— - Bibliographic notice
1155
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԻԲ
ՌՃԽԷ = 1696 - ՌՃԽԷ = 1696

ID
Number
1155
Old record number
878
Title
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԻԲ
Start date
ՌՃԽԷ = 1696
End date
ՌՃԽԷ = 1696
Date details

ՌՃԽԷ - 1696։

Copy place
Ուրհա, որ է Եդեսիա։
Reference
Type
Number of pages
394
Dimension
22x32
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 6,5x23։
Writing details

նօտր ընտիր։

Codicology

Ա-ԼԳx12 (ԼԳ՝ 10 թղ.)։

Principal subject
Subject details

թուղթ։

Number of lines
45։
Binding

դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով, աստառը նուրբ կարմիր լաթ, որու վարի մասը կան մատնաչափ դեղին կանաչ գիծեր։ Ինկած են երեք փականքները։ - ՄԱԳԱՂԱԹԵԱՅ ՊԱՀՊԱՆԱԿx չունի։

State of preservation

շատ լաւ։

Copyist
Յովհաննէս քահանայ։
Owner

Սարգիս րաբունապետ։

Commanditaire
Illuminator
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

Lettrines

150 սաղմոսներու առաջին տառերը, բոլորն ալ կարմիր եւ կապոյտ, թռչնագիր, յոյժ յաջող։

Initials

կարմիր կամ մանիշակագոյն, իսկ թղ. 11ա ամբողջ առաջին տողը՝ բազմագոյն թռչնագիրով։

Marginal illuminations

միայն թղ. 11ա բազմագոյն, իսկ կիսախորաններու քով եղածը՝ կարմիր եւ կապոյտ։

Images

թղ. 10 բ., մեծութիւն՝ 17x26. Դաւիթ մարգարէն ոսկի թագով բազմած գահի վրայ, ձեռքերուն մէջ ունի նուագարան, զգեստն է կապոյտ, իսկ փիլոնաձեւ շրջազգեստը կարմիր ծիրանի։ Իր ետին կայ տաճարը, որու ետին երկինքն է ոսկեգոյն։ Նկարին ստորին մասը Ս. Ներսէս ւամբրոնացին, վեղարով, ծնրադիր, երկու ձեռքերով բռնած է մատեանը։ Գեղեցիկ եւ ներդաշնակ համադրութիւն մը, որու նմանը չենք գտներ այլ ձեռագիրներու մէջ։

Canon tables 1

թղ. 11ա., մեծութիւն՝ 15x16,5, ծաղկեայ քառակուսիներով, բազմագոյն։

Canon tables 2

ութը հատ, իւրաքանչիւր նոր գլուխ սկսելուն, կարմիր եւ կապոյտ։

Title text

Blank pages

թղ. 1ա-բ, 5բ-10ա, 391ա-393բ, 394բ։

Colophon

Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 386ա. «Աւարտեցաւ երգս այս դաւթեան, Մեկնեալ սուրբն Ներսէս Լամբրօնայն, Անոյշ բանիւ համեղական, Զոր եւ տեսեալն երանելին, Տէր Սարգիս մեծ րաբունին, Գրել ետուր սա վերըստին, Իւրն յիշատակ ապագային. Այլ եւ բարի ծնողաց նորին, (երկու տող դատարկ)։ Քանզի լրումն եղեւ բանին, Եւ գրչութեան այս սուրբ տառին, Եդեսիայ մեծ քաղաքին, Որ այժմ Յուրհայ ասի սմին, Ընդ հովանեաւ Աստուածածնին, Բարձրահայեաց եկեղեցին, Սուրբ դաստառակքըն Քրիստոսի, Եւ սուրբ Ակոբըն հրաշալի, Սուրբ Սարգսի զօրավարին, Ւաբբայ Եփրեմ դամբարանին, Սուրբ Գուրիասըն Սամոնին, Եւ Աբիբան որ ընդ նոսին, Աբգարու գերեզմանին, Եւ Ադդէի հայրապետին, Եւ այլ սրբոցն որք աստ լինին, Յոր պարփակիմք ընդ հովանին։ Ի հայրապետութեան սուրբ Էջմիածնի, Տեառն Նահապետ Կաթողիկոսին, Եւ յառաջնորդութեան այսմ քաղաքիս, Տէր Յովհաննէս վարդապետին, Քաջ րաբունապետ Թոխաբեցին։ Ի թվականիս Ռամեան, ՃԽԵ այլ ընդ նմայն, Աւարտեցաւ սա ի լման, (Դատարկ) ի վայելման։ Գրեցաւ ձեռամբ յոգնամեղի, Եռաթշուառ եւ զառածի, Փծուն անձին անարհեստի, Եւ ոչինչի թարմատարի, Եւ անպիտան անարժանի, Լցեալ մեղօք կամ յաշխարհի, Յովաննէս գրիչս եղկելի, Սուտանուն քահանայի։ Այլ եւ ծնօղացս իմ ի մարմնի, Տէր Յովանիսի եւ Նօպաթի, Եղբարցըս ամենի, Եւ սիրելի որդւոց նորին։ Այլ եւ զորդին իմ ցանկալի, Ըզդեռաբոյս (ջնջուած), Զդստերս եւ ըզքվերս իմ ընդ նոսին, Եւ ամենայն արեան զարմի։ Սուրբ վարդապետք համասեռի, Եւ քահանայք մեղսաքաւի, Վանական կուսանք ճգնաւորի, Եւ կրօնաւորք սուրբ եւ արի։ Յորժամ կանգնիք մէջ հանդիսի։ Նստիք յաթոռ ժամատեղի, Քարոզ տայք ժողովրդի, Նոքա լսողք լինին բանի, Եւ ասացէք Տէր ողորմի, Ստացողի եւ գծողի, Հոգեւոր ծնօղի եւ մարմնաւորի, Եւ վերագրելոցս ամենի։ Յիշողքն ի տէր յիշեալ լինի, Մեզ յիշողացդ տէրն ողորմի, Յորժամ գայցէ կրկին յերկրի, Ամենայնի ողորմեսցի, Ամէն ամէն եւ եղիցի»։ Յետագայ գրչութեամբ (1753ին). 2. Թղ. 394ա. «Յիշատակարան մատենիս. Մեկնութիւն բանից սաղմոսաց Դաւթի, Իմաստիւք լըցեալ հոգւոյն նուագի, Նախընծայ ծնունդ սրբոյն Ներսէսի, Առաքելագործ տեսչին Տարսոնի։ Սրբոց նըմանեալ հովուացըն նախնի, Արդեամբք եւ բանիւք Մինասն Ակնեցի, Բաբուն այցելուն քրիստոսեան հօտին, Քաղաքին Զմիւռնիոյ սեպհական թեմի, Ետ նորընծայիցս այս մենաստանի, Պարգեւ ըզմատեանս յապայս յիշելի, Ի հազար թուին եւ եօթն հարիւրի, Սակիւ յիսնեկին երրեակ աւելի, Կատարեալ պատկեր աւուր ուրբաթի, Որ օր իններորդ ամսեանն էր Մարտի, Պատեհ վարկանիմք մեք սըմին սակի, Ուղղերձել առ տէր զտրիտուր աղերսի, Սերտիւ յիշելով զանունն արժանի, նագելի վեհիս բարեաց առթողի»։

Informations

Ակնեցի Մինաս Արքեպս. Փերվազեան, Վենետիկի մէջ, նուիրած է Մատենադարանիս՝ Հ. Իգնատիոս Վրդ. Խաչատուրեանի խնդրանքով։ Ստացած ենք 10 Մարտ 1753ին։ Թղ. 394ա.ի վրայ կայ Մինաս Արքեպս.ի տաղաչափեալ Յիշատակարանը (տե՛ս ստորեւ)։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 2ա. «Նախատեսութիւն յաղագս մեկնութեան աստուածային երգոց սաղմոսաց մարգարէութեան Դաւթի, Ներսէսի արքեպիսկոպոսի Տարսոնի Կիլիկեցոյ. Ապաւինեալ յայն որ տա(յ) ամենայնի առատապէս եւ ոչ նախատէ, այսինքն յԱստուած եւ ի տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, ի հայրն լուսոյ եւ ի հոգի նորա սուրբ»։ - Վերջ թղ. 3ա. «Եղբայր յեղբօրէ օգնեալ որպէս զքաղաք ամուր ի փառս Աստուծոյ եւ տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ հոգւոյն սրբոյ, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն»։ 2. Թղ. 3ա. «Թէ վասն էր Դաւթի միայն տուաւ շնորհ յԱստուծոյ յամենայն մարգարէիցն երգել զսաղմոսս, եւ զի առաջիկայ բանիս քննել զսոյն հոգեւորապէս. Նախ քան սկիզբն մեկնութեան սաղմոսարանիս ի դէպ վարկանիմ քննութեանց տեղի տալ»։ - Վերջ թղ. 5ա. «Եւ ի սիրոյն բղխել աւրհնութիւնքն Աստուծոյ. այս ճանապարհ ոչ Դաւթի միայն է, այլ ամենայն հոգոյ, որ յարեւմտից յարեւելս զշաւիղս դարձուցանէ իւրոց» կը մնայ կիսատ, որու համար գրիչը ստորին լուսանցքին վրայ կը գրէ. «Ով եղբայրք, օրինակն միշտ աստ էր եւ այլն եղծեալ եւ անկեալ էր մինչ մին տունն Երանեալին»։ 3. Թղ. 11ա. Անխորագիր. «Երանեալ է այր (...). Որպէս լուաք ի գրոց՝ Աստուած զմարդն ուղիղ ստեղծ եւ բարի, եւ զբարւոյն արկ ի նա զփափաքումն, իսկ նա խաբեցաւ պարզմտութեամբ եւ ոչ ինքնայաւժարութեամբ ի չարն դրդեալ»։ 4. Թղ. 72ա. «Սաղմոս Դաւթի. ԺԸ. Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ (...). Տակաւին եւս առաջի կա(յ) մեզ ելք ընթացից աշտիճանաց վերաբերեցելոյ հոգւոյ ի յաստուածայինսն, ոչինչ անիրաւացի պատճառս առնելով կարծեացս, այլ զբոյս բնաւորական բարուցս, քանզի ուղիղ է ստեղծեալ յարար5. Թղ. 124ա. «Սաղմոս Դաւթի. ԼԶ. Մի՛ նախանձիր ընդ չարս (...). Առաջիկայ սաղ մոսս խրատէ եւ վարժումն անձին բարիոք ի դիւրագայթ ճանապարհ կենցաղոյս, եւ քանզի շուրջ զշաւղօք մեր թշնամիքն եդեալ են գայթակղութիւն, ահա գիտէ ամենայն ոք»։ 6. Թղ. 165բ. «Ի կատարած վասն ժողովըրդեանն որ ի սրբութեանցն հեռացեալ էին, ի Դաւթի արձանագիր ի ժամանակի, զի կալան զնա այլազգիքն ի Գէթ. ԾԵ. Ողորմեա՝ ինձ Աստուած զի կոխեաց (...). Ի սկզբան անդ հրաժարեցաք զքննութիւն սաղմոսիս առնել ըստ վերնագրացդ, որում նախ քան զմեզ հարքն երանելիք գրեցին տեսութիւն»։ 7. Թղ. 206բ. «Պակասեցին աւրհնութիւնըք ի Դաւթէ որդւոյն Յեսսեայ. Սաղմոս Յասափ. ՀԲ. Իբրեւ զի բարի է Աստուած իսրայելի (...). Որպէս ցուցեալ եմք ի բազում տեղիս թէ ամենայն հոգեկան շարժմանց որ ի բարի կոյսն եւ ի չարն լուծմունք սաղմոսերգութիւնս եւ մխիթարութիւն, զսոյն եւ աստ երկրորդեմք»։ 8. Թղ. 244բ. «Աղօթք Մովսէ(ս)ի առն Աստուծոյ. ՁԹ. Տէր ապաւէն եղեր մեր (...). Վերնագիրս Մովսէսի նշանակէ, զառաջիկայ սաղմոսս լինել իբր ոչ թէ ի նմանէ բովանդակ բանքս ասացան, այլ զի նախասկիզբն աղօթիցս նորա որպէս ցուցանէ պատմութիւնն»։ 9. Թղ. 282բ. «Ալէլուիա. ՃԶ. Խոստովան եղերուք տեառն (...). Ի մեծ եւ սքանչելի փրկագործութիւնն Քրիստոսի հայելով մարգարէս յորդորէ զամենեսեան լինել նմա խոստովանութեամբ օրհնաբան»։ 10. Թղ. 342բ. «Աւրհնութիւնք աշտիճանաց. ՃԺԹ. Ի նեղութեան իմում ես առ տէր (...). Սաղմոսս այս եւ որք յաջորդեալք ի նոյնս յարին աշտիճանաց աւրհնութիւնք ի վերնագրացս անուանին, զորոյ նշանակ խորհրդոյ ոմանք առ տեղեաւն քննեալ այսպէս աւանդեցին մեզ թէ վասնզի զանազան են վերնագիրք սաղմոսացս, ոչ թէ նոցա է ասացեալ, որոց եւ անուանքն են վերոյ»։ Վերջ թղ. 386ա. «Եթէ սփոփանս ումեք լինիցի, տուք աւրհնութիւն հոգւոյն շնորհի, եւ կաթ աղօթից ձերոց ձօղեսցի ինձ ի տապանն գերեզմանի, եւ այս վաստակ մատանցս եղկելի, ձեզ վայելս յաւէտ լիցի։ Եւ քարս յղկեալ յամայիս յայրի՝ դիցի ի հիմն նորոյս Սիովնի, զի եւ սովաւ փառաւորեսցի սուրբ երրորդութիւնն անբաժանելի՝ ի ներկայս նմիՀ. յասսռնի եւ անգրաւն յաւիտեեր 11. Թղ. 386բ. «Պատմութիւն Ներսէսի Լամբրօնացւոյ եպիսկոպոսի Տարսոնի, երգոյս սաղմոսի քննողի. Ընդ նուաղել թագաւորութեան եւ յիշխանութեան հայոց, յորժամ յափշտակեցաւ յիսմայէլացւոցն մայրաքաղաքն Յանի»։ - Վերջ թղ. 389բ. «Յիշեցէք զամենաբարեգործ եւ զքրիստոսասէր դշխոյ արքայիս մերոյ, զաւրհնեալն ի կանայս ըզթագուհին զԿեռան, զԿիրաննայ, որ մայրաբար խնամօք զբոլոր եկեղեցւոյ որդիս յանձանձէր (...)։ Եւ յայսմ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս, յորժամ արքայ նորին տէրպ ճանապարհորդեալ էր յարեւելս ի դուռն զանին Արղունին։ Յիշեցէք եւ զբարի յիշատակն սոցին զարքայիս»։ Նոյն այս գրութիւնը Ձեռ. թիւ 92ի (Ն. Լամբրոնացի Ա., Մեկնութիւն Սաղմոսաց) մէջ մնացած էր անկատար՝ թուղթի անկումով, մինչ հոս շատ աւելի երկար է եւ ընդարձակ, թէեւ սա եւս կը մնայ կիսատ։ 12. Թղ. 390ա. «(Տաղ ի սուրբն Ներսէս Լամբրոնացի). Ոդնապէս գոյեւորեալ, անգոյից տպաւորեալ, յոլով տեսակս տրոհեալ, զորս Արիստոլ ստորոգեալ»։ - Վերջ անդ. «Տեսլեան փրկչին արժանացեալ, փառաց սրբոց հաղորդակցեալ, յառագաս փեսային մտեալ, տեառն Աստուծոյ սեղանակից լեալ, ցանկ յաւիտեան թագաւորեալ, զայս» կը մնայ կիսատ։

Content