Other notices
— - Bibliographic notice
993
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ Ա. ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ
ՈԼԳ = 1184 - ՈԼԳ = 1184

ID
Number
993
Old record number
1237
Title
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ Ա. ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ
Start date
ՈԼԳ = 1184
End date
ՈԼԳ = 1184
Date details

ՈԼԳ - 1184, թէեւ վիճուած է բանասէրներու կողմէ, սակայն տարակոյս չունինք անոր հարազատութեան մասին, մանաւանդ նկատի առած Ձեռագրին արտաքին պարագաները, գիրի տեսակը եւ գրչութեան ձեւը։

Copy place
«ի նահանգիս որ կոչի մայրաքաղաքին Գանձակայ, յանապատ եւ յեղբայրանոցս ան(ո)ւանեալ Դասնոյ, սկզբնաւորեալ ի լեռնակողմ(ն) մենաստանին կոչելոյ Հոռոմաշէն, ընդ հովանեաւ սրբոց եկեղեցեաց կուսաստանացն»։
Reference
Type
Number of pages
318
Dimension
14x20,5
Layout
միասիւն (9x15)։
Writing details

բոլորգիր հին։

Codicology

33, որ է՝ Ա-Ցx10 (Ա՝ 1 թղ., Զ, Հ՝ 9 թղ., Շ՝ 13 թղ., Ց՝ 4 թղ.)։

Principal subject
Subject details

թուղթ բամպակեայ, թխագոյն։

Number of lines
19։
Binding

դրոշմանիշ մութ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ. աստառ ունեցած է սրճագոյն բարակ լաթ, որու վրայ ներկայիս կպցուած է սպիտակ արդի թուղթ. երեք փականքները կորսուած են։ Կռնակի կողմը կաշին ճաթրտած է եւ ստորին մասը թափած, ուսկից կը տեսնուին կազմի թելերը. նոյնն է մասամբ նաեւ վերի մասը։

State of preservation

բաւարար. կռնակի կողմէն խոնաւութիւնը թափանցած է եւ մասամբ գրութեան վնասած, յատկապէս թղ. 25-66։ Առաջին թերթէն մնացած է մէկ թուղթ, միջանկեալ եւս (թղ. 145-6) թուղթ մը կտրուած եւ կորսուած է։ Թերի կը մնայ նաեւ վերջաւորութեան։ Սակայն ընդհանուրին մէջ պատկառելի է իր հնութեամբ։

Copyist
չէ յիշուած, հակառակ որ բազմաթիւ են մանը յիշատակագրութիւնները. անկարելի չէ որ ըլլայ նոյն ինքն Մխիթար Գօշի ձեռագիրը։
Owner

առաջինը՝ Հաթերքի իշխանաց իշխան Վախտանկ՝ որդի Հասանայ. յաջորդաբար 1387ին Պայազիթ եւ Խզբահրի եղբայրներ. ԺԴ-ԺԵ դարուն՝ Ատոմ, ԺԶ-Ժէ դարուն՝ Սիմէօն։ Ապա ժԹ դարուն ստացած է Միաբանութեանս մտերիմ բարեկամ Միքայէլ Աղայ Ազնաւուրեան, որ նուիրած է Մատենադարանիս։

Commanditaire
Illuminator
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

չունի, սակայն երբեմն սկզբնաւորութեան առաջին տառը երբ բոլորակ ըլլայ, օրինակ Ձ տառը, մարդադէմ կերպով կը ներկայացուի։

Initials

բնագրին թանաքով՝ ամբողջ երկաթագիր։

Marginal illuminations

չունի. զարդի փոխարէն ունի բնագրին թանաքով հանգուցագծեր՝ թղ. 4բ, 52բ, 64ա, 298բ։

Images

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

բնագրին թանաքով՝ սրճագոյն։

Blank pages

չունի։

Colophon

Բնագրին գրչութեամբ. Նախադրութեան ԺԱ. Գլուխը. Թղ. 49բ-52բ. «ԺԱ. Յիշատակարան սակաւուք. Եւ զի թէպէտ բընաւորական է ամենեցուն լաւին ցանկալ եւ անսխալ յիրս ամենայն լինել, սակայն ոչ է հնար որ ի լինելութեան եւ յապականութեան է բնութիւնս, եւ այդ յոյժ քաջաբանից, որչափ եւ մեզ իցէ, որ ամենայն ինչ գործ սխալեալն եղեւ եւ գրեթէ յսկզբանէ։ Վասն որոյ զամենիսեան զկնի մեր եկեալսդ, զհարս եւ գեղբարս, ի զանազան ժամանակս, աղաչեմ մաղթանաւք, զյոլով եւ զոչ սակաւ սխալանս ուղղեսջիք պատահեալք ընթերցման տառիս եւ զիրաւացի թերին լցջիք, որպէս վերագոյն ծանուցաւ։ Զի հասարակ եւ ի վեր քան զհասարակ սխալանացն ունիմ զպատճառ. նախ՝ զբիծս անձին, որ զներգործութիւն խափանէ զՀոգւոյն, եւ ապա՝ զախտս մարմնոյս։ Եւ զի յայտ անվարժութիւնն համաւրէն է սեռի եւ յատկի, եւ դարձեալ՝ անպարապութիւն, զի ընդ ստեամբք ախտաժէտիւ զմանկունս ունէի բանի եւ զպանդխտութիւն եւ զանտեղութիւն եւ զանտեղեկութիւն գրչութեան, եւ ըզհակառակութիւն ներքնոց եւ արտաքնոց. զգայութեանց տկարութիւն եւ զմարտս դիւաց, եւ զպակասութիւն գործեաց գըծագրութեան եւ զաղքատութիւն մատենից, յորոց զնիւթ հաւաքել ի դէպ էր բանից։ Ապա թէ ընտանի ազգիս բարւիւք սխալանացն լինիք պարսաւիչ եւ ոչ ուղղիչ, գիտելով գործ Հայկազեա(յ)ցս զայդոսիկ, միանգամայն զչափ անձին, անմեղադիր ձեզ յայդոսիկ լինիմք։ Ապա եթէ սիրով մերոցս պատահիք բանից եւ խնամիչ կամաւք զթերին լընուսջիք, ի Տեառնէ զհատուցումնն առջիք բարեաց եւ զգանձս բանից ձերովք երկամբք յեկեղեցիս ամբարեսջիք յիշատակ բարեաց մնալ ձեզ ի նմա։ «Բայց ձեռնարկութիւն մեզ յայսմ իրողութեան եղեւ ի թուականութեանն Հայոց ՈԼԳ (1184), եւ շրջանին երթալոյ ի բաց ՃԱ, որ կոչի Փոքր, իսկ Հոռոմին ՆԵ, յամս անիշխանութեան թագաւորութեան մերոյ, ի վաղնջուց ի ժամանակի մնալելոց սակաւ իշխանացս ի կողմանս Խաչենոյ, ընդ ժամաորդւոյ նակս ան(ո)ւանելոյ Հասանա(յ)՝ Վախտանկա(յ) կրաւնաւորեցելոյ, եւ որդւոյ նորա Վախտանկա(յ), ի դղեկին որ անուանեալ կոչի Հաթերք, գլխաւորի այլոց իշխանացն եւ կողմանցն Կիւղիկեա(յ) մեծի իշխանին Ռոբենի, յամի՝ յորում մեռաւ յաղթող թագաւորն Վրաց Գեաւրգէ, ի հայրապետութեան Տեառն Գրիգորի Հայոց Մեծաց եւ ի դիտապետութեանն Տեառն Ստեփաննոսի տանըս Աղուանից, յաշխարհիս Առանա(յ), ի նահանգիս որ կոչի մայրաքաղաքին Գանձակայ, յանապատ եւ յեղբայրանոցս ան(ո)ւանեալ Դասնոյ, սկզբնաւորեալ ի լեռնակողմ(ն) մենաստանին կոչելոյ Հոռոմաշէն, ընդ հովանեաւ սրբոց եկեղեցեաց կուսաստանացն յիշեցելոց, ձեռնտուութեամբ Հաւր Յովսեփա(յ) եւ եղբաւր Պաւղոսի յորդորմամբ յառաջարկութիւնս։ «Բայց գծագրութիւն յիշատակիս ի Նախագրութիւն գրոցս դատաստանի եղեւ, զի կատարած սորա ի ձեռն մեր միանգամ ոչ է, որպէս ասացեալ է կանխաւ զպատճառն։ Եւ արդ, որքան է կար՝ ի գործ անգանիմք հիւսել զկնի զիրս դատաստանի։ Ընդ որս եւ զայս եւս մաղթեմք, եթէ պատահի եւ հաճոյ ոմանց թուի յաւրինակէ աստի փոխել ըզգիրս դատաստանի, ընդ նմին փոխեսջիք եւ զյիշատակս զայսորիկ, յիշատակել սոքաւք զմեզ, որով եւ դուք համաւրէն յիշեալ լիջիք ի Քըրիստոս Յիսուս ի Տէր մեր, որում փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 2. Թղ. 52բ. Երկաթագիր. «Տէր Աստուած վայելել տացէ աստուածասէր եւ բարեպաշտ իշխանաց իշխանին Վախտանկայ, որդւոյ Հասանա(յ), ի կամս իւր զգիրքս դատաստանի, անսխալ ուղղութեամբ վարել զպատուիրան սորին»։ 3. Թղ. 299ա-բ. Երկաթագիր. «Յիսուս Քրիստոս, յորժամ գաս ի նորոգել զերկիր, նորոգեա՛ հոգւով եւ մարմնով զաստուածասէր իշխանն իշխանաց զՎախտանգ եւ զամուսինն իւր զԱրզուխաթունն ի կեանս անմահս, եւ ի ներկայիս առանց փորձանաց պահեսցես զաւակաւք հանդերձ եւ ամենայն ընտանե(ա)ւք. եւ բազում առատ ողորմութեամբ քո ողորմեսցիս ննջեցելոց նոցա. ամէն։ Եւ տառապեալ գրիչս ողորմեա՛, Քըրիստոս Աստուած. ամէն»։ 4. Թղ. 300ա-բ. «Փառք փրկչին մերոյ Յիսուսի, ընդ նմին Հաւր եւ Հոգւոյն, որ ետ զդադարումն աստանաւր տալ գրոցս դատաստանի։ Զի թէեւ յառաջագոյն ասացաք, գրելով ըզսակաւ յիշատակարանն, եթէ աւարտումն սորա ոչ է, սակայն այժմ մեք հանգուցանել կամեցաք գրելով ըստ կարի, ոչ խափանել զայլոց՝ որք կամին գրել եւ յաւելուլ։ Եւ թէպէտ յամի յորում սկսաք, գրեցաք զեդեալ չափս դատաստանի, սակայն յաղագս հալածանաց որ եհաս մեզ՝ ընտանի եւ ոչ աւտար, յապաղեաց գրել զյիշատակս զայսոսիկ։ «Բայց համարեցաք եւ զայս եւս հարկաւոր լինել, զի զշար կարգի հայրապետացն դիցուք զԱղուանից, զի եւ յայնոսիկ յամէն (..)ն զսոսա որ այժմ ունին յարմարեսցուք, մի՝ ըստ այդմ գրեսցուք պատճառի, երկրորդ զի թէ ոք յաւժարեսցի գրել պատմութիւն զկնի գրեցելոյն պատմութեանն Մովսէսի Դասխուրանեցւոյն, որ զբովանդակ պատմէ զտանս Աղուանից, դիւրին լիցի յայսմանէ զշար հայրապետացն առնուլ, զի ոչ զամենեցուն անուն ի նորայն գտցէ պատմութեան, բայց զայնոսիկ զորոց գրեաց, զի յայնմ ժամանակէ մինչեւ ցայժմ ոչ ոք գրեաց եւ թէ պատահի ոք յոյժ հարկաւոր է»։ 5. Թղ. 32բ. «Իմա՝ զպատուիրանն մոռացեալ, աւա՛ղ»։ 6. Թղ. 34բ. «Մեղաց թմրութիւնն պատեաց քունս»։ 7. Թղ. 64ա. «Աւա՛ղ զյանցաւոր ծառայս յահաւոր յահեղ ատենին, Բարւոյն մոռացող եղէ եւ ստունգանող սուրբ պատուիրանին. Գլորմամբ բանսարկուին խաբեալ եւ կորուսի զպատիւն առաջին, Դատաւոր արդար Քրիստոս յիս գթա՛ վասըն քո սուրբ ծնողին, Եմ գին քո արեանս Յիսուս, մի՛ թողուր ծառայ զիս չարին»։ 8. Թղ. 172ա. «Աւրհնութիւն քեզ Քրիստոս, որ ոչ կապեալ եմ ի կին, ոչ արձակեմ»։ 9. Թղ. 173բ-174ա. «Վատութիւնս յինէն է, սակայն առաւելն ի նեւթէս է. աղաչեմ պարսաւել զվատս»։ 10. Թղ. 181բ. «Աւա՛ղ դատապարտեա11. Թղ. 190բ-191ա. «Զգրիչ գծիս եւ զարարիչ դատաստանիս, եւ զստացող սուրբ կտակիս, յիշել աղաչեմ»։ 12. Թղ. 202բ. «Մարդասպան քուն»։ 13. Թղ. 224բ. «Քրիստոս Աստուած, ողորմեա՛ ստացողի գրոցս եւ գրողի ի գալըստեան քում. ամէն»։ 14. Թղ. 225ա. «Տէր Յիսուս, աւգնեա գրչիս. ամէն»։ 15. Թղ. 227ա. «Միտքս եւ խորհուրդս պղտոր է ի կենացս»։ 16. Թղ. 281ա. «Քունս սպան անբարերար 17. Թղ. 283ա. «Քունս մահացուցիչ նեղեաց»։ 18. Թղ. 291բ-292ա. «Մի՛ մեղադրէք, անմըտութիւնս տայր առնել եւ տրտմութիւ19. Թղ. 292բ. «Զմեղուցեալ գծողս յիշեա՛ աղաչեմ»։ 20. Թղ. 313բ-314ա. «Աւա՛ղ քունս սպան (..) խեղդեալ (..)»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 21. Թղ. 42բ. «Հոգիս մեղաւք է յոյժ մեղեալ, Մարմինս ծուլ եւ խէխ կորեալ, Սիմեւօնիս ճարն է հատեալ»։ 22. Թղ. 62ա. «Զերկու հարազատ եղբարքս զՊայազիթ Խզբահրի յաղաւթս յիշեցէք. թիւն ՊԶ (1387)»։ 23. 65ա. «Ով քրիստոսունակ հոգիք, զստացող սորա յիշել ի տէր աղաչեմ. եւ եղեւ բուրաստանս ի բաժին մեր յՊԼԲ (1383) թվին, ժնցս ԳՓ»։ 24. Թղ. 82բ. «Հազար հարիւր թիվն լցեալ, ՂԲ յարաբարդեալ (1743), Ոմն անարժան զսայ գրեալ, Շահ Իսմայիլն ի Կարնոյ եկեալ»։ 25. Թղ. 101բ. «Սահմի Ի, ԻԱ, Պայազիտըն Նաւռօզի որդին յԱստուած փոխեցաւ, եւ էր թիվն Պ12 (1387). յիշել ի Քրիստոս»։ 26. Թղ. 124բ. Թվ. ՊԼԶ (1387) Տրէ ի Ժ, Իաղմուրն երեկ ի Լանկէն ի Բջնի։ Քրիստոս Աստուած, փրկեա՛ զաշխարհս ի Լանկթամուրէն»։ 27. Թղ. 148ա. «Ջրաղաց եղէ մեղաց, զինչ որ պիտաց յիս ներգործեաց»։ 28. Թղ. 182բ. «Յայք եւ ցերեկ տարեկուս կամ, Զահի հարեալ սար(ս)եալ դողամ, Ունց աւետեաց արժանանամ, Ղուդայ դարամ չիղամ դարամ, Տէր եւ Աստուած ի քեզ յուսամ, Յոյժ եւ տկար եմ չեմ արժան»։ 29. Թղ. 202բ. «Տէր Սարգիսի որդի տիրացու Պարոնին կին մեռաւ եւ ինքն մնաց տարեկոյս. թվին ՌՃԿԹին (1720)»։ 30. Թղ. 223բ. «Մեղայ տեառն Աստուծոյ Յիսուսի Քրիստոսի Աստուծոյն եւ տիրոյն եւ աւրհնելոյն յաւիտեանս. ամէն»։ 31. Թղ. 299ա. ԺԴ-ԺԵ դարու բոլորգրով. «Զստացող գրոցս դատաստանաց ըզԱտոմ մեղաւոր, յիշել ի տէր աղաչեմ»։

Informations

«Մատենաս եհաս առ մեզ 1831 ի 16 Դեկտեմբերի, յղեալ ի Կոստանդնուպօլսոյ ի ՎՎ. Վարդապետաց մերոց. Յիշատակ Ազնաւուրեան Միքայէլ Աղայի»։ Բովանդակութիւն. Մատեանս է Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքը, գրուած հեղինակին կենդանութեան։ Ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 3ա. «(զի հարկաւ)աբար մարմնոյ լինի դատաստան ի մարմնաւորաց. եւ քանզի դարձեալ եղեաք մարմին, սպասաւորեսցուք դարձեալ մարմնոյ՝ գրութեամբ դատաստաՁեռագիրս առաջին թուղթերը կորսուած ըլլալով՝ կը պակսի Դատաստանագրքի Նախադրութեան ամբողջ առաջին գլուխը եւ երկրորդին կէսը։ Այնուհետեւ կ'ընթանայ կանոնաւոր՝ մինչեւ նախադրութեան տասներորդ գլուխը, որու կը յաջորդէ ԺԱ Գլուխը, այն է Յիշատակարանը (տե՛ս ստորեւ)։ Յիշատակարանի աւարտին կը գրէ. «Կատարեցաւ նախադրութիւն գրոցս դատաստանի ի ճառս մետասան» (թղ. 52բ)։ 2. Թղ. 53ա. «Սկիզբն դատաստանիս, թիւ նոցա ըստ կարգի. Ա. Յաղագս ի սկզբան դատաստանին, վասն վիճակի դատաւորաց. Բ. Յաղագս թագաւորաց դատաստանի...»։ Վերջ թղ. 64ա. «ՄԾ. Յաղագս դատաստանաց ուխտից. ՄԾԱ. Յաղագս դատաստանաց որք յաւարէ վաճառաց։ Կատարեցաւ ի կամս Աստուծոյ ցանկս»։ 3. Թղ. 64բ. «Ա. Յաղագս վիճակաց դատաւորաց. սկիզբն դատաստանի ի կամս Հաւր եւ Որդոյն նորա Յիսուսի Քրիստոսի զաւրութեամբ եւ շնորհաւք Հոգւոյն. Եկեսցուք եւ այժմ իսկ ի գործ դատաստանի, գիտելով զի ըստ քաղաքաց դատաւորս հրամայէ լինել Մովսէս եւ նոցունց դպիրս, յորոց յայտ է զի ոչ զամենայն գրով աւանդեաց Մովսէս զիրս դատաստանի, այլ տեսակս ետ սակաւս եւ ի դատաւորս ապաստան արար...»։ - Վերջ թղ. 298բ. «ՄԾԱ. Յաղագս դատաստանաց որք յաւարէ վաճառաց. Եւ վաճառեալ եւ գնեալ զաւար՝ ոչ դարձցի անդրէն իբր զգողացեալըն, զի այդ աւրինաւոր գործ թագաւորաց եւ իշխանաց է, ուստի եւ կանոնք յ(ը)նծայս ընդունի պատարագի. իսկ զգողացեալն եւ զյափշտակեալն՝ ոչ եւս։ Կատարեցաւ գիրքս դատաստանի ի փառս Աստուծոյ»։ Բնագրիս միջանկեալ (թղ. 145-146) թուղթ մը կտրուած ըլլալով՝ կիսատ մնացած է Ղ ճառին երկրորդ մասը եւ ՂԱի առաջին տողերը։ Կը պակսի հետեւեալ հատուածը. «(Ղ. ...եւ գտանիցի նորա բաւակ)ան փրկանաց իւրոց եւ համարիցի զամս վաճառին իւրոյ եւ հատուսցէ կարողն առնն որում վաճառեաց նմա...։ ՂԱ. Յաղագս դատաստանաց վաճառողաց եւ գնողաց տան. Եթէ վաճառիցէ ոք զտուն բնակութեան ի պարըսպաւոր քաղաքին, եղիցին փրկանք նորա»։ 4. Թղ. 300բ. «Շարք հայրապետացն Աղուանից որք կացին զկնի սրբոյն Եղիսշայի որ եկն յԵրուսաղէմէ. Ա. Սուրբն Շուփխաղիշոյ, Բ. Մատթէ, Գ. Սահակ...»։ - Վերջ թղ. 318ա. «բայց զաւրավարն նորա Նորուանն, որդի Սմպատա(յ) Խալագուճեան կոչեցեալ, ծածկաբար ազդ արարեալ Աթաբակին եւ Սուլտանի, զի դաշնադիր նոցա եւ կաշառով կուրացեալս նոցանէ, եւ նոցա ի գիշերին յորում հանդերձեալ էին վաղն պատերազմիլ, փախուցեալ գաղտագողի, թողեալ զխորանն իւրեանց»։ Կը յաջորդէ վերջին թղ. 318բ, որու գըրութիւնը յոյժ մաշած է եւ դժուարընթեռնլի եւ կը մնայ կիսատ։

Content