1515
769
շեղագիր։
կիսակաշի, ստուարաթուղթ։
բաւարար. կռնակի կողմը կաշին մաշած եւ մասամբ թափած։
հին բնագրին, 1313 թուի, այլուր հրատարակուած են։
թղ. 20ա. «Ընդօրինակեալք յամի տեառն 1851, ի վանս սրբոյն Ղազարու, ի նորընծայից ԻԳ դասուն. Զօրինակ ճառիցս, որպէս եւ Կցրդացն Եփրեմի, առաքեաց առ մեզ ի Պօլսոյ Պօղոս Վրդ. Պետրոսեան, զոր օրինակեալ էր յէջմիածին, որ յետ առնլոյ զհաւասար սոցին՝ առաքեցաք յետս զբնագիրն առ նա ինքն»։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 2ա. «(Կցուրդք Եփրեմի). (Կց. Ժէ). ... իբրու յերկարէ թիւ ժամանակաց նոցա։ Հսկումն որ ծանր է ամենայն ումեք, յոյժ թեթեւ առ նոսա։ Փեսաւէրք էք դուք, որք հրաւիրեցայք ի հարսանիս փեսային»։ Սուրբ Եփրեմի ԺԷ-ԾԱ Կցուրդներն են, միջանկեալ թերի թուղթերով։ Ձեռագրիս բնագիրը եղած է Էջմիածնի թիւ 161 գրչագիրը, գրուած 1313ին (Երեւան Մատենադարան թիւ 821)։ 1849ին, Էջմիածնի միաբաններէն Պօղոս Վրդ. Պետրոսեան ընդօրինակած է սա, ինչպէս նաեւ յաջորդող Գրիգոր նազիանզացիի ճառերը եւ ղրկած վենետիկ, ուր Սխիթարեան միաբաններ 1851ին ընդօրինակելով՝ Պօղոս Վրդ.ի վերադարձուցած են իր օրինակը։ 2. Թղ. 15բ. Բովանդակութիւն եւ նկարագրութիւն Էջմիածնի թիւ 161 Գրչագրին։ 3. Թղ. 16բ-17բ. Թուղթ Պօղոս վրդ. Պետրոսեանի, առ «Գրասէր եւ հայրենասէր Պարոն Սերովբէ եղբայր հարազատ», գրուած Էջմիածնէն, 23 Յունուար 1849ին։ Պօղոս Վրդ. կու տայ մանրամասնութիւններ Էջմիածնի Գրադարանի եւ անոր Վարիչին մասին, եւ թէ որքան դժուարութեամբ կը յաջողի ստանալ Ձեռագրեր՝ ընդօրինակելու համար։ Սերովբէ հաւանաբար ըլլայ Հ. Լեւոնդ Ալիշանի եղբայրը։ 4. Թղ. 21ա. «Գրիգորի Աստուածաբանի Անձիանձու եպիսկոպոսի, պատասխանի յաղագս ի ձեռնադրութիւն անհաւանութեան եւ հրաժարելոյ. Յաղթեցայ եւ զպարտութիւն խոստովանիմ»։ Թղ. 38ա. «Նորին յինքն եւ ի հայրն եւ ի ժողովուրդն պատասխանի, յետ ձեռնադրութեան իւրոյ յերիցութիւն. Զբերան իմ բաԹղ. 40ա. «Նորին այլ պատասխանի, յորժամ եպիսկոպոս ձեռնադրեցաւ. Դարձեալ ի վերայ իմ օծումն»։ Թղ. 42ա. «Նորին ի հայրն իւր մերձ եղելոյ Բարսղի. Այրդ Աստուծոյ եւ հաւատարիմ ծառայ»։ Թղ. 54ա. «Նորին ի Բասիյիոս Կեսարացի. Հանդերձեալ էր ուրեմն»։ Թղ. 76ա. «Նորին ի Կեսարոս յեղբայրն իւր. Կարծէք զիս թերեւս»։ Թղ. 83ա. «Նորին ի քոյրն իւր. Զքոյրն գովելով ընդ ընտանիս»։ Թղ. 89ա. «Նորին յԱթանասիոս եպիսկոպոս Աղեքսանդրացի. ԶԱթանասիոս գոմելոմ. զառաքինութիւն դովեցից»։ - Վերջ թղ. 97բ։