658
1054
հաւանաբար ժէ դար։
բոլորգիր։
)։
թուղթ։
փայտեայ կաշեպատ, դրոշմազարդուած. առաջին կողքը ներսէն ծածկուած է գծաւոր կարմիր կերպասով, իսկ երկրորդ կողին փայտը մնացած է լերկ։ Ինկած են գոցելու զոյգ ականջները։
արտաքինով լաւ, սակայն ներսը կը պակսին բազմաթիւ թուղթեր (տե՛ս
չունի։
տասը հատ, միագոյն, բաւական նաշակաւոր։
եւ այլն զարդեր չկան, հաւանաբար պոկուած են։
կարմիր թանաքով են։
չկայ։
1791էն առաջ մտած է մեր հաւաքածոյէն Մատեանս է ժամագիրք՝ ուր օրինակուած են ժամերգութեան բոլոր սաղմոսները եւ երգերը, իսկ աղօթքներուն միայն առաջին տողը. կը բովանդակէ հետեւեալը. 1. Թղ. 1ա. (Կարգ ապաշխարութեան)։ Սկիզբն ու վերջը թերի. կը վերջանայ թղ. 2բ. «Եւ աստ ասէ որիշ որիշ զմեղսն յանուանէ զոր առ»։ 2. Թղ. 3ա (Կարգաւորութիւն Գիշերային ժամու)։ Սկիզբը թերի է, նորոգողը աւելցուցած է թղ. 3ա, նոտր գիրով ամբողջացնելով «Տէր զի բազում» սաղմոսի առաջին մասը։ - «Զարթուցեալքս» քարոզին կը յաջորդեն «Աշխարհ ամենայն», «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Աստուածածին մայր Քրիստոսի» երգերը։ - Կայ Հանգստեան աւետարան մը եւ «Ռահ ւործեալ» երդը, մնացածը կորսուած է։ 3. Թղ. 29ա. (Կարգաւորութիւն Առաւօտու ժամուն)։ Սկիզբը թուղթ ինկած ըլլալով՝ կը սկսի Իւղաբերից աւետարանով (Մատթէոս), ապա քարոզը «Ջուարճացեալքս մեծաւ»։ Յաջորդաբար բազմաթիւ թուղթեր ինկած ըլլալով կը պակսի «Արարչական» երգը գրեթէ ամբողջութեամբ։ 4. Թղ. 67բ. «Կարգաւորութիւն... Արեւագալին ժամուն»։ «Ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն» վերջին երգը իբր յաւելուած ունի՝ «բշ. Սիքայէլ եւ Գաբրիէլ...», «գշ. Անճառ խորհուրդ յայտնողք...», «դշ. Ի քէն աղերսիւ հայցեմք...», «եշ. Ի Հոգւոյն սրբոյ ընտըրեալք...», «զշ. Անկեալ երկիր պագանեմք...»։ 5. Թղ. 80բ. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» եւայլն։ 6. Թղ. 96. «Ժամամուտք կարգաւ»։ Քանի մը գլխաւոր ժամամուտներ օրինակելէ յետոյ՝ ունի հետեւեալը. «Սղ. Տէր թագաւորեաց...»։ - «... եւ արարից ձեզ զի յարդարութիւնս իմ» (սկիզբը թերի)։ «Լնթ. Պօղ. Ապա օրէնքն դաստիարակ...»։ «Աւետ. Ղկ. Մինչդեռ զայն խօսէին...»։ «Հաւատամք ի մի Աստուած»։ - «Քրզ. Եւ եւս հաւատով աղաչեսցուք...». թուղթ ինկած ըլլալով՝ կը մնայ կիսատ. կիսատ են նաեւ յաջորդող մասերը։ 7. Թղ. 103ա. (Օրհնութիւն մարմնաւոր սեղանոյ)։ 8. Թղ. 105ա. (Կարգաւորութիւն Երեկոյի ժամուն)։ 9. Թղ. 116բ. «Կարգաւորութիւն... Խաղաղական ժամուն»։ Միջանկեալ ու վերջաւորութեան թուղԹեր կը պակսին. այսպէս կաւարտի ձեռագիրը։