— - Bibliographic notice
1057
ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԻԹ
ՌՄԺԱ = 1762 - ՌՄԺԱ = 1762

ID
Number
1057
Old record number
603
Title
ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԻԹ
Start date
ՌՄԺԱ = 1762
End date
ՌՄԺԱ = 1762
Date details

ՌՄԺԱ 1762։

Copy place
Պոլիս։
Reference
Type
Number of pages
415
Dimension
15x21
Layout
միասիւն (8x12), որ առնուած է ոսկի շրջանակի մէջ, որու մեծութիւնն է 8,8x12,8։
Writing details

բոլորգիր մանը եւ նուրբ։

Codicology

չեն նշանակուած։

Principal subject
Subject details

թուղթ փայլուն եւ ընտիր, մագաղաթանման։

Number of lines
24։
Binding

ստուարաթուղթ կաշեպատ, ոսկեայ ծաղկեայ գեղեցիկ զարդերով, որոնք դրոշմուած են մամուլով։ Պոլսոյ մէջ եղած ըլլալով՝ կայ ազդեցութիւնը տեղական արուեստին։ Աստառը կարմիր նուրբ կաշի, ոսկեգիծ զարդերով, որոնք ցոլացումն են կողքերուն վրայի ոսկեայ զարդերուն։ Կռանկի կողմէն մաշած ըլլալով՝ առաջին կողքը տկար կերպով միացած է ձեռագրին։

State of preservation

շատ լաւ, ընտիր եւ մաքուր, գեղարուեստի գլուխ գործոց մը։

Copyist
եւ
Owner

մահտեսի Յարութիւն, որդի մահտեսի Ալեքսան ամիրայի։

Commanditaire
Illuminator
Մարտիրոսի որդի Յօհաննէս Պէկղօղեցի։
Binder
Parchment flyleaf

չունի, որոնց փոխարէն կայ դատարկ թուղթ մը։

Lettrines

Initials

ոսկեգիր երկաթագիր։

Marginal illuminations

բազմաթիւ, բոլորն ալ ծաղիկներ ու վարդեր, բազմագոյն եւ նուրբ գիծերով, ամենաճարտար նկարիչի մը հանճարէն բղած։ Մեծ լուսանցազարդեր կան միայն էջ 3 եւ 329։

Images

երկու հատ. էջ 2, մեծութիւն՝ 8,5x13. կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Նարեկացի՝ ծնրադիր, գորգի վրայ, վեղարը գլխուն, մութ կապոյտ փիլոնով, կուրծքին վրայ գրուած է «6Ս»։ Դիմացը կայ պարզ սեղան մը, վրան բաց գիրք մը, կաղամար՝ գրիչով։ Սուրբը ծնրադրած է Ս. Աստուածածնի խորանին դիմաց, ուր Ս. Կոյսը կանգուն է, գիրկը Յիսուս մանուկ. խորանին կեդրոնը կայ վառած մոմ մը՝ աշտանակով։ նկարին վերի կեդրոնէն, ամպերու մէջ կայ Ս. Հոգին, աղաւնիի կերպարանով, որու ճառագայթները կ'իջնեն սուրբին վրայ։ Երկրորդ նկարը, էջ 328, Ս. Աստուածածնի նուիրուած Բան Ձ.ին դիմաց, կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր նարեկացին, ծնրադիր գետնի վրայ, կապոյտ փիլոնով, ձեռքերը միացած՝ աղօթելու դիրքով, գլխուն կուլակ։ Խորքին վրայ կը տեսնուի ծովը, ոսկեսիւն կամարներու մէջ, կարմիր վարագոյրը հաւաքուած մի կողմ։ Սուրբին դիմացը ամպերու մէջ կը տեսնուի Ս. Աստուածածին, կէս մէջք, կարմիր զգեստով եւ կապոյտ քօղով՝ որ կը ծածկէ գլուխը եւ մարմինը, գիրկը ունենալով կարմրազգեստ Յիսուս, որ ձախ ձեռքով բռնած է գիրք մը։ Երկու նկարներն ալ ամենայաջող են գոյներով, ներդաշնակութեամբ, որոնց նմանը դժուար է գտնել այս դարուս նման ձեռագիրներու մէջ։

Canon tables 1

էջ 3։

Canon tables 2

էջ 329։

Title text

կարմիր եւ կապոյտ։

Blank pages

էջ 1, 416։

Colophon

Բնագրին գրչութեամբ. 1. Էջ 414. «Յիշատակարան գրել տուողի մատենիս. «Անհնագոյն գոհութիւն, մշտափափաք փառատրութիւն եւ եռանդաբորբոք երկրպագութիւն եռանձնեայ միութեան իսկականի բարւոյն անեղի՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, յորմէ՝ որով՝ եւ յորում գոյացեալ համայն գոյաւորութիւնք խնամարկին կարգադրին եւ տնօրինին ըստ պէսպէս օգտակար ներգործութեանց իւրեանց ի մերս բանեղինաց պիտոյս՝ ըստ տարազու բարեբաշխ իւրոյն կամաց աստուածայնոյ։ «Որ եւ զի բարեգործութեանց, զփանաքիմաց չնչին Կամրկապացի մահտեսի Ալեքսան ամիրայիս զյետնեալս ի շնորհաց եւ զվերջացեալս յամենայնից որդի մահտեսի Յարութիւն, բազմամեղ ծառայս իւր նուաստագոյն, ըստ իւրում անհուն պարգեւացն արժանի արար յաւէտ բաղձանօք կաթոգին եւ խանդակաթ լինիլ ի սէր ընթերցման Աղօթական բանից հրեշտակակենցաղ եւ սրօբէավար սրբազան հօր մերոյ Գրիգորի Նարեկացւոյ գերապանծի վարդապետի, որոյ ընտիր բանիցն զգործունէութիւն առ հոգեկան եւ մարմնական ախտս կրից՝ իբր զդեղթափ ինչ թունահալած ազդու լինիլ, ընդ իս գրեթէ բոյլք համայն մտերիմ փորձառութեանց լու ի լու վկայեն ներկայապէս, եւ տակաւին (ըստ որում հաւատամ) վայելեսցեն եւ առ յապայն։ «Ուստի առ ի տալ իմ զհեշտալի զովացումն պասքեցման սրտի իմոյ երիթացելոյ եւ առ ի կցորդել զիս նաեւ այլոց ջերմեռանդ ընթերցասիրացն ըղձանաց, ստիպեցայ ի սիրոյ ստանալ զհոգեկեցոյց սոյն մատեան ի յազնիւ քարտէզս՝ գեղեցկատառ գծագրութեամբ, ոսկենկար յօրինուածովք եւ պերճապաճոյճ երփնագեղութեամբ, ի ձեռն ումեմն յարմարագիր նօտարի եւ օրինաւոր ծաղկանկարի, որում հանդիպօղքդ աչօք իսկ տեսանէք։ Վասն որոյ խնդրեմ աղերսանօք ի հանդիպողացդ ի յայս հոգելից մատեան եւ յընթերցողացդ զսոյն համառօտ յիշատակարան, առ Տէր յիշման արժանի համարիլ զվերոյ գրեալ հայրն իմ զհանգուցեալ մահտեսի Ալեքսան ամիրայն, միով Հայր մերիւ. ամէն։ Յարութիւն»։ 2. էջ 415. «Յօրինեալ եւ գծագրեցեալ բազում աշխատութեամբ ի Մարտիրոսի որդի Յօհաննիսէ անիմաստ նօտարէ եւ յետին ծաղկանկարէ Պէկղօղեցւոյ, ի թուականի հայոց ՌՄժԱ (1762) ի Յունվարի 6»։

Informations

գնուած է Մխիթարեան միաբաններու ձեռքով, ի Պոլիս, 1886ին։ Մատեանս է Գրիգոր նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեանը, ընտիր եւ մաքուր ընդօրինակութեամբ, իւրաքանչիւր էջ ոսկեայ շրջանակով եւ սքանչելի լուսանցազարդերով։ Ունի հետեւեալ կարգը. 1. Էջ 3. «Դրունք աղօթից, յոգնաթախանձ բանից ողբերգականաց, յանձնառութիւնք կամաւորականք եւ ցուցմունք ծածկելոց, հառաչանք եւ հեծութիւնք ի դիմաց ամենից անձանց, ասացեալ սրբոյն Գրիգորի Նարեկայ վանից վանականի եւ ճգնասէր հսկողի, ի խորոց սրտից խօսք ընդ Աստուծոյ։ Գլուխ առաջին. Ձայն հառաչանաց հեծութեան ողբոց, սրտից աղաղակի, քեզ վերընծայեմ, տեսօղդ գաղտնեաց»։ Էջ 3. Բան Ա. - էջ 402. Բան ՂԴ։ 2. Էջ 402-413. «Ի փայտն երջանիկ բարեբաստութեան ժամահարի խորհրդածութեան, աղաչանս եդեալ ընդ կերպարանս թարգմանութեան. Գոհանամ զքէն բարերար, միայն մարդասէր, արարիչ երկնի եւ երկրի, Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ, այն ինչ զարթուցեալ անձկութեան սիրոյ քո յիշատակի...»։

Content