1134
92
ՈԼԹ - 1190, այն է՝ Ներսէս Լամբրոնացիի կենդանութեան։
բոլորգիր ընտիր եւ մեծ, երկաթագրով խառն։
ստորին լուսանցքները մաշած ըլլալով՝ անհետացած են նշումները։
թուղթ դեղնորակ բամպակեայ։
նոր սեւ կաշի, միջուկը տախտակ, կռնակի կողմէն մաշած։ Մնացած ըլլալով խոնաւութեան մէջ եւ վնասուած, անցեալին սպիտակ թուղթով ամրացած են գրեթէ բոլոր թուղթերը՝ զանազան կողմերէ, յատկապէս ստորին լուսանցքը, որմէ ոչինչ մնացած է, վնասելով նոյն իսկ բնագրին։ Կոպիտ կերպով կտրուած է նաեւ արտաքին լուսանցքը, հասնելով գրութեան, անխնայ կտրելով նաեւ լուսանցազարդերը, որոնցմէ մասնիկներ միայն կը տեսնուին։ Երկսիւն գրութիւններու միջանկեալ եղած բազմաթիւ լուսանցազարդեր, ածելիով կտրուած հանուած են, իսկ ձեւացած ծակերը նորոգողը ծածկած է սպիտակ թուղթով։ 150 սաղմոսներէն իւրաքանչիւրը ունեցած է իր լուսանցազարդը, որոնցմէ ներկայիս մնացած են միայն 29 հատ (թղ.98ա, 115ա, 120ա, 177ա, 231բ, 411ա, 428ա, 433բ, 439բ, 441ա, 501բ, 522ա, 525բ, 534ա, 537բ, 539բ, 550ա, 558բ, 616բ, 618ա, 619բ, 621ա, 623ա, 627բ, 632բ, 635բ, 646բ, 649բ, 656ա)։ Միջանկեալ ինկած թուղթերը՝ նշած ենք ստորեւ, իւրաքանչիւր բնագրի նկարագրութեան ընթացքին, իսկ նորոգողը անոնց փոխարէն զետեղած է արդի սպիտակ թուղթեր։ Սքանչելի ու պատկառելի Ձեռագիրս անցեալին խնամք ունեցած չըլլալով՝ դժբախտաբար վնասուած է։
Ս. Ներսէս Լամբրոնացի։
չունի։
չունի, այլ անոնց փոխարէն դրուած է կարմիր երկաթագիր։
կարմիր։
տես վերեւ՝ Կազմ եւ Հանգամանք։
եւ այլ զարդեր չունի։
Թղ. 663բ. «(Ի թուականիս) Հայոց ՈԼԹ (1190), (գրեցաւ աստուած)ախումբ մատեանս (ձեռամբ Ս)ամուէլ նուաստ եւ (յետին գրչի), հրամանաւ սրբասն(եալ վարդա)պետի եւ եպիսկոպոս(ի տեառն) Ներսիսի, որոյ վս(տահացեալ) յողորմութիւնն Աստուծոյ (յանհաս գիտ)ութիւնն եւ յիմաս(տութիւնըն), համարձակեցաւ (ի հոգելից ս)աղմոսին մեկնութիւն (եւ մեկնեաց) զսա եւ եթող յիշատ(ակ իւր եւ ի) վայելումն մանկանց (եկեղեցւոյ) այնոքիկ որք ուն(իցին ական)ջս ուղիղ լսել զբանս (իմաստից սո)րա եւ խնդրել զթող(ութիւն ի Քրիստոս)է, որ է աւրհնեալ (յաւ)իտեանս. ամէն։ «(Յայնմ ժամա)նակի յափշտակեցաւ սուրբ քա(ղաքն Երուսաղէմ ի Յովս)եփայ, որ տիրէ Եգւպտոսի եւ (Դա)մասկոսի, ի թու. ՈԼԷ (1188) եւ շարժ(եացն հրաման)աւ հայրապետին Հռովմայ (թագաւորք եւ ի)շխանք բազում եւ անթիւ զաւր(ք յարեւմ)տից եւ գան կրելով զխաչն Քրիստոսի (առ ի փրկել զսուրբ տեղիս, եւ այս ամք երեք յապաղէ կամք Աստուծոյ զփրկութիւն եւ դեգերին տակաւին առընթեր Պտղոմիդա)»։ Թուղթը վնասուած ըլլալով՝ Յիշատակարանը կը մնայ կիսատ։ Փակագիծով ամբողջացուցած ենք բառերը՝ առնելով թիւ 878 ձեռագրէն, ուր լրիւ օրինակուած է այս Յիշատակարանը։
Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի բարոյական եւ նիւթական (100 օսմանեան լիրա) քաջալերանքով, Պոլիսէն Յովհաննէս Ներսիսեան երթալով ներքին գաւառները՝ գտած է այս Ձեռագիրը եւ Սերովբէ Ալիշանի հետ՝ դրկած է Վենետիկ։ Ստացած ենք 1882ին։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1ա. «Աստուածային երգոց սաղմոսաց մարգարէութեան Դաւթի, արարեալ Ներսէսի եպիսկոպոսի Տարսոնն Կիլիկեցւոյ. Ապաւինեալ յայն որ տայ ամենայնի առատապէս եւ ոչ նախատէ, այսինքն յԱստուած եւ ի տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, ի հայրն լուսոյ եւ ի հոգի նորա սուրբ»։ Առաջին թուղթը ինկած ըլլալով, նորոգողն է որ ամբողջացուցած է այս մասը (թղ. 1ա-բ)։ Հին բնագիրը կը շարունակէ Թղ. 2ա. «Եւ զի աւրինակ եղեւ իսրայէղ հեթանոսաց եկեղեցւոյ հոգեւոր փորձութեանս մարմնական նշանաւք, որ ի ձեռն Մովսիսի. զինչ պարտ է ասել...»։ - Վերջ թղ. 2բ. «Ըստ կարի հաւանեալ իմաստնոյն որ խրատէ. Եղբայր յեղբաւրէ աւգնեալ որպէս զքաղաք ամուր, ի փառս Աստուծոյ եւ տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ հոգւոյն նորա սրբոյ, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն»։ 2. Թղ. 2բ. «Թէ վասն էր Դաւթի միայն տուաւ շնորհ յԱստուծոյ յամենայն մարգարէիցն երգել զսաղմոսս եւ զի առաջիկայ բանըս քննել զսոյն հոգեւորապէս. Նախ քան զսկիզբն մեկնութեան սաղմոսարանիս՝ ի դէպ վարկանիմ քննութեանց տեղի տալ...»։ Այս հատուածն ալ թուղթի անկումով՝ կը մնայ կիսատ։ Հին բնագիրը կ'աւարտի թղ. 4բ. «Այլ ի բազում ճիգն փորձանաց մատնեաց զբազում ժամանակս, որպէս ուսուցանէ պատմութիւն թագաւորութեանն եւ ապա զաւրացեալ աշխատութեամբն իւրով՝ ել յաշտիճան հարազատութեան սիրոյն Աստուծոյ եւ զնոյն ճանապարհ հորդեաց ամենեցուն, այս». կը մնայ կիսատ, որու մնացած մասը ամբողջացուցած է նորոգողը՝ նօտր գրչութեամբ՝ այսպէս. «ինքն, զի այլ մարգարէ միայն պատգամէ եւ գործի Աստուծոյ. իսկ սիրողն ոչ այնպէս, այլ պարտ է յինքենէ...»։ Այս հատուածն ալ նորոգողին կողմէ ամբողջ չէ՝ այլ մնացած է կիսատ. կ'աւարտի թղ. Եբ. «Ապա թէ ոչ տես թէ որքան ի վերջն էր քան զՍաւուղ հալածելն նորա յԱբիսողոմայ, որոյ նեղութեանն վասն աղօթս երրորդէ ըստ կարգի»։ 3. Թղ. 7ա. «(Մեկնութիւն սաղմոսաց սրբոյ մարգարէին Դաւթի. Ա. Երանեալ է այր (...). Որպէս լուաք ի գրոց՝ Աստուած զմարդն ուղիղ ստեղծ եւ բարի, եւ զբարւոյն արկ ի նա զփափագումն, իսկ նա խաբեցաւ պարզմտութեամբ եւ ոչ ինքնայօժարութեամբ ի չարն դրդեալ)»։ Ձեռագրէս թուղթ ինկած ըլլալով՝ կը պակսի վերեւ մէջ բերուած հատուածը եւ հին բնագիրը կը սկսի այսպէս. «(Ար)ծաթասէրն երանելի է՝ զի արծաթ ունի, բայց եղկելի է զի մահկանացու է. պոռնիկն երանելի է՝ զի զցանկութիւնն իւր կատարէ, սակայն եղկելի է զի ոչ ի սպառ. փառասէրն...»։ 4. Թղ. 98ա. «Սաղմոս Դաւթի. ԺԸ. Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ (...). Տակաւին եւս առաջի կայ մեզ ելք ընթացից աստիճանաց վերաբերեցելոյ հոգւոյ ի յաստուածայինսն, ոչինչ անիրաւացի պատճառս առնելով կարծեացս, այլ զբոյս բնաւորական բարուցս, քանզի ուղիղ է ստեղծեալ յարարչէն»։ 5. Թղ. 177բ. «Սաղմոս Դաւթի. ԼԶ. Մի՛ նախանձիր ընդ չարս (...). Առաջիկայ սաղմոսս խրատէ եւ վարժումն անձին բարիոք ի դիւրագայթ ճանապարհ կենցաղոյս, եւ քանզի շուրջ զշաւղաւք մեր թշնամիքն եդեալ են գայթագղութիւն, ահա գիտէ ամենայն ոք»։ 6. Թղ. 231բ. «Ի կատարած վասն ժողովըրդեանն որ ի սրբութեանցն հեռացեալ էին, ի Դաւթի յարձանագիր ի ժամանակի, զի կալան զնա այլազգիքն ի Գէթ. ԾԵ. Ողորմեա՝ ինձ Աստուած զի կոխեաց (...). Ի սկզբան անդ հրաժարեցաք զքննութիւն սաղմոսիս առնել ըստ վերնագրացդ, որում նախ քան զմեզ հարքն երանելիք գրեցին տեսութիւն. իսկ մեք փութացաք իմանալ զսոյն միայն հոգեպէս»։ 7. Թղ. 411ա. «Պակասեցին աւրհնութիւնք ի Դաւթէ որդւոյն Յեսսեայ. Մաղմոս յԱսափ. ՀԲ. Իբրեւ զի բարի Աստուած է իսրայելի (...). Որպէս ցուցեալ եմք ի բազում տեղիս թէ ամենայն հոգեկան շարժմանց որ ի բարի կոյսն եւ ի չարն լուծմունք է սաղմոսերգութիւնս եւ մխիթարութիւն, զսոյն եւ աստ երկրորդեմք»։ 8. Թղ. 467բ. «Աղաւթք Մովսէսի առն Աստուծոյ. ՁԹ. Տէր ապաւէն եղեր մեր (...). Վերնագիրս նշանակէ Մովսէսի զառաջիկայ սաղմոսս լինել, իբր ոչ թէ ի նմանէ բովանդակ բանքս ասացան, այլ զի նախասկիզբն աղաւթիցս նորա որպէս ցուցանէ պատմութիւնն»։ 9. Թղ. 525. «Ալէլուիա. ՃԶ. Խոստովան եղերուք տեառն (...). Ի մեծ եւ սքանչելի փրկագործութիւնն հայելով մարգարէս յորդորէ զամենեսեան լինել նմա խոստովանութեամբ աւրհնաբան, քանզի փրկութիւն զայն միայն գիտեմք եւ հաւատամք, որպէս գրէ առաքեալ»։ Այս մասը, որ է Սաղմոս ՃԶ-ՃԺԸ, ամբողջ է. կը պակսի վերջին համարին (Սղ. ՃԺԸ 170) մեկնութեան փակումը։ Թուղթի անկումով կը պակսին ՃԺԹՃԻԴ սաղմոսներուն մեկնութիւնը։ 10. Թղ. 615ա. «Աւրհնութիւն աշտիճանաց. ՃԻԵ. Ի դարձուցանել զգերութիւն Սիովնի (...). Յայտնի առձեռն պատրաստ տեսութիւն սաղմոսիս յաղագս դարձելոցն ի Բաբելովնէ»։ - Վերջ թղ. 663բ. «(իսկ թէ սփոփ)անս ումեք լինիցի, տուք (աւրհնութի)ւն հոգւոյն շնորհի, (կաթ աղաւ)թից ձերոց ձաւղեսցի (ինձ ի տապանն) գերեզմանի, (եւ այս վաստակ) մատանցս եղկելի, (ձեզ ի վայելս) յաւէտ լիցի։ Եւ (քարս յղկեալ) յամայիս վայրի՝ դի(ցի ի հիմն ն)որոյս Սիովնի, զի եւ (սովաւ փառ)աւորեսցի սուրբ երր(որդութիւնն) անբաժանելի՝ (ի ներկայս) նոյն եւ յապառնի եւ (անզրաւն) յաւիտենի. ամէն»։ Մինչեւ ՃԾ սաղմոս, թուղթի անկումով կարգ մը սաղմոսներու մեկնութիւնը կիսատ է եւ կամ կը պակսին ամբողջութեամբ. այսՃԼ կը պակսին միայն վերջին տողերը։ ՃԼԱ-ՃԼԳ կը պակսին ամբողջութեամբ։ ՃԼԵ կը պակսի վերջին համարին մեկնութիւնը։ ՃԼԶ կը պակսի ամբողջութեամբ։ ՃԼԷ կը պակսի միայն համար 1ի մեկնութիւնը։ ՃԽԷ կը պակսի ամբողջութեամբ։ 11. Թղ. 663բ. «(Սամուէլի Վրդ. ի Սկեւռացւոյ) Պատմութիւն վարուց Ներսիսի եպիսկոպոսի, երգոցս սաղմոսիս քննողի. Ընդ ն(ո)ւաղել թագաւորութեան եւ իշխանութեան Հայոց, յորժամ յափշտակեցաւ յիսմայելացւոցն մայրաքաղաքն Անի եւ տարագրեցան թագաւորքն մեր ի գաւառս եւ յիշ խանութիւնս արքայիցն յունաց, այր ոմն յիշխանաց հայոց Ապլխարիբ անուն, որ էր ի տանէն Վասպուրանի»։ - Վերջ թղ. 666ա, «(Գրեցաւ) ի նախայիշատակեալ սուրբ (ուխտիս Սկեւ)ռայ, առընթեր հայրենատ(ուր ամրո)ցի տերանց մերոց Լամբրու(նի յիշխ)անութիւն մեծահանճար եւ ա(ստուածասէր սեւ)աստաւսի Հեթմոյ, եւ ի (վերակացու)թեան տեառնս մերոյ Ներսիսի (եւ եղբարց) սոցին Ապիրատի, Շահն(շահի, զո)րըս տացէ Քրիստոս ի հոգեւոր եւ ի (մարմնաւ)որ իշխանութիւնս բազում (ժամանակս) եւ ի փոխելն յաշխարհէս (ի պարս) հայրապետացն եւ աստուածասէր(ս) դասեսցէ ի ժողով արքայ(ութեանն) ընդ ամենայն սուրբս։ Յիշ(եցէք բար)եաւ եւ զբարի ծնողս սոց(ին) փոխեալն առ Քրիստոս զմեծանու(նըն Աւշին) հանդերձ երէց դստերաւն (Մարիամաւ) եւ կրտեր որդեկաւն Գրիգո(րիւ, զի) հանգիցեն ի գոգն Աբրա(համու եւ) մխիթարեսցին փառաւքն (Ղազարու)։ Եւ մայր սոցին Շահանդու(խտ ամենա)բարի եւ ճըգնազգեաց այ(ժմ կրաւնաւ)որեալ ի ձեռաց որդւոյ իւր(ոյ...) երկու դստերաւք Շուշ(անաւ եւ Տալ)իթայիւ, որք» այսուհետեւ թուղթը կտրուած ըլլալով՝ կը մնայ կիսատ։