1732
2515
ԺԸ դար։
նօտր։
չեն նշուած։
թուղթ մաքուր։
ոսկի եզերքով շագանակագոյն կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ։
բաւարար։
գունաւոր երկաթագրեր։
զանազան էջերու վրայ կան գունաւոր անասուններ. յատկանշական են էջ 34 (առիւծ մը), 58 (կով մը), 76 (կին մը)։
բնագրին թանաքով։
գնեաց յաճուրդէ Գայօլի գրավաճառին Հ. Գարեգին Վրդ.ն մեր Ձարբհանալեան, ի Պօլիս»։ Մատեանս է «Բննազննութիւն բոլորի մարմնոյ մարդկայնոյ», միջանկեալ թերի. կարգը կը համապատասխանէ Բժշկ. Ո.ի (Ձեռ. 2844)։ Կու տանք գլխաւոր բաժանումները. 1. Էջ 1 Անուանաթերթ. Գիրք «Բնազըննութեան բոլոր մարդկային մարմնոյ...»։ 2. Էջ 2. «Տրակ առ հայկազին վաճառականս. Նորածին բնազննութիւնս...»։ 3. Էջ 3. «Նախերգութիւն առ երանեալ եւ փառաւորեալ սուրբն Գրիգորիոս Լուսաւորիչն եւ առաջին հայրապետն Հայաստանեայց. Ով լուսազգեաց...»։ 4. Էջ 4. «Յաղագս բնազննութեան բոյորի մարմնոյ մարդկայնոյ եւ նորին օգտակարութեան եւ դիւցազնաբանութեան գերազանցութեան, ըստ որում ծնանի ի սկզբանց բնականաց». (Գիրք Ա-Բ. կը պակսի Գիրք Գ-Դ)։ - Վերջ էջ 127։