819
2016
Մատեանս կազմուած է երեք միջակադիր տետրակներէ, որոնք երկու տասնեակ տարի առաջ կազմուած են միասին։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. Ա. 1ա-10բ. Ընդօրինակութիւն մըն է մաքուր նօտր գրչութեամբ, հաւանաբար Մխիթարեան միաբանէ մը։ Չէ նշանակուած աղբիւրը կամ անոր թուականը։ Ունի երկու հատուած. Թղ. 1ա. «Թուղթ Սահակայ Արծրունեաց իշխանի առ երանելի վարդապետն Մովսէս Խորենացի. Հրեշտակ եւ սպասաւոր մեծութեանցն Քրիստոսի, յերկրի երկնայինդ ցուցեալ»։ - Վերջ. «Ողջ լեր ի տէր եւ մեղ աղօթս արա եւ գալ փութացիր, աղաչեմ»։ Թղ. 1բ. «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ, յորում եւ բանք մարգարէականք, եւ վասն փոխման Աստուածածնին թէ որպէս եղեւ կամ որպէս շնորհեցաւ անարատ տիպ պատկերին ի փայտ, եւ թէ յո՞յր ձեռն եւ զի՞նչ եղեւ պատճառք խնդրոյն, կամ թէ յումմէ բերաւ ի հայս. Ջյորդութիւն առատութեան աստուածային հոգւոյն շնորհաց որ ի վերայ քո անդուլ մտացդ»։ - Վերջ թղ. 10բ. «լնուցուն պարգեւօք եւ ողորմութեամբ Հոգւոյն սրբոյ, փառաւորելով զամենասուրբ զԵրրորդութիւնն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ Բ. Թղ. 11ա-13բ. Մաքուր նօտր գրչութեամբ կայ հետեւաելր. «Տաղ ի Յոհաննէ Պլզոյ ասացեալ ի սուրբ կոյսն. սկզբնատառքըն ըստ այբուբենից. Առաջնաճաշակ պրտղոյն, մահուամբ առաջին մարդոյն, եղեր անիծից լուծիչ, մայր մանուէլի սուրբ Կոյս» (սկ. Ա-Ք)։ Թղ. 11ա. Ստորին լուսանցքին վրայ նշանակուած է տետրակիս Ս. Ղազար հասած ըլլալուն թուականը. «Եհաս առ մեզ 1824 յ8 Սեպտեմբերի»։ Գ. Թղ. 14ա-16ա. Հին թուղթի վրայ, մաքուր նօտր գրչութեամբ, Տաղարանի հատուած մըն է, գեղեցիկ սկզբնատառերով։ Ունի սա բովանդակութիւնը. 1. Թղ. 14ա. «(Տաղ). ... Պատուար պճնեալ ակնայարմար ի չորից, նշան ի չորից, քառավտակ դրախտին բղխմանց լծակից» (2 տուն, սկիզբը թերի)։ 2. Թղ. 14ա. «Տաղ նորին Ստեփանոս բանասիրի, առ լուսացայտ գահն շնորհաց սուրբ էջմիածին, ի գոյն Քեզ կոյս ամբիծ, որ է Պաղտասարի, ոլորեալ գունով. էջմիածին անեղ բանին, տեղի իջման մշտալոյս, մայր գովելի լի լի, սքանչելի լի անքատակ» (9 տուն)։ 3. Թղ. 14բ. «Տաղ նորին վարդապետի առ անուանակից սուրբ Ստեփաննոս Նախավկայըն, ի գոյն Դասքն հրէականի. Սրբեալ յորովայն երկնից տէր արքայն, զսուրբ Ստեփաննոս պանծացեալդ անուամբ աննման» (սկ. «Ստ», կը մնայ կիսատ)։ 4. Թղ. 15ա. «Տաղ նորին Ստեփաննոս վարդապետի առ հաւատոյ մայրն սուրբ Էջմիածին, ի գոյն՝ Մերձաւոր իմ աղաւնի իմ. Սաստիկ սիրով մայր գթառատ, գեղոյդ տեսոյն յոյժ ցանկամ» (սկ. «Ստեփաննոսի»)։ 5. Թղ. 15բ. «Տաղ հոգեւոր գարնան նորին Ստեփաննոս վարդապետի ի խորհուրդ ողբոյն Տիրամօրն մինչ առ խաչին կանգնեալ առ միմեանս պատասխանաբար, օրինակեալ ի վարդ եւ ի պիւլպիւլ. Ի սուրբ գարնան եղանակին (կրկնէ), պիւլպիւլն եկեալ ի մէջ դրախտին, զսիրելեաւ չքնաղ վարդին» (4 տուն, հաւանաբար կը մնայ 6. Թղ. 16ա. «Տաղ նորին Ստեփաննոս վարդապետի, առ անձն եղկեյի յուսադրութեամբ, որոյ եղանակն է Շու տիւնեատէ պահտմ եօք տուր, լսել պիտոյ է. Ամենաքաջ հովիւ գերւոյս (կրկնէ), է՛ջ ի խնդիր թափառելոյս, զի բաց ի քէն չունիմ ես յոյս» (4 7. Թղ. 17ա-19բ. Դատարկ թուղթեր են, որոնց վրայ կան թուաբանական հաշիւներ, նամակի փորձեր, ուր կը յիշուի 1796 թուականը։