1653
12
1705։
նօտր ընտիր։
ԺԱ-Լx12 (ԺԱ՝ 2 թղ., Լ՝ 11 թղ.)։
թուղթ։
կիսակաշի լաթակազմ, միջուկը ստուարաթուղթ։
բաւարար. նուիրական Ձեռագիր մըն է Միաբանութեանս համար, որովհետեւ օրինակուած է ի Մեթոն, 1705ին, Մխիթար Աբբահօր աշակերտներուն գրչութեամբ եւ լուսանցքներուն վրայ Մխիթար Աբբահօր բազմաթիւ սրբագրութիւններով՝ կատարած է հետեւելով լատիներէն բնագրին։ Միակ թերին՝ գրադաշտը սեւցած է՝ թանաքին վատութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ ընդմէջ թղ. 8586ի՝ կտրուած են թուղթեր՝ անբացատրելի կերպով։
եւ այլ զարդեր չունի։
մութ կարմիր, կարմիր կամ կապոյտ։
թղ. 14բ, 15ա, 32ա, 44բ, 56բ, 144բ, 158ա, 182ա. բոլորն ալ նախնական ու պարզ։
մութ կարմիր։
թղ. 180բ-181բ, 210ա-217բ։
Թղ. 209բ. «Համավճարեցումն սորին ի թվին Քրիստոսի 1705, իսկ ի հայոց 1154. եւ ի (Մխիթարեան) միաբանութեան թվին 6, Նոյեմբերի երրորդի աւուրն»։
1705ին օրինակուած ըլլալով ի Մեթոն, Մխիթարի առաջին աշակերտներուն առձեռն գործածութեան համար, 1715ին բերուած է Վենետիկ՝ երբ Միաբանութիւնը հարկադրուեցաւ Մեթոնէն հեռանալ։ Մատեանս է Ալբերտի Աստուածաբանութիւնը եւ Գիրք Առաքինութեանց, օրինակուած ի Մեթոն, Մխիթար Աբբահօր առաջին աշակերտներուն ձեռքով, իսկ լուսանցքներուն վրայ կը տեսնենք Մխիթարի սրբագրութիւնները կամ յաւելումները՝ ըստ բնագրին։ Յաջորդաբար Սխիթար Աբբայ այս Ձեռագրին հետեւելով է որ Վենետիկի մէջ կատարած է զոյգ հրատարակութիւնները, 1715ին՝ «Ալբերտ Մեծ, Համառօտ Աստուածաբանութիւն» եւ 1721ին՝ «Պետրոս Արագոնացի՝ Գիրք Առաքինութեանց»։ Ձեռագիրս ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1ա. «Համառօտ հաւաքումն աստուածաբանական ճշմարտութեանն. (Ք)անզի գերազանցութիւն աստուածաբանական ճշմարտութեանն է նշոյլ վերինն ճառաԹղ. 1բ. «Ա. Նախ եւ առաջին թէ է Աստուած. Արդ եթէ է Աստուած բազում կերպիւ ցուցանի» (Գլ. Ա-ԼԳ)։ 2. Թղ. 14բ. «Սկիզբն երկրորդ գրոց, Յաղագս ստեղծման արարածոցս» (Ա-ԿԶ)։ 3. Թղ. 32ա. «Սկիզբն երրորդ գրոց, Որ վասն ապականութեան մեղացս» (Ա-ԻԴ)։ 4. Թղ. 44բ. «Գիրք չորրորդ, Յաղագս մարդեղութեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ» (Ա-ԻԴ)։ 5. Թղ. 56բ. «Գիրք հինգերորդ, Յաղագս շնորհաց եւ առաքինութեան. (Սխիթար Աբբայ լուսանցքին վրայ աւելցուցած է) թէ զիարդ հոգին բանական լինիցի արժանի յաւիտենականի երանութեան» (Ա-Հ)։ 6. Թղ. 75ա. «Գիրք վեցերորդ, Յաղագս խորհրդոցն» (Ա-ԼԷ)։ - Վերջ թղ. 85ա. կը հասնի մինչեւ Գլուխ Լ, որմէ օրինակուած է երկու տող եւ այնուհետեւ թուղթ կտրուած ըլլալով՝ կը մնայ անկատար, եւ կը պակսի ամբողջ եօթներորդ մասը։ 7. Թղ. 86ա. «(Պետրոսի Արագոնացւոյ՝ Գիրք Առաքինութեանց). Զօրութիւն ելանէր ի նմանէ եւ բժշկէր զամենեսեան. քանզի ջանք իմաստնոցն» (հմմտ. Պետր. Արագ. Ա., §§ 1-10)։ Թղ. 93բ. «Գիրք երկրորդ. Յաղագս աստուածային առաքինութեանց»։ Թղ. 144բ. «(Գիրք երրորդ առաքինութեան աստուածայնոյ, այսինքն յաղագս առաքինութեան յուսոյ). Ծնաւ զմեզ վերստին ի յոյսն կենդանի՝ յանեղծ ի յանթառամ ժառանգութիւնս»։ Թղ. 158ա. «Գիրք յաղագս սիրոյ. Ի սուրբ սրտէ եւ ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոյ»։ Թղ. 182ա. «Յաղագս եօթ(ն) պարգեւաց Հոգւոյն սրբոյ. Ետ պարգեւս մարդկան. Եփես. Դ., Որպէս ասէ երանելին Թօմաս, որքան ճանաչումն է բարձրագոյն, այնքան մեծագոյն եւ բարձրագոյն զօրութեան կարօտանայ»։ - Վերջ թղ. 209բ։