977
1669
1847։
շեղագիր։
թուղբ, բարակ։
կիսակաշի ստուարաթուղթ։
բաւարար։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ։ -
Բովանդակութիւն. Մինչեւ 1847 թուականը Ս. Ղազարի Մատենադարանը ունեցած է Ստեփանոս Սիւնեցի Օրբէլեանի թիւ 1402 Ձեռագիրը (տե՛ս Պտմգր. Հյց. ԺԲ.), որ թերի ըլլալով՝ միջանկեալ կը պակսէին շատ մը գլուխներ։ Ներկայ հատորը օրինակութիւնն է այդ թերի մասերուն։ Գրչագրիս սկիզբը Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այվազովսկի կը գրէ. «Պակասորդք Պատմութեանն Սիւնեաց, գաղափարեալք յօրինակէն Փեթրպուրկոյ, գրելոյ ի Մկրտիչ Վրդ.է Աշտարակեցւոյ, ի վանս Էջմիածնի, յամի 1839. որովք լրանայ թերի գրչագիրն մեր յԱ. օրինակի։ Գրեցան պակասորդքս ի վարժարանեայց ԻԱ դասուն, ի Գրչագիրս համեմատելով 1859ին Փարիգ տպագրուած երկհատոր «Ստեփաննոս Օրբէլեան» Պատմութեան հետ, աւելի կը գտնենք, 1. Էջ 190. «Տաթեւու թեմի պտուղն է այս», եւ կու տայ տասն հինգ գաւառներու ցանկը, իւրաքանչիւրը իր գիւղերով եւ եկեղեցւոյ հարկերով։ 2. Էջ 193. «Զայս Յովհաննէս վարդապետի դաւթարիցն առեալ աստ գրեցաք, թվին ՌՃՀԹ (1730), որ Երեմիա վարդապետին գրեալն թվին ՌՃԽԱ Մայիսի Ժ էր Տաթեւու վանքին բահրէքն, որ է մուլքն, ես Տէր Աղեքսանդըս գրեցի յայն սիայիցն. Տաթեւ. իդ բեռն ցորեան եւ դ լիդր մեղր տան...»։ 3. Էջ 194. «Սրբոյ Աթոռոյս արտօրէիցն անուանքն եւ որքանութիւն տանելութեան նոցին են այսոքիկ. Սատանայի կամուրջի բերանն, տեղի...»։ 4. Էջ 195. «Այլ եւ սրբոյ Աթոռոյս այգիքն եւ հնձանքն են այսոքիկ...»։ 5. Էջ 195. «Այլ արդ ճառեալ մինչեւ ցայս վայր զմարմնական կալուածոց, գաւառաց եւ արտորէից եւ զայլոց իրաց, ժամ է այսուհետեւ դառնալ ի հոգեւորն կոյս եւ զհամայն ի թեմի եւ ի վիճակի մերում միջի կառուցեալ վանս եւ անապատս թվել, որք ներկայապէս շէն են Աստուծով, նաեւ վերջապէս զՍուրբ Աթոռոյս եպիսկոպոսացն կարգս շարել։ Արդ Սրբոյ Աթոռոյս ի բոլոր թեմի եղեալ վանք եւ անապատք են սոքա. Մեղրու սուրբ Յովհաննէս...»։ Վանքերու անունները թուելէ ետք կու տայ եպիսկոպոսներու անունները եւ անոնց գործունէութիւնը (հմմտ. տպ. Հտ. Բ., է։ 274-294)։ 6. Էջ 203. «Տաթեւու վանից սուրբ տաճարի հարաւային սեան վերայ արձանագրի օրինակն է. Այս գիր յիշատակի եւ արձան անջնջելի է...»։ 7. Էջ 205. «Այս է արձանագիր մեծի իշխանիս Օրբելի որ գրեցաւ ի վերայ շիրմի իմոյ. Երկրպագողք աստուածընկալ սուրբ խաչիս, խնդրեմք ի ձէնջ...»։ 8. Էջ 207. «Իսկ Սրբոյ Աթոռոյս բոլոր թեմի եւ վիճակի եղեալ տասնեակ գաւառքն եւ գիւղք նոցին, որք ներկայապէս շէն են, նաեւ պտուղ նոցին, այսոքիկ են սորս ի ստորեւդ շարեցից. Ծղու գաւառ՝ որ ունի գիւղս իդ. այսինքն՝ Տաթեւ, Ըղուէրձ էռ...»։ 9. Էջ 209. «Ի 1837 ամի ժողովուրդք Սիւնեաց վիճակի, որ ի ժամանակս Խադմ Շահին փախստական եւ գերի անկեալ ի տէրութիւնն Օսմանեան եւ գնացեալ անդ ի Էօդէմիշ քաղաք զկայ առեալ տնաւորեալ, ձեռամբ Տաթեւացի մէլիք Քէօլեան պարոն Ղազարին եւ Խնձորկեցի Առաքելեան մահտեսի պարոն Յովսէփին ի գիւղն Ինջափուղարին...»։ 10. Էջ 210. «Խրատ վասն կիւրակէի ամենայն քրիստոնէի. Խօսք տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի որ առաքեցաւ ի տաճարըն Քրիստոսի. Ես Պապ Հռոմայ քաղաքի, եկի ի տաճարն կալ յաղօթս, օրհնեցի զԱստուած եւ ասացի...»։ -Վերջ էջ 215. «Պահապան լիցի բան քո եւ հրամանքս այս այնոցիկ որ ուղղափառութեամբ խոստովանին եւ հաւատան ի Քրիստոս Յիսուս ի տէր մեր, որում...»։ 11. Էջ 215. «Իսկ բարեպաշտօն եւ քրիստոնեայ իշխանքն որք ի Փոքրն Սիւնիս, այսինքն յերկիրն Աղուանից ի ժամանակ սոյն օգոստափառ Իբրահիմ խանին, որք են ամենեքեան ընդ հրամանաւ սորա, իբրեւ զամպ գոռայր եւ խրոխտայր ի վերայ աւազակաց եւ անհնազանդից եւ երկուցեալ բովանդակելոց ի ծամակուր եղեալ, վասն որոյ գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակէին։ Բարեպաշտօն իշխանք Աղուանստանու Մելիք Շահնազարն, որ է այր քաղաքական եւ յոյժ հանճարեղ...»։ - Վերջ էջ 220։ Մելիքներու ցանկին մէջ կայ նաեւ համառօտ կենսագրութիւնը Աշտարակեցի Մըկրտիչ Վրդ. Անանեանի եւ Աստապատեցի Աբրահամ վարդապետի։