979
762
1857։
շեղագիր։
թուղթ։
կիսալաթ ստուարաթուղթ։
բաւարար։
սեւ։
1847ին Ուխտանէսի Պատմութեան մէկ օրինակութիւնը Էջմիածնէն դրկուած է Բեդրպուրկի Ճեմարանը, որու քարտուղարը 1857ի Նոյեմբեր ամսուն նոյնը ղրկած է Վենետիկ. մեր միաբանները ընդօրինակելով՝ կազմած են ներկայ Ձեռագիրը, իսկ բնագիրը դարձուցած են Բեդրպուրկ։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1ա. «Պատմութիւն յերիս հատուածս արարեալ Տեառն Ուխտանիսի եպիսկոպոսի, ի խնդրոյ Հաւրն Անանայի Նարեկավանաց առաջնորդի եւ նախաշար վարդապետի. հատուածն առաջին՝ Յաղագս թագաւորաց եւ հայրապետաց մերոց, եւ երկրորդն վասն բաժանման վրաց եւ երրորդն յաղագս մկրտութեան ազգին այնմիկ Ծադն կոչեցեալ»։ 2. Թղ. 2ա. Գլուխ Ա. «Պատասխանի թղթոյն Անանիայի եւ խոստումն կատարել զհայցուածս նորա. Զառ ի Հաւրն լուսոյ շնորհաց ընդունակի եւ զմիածնի բանի նորա բնակարանի...»։ - Վերջ թղ. 66ա. «(Գլուխ Հ). ... այլ եւ ամուսնութեամբ ամենեւին հեռանալ. բայց միայն գնել ինչ եւ կամ գնոյ» կ աւարտի օրինակը։ Հմմտ. «Ուխտանէս Եպիսկոպոս, Պատմութիւն Հայոց», Վաղարշապատ, 1871։ Հրատարակութիւնը կատարուած է ԺԱ-ԺԲ դարու բոլորգիր օրինակէ, որմէ օրինակուած է նաեւ մեր Ձեռագիրը, որովհետեւ երկուքին մէջ ալ Գլուխ Հ կը մնայ անաւարտ։