Other notices
— - Bibliographic notice
845
ՏՕՆԱՑՈՅՑ ԺԸ
1671 - 1671

ID
Number
845
Old record number
1968
Title
ՏՕՆԱՑՈՅՑ ԺԸ
Start date
1671
End date
1671
Date details

Ձեռագիրս չունի յիշատակարան, մենք իբր թուական վերցուցինք արծաթեայ կողքին վրայ նշանակուած ՌՃԻ - 1671 թուականը, սակայն այն տպաւորութիւնը կը թողու որ ձեռագիրս աւելի հին եղած ըլլալու է, որովհետեւ արծաթին տակ մնացած նախկին կողքը ունի գոցելու զոյգ ականջներու հետքեր, ինչ որ կը նշանակէ թէ նախապէս ժամանակ մը այնպէս գործածուած է։

Copy place
արծաթապատ կողքը շինուած է Կեսարիա, ուր գրուած ըլլալու է նաեւ ձեռագիրս։
Reference
Type
Number of pages
150
Dimension
10x13,5
Layout
միասիւն (6,5x10)։
Writing details

բոլորգիր ընտիր, խազագրուած։

Codicology

ունի երկու մաս. թղ. 1-33 կազմուած է երեք թերթերէ, որոնցմէ ա ունի 12 թղ., բ՝ 10 թղ., գ՝ 11 թղ.։ Մնացած մասը ունի 11 թերթ (ա-ժա), որոնցմէ է ունի 13 թղ., ժա՝ 6 թուղթ, մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թուղթ։

Principal subject
Subject details

մագաղաթ։

Number of lines
20։
Binding

շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, աստառը կարմիր տպածոյ կերպաս։ 1671ին ձեռագիրը դարձած է արծաթապատ, որ կռնակին ունի յատուկ յիշատակարան (տե՛ս ստորեւ)։ Առաջին կողքին կեդրոնը, 4x8 մեծութեամբ, կը ներկայացնէ Եսայի մարգարէի տեսիլը՝ ամպերու վրայ շինուած տանարին դիմաց։ Վերեւ բազմած է Աստուած, մականով եւ երկրագունտով, շրջապատուած հինգ սերովբէներով, մինչ հրեշտակ մը ունելիով Եսայիի բերանը կը դնէ հրաշէկ ածուխը։ Այս պատկերին եզերքները կան զոյգ զոյգ մարգարէներու պատկերները, ութը աջին եւ ութը ձախին. իւրաքանչիւր պատկեր ունի մարգարէի մը անունը։ Ապա պատկերին ստորեւ մէկ գծի վրայ կան տասը մարգարէներ։ Երկրորդ կողքին կեդրոնը, 5x10 մեծութեամբ, կը ներկայացնէ Յիսուս խօսելու դիրքով, տանարին դիմաց, շրջապատուած առաքեալներով։ Պատկերին աջին, ձախին եւ ստորեւ կան չորսական առաքեալներ, իւրաքանչիւրը ձեռքին ունի գործիքը՝ որով մարտիրոսացած է. անոնց մէջ թուարկուած է նաեւ Պօղոս՝ փոխանակ Յուդայի։ Արծաթագործութեան համար ընտիր նմոյշ մըն է, պահուած շատ մաքուր եւ կատարեալ, դէմքերու կատարեալ արտայայտութեամբ։

State of preservation

շատ լաւ, մաքուր եւ անթերի։

Copyist
անյայտ, գուցէ գծողը՝ Խաչատուր։
Owner

անյայտ։

Commanditaire
Illuminator
ներքին գրութեան մէջ կը յիշուի՝ «Տէր Աստուած ողորմեսցի գծագրողիս Խաչատուրիս եւ ստացողիս»։
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

չունի, այլ անոր փոխարէն սկիզբը ունի երկու թուղթ, գրչի փորձերով լեցուն. բայց կայ նաեւ ձեռագրական խորանի մը հատուածը, առնուած հաւանաբար անաւարտ օրինակէ մը։

Lettrines

բազմաթիւ, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, գեղեցիկ զարդերու համադրութեամբ։

Initials

եւ

Marginal illuminations

երեսունի չափ, խորաններու զարդերով եւ գոյներով։

Images

երկու հատ, թղ. 1բ, 6x10 մեծութեամբ. կը ներկայացնէ կանգուն հայրապետ մը՝ լուսապսակով, բազմախաչ յունական շուրջառով, ձախ ձեռքով բռնած է աւետարանը քօղով, աջով կ'օրհնէ. նկարին վերեւ գրուած է «Ներսէս է»։ Հայրապետին դիմաց կայ ծնրադիր մօրուքաւոր մը, ձեռքերը բացած աղաչական դիրքով, ետին կը տեսնուի տանարի դռները, իսկ գլխուն վերեւ գրուած է «Յակոբ»։ Նկարին աջ անկիւնը կայ Ս. Հոգին աղաւնակերպ, նկարը բազմագոյն է, Խորքը կապոյտ։ Երկրորդ նկարը, թղ. 33բ, նոյ6 մեծութիւնը եւ կը ներկայացնէ Յիսուսի մկրտութիւնը։ Աջին կանգնած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, երկու ձեռքերն ալ օրհնելու դիրքով. ունի ծիրանի վերնազգեսը եւ կանաչագոյն շապիկ. ձախին կայ Յիսուս, ձեռքերը կուրծքին վրայ ծալած եւ ետեւը հրեշտակ մը՝ ձեռքերը բաց։ Խորքը կապոյտ է՝ հինգ կէտերէ ձեւացած աստղերով։ Սա ալ բազմագոյն է, սակայն կը պակսի գիծերու նրբութիւնը։

Canon tables 1

թղ. 34ա, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, յստակ գիծերով։ Նոյն ոնով են նաեւ յաջորդ՝ -

Canon tables 2

թղ. 2ա եւ 69ա։ Թղ. 113ա դատարկ մագաղաթի վրայ կայ սեւ գոյնով կիսախորան մը եւ բոլորակ մը՝ զարդարուն։

Title text

կարմիր։

Blank pages

թղ. 22բ եւ 33ա։

Colophon

Արծաթեայ կողքին կռնակը կայ հետեւեալ գրութիւնը. «Երգարանս այս արեալ հալալ ընչիս իւր զարդարեցի արծաթաւ Կեսարիա քաղաքին. անարժան ձերօք արծաթագործ Շահմիրին Մ. Յակոբ. թիւն հայոց ՌՃԻ (1671), վասն յիշելո(յ) ի թիւն ամենաժամ եւ գօհանալ փրկչին մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»։

Informations

կը պակսին. հաւանաբար հին ժամանակներէ ի վեր արծաթեայ կողքը ցուցադրուած ըլլալով վանքիս թանգարանը՝ երկար ատեն մնացած է առանց ձեռագրական թուահամարի, եւ ապա ստացած է Մատեանս է Մասն ժամագրքի երգերու, Տօնացոյց եւ Պարզատումար։ Ունի հետեւեալ 1. Թղ. 2ա. «Երգ Տեառն Ներսէսի հայոց կաթողիկոսի. Յիշեսցուք ի գիշերի զանուն քո տէր...»։ Գիշերային ժամերգութեան երգով կը սկսի ձեռագիրս, յետ գրելու կիսախորանին ներքեւ «Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ 2. Թղ. 3բ. «Երգ ողբերգական արարեալ Տեառն կաթողիկոսի վասն գիշերապաշտման. Աշխարհ ամենայն, առ իս նայեցեալ» (սկ, Ա-Ք)։ «Առաւօտ լուսոյ» (սկ. Ա-Ք)։ 3. Թղ. 7ա. «Աղերս Աստուածածնին. Աստուածածին մայր Քրիստոսի, իմ յոյսն դու աւուր մեծի» (սկ. Ա-Ք)։ «Արթունք եղերուք, արթունք եւ պատրաստք, ահա գայ Քրիստոս» (սկ. Ա-Ք)։ 4. Թղ. 10ա. «Կանոն գլուխ կարգաւ. ԱՁ. Դատեա՛ տէր զայնոսիկ...»։ 5. Թղ. 11բ. «Երգ քաղցր եւ համեղ. Ծն. Տէր եւ Աստուած ամենայնի, քո սուրբ ծնընդեամբդ անճառելի, ընկալ զբանս զայս աղերսի, աղաչանօք սուրբ կուսի, ժողովելոցս ի յայսմ (յ)արկի, շնորհեա սոցա պարգեւս բարի. Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեայ»։ Նոյն ոճով կան միատուն երգեր՝ Ջրօրհնէքի, Տեառնընդառաջի, շատ մը տէրունական տօներու, ինչպէս նաեւ Առաքելոց, ըՍտեփաննոսի եւ Հրեշտակաց։ 6. Թղ. 14ա. «Երգ պաշտման մաղթանք. Հայր անըսկիզբն եւ գթական, անոխակալ եւ ողորմած...»։ Նոյն կերպով կան փոքր աղօթքներ տէրունական եւ սուրբերու ուղղուած։ 7. Թղ. 15բ. «Սրբասացութեներ կարգաւ. Բազմութիւնըք հրեշտակաց...»։ Կը յաջորդեն պատարագի ժամուն դպիրներու երգերը. «Մարմին տէրունական...». (հմմտ. Տօնացոյց ժԴ. § 11)։ Կը յաջորդեն «Ընթերցուածս Յեսայեայ մարգարէէ. Եւ զամենեսեան որ պահեցին...։ Պետրոսի առաքելոյն ի կաթողիկեայց թղ. ընթ. Սիրելիք զսոյն իսկ եւ մեռելոց...։ Աւետ. Ղուկասու. Ասէ եւ ցկոչնատէրն...»։ Կը փակուի աղօթքով մը։ 8. Թղ. 23ա. «Աւետարան հանգստեան»։ 9. Թղ. 25բ. «Աւետարան իւղաբերից»։ 10. Թղ. 30ա. «Աւետարան բժշկութեան»։ 11. Թղ. 34ա-108ա. «(Տօնացոյց եւ Աւետարանացոյց). Աստուածայայտնութեան Յը ըրագալուցին առաջի աւուրն գիշերն կանոնագլխին փառն...»։ Կը հետեւի ընկալեալ Տօնացոյցներու կարգին, որոնց զանազան նմոյշները պարզեցինք նախորդ օրինակներուն մէջ։ 12. Թղ. 108ա. «Խրատք Յարութեան Հարցերուն. Իսկ Յարութեանն կարգին սկիզբըն արա ամռան յիսնակէն...»։ 13. Թղ. 109ա. «Ալէլուք գիշերային»։ 14. Թղ. 112ա. «Առաւօտու երգ կարգաւ»։ 15. Թղ. 113ա. «Ճաշու մեսեդիք»։ 16. Թղ. «Մեսեդիկ յիրիկվան Յարութեան», մարտիրոսաց, ապաշխարութեան։ 17. Թղ. 115բ. «Խրատք իւղաբերից, բժշկութեան եւ հանգստեան աւետարանացն»։ 18. Թղ. 116ա. «Ժամամտեր կարգաւ. Որ ի հօրէ առաքեցար...»։ 19. Թղ. 113բ-118ա. Տոմարական աղիւսակներ, տարւոյն տասներկու տանուտէրներուն անուններով, որոնց կը հետեւի. «Բանալի առաջին գիրն ղատն է եւ տանուտէրն ի վերեւն այծեղջիւրն... ի յաւարտ տարուն որ չվրիպիս եւ չծռիս»։ 20. Թղ. 118բ. «(Պարզատումար). Այբն որ լինի գիր տարոյն՝ եւթներեակն չորս է. Յունվար ԼԱ. օր է եշ.ի մտանէ...»։ Վերջ թղ. 147բ. «...եւ յետ սուրբ Սարգսին երկու շաբաթ ուտիք է եւ Բուն բարեկենդան է»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ եւ անվարժ նօտր գրով կայ հետեւեալր. 21. Թղ. 148ա. «(Տաղ Ծննդեան). Այսօր տօն է ծըն(ն)դեան, աստղ մի ելաւ ի Հնդըստան...» (34 տող)։ 22. Թղ. 149ա. «(Տաղ). Յնծան ձկունք ի մէջ ծովուն, այսօր օրհնին ջուրք ծովայի(ն)...։ Սիրանի ծածկոց է գեսոյդ...։ Ար(դ) տեսանել զքեզ (յ)օժարիմ...։ Ի քեզ անկեալ լամ եւ ողբամ...»։

Content