1521
294
1753։
նօտր։
Ա-ԻԱ։
թուղթ սպիտակ։
կիսակաշի ստուարաթուղթ։
բաւարար։
կարմիր թանաքով։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Էջ 244. «Օրինակեցաւ այս ամենայն ի Պասրայ քաղաքին, յամի տեառն 1753, ի Սեպտեմբերի ամսոջ»։ Էջ 324. «Գրեցաւ գիրքս ձեռամբ Անթէպցի Ովանէսի որդի Գէորգ վարդապետին, ի Պասրայ, օրինակեալ ի գրքէն Գէորգ վարդապետին, յառաջնորդէ Ջուղու քաղաքին, յամի Տեառն 1753, յՕգոստոսի վերջն»։
տե՛ս յաջորդող տողերը. Մատեանս ընդօրինակուած է Պասրայի մէջ, 1753ին, Մխիթարեան միաբան Հ. Գէորգ Պաղտատեանի գրիչով, իրբ նախագաղափար ունենալով Ջուղայի առաջնորդ Գէորգ Վրդ. ի անթուական օրինակը։ Բովանդակութեամբ նոյնը ըլլալով նախորդ օրինակներուն՝ կու տանք միայն սկզբնաւորութիւնները. 1. Էջ 1. «Գրիգորի եպիսկոպոսի Նիւսացւոյ, Յաղագս բնութեան մարդոյ. Զմարդն ի հոգւոյ իմանալւոյ եւ ի մարմնոյ գեղեցիկ կազմեալ»։ Էջ 244. Յիշատակարան բնագրին. «(Ի) վեցհազարերորդի երկերիւրերորդի Ի.երորդի Է. երորդի արարածոց աշխարհիս, ըստ յունարէն թուոյ...» (հմմտ. Մաթեւոսեան Ա., «Հայերէն Ձեռագրերի Յիշատակարաններ, Ե-ԺԲ դար», Երեւան, 1988, էջ 26)։ 2. Էջ 134. «Գրիգորի եպիսկոպոսի եղբօր Բարսղի, տեսութիւն ի մարդոյն կազմութիւն (...). Զի թէ ընդ այնոսիկ որ ի ձեռն ստացուածոցն»։ 3. Էջ 245. «Գրիգորի Նիւսացւոյ, Յաղագս կուսութեան. Բազմաց կանխաւ եղեւ կուսութիւն...»։ - Վերջ էջ 325,