595
2046
գեղեցիկ տպագիր անուանաթերթին վրայ գրուած է. «Ձայնքաղ Շարական, արարեալ յերջանիկ եւ աստուածարեալ Հարցն մերոց վարդապետաց, գրեալ յամի Տեառն 1781»։
նոտր։
46։
թուղթ։
խաւաքարտ կաշեպատ, ոսկեգոյն փառակազմ դրոշմանիշերով, կեդրոնը խաչ, նոյն ոնով են երկու կողքերը։
շատ լաւ, իւրաքանչիւր էջ առնուած է շրջանակի մէջ, միջանկեալ բաժանումներու համար օգտագործուած են տպագիր զարդեր։
օգտագործուած են ԺԸ դարու մէջ գործածուած տպագիր սզբնատառերու կաղապարներ, թռչնագիր եւ ձկնագիր, միշտ սեւ մելանով։ Նոյն ոնով են երկաթագիր սկզբնատառերը։
չկան։
80ի չափ տըպագիր նկարներ, մեծ թիւով փոխ առնուած են Մխիթար Արբահօր 1733ին հրատարակած Աստուածաշունչի նկարները, ինչպէս նաեւ ժԸ. դարու այլ տպագրութիւններ, ըլլա՛ն անոնք հայկական, ըլլա՛ն եւրոպական։
տպագիր են, առնուած ուրիշ տպագրութիւններէ։
տպագիր նկարներու կռնակները, ինչպէս նաեւ էջ 791-800։
չունի։
Ձեռագիրին անուանաթերթին յաջորդող չթըւարկուած թուղթին վրայ գրուած է. «Յիշատակ ի Վ. Հ. Ղեւոնդ վարդապետէ, 1874», իսկ քիչ անդին գրուած է. «Գրատան Հ. Յուսկան». կրնանք եզրակացնել որ 1874ին Հ. Ղեւոնդ Ալիշան ձեռագիրս յիշատակ տուած է Հ. Յուսիկ Մեհրապեանի», որու մահէն ետք ձեռագիրս անցած ըլլալու է Մատենադարան։ Մատեանս է Շարակնոց, պատրաստուած Մխիթարեան միաբանէ մը, առօրեայ գործածութեան համար. նորութիւն մը չբովանդակելուն՝ կու տանք միայն գլխաւոր բամանումներու ցանկը. 1. Էջ 1. «Կանոն հրաշափառ ծննդեան սուրբ Աստուածածնի»։ 2. Էջ 137. «Կանոն Բուն Բարեկենդա3. էջ 305. «Կանոն կենսարեր Յարու4. էջ 489. «Կանոն Այլակերպութեան 9. էջ 531. «Կանոն նաւակատեաց սուրբ 6. Էջ 647. «Կանոն համօրէն Մարտիրո7. Էջ 707. «Կանոն համօրէն ննջեցե5. Էջ 765. «Կանոն աւագ Օրհնութեան Յարութեան Տեառն»։ 9. Էջ 801. Յաւելուած երեք թուղթերու վրայ. «Ի տօնի մարմնոյ եւ արեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»։ - «Տաղ առ սուրբ հաղորդութեան. Մայր հաւատոյ...»։ - «Տաղ շնորհակալութեան. Ըզքեզ Աստուած գոհաբանեմք...»։ - «Տաղ խաչելութեան Քրիստոսի. Աստուածածին կոյսն Մարիամ կայր առ խաչին...»։