1517
1129
դատելով արտաքին պարագաներէն՝ ժԴ դար։
բոլորգիր, որ երբեմն անապարանքով գրուած ըլլալով՝ նօտրի տպաւորութիւն կը թողու։
Ա-ԺԴx12 (Ա՝ 11)։
թուղթ հաստ եւ տոկուն։
շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով. զոյգ փականքները կորսուած են. աստառն է կապոյտ, կարմիր, սեւ՝ տպածոյ լաթ. կռնակի կողմէն մասամբ այրած կը թուի, որ կաշին անհետացած է եւ կը տեսնուի կազմը։
բաւարար. ձեռագիրը մնացած է մաքուր. չունի սկզբնական կազմը եւ վերջաւորութեան կը պակսի թուղթ մը։
կարմիր թանաքով են։
սակաւք՝ ցրուած են Ձեռագրիս մէջ, բոլորն ալ պարզ եւ ընտիր զարդերով։
միայն էջ 1 եւ 188, կարմիր թանաքով, պարզ եւ հնաբոյր։
Բնագրին գրչութեամբ. Էջ 22. «Աղաչեմ զձեզ, ո՛ ընթերցողք, յիշեցէք զմեղաւք մեռեալս եւ թողութիւն հայցեցէք ի Քրիստոսէ, եւ ձեզ լիցի. ամէն»։
«Այս գիրք յիշատակ է Շոռոթեցի Պրն. Ռափայէլին, որ եբեր ի Վարատինու եղբայր նորա Հ. Սուքիաս Վրդ.ն մեր Աղամալեան, յամի Տեառն 1781, ի Յունուարի 3»։ Մատեանս կը բովանդակէ Գրիգոր Նիւսացիի Յաղագս բնութեան եւ Յաղագս կազմութեան մարդոյ գիրքերը, լուսանցքներուն վրայ ունենալով «լուծմունք»։ Բովանդակութիւնը ամբողջապէս նոյնն ըլլալով նախորդ առաջին օրինակին հետ, կու տանք միայն սկզբնաւորութիւնները, հետեւեալ կերպով„ 1. Էջ 1. «Ա. Գրիգորի եպիսկոպոսի Նիւսացւոյ Յաղագս բնութեան մարդոյ. Զմարդն ի հոգւոյ իմանալոյ եւ ի մարմնոյ գեղեցիկ կազմեալ, եւ այնպէս բարւոք՝ որպէս ոչ հնար գոլ այլազգ լինել կամ հաստիլ, թուեցաւ բազմաց եւ արանց բարեաց...» (հմմտ. Գր. Նիւս. Ա., §§ 1-42)։ Էջ 187. Յիշատակարան բնագրին. «Յ.երորդի երկերիւրերորդի Ի.երորդի Է.երորդի արարածոց աշխարհիս, ըստ յունաց թւոյ...» (հմմտ. Մաթեւոսեան Ա., «Հայերէն Ձեռագրերի Յիշատակարաններ, Ե-ԺԲ դար», Երեւան, 1988, էջ 26)։ 2. Էջ 188. «Գրիգորի եպիսկոպոսի՝ եղբօր Բարսղի, Տեսութիւն ի մարդոյն կազմութիւն, գլուխս յորում է իմն մասնաւորական յաղագս աշխարհիս բնախօսութեան եւ գեղեցիկ իմն եւ պայծառ պատմութիւն. Զի եթէ ընդ այնոսիկ, որ ի ձեռն ստուացուածոցըն պարտ է պատուել զայնոսիկ, որ ի ձեռն առաքինութեանն զանազանեալ են, փոքր արդեաւք որպէս ասէն Սողոմոն ամենայն աշխարհ ստացուածոց երեւեալ լինէր...» (հմմտ. Գր. Նիւս. Ա., §§ 43-74. վերջին թուղթը ինկած ըլլալով՝ անաւարտ կը մնայ Գլ. ԼԲ)։