Other notices
— - Bibliographic notice
759
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԼԴ
ԺԸ դար - ԺԸ դար

ID
Number
759
Old record number
1248-1249
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԼԴ
Start date
ԺԸ դար
End date
ԺԸ դար
Date details

Copy place
Reference
Type
Number of pages
առաջին հատորի՝ 552, երկրորդին՝ 758
Dimension
25x33
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 8x27։
Writing details

նոտր։

Codicology

երկու հատորները միասին՝ 60 թերթք։

Principal subject
Subject details

թուղթ։

Number of lines
35։
Binding

խաւաքարտեայ թղթակազմ, կիսակաշի։

State of preservation

գոհացուցիչ։

Copyist
Յայսմաւուրքս չունի գրչութեան թուական, Ղազար գրիչր, վկայաբանութիւններու աւարտին, բացի իր անունէն կը յիշէ ստացողին անունը՝ խոնայ Սիմաւոն։ Յաջորդաբար ձեռագիրս պատկանած է Գրիգոր Վոյթին, որ բազմաթիւ տեղեր, ստորին լուսանցքներու վրայ թողած է յիշատակագրութիւն՝ այսպէս. «նաեւ վերջին ստացողին գրոցս Գրիգոր Վոյթին, որ ի գերութենէ ազատեաց եւ ետ յիշատակ ի սուրբ խաչ եկեղեցւոյ Նասդուրին հոգւոյն»։ Վերջին ստացողը եղած է Մխիթարեան միաբան Հ. Բարսեղ վրդ. Լասլով կամ Նաստուրեան, որ նորոգած է ձեռագիրս, աւեյցնելով առաջին 66 էջերը, գրելով էջ 1.ի վրայ. «Այսմաւուրք նորոգեալ յամի Տեառն 1792, իսկ ըստ Հայոց ՌՄԽԱ, ձեռամբ Վ. Հ. Բարսղի Մխիթարեան վարդապետի»։
Owner

, ՆՈՐՈԳՈՂ

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

տարւոյն բոլոր օրերուն վկայաբանութիւններու առաջին տառը, երկու կամ աւելի գոյնով։

Images

օգտագործուած են լատինական տպագրութիւններ, որոնք գունաւորուած եւ յարմարցուած Յայսմաւուրքիս, ստէպ նաեւ իբր լուսանցազարդ։ - Նոյն ձեւով են նաեւ

Canon tables 1

Canon tables 2

։

Title text

կարմիր։

Blank pages

Colophon

1. Բազմաթիւ վկայաբանութիւններու աւարտին, բնագրին գրչութեամբ, կը գրտնենք հետեւեալը. «Սանաւանդ աստուածասէր խոճա Սիմաւոնին եւ ծնօղացն Բանաստուածատուրին եւ Մանանային եւ ամենայն արեան մերձաւորաց. նաեւ մեղաւոր Ղազար 2. Հտ. Բ., էջ 748. «Յիշատակարան Այսմաւուրքիս. ես Հայր Բարսեղ Լասլօֆի վարդապետ, ի միաբանութենէ Մխիթարեան, յամի Տեառն 1792, իսկ Հայոց ՌՄԽԱ. 1241 թուականութեան, օրինակելով զԱյսմաւուրքըս զայս ըստ պակասութեանց, որք կտրատեալ եւ քճքճեալ էին, լրացուցի եւ կատարեցի ի ձեռագիր Այսմաւուրքէ միոջ, որ է եկեղեցւոյն Կերլան Հայոց քաղաքի, եւ զայսօր անդ գտանի առ աւագերէց տեղւոյն։ Եւ այն Այսմաւուրք էր գրեալ բոլոր գրով, մաքուր ծաղկեալ գունագոյն ձագագրովք, ի թուականութեան Հայոց ՌՀԸ, այսինքն 1078 ( = 1629), յառաջնորդութեան Օլախաց երկրի Տէր Ղազար վարդապետի, եւ աւագերեցութեան Տէր Անդրէասին, ի քաղաքն Սօչով կամ Սեչովայ, ընդ հովանեաւ վանորէից Սուրբ Հաճ կատարի եւ Սուրբ Եւստռատիոսեանց եւ Սուրբ Լուսաւորչին, ձեռամբ մեղապարտ Սրապիոնի եւ Յովաթան Սարգիս դպրի, ի խնդրոյ որումն քահանայի Տէր Նիկողայոս անուամբ, որ էր յերկրէն Բաբերդու. ի գեղջէն Հէնտէու։ Հայր Բարսեղ Լասլօֆի Մեծաւոր վանուց Եղիսաբէթեան Կրօնաւոր եւ վարդապետ Մխիթարեան»։

Informations

Մատեանս պատկանած է Պաշպալովի Մխիթարեան վանատան, ուր վերջին ստացողներէն Հ. Զաքարեա Տոնոկանեան թողած է իր գրութիւնը՝ Ա. հատորի առաջին թուղթին վրայ. «## ##### #.#. 2####### ###### ## #######. #.#. 1809, 17։ ####տ###»։ Հուսկ անցած Վենետիկի Մատենադարանը։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, նոտրագիր, ամփոփուած երկու հատորներու մէջ։ Առաջին հատորը կը բովանդակէ Նաւասարդ Ա Քաղոց ԻԷ (Օգոստոս ԺԱ - Յունուար Դ) ամիսներու վկայաբանութիւնները, իսկ երկրորդը Քաղոց ԻԸ - Աւելեաց Ե (Յունուար Ե - Օգոստոս ժ) շրջանը։ Իւրաքանչիւր հատոր ունի սուրբերու անուանացանկ՝ այբուբենի կարգով։ Երկրորդ հատորը, իբր յաւելուած ունի, էջ 753-758, «Պատմութիւն զարմանալի սերտ սերտ բացվելու աչւինուն մէկ պատկերքի մը սուրբ կուսին Մարիամու, որն որ կու գտվի յԱնքոնայ քաղաքը, եպիսկոպոսական ժամին մէջ, յԻտալիայ»։ Նոյն գրութեան աւարտին կը կարդանք. «Տպեցաւ յԱնքօնայ քաղաք, յամի Տեառն 1796, Յուլիսի վեցն, որն որ գրեցաւ ձեռամբ Վ. Հ. Բարսղին Լասլօֆի, յամի Տեառն 1799, թարգմանեալ աշխարհաբար ի հայ բարբառ եւ ռամկական Թրանսիլվանիոյ»։

Content