— - Bibliographic notice
1158
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԻԵ
ԺԷ դար - ԺԷ դար

ID
Number
1158
Old record number
523
Title
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԻԵ
Start date
ԺԷ դար
End date
ԺԷ դար
Date details

ԺԷ դարու աւարտին, քանի գրիչն է Երանելի նահատակ Կոմիտաս քահանայ Քէօմիւրնեան։

Copy place
Պոյիս։
Reference
Type
Number of pages
600
Dimension
16x21,5
Layout
միասիւն (9x14)։
Writing details

նօտր մանր եւ նուրբ։

Codicology

Ա-ԻԵx12։

Principal subject
Subject details

թուղթ տոկուն եւ փայլուն։

Number of lines
27։
Binding

դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով. աստառը մութ կապոյտ լաթ. ինկած են երեք փականքները։

State of preservation

շատ լաւ, սակայն կռնակի կողմը կաշին չորութենէ թեթեւ մը վնասուած է, յատկապէս առաջին կողքը՝ որ կռնակէն ճեղքուած է։

Copyist
Երանելի Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեան։
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

բազմաթիւ, կարմիր եւ կապոյտ, շատ նուրբ, բոլորն ալ թռչնագիր։

Initials

երկու տեսակ կարմիր, մութ եւ պայծառ։

Marginal illuminations

բազմաթիւ, կարմիր եւ կապոյտ, բոլորն ալ ճաշակաւոր եւ նուրբ։

Images

էջ 4, մեծութիւն 9x9 սմ., բաժնուած է երկու մասի, որոնցմէ առաջինին կեդրոնը նստած է հաւանաբար Դաւիթ մարգարէն, գլխուն թագ, ձեռքին մական, ծիրանեգոյն փիլոնով. աջին ունի վեղարաւոր վարդապետ մը, նոյնպէս նստած բազկաթոռի մէջ, աջով բռնած է գաւազան. նկարին միւս կողմը կեցած են երկու անձեր, արեւելեան գլխարկով, մին հագած է կարմիր եւ միւսը մութ կանաչ զգեստ։ Նկարին երկրորդ կէսին աջին կայ վարդապետը, վեղարը վար առած, գրակալի մը առջեւ՝ ուսուցանելու դիրքով, դիմացը 15 մօրուքաւոր եւ անմօրուս աշակերտներ, հագած այլազան գոյներով։ Եզական նկար մըն է։ Երկրորդ նկարը էջ 253, մեծութիւն 9x13,5 սմ., եկեղեցւոյ խորան մըն է, որու աջին եւ ձախին երկու աշտանակներ՝ վառ մոմերով, որոնց վերեւ կան կախուած ջահեր. խորանին վրայ ծաղկամանի մէջ Յիսուս մանուկ բազկատարած։ Անսովոր նկար մը, բազմագոյն, փոքրիկ մաս մը ջուրի հանդիպած ըլլալով վնասուած է։

Canon tables 1

չունի։

Canon tables 2

էջ 253։

Title text

կարմիր։

Blank pages

էջ 1էն առաջ թուղթ մը, եւ վերջաւորութեան էջ 594-600։

Colophon

Informations

Ձեռագրիս սկիզբը կայ սա գրութիւնը՝ գրուած Մխիթարեան միաբանէ մը. «Զատենաբանութիւն եւ զմեկնութիւն Խորհրդոյ պատարագին գիրս գրեաց երանելի նահատակն Քրիստոսի Տէր Կոմիտաս քահանայ Քէօմիւրնեան կոստանդնուպօլսեցի, իբր Ռ3ին թուականաւ փրկչին, զոր եւ շնորհեաց յետոյ վանաց մերոց առ յիշատակ։ Այլ զի վրիպակաւ ինչ թուղթ մի կտրեալ պակասեալ էր ի նմանէ, աշակերտքս մեծի հօր մերոյ Մխիթարայ վարդապետի՝ յայլ օրինակէ զնոյնն, որ է յէջն 393, լրացուցաք ըստ օրինակին գրեալ ամենեւին, յամի Տեառն ՌՉԾԳ (1753), ի Սեպետմբերի Ա։ Ես Ստեփաննոս վրդ. Մելքոնեան, Աբբահայր հաստատեմ»։ Բովանդակութիւն. 1. Էջ 1. «Ցանգ գրոցս Ներսէսի Լամբրօնացւոյ վասն միութեան եկեղեցւոյ, գլուխք 2. Էջ 4. «Յաստուածախումբ եւ տիեզերական ժողովն Տարսոնի, որ եղեւ ի շրջանի ընթացից ժամանակի ՈԻԶ թվականի հայոց, հրամանաւ համահրեշտակ Կաթողիկոսին Հայոց Տեառն Գրիգորէ, եղբաւրորդւոյ սրըբոյն Ներսիսի յաջորդի առաքելական աթոռոյ սրբոյն Գրիգորի եւ ի քրիստոսապսակ արքային Հայոց Լեւոնէ, սակս միութեան եկեղեցոյ Հայոց եւ Հոռոմոց, խօսք ատենական սրբոյն Ներսիսի յայնմ քաղաքի աթոռակալի եւ աստուածաբան վարդապետի. Ով հարք սուրբք եւ վարդապետք ճշմարտութեան, ով Քրիստոսի ժողովրդեանն գլուխք եւ հովիւք»։ 3. էջ 53. «Գլխադրութիւնք հոռոմոց զոր պահանջեն առ ի մէնջ ի պէտս խաղաղութեան. ընդ որ եւ լուծմունք առընթեր եդեալք. Նզովեցաք զասօղսն զմի բնութիւն ի զՔրիստոս, զԵւտիքէս եւ զԴէոսկորոս»։ Էջ 62. «Խնդիրք հայոց. Ա. Ամենայն մեղուցեալք ըստ իւրաքանչիւր յանցանաց կանոնական հրամանաւ»։ 4. Էջ 63. «Ներսիսի եպիսկոպոսի Կիւլիկեցւոց Տարսոնի, խորհրդածութիւն վասն ուղղափառ հաւատոյ եկեղեցոյ որ ի սուրբ Երրորդութիւնն եւ ի տնօրէնութիւնն Քըրիստոսի. Հաւատամք իմացականիս գիտու թեամբ զԱստուած նախ քան գամենայն եղա5. Էջ 81. «Ի խնդրոյ հայցման երիցգոյն եղբարք, քննութիւն կարգաց եկեղեցւոյ եւ բացատրապէս որոշումն արտաքուստ մտեալ ի սա նորաձեւութեանց. Սկիզբն առաջի եդեալ բանիս գոհութիւն զԱստուծոյ կար6. Էջ 100. «Դարձեալ վերստին խտրութիւն նորաձեւութեանց որք մտին յեկեղեցին եւ քննութիւն պատւոյ եւ աստիճանաց զօրութիւն ի սմա վիճակելոցն պարզաբար, ընդ որս եւ ընդդիմութիւն. Որոց դիտաւորութիւն ակնկալութեան մտաց ի սնոտի մարմնական փառացս յուսոյ պատրի»։ 7. Էջ 111. «Քննութիւն օրինակաց հաստատութիւն հարցն աւանդութեանց, որք սահմանեցին յամենայն տեղիս քրիստոնէից նստել եպիսկոպոսաց ի քաղաքս եւ ոչ թէ ի վանս, ընդ որում եւ վասն պատարագի ընդդիմադրութեանց պատասխանի. Պարզաբար որպէս կարծեմ եդ առաջի բանս զբացատրութիւն քահանայութեան եւ կրօնաւորութեան»։ 8. Էջ 134. «Որոշումն ինն դասուց աստիճանաց եկեղեցւոյ եւ յատկութիւն գործառնութեանց նոցա եւ զգեստուցն, ընդ որս եւ դիմադրութիւն այսոցիկ խորհրդոց ունացուցոյ. Եկեղեցիք քրիստոնէից առաքելական խօսիւք հարսնացեալ երկնաւոր փեսային իւրոյ Քրիստոսի»։ 9. Էջ 145. «Ընդէր յասրոյ եւ ոչ ի կտաւոյ զգեստ քահանայական. Ի հին օրէնսն»։ 10. Էջ 145. «Իմասասիրութեամբ բացայայտութիւն աստուածային խորհրդոյ պատարագին եւ առ ունայնացուցիչսն զնոյն ընդդիմադրութիւն. Քանզի որ մինչեւ ցայժմ հաստատելոյ զճշմարտութիւն բանն կարօտեալ»։ - Վերջ էջ 242. «Սրբոյն Դիոնէսիոսի յաղագս եկեղեցական աւանդութեան եւ դիտումն նոցին» (հմմտ. Ներս. Լամբր. Ե., Ձեռ. թիւ 795, § § 11-41)։ 11. Էջ 248-252. «Ցանգ գրոցս Մեկնութեան Պատարագամատոյց աղօթիցն, արարեալ սրբոյն Ներսէսի Լամբրօնացւոյ, Գլուխք Ամբողջապէս նման ըլլալով Ներս. լամբ. Ե. Ձեռ. թիւ 795ի հետ, կու տանք միայն գլխաւոր անցքերը։ 12. Է# 288. «Չին, չայտ առնէ քահանայիցն հանդերձ սարկաւագօքն յաւանդատունն պայծառազգեստիլ»։ 13. Էջ 328. «Զինչ եւ այլ ազգաց քրիստոնէից սովորութիւն յետ աւետարանին»։ 14. Էջ 353. «Մեկնութիւն առաջին աղօթից պատարագին Աթանասի. Տէր Աստուած զաւրութեանց...»։ 15. Էջ 372. «Մեկնութիւն քահանայական աղօթիցն. Սուրբ, սուրբ, սուրբ ես ճշմարտապէս»։ 16. Էջ 380. «Մեկնութիւն աղօթիցն զոր խոնարհի քահանայն եւ ասէ. Երկիր պագանեմք եւ աղաչեմք եւ խնդրեմք»։ 17. Էջ 447. «Մեկնութիւն տէրունական աղօթիցն զոր աղօթեն ժողովուրդքն. Հայր մեր որ յերկինսդ»։ 18. Էջ 480. «Սրբոյ հօրն մերոյ Յոհաննու Ոսկեբերանի, յԵփեսացւոց գրոցն խրատ յորդորական վասն զգուշաբար հաղորդութեան, զոր կարեւոր համարեցայ աստ դնել, եւ փոքր փոքր զզօրութիւն ասացելոցս յայտնել. Պատկառեսցուք ի մերձաւորութենէ»։ 19. Էջ 507. «Հարցաքննութիւն առ օրէնս Քրիստոսի եւ հաստատութիւն թէ ոչ է պարտ ըզվիճակ եկեղեցական աստիճանի ձգել ընդ մարմնական տոհմութեամբ»։ 20. Էջ 522. «Վերստին հաստատութիւն ոչ ժառանգեցուցանելոյ ազգատոհմի զառաջնորդական պատիւ, ի պատմութենէ հարցն 21. Էջ 532. «Ի նոյն խորհուրդ դարձեալ յորում թէեւ զմեր ազգս ունիմք իշխանութիւն դատել եւ ոչ զայլս»։ 22. Էջ 544. «Նորին սրբոյն Ներսէսի. Այս բանք եւ աստուածային օրինադրութիւնք սպասաւորութեամբ մտաց եւ ի ձեռն իմոյ թշուառ Ներսէսի ասացաւ ի հոգւոյն Աստուծոյ ի նախագրեալ թուականդ վեցհարիւր ԻԶն, եւ ի ժամանակ կենաց մերոց մինչ էի քսան եւ չորս ամաց, եւ կայի ի լռութեան եւ ի միայնութեան ի մէջ լերանց Տօրօսի»։ Վերջ էջ 545. «Սատարութեամբ եպիսկոպոսի գաւառին Ներսէսի եւ Վարդանայ կրօնաւորի, ածաւ սոյն առ իս վերստին, եւ եղեւ վշտագնեալ ոգւոյ իմոյ մեծ սփոփանք եւ մխիթարութիւնք եւ առ Աստուած երկրպագութեամբ գոհութիւն։ Փառք ամենասուրբ Երրորդութեանն հօր եւ որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ 23. Էջ 545. «Յիշատակարան մատենի գրութեան. Յամի վեցհարիւրորդի յիսներորդի չորրորդի թուականութեանն հայոց, ես նուաստ եւ անարժան քահանայ Ներսէս, փափագեալ աստուածայնոյ տառիս, նորագոյն մեզ պարգեւեցելոյ ի հոգւոյն սրբոյ»։ Վերջ էջ 552. «Ընդօրինակեցաւ գիրքս այս ընդ առաջին գրեալսն ձեռամբ սրբոյ առն Աստուծոյ եւ հաւատարիմ պաշտօնէի Քրիստոսի Ներսէսի. վասն որոյ զգուշասցի իւրաքանչիւր ոք, թէ ո գիտէ եւ առցէ ի գաղափար բանի եւ դրոյ՝ հրամանի եւ ստորատի ե24. Էջ 553. «Ներբողեան պատմագրաբար ասացեալ ի վարս մեծի քահանայապետին սրբոյն Ներսէսի արհի եպիսկոպոսին Տարսոնի Կիւլիկեցւոց, ի խնդրոյ նորին համանուան եւ համազգւոյ Ներսէսի քահանայի. Բազում զգուշութեան եւ ստէպ արթնութեան պէտք այնոցիկ որք աստուածայնոց եւ սրբազանից արանց ձեռնարկեն դրուատ գովեստի խոհական մտաց եւ զօրեղ բանի»։ Էջ 590. «Բան յիշատակի մատենիս. Աստուածային մարդասիրութեան նախախնամութիւն միշտ որպէս բարւոք վերակացու եղեալ, իբր սեփհական տէր տան առ յինքենէ ստացելոց, զաստի եւ զանտի նիւթս»։ - Վերջ էջ 593. «Զի մի՛ յանձինս մեր աւարտիցի բանն ասացեալ ի տեառնէ, այս այր սկսաւ շինել եւ ոչ կարաց կատարել. այլ եղիցի արժանի լինել հաստատել զանձինս որպէս զսա ի վերայ ամրագոյն վիմի, անվրդով յամենայն յարուցմանց մնալով ի փառս Աստուծոյ. ամէն»։

Content