— - Bibliographic notice
1671
ՓԻԼՈՆ Դ
1792 - 1792

ID
Number
1671
Old record number
2605
Title
ՓԻԼՈՆ Դ
Start date
1792
End date
1792
Date details

Copy place
Reference
Type
Number of pages
Dimension
Layout
Writing details

Codicology

Principal subject
Subject details

Number of lines
Binding

State of preservation

Copyist
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

Images

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

Blank pages

Colophon

Informations

Մատեանս կազմուած է 504 մեծադիր էջերէ, նօտր գրչութեամբ, որու պատմութիւնը հետեւեալն է։ 1791ին, Հ. Յովհաննէս Վրդ. Զօհրապեան, գիտական ուղեւորութիւն մը կը կատարէ դէպի Լեհաստան, ի խնդիր Ձեռագիրներու։ Հոն է որ կը հանդիպի բոլորգիր մագաղաթեայ Փիլոնի 1296ին օրինակուած ընտիր Ձեռագրին (այժմ ի Ս. Ղազար, Ձեռ. թիւ 1040), եւ չկարենալով նուէր ստանալ, կը խնդրէ տանիլ հետը Ս. Ղազար, եւ յետ ընդօրինակելու՝ դարձնել բնագիրը Լեհաստան։ Ներկայ Ձեռագիրը, թիւ 2605, այդ ընդօրինակութիւնն է, կատարուած Սխիթարեան Հայրերու գրիչով, առաջնորդութեամբ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի, որ բազմաթիւ անդրադարձութիւններ ունի լուսանցքներուն վրայ, ինչ որ յաջորդաբար հրատարակած է 1826ին՝ երկու հատորով։ Հ. Յովհաննէս Զօհրապեան, այս ընդօրինակութեան մէջ թողած է այս բոլոր պատմութիւնը՝ հետեւեալ կերպով. էջ 625. «Զգաղափար մատենիս ազնիւ եւ հմուտ գրչութեամբ, գծագրեալ ի մագաղաթի, ես Հ. Յովհաննէս Վրդ. Զօհրապեան, գտի ի խորշս շտեմարանաց մայր եկեղեցւոյն հայոց ի Լվով քաղաք լեհաց, ի փոշի թաղեալ, անխնամ եւ անյիշատակ։ Ջոր յերեւան հանելս իմ եւ ըստ դիպաց յիմանալ զազնուութիւն նորա՝ լեզուակորոյս մերոցն ազգայնոց որ անդ, բազում դժուարութեամբք եւ պէսպէս ծանր դաշամք, հազիւ ուրեմն կարացի փոխառութեամբ բերել ընդ իս ի Վենետիկ, ի վանս սրբոյն Ղազարու։ Ուր ի միջոցս իբր ութ ամսոց ձեռամբ զանազանից ընդօրինակեալ առաջիկայս ամենայն մարթելի զգուշութեամբ եւ հաւատարիմ խնամով, անդրէն անյապաղ դարձուցաք զնոյն ի տեղի իւր, ի ձեռն տեառն Մարկոսի նիգոռովիջ՝ պատուական կանոնիկոսի նորին եկեղեցւոյ եւ երախտաւոր միջնորդի այսր գործառնութեան. յամի 1791 ի Սեպետմբերի 26»։ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան կը շարունակէ պատմութիւնը՝ գրելով. էջ 626. «Օրինակեցաւ մատեանս ի Վենետիկ, ի վանս սրբոյն Ղազարու, յամի տեառն 1792, եւ ի թուին Հայոց ՌՄԽԱ, յընտիր գաղափարէ, որ էր մեծադիր մագաղաթեայ, բոլորգիր գրչութեամբ յաջողակ գրչի՝ Վասիլ անուն՝ հրամանաւ Հեթմոյ արքայի, ըստ նշանակելոյ յիւրումն յիշատակարանի։ Գաղափարն այն բերաւ յԻլով քաղաքէ Լեհաստանի, ի ձեռն Վ. Հ. Յովհաննէս Վրդ.ին մերոյ Ջօհրապեան, 1791, ՌՄԽ, ի Սեպտ. 26, եւ յետ օրինակելոյ մեր անտի զայս օրինակ, դարձուցաւ անդրէն յԻլով, ի ձեռն Տէր Մարկոսի Նիգոռովիչ։ Բաղդատելով օրինակս ամենայն զգուշութեամբ ընդ իւրումն գաղափարի, ծագէ ի ծագ, ըստ բանիցն եւ ըստ բառից եւ ըստ տառից, որպէս եւ ըստ լուսանցից»։ Այսքան ծանօթութիւն տալէ ետք, Հ. Մկրտիչ Աւգերեան նոյն էջին վրայ կը շարունակէ պատմութիւնը՝ գրելով. «Եւ զի պակասաւոր էր նախակարգեալ ընտիր օրինակն՝ ի սկիզբն եւ ուրեք ուրեք յընթացս, նշանակեալ զտեղիս պակասորդաց՝ ծանուցաք առ բարեկամս ի Կոստանդինուպօլիս. եւ նոքա օրինակեալ զայն տեղիս յայլմէ օրինակէ որ ի դպրատան Պատրիարգարանին՝ յղեցին առ մեզ (իմա՛ Ձեռ. Ս. Ղազարու, թիւ 253 եւ 2481), յորմէ եւ լրացուցաք զթերութիւն մատենիս. եւ ի նշանակ այնց բանից առելոց յօրինակէ անտի Կոստանդինուպօլսոյ՝ եդաւ ի լուսանցս Ս (այսինքն՝ Սկիզբն). եւ յաւարտ այնց լրացուցիչ հատուածոց՝ Վ (այսինքն՝ Վերջ)։ Որպէս եւ ի մէջ տողին գծագրեցաւ այսվէր, ( գիծ զոյգ։ Եւ այս եղեւ յամի 1794. Պոլիսէն հասած օրինակին սկզբնաղբիւրը, դատելով ընդօրինակուած Յիշատակարանէն, ներկայիս կը գտնուի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մատենադարանը, Ձեռ. Հ. Մինաս Բժշկեան 1820ին Լվովէն անցնելով՝ Փիլոնի մագաղաթեայ հին բնագիրը կը ստանայ նուէր Սատենադարանիս եւ կը ղրկէ Ս. Ղազար (Ձեռ. թիւ 1040)։

Content