1148
2172
ՌԾԱ. - 1602։
նօտր։
3+Ա-ԻԵx12 (Ա, Է, ԺԲ, ԻԴ՝ 10 թղ., ԻԵ՝ 6 թղ.)+2 թղ.։
թուղթ։
դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով, ինկած են երեք փականքները. աստառր մոխրագոյն նուրբ կերպաս։ Անցեալին առաջին կողքը ունեցած է մետաղեայ զարդ, որմէ միայն գամերուն հետքերը մնացած են։
շատ լաւ։
անյայտ։
միայն ետեւի մասը, երկուքի ծալուած, մէկ ամբողջական սիւն եւ ուրիշ մը կիսով չափ՝ վերէն ի վայր. գրութիւնը կլոր երկաթագիր, սիւնին լայնքն է 8,5 սմ., կը բովանդակէ Մկ. Է 33 - Ը 11։
կարմիր։
իւրաքանչիւր նոր նիւթ սկսելուն, բոլոր ալ միագոյն եւ նուրբ ճաշակով։
թղ. 4բ, մեծութիւն 9,5x13,5. կը ներկայացնէ Ս. Եփրեմ Աբբան լուսապսակ գլխուն, ունի ցած վեղար, մոխրագոյն մօրուք, երկու ձեռքերով կռթնած գաւազանին՝ որ կը բարձրանայ մինչեւ կզակը. շրջազգեստը սրճագոյն իսկ փիլոնը մութ սրճագոյն. նկարին առաջին կէսի խորքն է նարնջագոյն, ուր գրուած է «Աբբայ Եփրեմ», իսկ ստորին մասը կանաչ։ Յաջող մանրանկար մըն է։ Մանրանկարի ձեւով ունի լուսանցազարդեր, որոնք կը ներկայացնեն մարգարէ մը, բաց մագաղաթ ի ձեռին եւ օրհնելու դիրքով։
չունի։
կարմիր։
4ա։
1. Թղ. 289բ. «Փառք քեզ անսահման անուն եւ անզուգական անձնաւորութիւն, հայր եւ որդի եւ սուրբ հոգի, որ ետուր ցաւրութիւն եւ սատար եղեր գրչութեան իմոյ ի գրաւ հասանել ըղձալի մա(տե)նիս։ Աւրհնութիւն քեզ սուրբ Երրորդութիւն եւ միաստուածութիւն յաւիտեանս. ամէն։ «Շընորհիւ տեառն սկսեալ եւ ողորմութեամբ նորին յանգ ելեալ, աւարտեցաւ մատեանս աստուածային եւ հոգիաբուխ մեկնութեան երկոյտասան մարգարէիցն, յամին ՌԾԱերրորդի (1602) թուաբերութեան Հայոց, յաստուածապահ եւ յաստուածախնամ ի մայրաքաղաքն Տիգրանակերտ, որ շինեալ եղեւ ի Տիգրանայ արքայէն Հայոց, յանուն Տիգրանուհի քւեր իւրոյ, զոր եւ Մովսէս պատմաբանէ, որ եւ այժմ մականուամբ Յամիթ յորջորջեալ կոչի։ Ի յառաջնորդութեան այսմ քաղաքիս Տէր Սրապիոն քաջ րաբունապետին, զի սա էր հալածիչ հերձուածողաց եւ յանդիմանիչ անուղղա(յ) գնացից. սայ էր հանող յագարակէ զանբան» թուղթը կտրուած ըլլալով՝ կը մնայ կիսատ։ 2. Թղ. 67բ. «Ով դասք լուսերամից եւ կաճառք իմաստութեամբ եւ զմայլեալք իմանալի լուսովն. յորժամ ընթեռնուք եւ զմայլիք յիշեցէք զբազմամեղ փծուն գրչակս եւ Աստուած ողորմի ասացէք, եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի յիւր գալստեանն. ամէն»։ 3. Թղ. 95բ. «Եւ եղկելի գրիչս յիշեա ի 4. Թղ. 145ա. «Եւ զեղկելի գրիչս յիշ5. Թղ. 154բ. «Զփծուն գրիչս զԱրիստակէս յիշեցէք ի Քրիստոս, ով մանկունք եկեղեցոյ, եւ դուք յիշեալ լիջիք ի Քրիս6. Թղ. 201ա. «Եւ զեղկելի գրիչս յիշեցէք ի Քրիստոս»։ 7. Թղ. 273ա. «Զտառապեալս ամենայն մեղաւք զԱրիստակէս սուտ գրիչս յիշեցէք ի Քրիստոս»։
Տիար ժագ Մաթոսեան Փարիզէն նուիրած է Մատենադարանիս, Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1ա. Յակոբայ երիցու Կեսարացւոյ, վարք Գրիգորի Վարդապետի Կեսարացւոյ. «...եւ հաւանեալ միաբան ամենեցուն գրեցին առ կաթողիկոսն սուրբ Էջմիածնի, ձեռնադրել իւրեանց առաջնորդ։ Եւ եկեալ մինչ ի Թոխաթ երթալ յաթոռն սուրբ, եւ վասն հոլովութեան ջալալուն՝ ոչ կարաց գնալ ի սուրբ Էջմիածին, եւ անտի դարձաւ ի Սիս առ հռչակեալ կաթողիկոսն Տէր Յովհաննէս»։ Սկիզբը թերի, հատուած մըն է (թղ. 1ա-բ եւ 3բ), գրուած մանը նօտրգրով, հաւանացրջ, ուլ ատես աւելցուած ըլլայ ձեռագրիս 2. Թղ. 2ա. «Նախադրութիւն երկոտասան մարգարէից. Մեծ են շնորհք մարգարէութեան եւ յայտնապէս աստուածային, զի յանյայտից իրաց է գիտութիւն, որք ոչ են ի միջի»։ - Վերջ թղ. 3ա. «Մաղաքիաս վասն առաջին գալըստեանն Քրիստոսի թէ յանկարծակի գայ տէրն ի տաճարն, եւ վասն երկրորդին թէ ով նմա ժուժկալեսցէ»։ 3. Թղ. 5ա. «Տեառն Ներսէսի արքեպիսկոպոսի Տարսոնի արարեալ մեկնութիւն երկոտասան մարգարէից, զոր ի թելադրութենէ Աբբա(յ) Եփրեմի եւ Կիւրղի եւ յիւրոց յաւելուածոց մտաց գեղեցկայարմար յեռեալ իբրեւ ոսկի ընդ սարդիոն. Բանն որ եղեւ առ (Յ)ովսէ որդի Յերարա, յաւուրս Ոզիայ եւ Յովաթամու եւ Աքազու եւ Եզեկիա թագաւորացն Յուդայ եւ յաւուրս Յովրամայ որդոյ Յովասու թագաւորին Իսրայէղի. Յար եւ մերձաւոր վկայեն գրոց բնաւորական բրնութիւնք մարդկան, որք ցուցանեն զպատուէր օրինացն, գրեալ ի սիրտս իւրեանց»։ - Վերջ թղ. 67բ. «Զայս ճանաչէ ոչ այլ ոք բայց թէ որ հոգովն սրբոց իմաստնանայ եւ յանճառ շնորհիս հանճարն վայելէ ի փառք Քրիստոսի, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն։ Կատարեցաւ մարգարէութիւնն Ովսեա(յ)»։ 4. Թղ. 67բ. «Մարգարէութիւն Ամովսա(յ). Ամովս ի Շամրին մարգարէացաւ, յաւուրս Ոզիա(յ) արքայի Հրէաստանի. Պ(ատգամ Ամովսայ որ) եղեն յԱկկարիմ Թեկուայ, զոր ետես ի վերայ Երուսաղեմի, յաւուրս Ոզիա(յ) արքայի Հրէաստանի եւ յաւուրս Յովաթամու որդոյ Յովասա(յ) արքայի Իսրայելի, երկու ամօք յառաջ քան զգետնաշարժն. Եւ ո՞ր է այս գետնաշարժս, թուի թէ այն զոր Եսայի գրեաց եւ շարժեցան դրանդիքն ի ձայնէն»։ - Վերջ 95ա. «Ուստի ոչ կարող է այլ մերժել զմեզ դաւաճանութիւն դարանակալն աւձի. զայս երկիր ետ մեզ հայր շնորհիւ միածնին իւրոյ, որում փառք յաւիտեանս. ամէն։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Ամովսա(յ)»։ 5. Թղ. 95ա. «Մարգարէութիւն Միքիա(յ). Մարգարէի Միքիայ եւ Ովսէէ եւ Ամովս, յաւուրս Յովաթամու եւ Աքազու եւ Եզեկիա(յ) թագաւորաց Հրէաստանի մարգարէացաւ. Եւ եղեւ բան Տեառն առ Միքիա մօրստացի յաւուրս Յովաթամա(յ) եւ Աքազու եւ Եզեկիայ թագաւորաց Յուդա(յ), զոր ետես ի վերայ Շամընի եւ ի վերայ Երուսաղեմի. Մոքա երեքեան մարգարէքս ի միում ժամանակի զմի խորհուրդ Աստուծոյ վկայութեամբ իրերաց հաստատէին»։ - Վերջ թղ. 116ա. «Արդ զայս ամենայն յիշէ մարգարէս թէ վասն հարցն ուխտի եւ սիրոյ լինի ի վերայ որդոցն ողորմութիւն եւ այցելութիւն Աստուծոյ։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Միքիա(յ)»։ 6. Թղ. 116բ. «Մարգարէութիւն Յովելա(յ). Յովէլ յաւուրս Եզեկիայ մարգարէացաւ. Պատգամ տեառն որ եղեւ առ Յովէլ Բաթուէլի համաձայն այլոց մարգարէիցն, եւ սա վասն սովոյն որ եղեւ ի բերան Եղիայի եւ վասն գերութեան ժողովրդեանն մարգարէանա(յ)»։ - Վերջ թղ. 129բ. «Այսինքն ի մայրս մեր որ սնուցանէ զանազան հասակս առաքինութեան ստեամբք մխիթարութեան իւրոյ, ի սմա բնակեաց Քրիստոս որպէս խոստացաւ, ես ընդ ձեզ եմ զամենայն աւուրս մինչ ի կատարած աշխարհի։ Կատարեցաւ մարգարէութիւնն Յովեղայ»։ 7. Թղ. 129բ. «Մարգարէութիւն Յովնանու. Յունան յաւուր Աքազու մարգարէացաւ. Քանզի մարգարէքն վասն ասորեստանեացն ասէին ի մարգարէանալն իւրեանց, թէ ելանէ գերէ զժողովուրդս եւ իջանէ աւերէ զԵրուսաղէմ»։ - Վերջ թղ. 141բ. «Զի բազմացուցեր զողորմութիւն քո Աստուած, որդիք մարդկան ի հովանի թեւոց քոց յուսացան, քեզ փառք յաւիտեանս։ Կատարեցաւ մարգարէութիւնն Յունանու»։ 8. Թղ. 142ա. «Աբդիու մարգարէացաւ յառաջ քան զելս Ասորեստանւոյ. Այսպէս ասէ ցԵդոմ, լուր լուաւ ի տեառնէ եւ պաշարումն առաքեաց ի հեթանոսս, արիք եւ յարիցուք ի վերայ նորա ի պատերազմ. Տեսիլս Աբդիու ամենայնս հակառակէ Եդովմայ եւ վասն կործանման նորա»։ - Վերջ թղ. 145ա. «Զի արդարութեամբ թագաւորէ ի ժամանակն յորում այս լինիցի Զօրաբաբէլ, որպէս զԴաւիթն եւ տեառն է նորա արքայութիւնն, զի ի նմանէ օծանի։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Աբդիու»։ 9. Թղ. 145ա. «Նաւում վասն սատակման նինուէացւոցըն մարգարէացաւ. Առած Նինուէի. գիրք տեսլեան Նաւումայ Եղկեսացւոյ հեբրայեցին փոխանակ այսորիկ ասէ»։ Վերջ թղ. 154բ. «Ծափս հարին մարդիկ ընդ փրկիլն իւրեանց ի նորա ծառայութենէն, եւ գեր ի վերոյ լինել դաւաճանութեանն աւգնականութեամբ շնորհին Քրիստոսի, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Նաւումայ»։ 10. Թղ. 155ա. «Մարգարէութիւն Ամբակումայ. Ամբակում բաբելացոյն որ գերեաց զՆինուէ մարգարէացաւ. Մովորութիւն էր ի ժողովրդեանն հրէից մերձ առ դատաւորսն նստել մարգարէից, յորժամ զիրաւունս ժողովրդեանն դատէին»։ - Վերջ թղ. 178ա. «Զի արտաքո(յ) նորա նա ոչ իշխէ աւրհնել, իբրեւ զայն զի ասէ, զիարդ աւրհնեսցուք զձեզ ըզաւրհնութիւն տեառն յերկիր աւտար. վասն այսորիկ ասէ յաղթել երգով նորա, այսինքն ի տաճար նորա աւրհնել զաւրհնութիւն նորա։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Ամբակու11. Թղ. 178ա. «(Մարգարէութիւն) Սոփոնիայ. Յաւուրս Յովսիայ մարգարէացաւ մարգարէութիւն Սոփոնիա(յ). Բանն որ եղեւ առ Սոփոնիայ Քուսիայ, որդի Գոդողիայ Քեղկեայ, յաւուրս Յովսեայ որդւոյ Ամովնայ արքայի Յուդայ. յաւուրս թագաւորութեան Յովսիայ, այն որ կործանեացն յԵրուսաղէմ զբարձունս կռոցն»։ - Վերջ թղ. 190ա. «Մինչ զի հռչակեցաւ անունն իսրայելի եւ շուք պատուոյ նոցա յամենայն ազգս. նաեւ բազումք յաւտար ազգաց գերելոցն ի ձեւ իսրայէլացւոց կերպարանէին եւ ընդ նոսա ելանէին ի Բաբելովնէ։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Սոփոնիայ»։ 12. Թղ. 190ա. «Մարգարէութիւն Անգեայ. Անգեայ Ջաքարիայ(իւ) հանդերձ յետ ելիցն յամին երկրորդի Դարեհի արքայի մարգարէացաւ. Յետ դարձին ի գերութենէ անտի բաբելացւոցն, մարգարէացան Անգէաս եւ Ջաքարիա եւ Մաղաքիայ. նախ Անգէաս մարգարէցաւ»։ - Վերջ թղ. 201ա. «Եւ ոչ կամէին մտանել ընդ լծով հրամանի իշխանութեան նոցին ի գործ շինուածո(յ) տաճարին. այսու ամենայնիւ Աստուած փառաւորեաց զնոսա հակառակ անարգանացն նոցա։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Անգէի»։ 13. Թղ. 201բ. «Մարգարէութիւն Զաքարեայ. Զաքարիա յետ ելիցն մարգարէացաւ, յամին երկրորդի Դարեհի. Յամսեանն ութերորդի ամի երկրորդի Դարեհի...։ Յամսեանն վեցերորդի մարգարէացաւ՝ Անգէ, եւ իբրեւ ոչ լուան նոքա նմայ, զարթոյց Աստուած զհոգի մարգարէութեան ի վերայ Զաքարեայ»։ - Վերջ թղ. 273ա. «Զինչ արդեւք մեզ երեւեցուցանիցէ, բայց թէ զյոյժբազում եւ ստուգապէս արժանի սքանչանալոյ թագաւորացն բարեպաշտութիւն։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Զաքարիայ»։ 14. Թղ. 273ա. «Մարգարէութիւն Մաքաղիայ. Մաղաքիա դարձեալ յետ դարձին մարգարէացաւ. Առած բանի տեառն ի վերայ իսրայելի ի ձեռն հրեշտակի իւրոյ, դիք ի սիրտըս ձեր, սիրեցի զձեզ, ասէ տէր. Ի սկզբան բանի մարգարէութեանս կամեցաւ ատեան դատաստանի կարգել»։ - Վերջ թղ. 289բ, «Իսկ դուք այժմ ծանրացուցանէք զբանս ձեր ի վերայ իմ եւ ոչ փութայք դատել զանձինս աւրինաւքն առ որ գտանիք յանցաւորք, եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս. ամէն։ Կատարեցաւ մարգարէութիւն Մաղաքիա»։