշռէ ոք զբարկութիւնն իմ... Ամենայն առաքինութիւնք ընտիր ի փորձութեան կացուցանեն զճգնողն եւ պայծառ ակնկալութեան բանս տեսանել մշակին»։ - Վերջ թղ. 217բ. «... փոխանակ ժանեաց առեւծու որովք յուզի հոտ ապականութեանս եւ բուրէ հոտ նեխութեան, որպէս եւ ի» կը մնայ կիսատ։ Թղ. 217-8ի միջանկեալ ինկած ըլլալով ԻԱ թերթը, կիսատ կը մնայ Թ ճառի վերջաւորութիւնը եւ Ժ.ի սկզբնաւորութիւնը, այն է «... զխորհուրդս մեր եթէ նստցուք եւ մի՛ եղիցի անիրաւութիւն ի դատաստանի, քանզի այս աթոռ թագաւորական է... Քանզի այսպիսի ժողով ի մէջ հրեշտակաց եւ հրեշտակապետաց կացուցանէ զմեզ»։ Թղ. 235ա. «ԺԱ. Կրկնեալ անդէն Բաղդադայ Սաւքեցւոյց ասէ. Մինչեւ ցերբ խաւսիցիս զայդ... Զամենայն չարութիւն բարերար Աստուած արհամարհէ, եւ ի վերայ ամենայն յանցանացն հրամայէ պատրաստել իւրում զաւրականին»։ Թղ. 252ա. «ԺԲ. Կրկնեալ Յովբայ ասէ. Ճշմարիտ գիտեմ եթէ այդ այդպէս է... Սքանչելի մեզ ճգնող ցուցին զՅովբ շնորհքն Աստուծոյ, առ ի գովութիւն Աստուծոյ իսկ»։ Թղ. 279բ. «ԺԳ. Ձեռք քո արարին զիս եւ ստեղծին զիս եւ ապա շրջեցար հարեր զիս... Քանզի ամենայն իսկ կեանքս մարդկան արդարեւ փորձութիւն են»։ Թղ. 286բ. «ԺԴ. Կրկնեալ անդրէն Սովփարայ Մինեցւոյ ասէ. Որ շատ խաւսի ապաքէն ըստ նմին եւ լսիցէ... Անցանեն յիշատակք մրցողաց, մեծավայելուչ են փառք արդարոց»։ Թղ. 294բ. «ԺԵ. Կրկնեալ անդրէն Յովբայ ասէ. Արդարեւ դուք մարդիկ իցէք... Ճգունքս հասարակաց են եւ ամենեցուն յաւրինեալ կան ասպարէսքս որք կամին»։ Թղ. 308ա. «ԺԶ. Լուարուք զյանդիմանութիւն բերանոյ իմոյ եւ դատաստանի... Մեծ շնորհ ետ Աստուած մարդկան զբարեպաշտութիւն, զոր ուրուք առեալ մեծապէս հարստանայ»։ Թղ. 320բ. «ԺԷ. Իսկ արդ ով իցէ սուրբ յաղտոյ, այլ եւ ոչ ոք... Քանզի Յովբ ոչ ի լեգուի գովութենէ ցուցանէ զասպարէսն այղ ի գործոց»։ Թղ. 331ա. «ԺԸ. Կրկնեալ անդրէն Եղիփազոյ Թեմնացոյ ասէ. Ապաքէն հանճարեղն ոգւով իմաստութեամբ տացէ պատասխանի... Բարիոք է մարդկան համեստութիւն յեզուի եւ աւգտակար են սանձք բերանոց»։ Թղ. 341բ. «ԺԹ. Կրկնեալ անդրէն Յովբայ ասէ. Լուայ յայդպիսի ինչ բազում մխիթարիչք չարեաց ամենեքին... Ամենայն առաքինութեանց հունձք բազում են եւ կութք մեծապէս, եւ ամենայն գործք բարիք առատապէս ունին զհատուցմունս»։ Թղ. 350ա. «Ի. Երկիր մի՛ ծածկեր զարիւն մարմնոյ իմոյ եւ մի՛ լիցի տեղի աղաղակի իմոյ... Բարւոք առաջնորդս մեզ շընորհեաց Աստուած զարդարս առ ի յառաքինութիւն եւ այգեգործս կացոյց ոգւոց մեԹղ. 358ա. «ԻԱ. Կրկնեալ անդրէն Բաղդադայ Սիքէացոյ ասէ. Մինչեւ ցերբ ոչ դադարիցես... Բարիոք է մարդկան յիշատակ մահու եւ վասն ամենայն իրաց աւգտակար»։ Թղ. 367ա. «ԻԲ. Կրկնեալ անդրէն Յովբայ ասէ. Մինչեւ ցերբ աշխատ առնէք զանձն իմ... Զի ոչ եթէ կրիցէ ոք ջուր ի ծովէ բազում դուլիւք կարիցէ սպառել զնա»։ Թղ. 376բ. «ԻԳ. Ողորմեցարուք ինձ, ողորմեցարուք, ինձ ո՛ բարեկամք... Զընդունայն մեծութենէս բազմաց է փոյթ եւ վասն պատուոյ փառաց եւ երկրային հարստութեանցս»։ Թղ. 383բ. «ԻԴ. Կրկնեալ անդրէն Սովփարայ Մինեցւոյ ասէ. Ոչ այդպէս կարծէի խաւսել քեզ ընդդէմ մեր զայս, ոչ ապաքէն իմաստնագոյնք իցէք քան զիս... Երկիր յորժամ բրի ծաղիկս բերէ պտուղ, իսկ խոկալ յաւրէնս զառաքինութիւնս»։ - Վերջ թղ. 393ա. «եւ այս ստացուածք ընչից նորա յայցելութենէն, որ այցելութեամբ տեսանէ զամենայն գործս մեր, որում փառք Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյդ սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ Կատարեցան աստ բանք Իսիքոսի»։ 3. Թղ. 395ա. «Նախադրութիւն Յովբայ. Զայրս զայս ոմանք ըստ պատմութեան ազգամարին հինգերորդ ասեն յԱբրաամէ...»։ - Վերջ թղ. 397ա. «այղ առաւել զ(կեանս) իւր զայս Աստուծոյ մարդասիրութիւն համարեցաւ»։ 4. Թղ. 397ա. «Յուղիանեայ եպիսկոպոսի Աղիկառնացւոյ. նշանակէ գիրս երանելւոյս Յովբայ եթէ հինգերորդ էր յԱբրաամէ, զի որպէս էր իսրայէղ յԱբրաամէ»։ - Վերջ 398բ. «Եւ զայսպիսի հաճոյացեալս Աստուծոյ սատանայ ախոյեան եկեալ խնդրէր մարտակից ի նմանէ»։