1579
2471
Մատեանս կը բովանդակէ Կլիմաքոսի գրութիւնները, եւ կազմուած է 253 էջերէ։ Գրիչն է Հ. Կարապետ Վրդ. Եսայեան, Սխիթարեան միաբան, որ 1824ին Պոլսոյ մէջ կատարած է ընդօրինակութիւնը, երբ Ս. Ղազարի մէջ Կլիմաքոսէ չունէինք ոչ մէկ օրինակ։ Յաջորդաբար նախագաղափար օրինակը հասած է Ս. Ղազար (Կլիմաքոս Բ., Ձեռ. 892), եւ Մատենադարանէս դուրս դրուած է Հ. Կ. Եսայեանի ընդօրինակութիւնը։ 1970ական թուականներուն կրկին մտած է Մատենադարան, ստանալով 2451 թիւը։