Other notices
— - Bibliographic notice
688
ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ ԺԵ
ԺԷ դար - ԺԷ դար

ID
Number
688
Old record number
1697
Title
ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ ԺԵ
Start date
ԺԷ դար
End date
ԺԷ դար
Date details

Copy place
Կոստանդնուպոյիս։
Reference
Type
Number of pages
34
Dimension
20,2x27։ - ԳՐՈՒԹԻՒն երկսիւն, իւրաքանչիւրը 6x20
Layout
Writing details

բոլորգիր մեծ։

Codicology

երկու, իւրաքանչիւրը ունի 12 թուղթ։ Սակայն սկիզբն ու աւարտին աւելցուած են վեց եւ չորս թուղթ։

Principal subject
Subject details

թուղթ տոկուն եւ հաստ։

Number of lines
21։
Binding

խաւաքարտ կաշեպատ, երկրաչափական դրոշմազարդերով։

State of preservation

շատ մաքուր ու անթերի։

Copyist
«Տէր Խաչատուր քահանայ, որ մականուամբ ձիկէրնի յորջորջի»։
Owner

հաւանարար գրիչը։

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

սկիզբն ու աւարտին՝ երկուքական սպիտակ մագաղաթներ։

Lettrines

թղ. 7ա, 15բ, 19ա, 20բ, 21ա, 22բ, բոլորն ալ բազմագոյն եւ յոյժ ճաշակաւոր։

Initials

կարմիր մելանով կամ ոսկետառ։

Marginal illuminations

թղ. 7ա, 21ա եւ 22բ, երեքն ալ խորանին գոյներով եւ ներդաշնակութեամբ։

Images

թղ. 6բ, 14x20 մեծութեամբ, բազմագոյն եւ յոյժ ճաշակաւոր. կեդրոնը նստած է Քրիստոս, ձախով բռնած սկիհր եւ աջով՝ օրենելու դիրքով, երկու կողմերը կանգուն կեցած են 12 առաքեալները։ Բացի այս մեծ մանրանկարէն՝ կան փոքրագոյններ, ինչպէս՝ թղ. 21ա2, 22բ2, իսկ լուսանցազարդի ձեւով՝ թղ. 19ա, 20բ։

Canon tables 1

7ա, նոխ ու բազմագոյն, գեղեցիկ համադրութեամբ, որու կեդրոնը կայ Քրիստոս բազկատարած։

Canon tables 2

Title text

սեւատառ։

Blank pages

թղ. 1ա-4բ, 6ա, 33ա-34բ։

Colophon

1. Թղ. 32ա2. «Փառք...։ Գրեցաւ Խորհըրդատետրս ի քաղաքն Կոստանդինուպօլիս, ձեռամբ Տէր Խաչատուր քահանայի, որ մականուամբ Ճիկէրնի յորջորջի։ Ով ոք ընթեռնու կամ օրինակէ, միով Հայր մեղա(յ)իւ յիշեսցէ, եւ դուք յիշեալ լիցիք ի Քրիստոսէ մերմէ. ամէն»։ 2. Թղ. 25ա. «Ով սուրբ պատարագօղ, յիշեա՝ զմեղաւոր եւ զանարժան գծողս»։ 3. Թղ. 30բ. «Աղաչեմ արտասուաթոր աչօք՝ յիշել զսեւերես դծող սորա»։

Informations

«Եբեր ընդ իւր ի Կոստանդինուպօլսոյ՝ Վ. Հ. Մկրտիչ վարդապետն մեր Անանեան, յամի 1759»։ Մատեանս է Խորհրդատետր, կատարեալ եւ անթերի, եւ կընթանայ տպագրութեամբ ընդհանրացած Խորհրդատետրներու կարգով։ Տարբերակներն են. ա. Թղ. 5ա. Ձեռագիրս կը սկսի. «Աւրէնք արկանելոյ ըսպաս եկեղեցւոյ»։ բ. «Ի յարկի քում սրբութեան» կը յաջորդէ հատուած մը՝ յատուկ միայն այս Խորհըրդատետրին. «Համբուրէ զսեղանն եւ ասէ զայս. Ողջոյն ընդ քեզ սեղան Աստուծոյ բարձրելոյն...»։ «Բանայ զսկիհն ասելով. Համբարձէք իշխանք զդրունս..., Ո՞վ է սա թագաւոր...»։ գ. Հացն ու գինին առած ատեն՝ քահանան կըսէ. «Յիշատակ... որ բազմեալ հանգչի անարուեստ ի յաթոռ...», «Յաղագս յիշատակի... եւ ի կողահոս արեան աղբերէն...»։ դ. Սրբագործութենէն ետք, սուրբ ընծաներուն վրայ երեք անդամ «Որով զհացս օրհնեալ», «Եւ զբաժակս օրհնեալ» ըսելէ զատ, երեք անգամ կը կրկնէ «Որով զհացս եւ զգինիս...», որոնց կը յաջորդէ երեք անգամ՝ «փոխարկելով հոգւովդ քով սըրե. Սրբագործուած հացէն բեկոր մը դնելով բաժակին մէջ՝ երեք անդամ կը կրկնէ «Լրումն Հոգւոյն սրբոյ»։ զ. Քահանային հաղորդութեան կը յաջորդէ սարկաւագին հաղորդութիւնը, ինչպէս նաեւ «Եւ հաղորդի նոր ձեռնադրեալն, ապա ո՛չ ի բերանն՝ այլ յափն տայ զսրբութիւնն, եւ ամենայն արժանաւոր ժողովուրդ։ հաղորդին»։ է. Պատարագը կաւարտի՝ առանց վերջին աւետարանի։

Content