691
2927
առաջին մասին՝ նոտր, երկրորդին՝ շեղագիր։
երկու իրարմէ տարբեր տետրակներ են՝ որոնք միասին կազմուած են եւ չունին թերթահամար։
թուղթ։
արդի խաւաքարտեայ։
լաւ։
չկան։
թղ. 1ա-բ, 9ա-10բ, 28բ-47ա։
չունի, սակայն թղ. 47բ.ի վրայ կու տայ Վենետիկի տպարաններէն Անտոն Պօռթօլիի մօտ գտնուած գիրքերուն ցանկը՝ գրելով. «Յուցակ գրոց որք գտանին... ի ներկայ ամի 1709»։
էրգրումեցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան Վենետիկ վախճանելով (ք1740) Ս. Ղազարի թողած է իր գրաւոր ժառանգութիւնը, որու մէջ ըլլալու է նաեւ ձեռագրիս երկրորդ մասը։ Մատեանս ձեւացած է երկու տետրակներէ (§ 1, 2-8)՝ կազմուած միասին։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը 1. Թղ. 2ա. «Օրէնք արկանելոյ զսպաս եկեղեցւոյ»։ - Վերջ թղ. 8բ. «Ժամարարն. Օրհնեալ եղեր.։ Եւ խաչակնքէ ի վերայ ժողովրդեան եւ արձակին խաղաղութեամբ»։ Խորհրդատետր մը չէ, այլ ընդարձակ բացատրական մը ձայնաւոր պատարագի արարողութեան՝ որ կը կատարուի Ս. Ղազարի եկեղեցւոյ մէջ։ Քահանային, սարկաւագին եւ դպիրներու արտասանելիք կամ երգելիք մասերը նշանակուած են կարմրատառ, միայն առաջին երկու բառերը։ Լուսանցքին վրայ աւելցուած են պատարագիչ եպիսկոպոսի վերաբերեալ խորագիրները։ 2. Թղ. Թղ. 11ա. «Յաղագս աշխարիագրութեան եւ մասանց նորին. Աշխարհա գրութիւն (ըստ որում երեւի յստուգաբանութենէն) է՛ աշխարհի...»։ Թղ. 11բ.ի վրայ գծուած են չորս կլոր շրջանակներ, պատկերաւոր, եւ իւրաքանչիւրին վրայ համապատասխան անունը. «Աշխարհագրութիւն», «Երկրագրութիւն», «Նահանգագրութիւն», «Տեղագրութիւն»։ 3. Թղ. 12ա. «Ար(իստոտե)լի յաղագս աշխարհի առ Աղեքսանդրու թագաւոր. Իսկ բազում անգամ ինձ աստուածային ինչ...»։ - Վերջ թղ. 21ա. «Ի նմանէ ընդունի զշը4. Թղ. 21բ. «Յաղագս պիտոյից. Որք են բացայիշատակք համառօտ քաջադիպութեամբ...»։ Օրինակութիւնը ամբողջական չէ, այլ իւրաքանչիւր հատուածի միայն առաջին մասը, հետեւեալ վերնագիրներով. «Յաղագս խրատու», «Սահման հասարակաց տեղւոյ», «Սահման ներբողենի», «Յաղագս պարսաւի», «Յաղագս բաղդատութեան», «Սահման բառարնութեան», «Սահման արտասանութեան»։ 5. Թղ. 23բ. «Յաղագս քերականութեան. Քերականութիւն է հմտութիւն որք ի քերթողացն եւ ի շարագրացն...»։ - Վերջ թղ. 26ա. «մակերեւոյթ, քանզի, գերապայծառ, աւելի, վասն այսորիկն» 6. Թղ. 26բ. «1. Ուղիղ է մասն զշաղկապ կենացն յինքն ունելով. 2. Ոսկր է պատճառ ուղղոյ...»։ - Վերջ անդ. «առաջին կերակուր կենդանւոյ ի փոխարկութենէ մարմնոյ»։ 7. Թղ. 27ա. «Դաւթի փիլիսոփայի էակաց գիրք. Ի քանիս բաժանի էակն կամ յորս։ Պ. Երկակի...»։ - Վերջ թղ. 28ա. «պարունակէ եւ շարաբառնայ զկերպն»։ 8. Թղ. 47բ. «Շարաբանութիւն եւ ցուցակ գրոց որք գտանին մեծագունիւ թուով առ Անտոնիոս Պօռթօլի տպագրիչն ի Վենետիկ, ի Ս. Մարիամ եօոմօզա, ի Գալլէ Լօնգա, ի ներկայի ամի 1709»։ - Վերջ անդ„ «ելռորդաբանութիւն ես մետափիսիքայն։