1668
1040
ՉԽԵ 1296։
բոլորգիր ընտիր։
Բ-ԼԱx12 (Զ՝ 11, ԺԲ՝ 4, ԺԳ՝ պոկուած է, ԼԱ՝ 3)։
մագաղաթ նուրբ եւ ընտիր։
մաշած դրոշմազարդերով շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, որու երկրորդ կողքինը մեծ մասամբ ցեցակեր է. ունի դռնակ՝ որ մնացած է առանց աստառի. կորսուած են երեք փականքները. աստառ ունի միայն երկրորդ կողքը, սեւ նուրբ կերպաս։ Դռնակին վրայ դրոշմուած է կազմի կամ նորոգութեան թուականը. «Թվ. ՌԽԱ (1592) Աւգոստոս»։
բաւարար. շքեղ է Ձեռագրին կերպարանքը. միակ թերին՝ կը պակսի առաջին թերթը, պոկուած է նաեւ ժԳ թերթը, իսկ ԺԲ՝ փոխանակ 12ի՝ ունի 4 թուղթ։
Հեթում թագաւոր, որդի Լեւոնի եւ թոռն Հեթումի։
սկիզբն ու աւարտին, երկսիւն (մի սիւն լայնք՝ 9 սմ.) երկաթագիր Ճաշոցի հատուածներ, ուր սիւնակներէն մէկը կտրուած է վերէն վար՝ յարմարցնելով Ձեռագրին։ Երկու պահպանակները իրարու շարունակութիւն կ'ըլլան՝ իրար մէջ զետեղելով. բովանդակութիւնն է Քառասնորդաց առաջին չորեքշաբթի եւ ուրբաթի ընբերցուածները, այն է՝ կը սկսի Ելից Ա 17 («եգիպտացւոց եւ ապրեցուցանէին զարուսն») եւ կ'աւարտի Յոր Զ 23 («զաւրութեամբդ կարաւտեալ իցեմ»)։
չունի, այլ պարզ երկաթագրեր են, երբեմն մոռցուած։
կարմիր թանաքով են։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ թանաքով, սակայն
չունի։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Էջ 633. «Փառք եւ աւրհնութիւն եւ երկրպագութիւն Երրորդութեանն սրբոյ, հաւր եւ որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյն, այժմ եւ հանապազ եւ յամենայն յաւիտեանս. ամէն։ «Յամի եւթնհարիւրորդի քառասներորդի հինգերորդի (1296) թուականիս Հայոց եղեւ գրութիւն այսմ տառի, զոր է ոգեալ մեծ իմաստասիրին Փիլոնի, միանգամայն Է (եւթն) գլխոցն ի միասին եդելոց, հրամանաւ աստուածազարդ եւ հանճարաշատ թագաւորին հայոց Հեթմոյ, որդւոյ Լեւոնի, որդւոյ Հեթմոյ թագաւորացն հայոց, ի վայելումն եւ ի մխիթարութիւն մարմնոյ իւրոյ եւ յիշատակ «Արդ, այս Հեթում, զկնի մահուան հաւր իւրոյ թագաւորին Լեւոնի, յաջորդեաց զաթոռ հայրենի եւ նախնի, այլ ոչ պսակեցաւ թագիւ, սակս որոյ ոչ է պատշաճ զանց առնել զպատճառաւն, զի ի մանկական տիոց հետէ վարժեալ կրթութեամբ յաստուածային աւրինացն ընթերցումն, որ գիտէ լաւ սնուցանել զ'ի նա անկեալսն, քան զյանձանձումն մարց եւ դայեկաց, սիրեաց զիմաստութիւն եւ սիրեցաւ ի նմանէ. վասն որոյ լաւ քան զոսկի եւ զականս պատուականս համարեալ անձին իւրում, որ եւ քաղցրացաւ քան զմեղու խորիսխ ի կոկորդս նորա, ուստի բաց եւ համարձակահայեաց ակամբ ոգոյ ծանեաւ զիսկապէս եւ զարդարեւ բարին, եւ այնուհետեւ սկիզբն արարեալ գործնական առաքինութեան, միշտ աղաւթից եւ ընթերցման գրոց պարապեալ զուարթ եւ արթուն հայեցածով, մինչ զի բնութիւն զսովորութիւնն արարեալ խընամ տանելով եւ դարմանելով զսուրբսն, որ են դասք աղաքատաց եւ որբոց, պայծառացուծանելով զսուրբ եկեղեցիս Աստուծոյ եւ ա ճեցուցանելով զդասս քահանայից, հանապազ պաշտամամբք համաձայնեալք երկնայնոցն խմբից աւրհնութիւնս Աստուծոյ վերառաքէին եւ համանգամայն զամենայն տեսակս առաքինութեան յինքն բերելով, զոր տկարանամ ի պատմել զբովանդակն, զի ժողովել հրամայեաց հանճարեղ արուեստաւորս եւ յայլ աշխարհաց այլալեզու արանց գաղատոսաց դասս եւ կանգնեաց զսքանչարժան եկեղեցին ի մայրաքաղաքին Մամուեստիա, զարդարեալ ազգի ազգի նկարաւք փորուածաւք ի քարանց կճէից, յանուն մաւր Տեառն մերոյ Մարիամու Աստուածածնին, եւ կարգեաց ի նմա դասս պաշտաւնէից ըստ պատշաճի աշտիճանաց։ «Որ եւ հրամայեաց իմոյ նուաստութեանըս Բասլի, որ երբեմն սարկ(աւագ), գրել զսոյն զայս տառ. եւ իմ թէպէտեւ թերավարժ գոլով յարհեստ գրչութեան, սակայն զհարկն պատշաճաւոր յանձն առնլով, ձեռն արկեալ շարագրեցի զսա խոշոր գրով, միայն ստուգութեանն ուշ ունելով աւարտմամբ յանգ հանեալ, արագահատութեամբ եւ վերակացութեամբ սրբասէր քահանային Կոստանդեա(յ), որ էր քահանայիցն ամենայն երէց ի դրան արքունի։ «Բայց ի դէպ է ոչ անտես առնել զի վերն քան զբնութիւն գործն նորին թագաւորին Հեթմոյ, զի նա ինքն որ արհամարհեաց ըզմարմին եւ որ ինչ նորա են պատաղմունք, փափագմամբ եւ ըղձաւէտ տենչանաւք խոկայր միշտ գտանել զերկնաւորն թագաւորութիւն, զներտրամադրեալն արտաբերեաց յաւարտ եւ յանգ հանելով։ Եւ զի՞նչ այս. կոչեաց զեղբարսն իւր հարազատ եւ զայլ ամենայն իշխանսն, վարդապետելով նոցա եւ հաւանեցուցանելով զամենեսեան ի թագաւորեցուցանել զմի յեղբարցն իւրոց, զվայելչագեղն եւ զիմաստունն Սմբատ, որ ունէր զերրորդն դաս ըստ կարգի եղբարցն. եւ ինքն առեալ զոյգ ուղեկից զմիւս եղբայրն իւր զպարոն Մորոս եւ մտեալ ի նաւ չուեաց դէպ ուղիղ ի թագաւորական քաղաքն, եւ անդը եւս յերկըրպագութիւն աստուածազարդից նշխարաց եւ պատկերաց սրբոց։ Իսկ զկնի ոչ սակաւ աւուրց ժողովեցան թագաւորորդիքն եւ թագաւորազունքն եւ իշխանքն եւ միանգամայն աշխարհաժողով բազմութիւն ռամկաց եւ խառնիճաղանճ մարդկան ի հոյակապ մայրաքաղաքն Սիս, ի տաւնի մեծի սրբոյ աստուածայայտնութեանըն։ Իսկ սրբագործ կաթողիկոսն հայոց Տէր Գրիգոր, ամենայն եպիսկոպոսաւք եւ համագումար ժողովով եւ բոլոր ու(խ)տիւ եկեղեցւոյն եւ աջով սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ ԳԻրիգորի եւ աստուածային աւետարանաւն, ձեռս ի վերայ եդեալ աւանդեաց նմա զաշտիճան եւ զաւծումն թագաւորութեան, եւ համաշխարհական ժողովն պատշաճաւոր խրախութեամբ բարգաւաճեալք ըստ իւրաքանչիւր աշտիճանի, զոր պահեսցէ աջ ամենազաւրին Աստուծոյ անվրդով եւ երկայն կենդանութեամբ, գնալով զաւրութենէ ի զաւրութիւն եւ հերքելով առ ոտս զթշնամիսն խաչին Քրիստոսի։ «Վասն որոյ աղաչեմ եւ աղերսեմ Աստուծով զաստուածասէր դասս սրբազանից եւ մակացու մանկանց նորոյ Սիոնի եւ ամենայն, հաւատացելոց Աստուծոյ, որք խրախանայք եւ լուսաւորիք իմաստախոհ վերծանութեամբ սորին եւ կամ աւրինակաւ աւգտիք, յիշել ի բարին Քրիստոս եւ յաղաւթս ձեր մաքուրս զստացող սորա, զսիրաւղն ամենայն հանճարոյ իմաստութեան զպարոն Հեթում, եւ զնորոգ աւծեալն արքայ զՍմբատ, համայն եղբարբք եւ ծնողաւք եւ համաւրէն զարմիւք, զի արժանասցին ամենեքեան ողորմութեանն Աստուծոյ եւ արդարութեան նորա ի փառս անուանն իւրոյ։ «Աղաչեմ եւ ես՝ թշուառական այրս եւ տխմար գրիչս Վասիլ յիշել ի մեղաց թողութիւն եւ զիմս անարժանութիւն եւ զծնաւղսն իմ եւ զեղբարս, եւ տէր Յիսուս Քրիստոս առհասարակ պարգեւեսցէ զշընորհ բարերարութեան իւրոյ յիշողացդ եւ որոց յիշին ի ձէնջ, եւ նմա փառք յեկեղեցւոյ իւրոյ այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ 2. Էջ 504. «Ստացողի սորա թագաւորին հայոց Հեթմոյ, որ արհամարհելով զերկրաւորս, փափագանաւք փութայ զերկնայինն գտանել արքայութիւն. ողորմեա՛ Տէր եւ պարգեւեա՛ նմա ըստ քոյին կամաց քաղաքավարիլ ի մարմնի, եւ յետ աստեացս մասնակից լինել թագաւորացն սրբոց մշտնջենաւոր թագաւորութեանն ի փառս ամենասուրբ Երրորդութեանդ յաւիտեանս յաւիտենից. ա«Վասիլ գրիչ յիշեսցի յընթերցողաց սո3. Էջ 558. «Զստացող տառիս զբարեպաշտ թագաւորն հայոց Հեթում, յիշեսջիք յաղաւթս իմաստախոհ վերծանաւղք, արժանանալ ողորմութեանն Աստուծոյ, զի եւ դուք յիշեսջիք ի Տեառնէ Աստուծոյ մե«Եւ զանյարմար գրիչս Վասիլ աղաչեմ արժանի առնել յիշման, որ բազում հոգք եւ ի ծուփ տարաբերիմ սակս անբաւ յանցանաց իմոց։ Գրեցաւ ի թու. ՉԽԵ (1296)»։ 4. Էջ 610. «Ստացողի սորա ողորմեսցի Տէր Աստուած եւ անյարմար գըրչիս»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 5. Երկրորդ պահպանակին ստորին լուսանցքին վրայ. «Ես Խաչքոյ, պարոն Կրէսքոին որդին. գրեցաւ թվին ՌԾէ (1608)»։
«Ընծայեալ Հ. Մինաս Վրդ.ին մերոյ Բժշկեան, ի Լէօպօլիս, յամի 1820»։ Մատեանս է Փիլոն Եբրայեցիի լիակատար երկերը, օրինակուած 1296ին, Հեթում թագաւորի համար։ Ունի հետեւեալ կարգը. 1. Էջ 1. «(Փիլոնի այնոցիկ որ ի լինելութեանն. Բան առաջին. Ընդէ՞ր զաշխարհարարութիւնն ընդ միտ ածելով եւ հաշուելով՝ ասէ. Այս գիր լինելութեան երկնի եւ երկրի, յորժամ եղեւ. «Ա. ԶՅորժամ եղեւն անորոշելի եւ անպարոյր...)»։ Այս խորագիրը եւ սկզբնաւորութիւնը վերցուցած ենք 1826ին Վենետիկ տպագըրուած «Փիլոնի Եբրայեցւոյ մնացորդք ի հայս» հատորէն, էջ 1, որովհետեւ Ձեռագրիս առաջին թերթը ինկած ըլլալով՝ կը պակսի սկզբնաւորութիւնը։ «Բան առաջին» կը բաժնուի Ա-Ճ մասերու, իսկ ներկայ Ձեռագիրէս կը պակսին Ա-ԽԸ մասերը. ԽԹ մասէն մնացած է վերջին հատուածը. Էջ 1. «... զգայութիւն մարդւոյ դժնդակ աշխատութիւնս ունի եւ ցաւս խոցոտելով եւ կտտելով ի տնասպասեակ ախտիցն» (հմմտ. տպ. էջ 32)։ 2. Էջ 26. «Փիլոնի այնոցիկ որ ի լինելութենէ է խնդրոց եւ լուծման. Բան երկրորդ. Զի՞նչ է Նոյի կազմածն» (մասն Ա-ՁԲ)։ 3. Էջ 80. «Փիլոնի այնոցիկ որ ի լինելութենէ խնդրոց եւ լուծման. Բան երրորդ. Ջի՞նչ է. Ես եմ տէր Աստուած քո, ո(ր) հանի զքեզ յերկրէն քաղդէացւոց, մինչ զի տալ քեզ զերկիրս զայս ժառանգել» (մասն Ա-ԿԱ)։ 4. Էջ 123. «Փիլոնի այնոցիկ որ ի լինելութեանն խնդրոյ եւ լուծմանց. Բան չորրորդ. Ընդէ՞ր ասէ Երեւեցաւ տէր Աստուած Աբրահամու ի կաղնւոջն Մամբրէի, յորժամ նստէր ի ջերմոջ աւուրն առ դուրս խորանի իւրոյ եւ համբարձ զաչս իւր»։ Տպագրին համաձայն՝ այս հատուածը ունի Ա-ՄԽԵ մաս, սակայն Ձեռագրէս թուղթ ինկած ըլլալով, կը պակսին ՄԼԲ.ի վերջին մասէն՝ ՄԼԸի առաջին մասը, ՄԽԲ.ի կէսէն մինչեւ ՄԽԵ։ 5. Էջ 219. «(Փիլոնի յայնոսիկ որ յԵյսն է, խնդրոց եւ լուծմանց. Բան առաջին. Ամիսս այս ձեզ սկիզբն ամսոյ. առաջին է յամիսս տարւոյ)»։ Թուղթ ինկած ըլլալով՝ Ա-ԻԳ մասերէն մնացած են. (վերջին մասր՝ Ժ)-ԺԱ-ԺԲ-ԺԳ (առաջին մասը), (վերջին մասը՝ ԺԸ)-ԺԹ6. Էջ 223. «(Փիլոնի այնոցիկ որ յԵլսն է, խնդրոց եւ լուծմանց. Բան երկրորդ)»։ Ձեռագրիս ժԳ թերթը պոկուած ըլլալով Ա-ՃԻԳ մասերէն կը պակսին Ա-ԽԳ, կիսատ է 7. Էջ 255ա. «Յաղագս քահանայիցն. (Տ)ոհմք են ազգին երկոտասան, եւ մի յամենեցունց որ լաւագոյն է ընտրեցաւ քահանայել, պատիւ քաջ արութեան եւ աստուածասէր առաքինութեանն զայս ընկալեալ, յորում ժամանակի դէպ եղեւ բազմութեանն մեղանչել». (մասն Ա-ԺԲ)։ - Վերջ էջ 272. «Զկնի այսորիկ վերստին ուսուցանէ յաղագա կենդանի անասնոցն որք ի ճահ են ի պատարագս. Տիլոնի յաղագս քահանայիցն», 8. Էջ 272. «Փիլովնի յաղագս բագնին իրաց. Հուր ասէ այրեսցի ի վերայ բագնին հանապազորդ անշէջ. (Վ)այելչապէս կարծեմ եւ արժանապէս, վասնզի Աստուծոյ շնորհքն յաւէտախաղաց են եւ անպակաս եւ անընդհատ, որոց ի տուէ եւ ի գիշերի մարդիկ հասանեն»։ - Վերջ էջ 286. «Քանզի արդարեւ որք անաստուածքն են հոգւով, մեռան, իսկ այնոցիկ որ ի կարգ էին Աստուծոյ կարգեցան եւ անմահ կեանս կեան. Յաղագս բագնին 9. Էջ 286. «Յաղագս տասն բանիցն. (Է)ր երբեմն ժամանակ յորժամ իմաստասիրութեան պարապեալ էի եւ աշխարհիս տեսութեանց եւ այնոցիկ որ ի նմա զբարին եվ զփափագելին»։ - Վերջ էջ 334. «Բռնութեան եւ թշնամանաց եւ անխուզ պղծութեանց եւ յանդըգնութեան, որ զծանականսն իբրեւ զլաւ ինչ ընկալեալ ամբաստանեսցի. եւ զինչ է պարտ կրել կամ հատուցանել պատուհաս, հատցէ ատեանն ի վերայ նորա»։ 10. Էջ 335. «Առանց պատրաստութեան ի Սամփսովն. (Ա)րդ իբրեւ ի յորձանաց գիջութեան կորզեալ հեղեղեցաւ եւ ի խորխորատն ընկղմեցաւ ցանկութեան»։ - Վերջ էջ 356. «Այլ ոչ վայելէր այսպիսի անշնորհակալութեան կցորդ երեւել արդարոյն։ Առանց պատրաստութեան ի Սամփսովն»։ 11. Էջ 356. «Փիլոնի Յաղագս Յովնանու. Այնոցիկ որ զմարգարէսն ընթեռնուն, ոմանք ընդ պիտանացուն մարդկան զարմանան»։ Վերջ էջ 381. «Քանզի որպէս այնր վարուց խիստն էր արժանաւոր քարոզութիւն, այսպէս ապաշխարութեան նոցա հակառակամէտ զմարդասիրութիւնն։ Յաղագս Յովնանու»։ Էջ 381. «Փիլոնի Յաղագս Յովնանու. Եւ էր տեսանել ի ծովու ահագին ատեան»։ Վերջ էջ 382. «Եւ յերկրի փախչելով ոչ գիտացի զի երբեմն զողն թաւթափեալ զկորխայինսն կենդանւոյն ծածկեաց։ Յաղագս Յովնանու»։ 12. Էջ 382. «Փիլոնի, Յաղագս զԱստուած ի բարեգործութեան հուր ծախաւղ անուանել ի տեսլեան երից մանկանցն. Քանզի այն որ համեմատեալ են յԱստուծոյն իմանալւոյն»։ - Վերջ էջ 386. «Զորս ունի ի մահկանացու ի բնութենէս եղեալ։ Փիլովնի Յաղագս զԱստուած ի բարեգործութիւն հուր ծախաւղ ի տեսլեան երից մանկանցն»։ 13. Էջ 386. Անխորագիր. «Մեծիմաստն Փիլոն Իսրայէղացի գոլով, այլ ոչ երեւի թէ յորոց ցեղից յերկոտասանիցն իցէ, զի ցիր եւ ցան եղեն...»։ - Վերջ էջ 387. «Եւ այս ի ժամանակի քարոզութեանն Պետրոսի ի Հռոմ, զորմէ պատմէ Եւսեբիոս Պամփիլեա»։ 14. Էջ 387. «Լինելութենէ խնդրոց եւ լուծմունք. Լինելութիւն ասէ զբոլոր գոյիցս եղանութիւն յԱստուծոյ անեղէ կազմիլ»։ Վերջ էջ 389. «Եթէ գոյ նախախնամութիւն յամենայն գոյս»։ 15. Էջ 389. «Փիյոնի Յաղագս յառաջախնամութեան առ Աղեքսանդրոս. Բան առաջին. (Յ)որժամ զյաղագս նախախնամութեան բանդ կամէի քննութեամբ հարցանել»։ 16. Էջ 419. «Փիյոնի Յաղագս Նախախնամութեան. Բան երկրորդ. Այգ դեռ եւս խորին է, մինչ միայն ճանաչել զայնոսիկ որ պատահենն սիրելիք եւ ազգայինք»։ 17. Էջ 467. «Փիլոնի Յաղագս բան ունե, եւ անասուն կենդանեացդ. Յիշես զերիկեան բանսն, ով Լիւսիմաքոս»։ 18. Էջ 504. «Փիլոնի Կեանք իմաստնոց. (Տէր)ունեան աւրինացն ի հինգ գիրս վերագրեցելոց, առաջինն կոչի եւ մակագրի լինելութիւն աշխարհիս, ի լինելութենէ առեալ զառասութիւնն»։ - Վերջ էջ 558. «Իսկ որպէս առ յինէն բանս եցոյց, աւրէնք ինքն ելով եւ անգիր գիրք։ Փիլոնի Կեանք վարուց ըստ վարդապետութեանն կատարեցելոց, կամ անգիր աւրինաց»։ 19. Էջ 559. «Փիլոնի Աստուածային աւրինացն այլաբանութեան. (Ե)ւ կատարեցան միանգամայն երկին եւ երկիր եւ ամենայն զարդ իւրեանց. Մտաց եւ զգայութեանց զեղանութիւն ասելով յառաջ, այժմ զերկոցունց զկատարելութիւնն հաստատեալ բաղկացուցանէ»։ - Վերջ էջ 610. «Զգեղեցիկ եւ զբարգաւաճ պըսակն, զոր եւ ոչ մի ամենաժողով տաւնք մարդկան տանել կարացին»։ 20. Էջ 611. «Յաղագս կենաց վարուց տեսականի. (Հ)եսսեայցն սակս խաւսեցեալ, որք զգործական նախանձն առին եւ գործեցին զկենցաղս ամենայնիւ»։ - Վերջ էջ 632. «Որ քան զամենայն լաւագոյն է բարեբաստութիւն, ի նոյն ի ծայրն հասեալ քաջաբարու21. Էջ 632. Անխորագիր. «Իսկ միւս եւս այլ առագրութիւն, սակս կենաց եւ վարուց տեսականին, այսինքն արանց արդարոց եւ անուանեաց»։ - Վերջ էջ 633. «Եւ զամենայն որպէս վիպասան ճշմարտաբան եւ անպարսաւ պատմաբանիչ որքան է եւս»։