Other notices
— - Bibliographic notice
726
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Ա
1310 - 1320

ID
Number
726
Old record number
710
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Ա
Start date
1310
End date
1320
Date details

բացայայտ չէ նշանակուած, սակայն այնու որ ձեռագիրս օրինակուած է Օշին թագաւորի համար, եւ յիշատակագրութիւններու մէջ կը յիշատակուի նաեւ «դեռաբոյս որդին Լեւոն», որ ծնած է 26 կամ 27 Մայիս 1310ին, իսկ Օշին թագաւոր մեռած է 1320ին, կը համարինք որ այդ տարիներուն գրուած ըլլայ այս արքայական Յայսմաւուրքը։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
664
Dimension
22x 29,5
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 7x23։
Writing details

Codicology

59, որոնցմէ ա եւ ծը ունին 8 թղ., լ եւ լր՝ 11 թղ., իը, 1գ-դ, Խ, ց խբ-գ, խե-զ, խը-թ, ծա, ծր-զ ունին 10 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրն ունի 12 թղ.։

Principal subject
Subject details

մագաղաթ նուրբ եւ ընտիր։

Number of lines
29։
Binding

փայտեայ (հաստ) կաշեպատ, դրոշմանիշ, որոնք գործածութեան եւ հնութեան պատնառով մաշած են։ Առաջին կողքի կաշին կիսով չափ ծածկուած է նորագոյն կաշիով։ Երկու կողքերն ալ ներքին կողմէն ծածկուած են նուրբ դեղին մետաքսով։ Ունի փակիչ կաշին, որմէ մաս մը կորած է. երեք գոցելու ականջները ինկած են եւ մնացած են հետքերը։

State of preservation

գոհացուցիչ. ենթարկուած է նորոգութեան, անջատուած թուղթերը խնամքով միացած են իրարու՝ նորոգողին խնամքով, որ կտրած ատեն վնասած է ստորին լուսանցքին վրայ գրուած յիշատակագրութիւններուն։ Վարի անկիւնի լուսանցքները՝ գիրքին գործածութեան պատնառով բաւականաչափ թխոտած եւ վնասուած են, որոնք նորոգողը ամբողջացուցած է։ Ձեռագրիս բովանդակութիւնը ունենալով Լատին եւ Յոյն եկեղեցիներու սուրբերու վկայաբանութիւններ, յետագայ ձեոք մը կամաւոր կերպով ուզած է ջնջել այդ հատուածները, եւ կամ թուղթեր կպցուցած է անոնց վրայ, որոնք ինկած են եւ գրութեան մասը անցած է բնագրիս վրայ։ Այս պատճառով Յայսմաւուրքս բաւական վնասուած է։ Երբեմն սեւ մուրով աղտոտած են ամբողջ հատուած մը՝ անտեսանելի դարձնելով բնագիրը (տե՛ս Թղ. 528ա, 529բ...)։ Թուղթ ինկած է ընդ մէջ՝ թղ. 8-9, 647-8։ Ձեռագիրս պակասաւոր է թէ՛ սկիզբէն եւ թէ վերջաւորութեան։

Copyist
Գրիգոր դպիր։
Owner

Օշին թագաւոր եւ իր որդին՝ Լեւոն «Դեռաբուսիկ»։ Ապա պատկանած է Կոստանդին կաթողիկոսի, սակայն չէ կարելի նշտել թէ որն է, քանի ոչ մէկ բացայայտիչ տուեալ ունինք, ու նորոգոյն ժամանակներու մէջ կը յիշատակուի Ղուկաս կաթողիկոս, որդի Տէր Յուսիկ քահանայի։

Commanditaire
Illuminator
անչայտ, հաւանաբար գրիչը։
Binder
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

տարւոյս բոյոր օրերու վկայաբանութիւններուն առաջին տառը, միագոյն կարմիր, շատ ճաշակաւոր եւ յաջող զարդերով, սովորաբար թռչնագիր։ Նոյն ոճով են նաեւ բոլոր լուսանցազարդերը, գեղեցիկ ու շատ նուրբ։

Images

Canon tables 1

չկան։

Canon tables 2

իւրաքանչիւր նոր ամիս սկսելուն, կարմիր մելանով, փոքրադիր ու նուրբ զարդերով, Յարտար գրիչի արդիւնք։

Title text

կարմիր մելանով են։

Blank pages

չկա6։

Colophon

1. Թղ. 4բ2. «Տէր Աստուած, բարեխաւսութեամբ սուրբ ծնաւղին քո եւ Սիմէոնի Սիւնակեցոյն, որոյ այսաւր է յիշատակ, աւգնեա՛ թագաւորիս մերոյ Աւշնի եւ դեռաբոյս մանկանն իւրոյ Լեւոնի եւ բազմամեղ գրչիս Գրիգորի դպրի»։ 2. Թղ. 10բ2. «Քրիստոս Աստուած, ողորմեա՛ ստացողի գրոցս բարեպաշտ թագաւորիս մերոյ Աւշնի եւ դեռաբոյս մանկանն իւրոյ Լեւոնի եւ ծնաւղաց իւրոց եւ բազմամեղ գրչի Գրիգորի դպրի, եւ պատուական քահանայի եւ աւագ երիցու թագաւորին Թորոսի եւ ծնաւղաց իւրոց»։ 3. Թղ. 12բ2. «Քրիստոս կեցո՛ զթագաւորն մեր Աւշին եւ զանդրանիկ մանուկն իւր Լեւոն եւ պահեա»։ 4. Թղ. 38բ1. «Մայր սուրբ, բարեխաւսեա՛ առ Քրիստոս վասն բարեպաշտ եւ տաւնասէր թագաւորիս Աւշնի յաղթող լինել ընդդէմ հակառակորդ թշնամեաց խաչին Քրիստոսի, եւ ընթերցողաց եւ լսողաց եւ գրողի պատմութեանցս ողորմեսցի Տէր. ամէն»։։ 5. Թղ. 46ա1. «Սուրբ Խաչիւ քո, Քրիստոս Աստուած, եւ ամենայն սրբոց բարեխաւսութեամբ, պահպանեա՛ զբարեպաշտ թագաւորն մեր Աւշին եւ դեռաբոյս մանուկն իւր Լեւոն, եւ ողորմեա՛ հանգուցեալ ծնաւղաց իւրոց, եւ ի Քրիստոս հանգուցելոց եղբարց իւրոց։ Եւ բազմամեղ գրչի Գրիգորի դպրի եւ ծնաւղաց իմոց եւ ամենայն հաւատացելոց ի քեզ, ողորմեա՛ Քրիստոս Աստուած եւ քեզ փառք այժմ եւ միշտ»։ 6. Թղ. 380բ2. «Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած, բարեխաւսութեամբ սրբոց քոց որք յայսմ ամսեանս յիշատակեցան, ողորմեա՝ աստուածասէր թագաւորին մերոյ Աւշնի եւ դեռաբոյս մանկանն իւրոյ Լեւոնի, եւ այց արայ հոգւոց ննջեցելոց, հարց եւ եղբարց եւ թագուհեաց՝ նախնեացն իւր։ Եւ ողորմեա՛ աւագ իրիցու թագաւորին Թորոսի եւ ծնողաց իւրոց։ Եւ բազմամեղ գրչի Գրիգորի դպրի եւ ծնաւղաց իմոց, եւ ամենայն հաւատացելոց եւ որոց զամէնն ասեն. ամէն։ Եւ քեզ փառք ընդ Հաւր եւ ընդ սուրբ Հոգւոյդ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ 7. Թղ. 488բ. Կոստանդիանոս թագաւորի վարքին աւարտին. «Քրիստոս թագաւոր անմահ եւ յաւիտենական, զաւրացո՛ զհաւատարիմ ծառայն քո զթագաւորն Հայոց Աւշին, որպէս զմեծն Կոստանդիանոս, եւ ողորմեա Թորոս Աւագերիցուն եւ Գրիգորի գրչիս»։ 8. Բազմաթիւ թուղթերու ստորին լուսանցքներուն վրայ կը գտնենք Կոստանդին կաթողիկոսի յիշատակագրութիւնը՝ գրուած միշտ նոյն բանաձեւով. «Քրիստոս Աստուած, քոյ սուրբ ծընաւղին բարեխաւսութեամբն եւ ամենայն սրբոց քոց, արայ ողորմութիւն ստացաւղի գըրոցս Տէր Կոստանդին կաթողիկոսին, եւ թողութիւն շնորհեայ ամենայն յանցանաց իւր եւ ծնաւղացն եւ իւր ամենայն արեան մերձաւորացն»։ Ստորին լուսանցքներուն վրայ, վարժ բոլորգրով, տարւոյս զանազան օրերուն մէջ մահացած արքունական անձերու յիշատակութիւնը կը կատարուի, առանց նշանակեյու մահուան տարեթիւը։ Հետեւելով ձեռագրիս կարգին՝ ունինք հետեւեալ յիշատակութիւնները, որոնք երբեմն կը մնան կիսատ՝ ստորին լուսանցքը կտրուած ըլլալուն համար։ 9. Թղ. 79բ. Հոկտեմբերի Գ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս Տամուժէլ անաւթն թոռն Լեւոն թագաւորին եւ դուստր Սրոյ տիրոջն, որոյ ողորմեսցի Տէր Յիսուս»։ 10. Թղ. 119ա. Հոկտեմբերի ԻԶ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս թագաւորն Հայոց Հեթում, Լեւոն թագաւորի հայրն, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս Քրիստոս»։ 11. Թղ. 165ա. Նոյեմբերի ժի. «Յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս ի ձեռաց անաւրինաց աւագ պարոն Հայոց՝ Պարոն Հեթում, որդի երկրորդ Լեւոն թագաւորին, եւ ի յիւր ընկերութիւնն» կը մնայ կիսատ։ 12. Թղ. 200ա. Դեկտեմբերի Բ. «Յայսմ աւուր, շընորհաւք Սուրբ Հոգւոյն եւ հաւանութեամբ ամենայն ուղղափառ եպիսկոպոսաց եւ ամենայն քրիստոնէից նստաւ յաթոռ առաքելական եւ հայրապետական սրբոյն» կը մնայ կիսատ։ 13. Թղ. 201բ. Դեկտեմբերի Դ. «Եւ յայսրմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս տիկին Ֆիմի կրաւնաւոր, քոյրն Լեւոն թագաւորին եւ տիկին Մարիունն, քոյրն Կեռան թագուհէ»։ 14. Թղ. 213բ. Դեկտեմբերի Ժ. «Եւ յայսըմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս բարի ճգնութեամբ ամենամեծ թագուհին Յունաց, դուստըր Հայոց թագաւորին Լեւոնի, Ըռիթայն, որ կայ ի Կոստանդինու» կը մնայ կիսատ։ 15. Թղ. 264բ. Դեկտեմբերի ԻԷ. «Յայսս աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս իմաստուն եւ հանճարեղ երաժիշտն Թորոս աւագերէցն Թափրոնց, ի թվ. ՉՂԱ ( = 1342). ի Դեկտեմբերի Իէ, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս Քրիստոս. ամէն»։ 16. Թղ. 309ա. Յունուարի ԺԵ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս պարոն Ըռիմունդ սինիջեալ, որոյ ողորմի նմա Տէր Յիսուս»։ 17. Թղ. 320բ. Յունուարի ԻԲ. «Եւ յայսմ աւուր հանկեաւ ի Քրիստոս Զապէլ թագուհի առաջինն, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս Քրիստոս»։ 18. Թղ. 325ա. Յունուարի ԻԳ. «Եւ յայսմ աւուր հանկեաւ ի Քրիստոս պարոն Թորոս, Լեւոն թագաւորի եղբայրն, որ սպանաւ ի յանաւրինաց, որոյ...»։ 19. Թղ. 340բ. Փետրուարի Ա. «Յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս պարոն Ըռովբէն, յազգէն Բագրատունաց, որ է արզ Կիւլիկիայ եւ կա(յ) ի Կաստաղաւնն»։ 20. Թղ. 343բ. Փետրուարի Բ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս պարոն Թորոս, որոյ...»։ 21. Թղ. 345բ. Փետրուարի Գ. «Եւ լայսմ աւուր հանգեաւ, ի Քրիստոս պարոն Ստեւֆանէ, որոյ...»։ «Եւ ի նոյն աւուր հանգեաւ ի, Քրիստոս ներսէս ավաքերէցն» կը մեայ 22. Թղ. 348բ. Փետրուարի Զ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս Լեւոն թագաւոր երկրորդն, որոյ...»։ 23. Թղ. 362բ. Փետրուար ԺԶ. «Եւ յայսմ ... պարոն Լիկոս, որոյ...»։ 24. Թղ. 389բ. Մարտի Զ. «Եւ յայսմ... Սմբատ թագաւորն, որդի երկրորդ Լեւոն թագաւորի եւ կա(յ) ի Ներքբունթն»։ 25. Թղ. 393բ. Մարտի Ը. «Եւ յայսմ աւուր փոխեցաւ ի Քրիստոս պարոն Կոստանդին, որդի Լեւոն թագաւորի, եւ կա(յ) ի Կոստանդինուպաւլիս»։ 26. Թղ. 429ա. Ապրիլի Ա. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս Ստեփանոս երէց, ավաքերիցու որդին, որ էր այր բարի եւ ողորմած եւ ժիր ի տուրս աղքատաց, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս, եւ էր թֆականն Հայոց ՊԾԸ ( = 1409), եւ պատկեր աւուրն էը։ կը մնայ կիսատ։ 27. Թղ. 433ա. Ապրիլի է. «Եւ յայսմ... տղայն Ստեֆանէ, որդի երկրորդ Լեւոն թագաւորի եւ կա(յ) ի Դրազարկն»։ 28. Թղ. 446բ. Ապրիլի ԺԹ. «Եւ յայսմ ... Տէր Բարսեղ արքեպիսկոպոսն Դրազարկուն, որդի Աւագ Պարոնին»։ 29. Թղ. 457ա. Ապրիլի ԻԶ. «Եւ յայսմ... պարոն Հեռին, որոյ...»։ 30. Թղ. 465ա. Մայիսի Բ. «Եւ յայսմ... առաջին թագաւոր Հայոց Լեւոն, որոյ...»։ 31. Թղ. 466ա. Մայիսի Գ. «Եւ յայսմ... բարեպաշտ թագուհին Հայոց երկրորդ Զապէլն, որոյ...» 32. Թղ. 469բ. Մայիսի ԻԹ. «Եւ յայսմ ... թագաւորն Հայոց Գագիկ, որ սպանաւ յորդոցն Մաթաէլի»։ 33. Թղ. 470բ. Մայիսի Ե. «Եւ յայսմ... քաջ եւ յաղթող պարոն Ըռովբէնն, ազգականն թագաւորին Գագկայ»։ 34. Թղ. 472բ. Մայիսի Զ. «Եւ յայսմ... պատուելի քահանան Ներսէս, որդի Լեւոն թագաւորին, որոյ...»։ Անկախ այս յիշատակութենէն, Յայսմաւուրքիս բնագրին մէջ ալ, ի շարս սուրբերու, Մայիս Զ. վկայաբանութիւններու աւարտին կայ հետեւեալը. «Յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս նորընծայ քահանայն Ներսէս, որդի թագաւորին Հայոց Լեւոնի» (Թղ. 471ա9)։ 35. Թղ. 473բ. Մայիսի Ը. «Եւ յայսմ... պարոն Լեւոն, եղբայրն պարոն Թորոսի, որ36. Թղ. 476բ. Մայիսի Ժ. «Եւ յայսմ... պատանին Ըռովբէն, որդի Լեւոն թագաւո37. Թղ. 477բ. Մայիսի ԺԱ. «Եւ յլայսմ շ.շ պարոն Թորոս, որդի պարոն Լեւոնի, որոյ...»։ 38. Թղ. 494բ. Մայիսի ԻԷ. «Եւ յայսմ... պարոն Կոստընդին, որդի Ըռովբէնին, որ39. Թղ. 520բ. Յունիսի ԺԹ. «Յայսմ աւուր... բարեպաշտ թագաւորն Հա(յ)ոց Աւշին, որոյ...»։ 40. Թղ. 524ա. Յունիսի ԻԱ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս Կոստընդին երէց ճռզածենց, որոյ ողորմեսցի նմայ Տէր Յիսուս Քրիստոս։ Եւ էր թֆականն Հայոց ՊկԵ ( = 1416), եւ պատկեր աւուրն էր յերկուշաբաթ։ Արդ աղաչեմ զձեզ, վասն սիրոյն Քրիստոսի, թողութիւն խնդրեցէք յԱստուծոյ, եւ Աստուած ձեզ յիշողացդ պարգեւ» 41. Թղ. 530բ. Յունիսի ԻԶ. «Եւ յայսմ... աւագ Լեւոն թագաւորի դստեր Քնտիկին Զապլուն, եւ տիկին Սպիլն եւ տիկին Ֆիմին, որոյ...»։ 42. Թղ. 552բ. Յուլիսի ԺԲ. «Եւ յայսմ... պարոն ձապլուն, Լեւոն թագաւորին դուստ43. Թղ. 562բ. Յուլիսի ԺԴ. «Եւ յայսմ... Տէր Ներսէս լամբրունցին, սուրբ հայրն արքեպեսկոպոսն»։ 44. Թղ. 568ա. Յուլիսի ԺԸ. «Յայսմ աւուր... աստուածասէր եւ բարեբարին հանգուցեալ հոգին Մարիւն»։ 45. Թղ. 576բ. Յուլիսի ԻԳ. «Եւ յայսմ... պարոն Թորոս, Լեւոն թագաւորին որդին, որ սպանաւ ի Բարձրբերդ, որոյ...»։ 46. Թղ. 579բ. Յուլիսի ԻՉ. «Եւ յայսմ... պարոն Ոյկն (Պարոնո՞յկն), թոռն Լեւոն թագաւորին եւ որդի Սրոյ տիրոջն, որոյ...»։ 47. Թղ. 583ա. Յուլիսի Իէ. «Յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս բարեպաշտ եւ աստուածասէր եւ ողորմածն Կոստանդին թագաւորին մայրն, տիկին Մարիուն, որոյ ողորմեսցի նմայ Տէր, թվին Հայոց ՊԱ ( = 1351), պատկեր աւուրն ուրբաթ եւ կայ յԱնարզաբայ»։ 48. Թղ. 584ա. Յուլիսի ԻԸ. «Եւ յայսմ... տիկնաց տիկինն Կեռան թագուհէ մայրն, որոյ...»։ 49. Թղ. 594բ. Օգոստոսի Բ. «Եւ յայսմ... մանուկն Ալինախն, որդի Աւշին թագաւո50. Թղ. 606բ. Օգոստոսի է. «Եւ յայսմ... բարեպաշտ պարոն ձուան, որդի» մնացեալը կտրուած։ 51. Թղ. 609բ. Օգոստոսի Թ. «Եւ յայսմ ... բարեպաշտ թագուհին Կեռան, որոյ...»։ 52. Թղ. 642բ. Օգոստոսի ԻԸ. «Եւ յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս, երիտասարդ հասակաւ բարի շառաւեւղն ... նախն, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս։ Եւ ի նոյն աւրս հանգեաւ» կիսատ։ Նոր գրչութեամբ կան հետեւեալները. 53. Թղ. 167բ. Նոյեմբերի ժէ. «Եւ ի նոյն աւրս հանգեաւ ի Քրիստոս Կի Լիզինեան թագաւորն Հայոց, որ էր այր աստուածասէր եւ բարեպաշտ եւ քաջամարտ եւն։ Եւ ընդ նմայ եղբայրն եւ զՊէմուն Սգուն Թնկօռ ... եւ այլ բազում...» կիսատ։ 54. Թղ. 190ա. Նոյեմբերի ԻԹ. «Եւ այսմ աւուր հանկաւ ի Քրիստոս պարոն Սարգրսին որդին խոճայ Սիմաւոն, որոյ ողորմեսցի նմա Տէր Յիսուս»։ 55. Թղ. 200բ2. Ջնջուած է բնագրին բոլորգիր յիշատակարանը եւ վրան գրուած անյաջող նոտր գրով. «Քանզի զայս ասմաւուրքս ետ գրել ձեռամբ գրչի տիրացու Ղալֆա Գրիգորին եւ (յ)իշատակ արար վասն իւր հոգոյն մեծ թագաւորն Յօշին եւ իւր որդոյն Լեւոնի եւ այլ ննջեցելոցն հոգոյն, եւ կամ յաւագ տէր տէր Թորոսին եւ նորա ննջեցելոցն հոգոյն. ամէն»։ 56. Թղ. 314բ. Յունուարի ԺԷ. «Ի յաւրս հանկաւ առ Քրիստոս Լեւոն աւաքէրէցն, որոյ ողորմեսցի նմայ Քրիստոս եւ նմայ փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 57. Թղ. 332ա. «Ես Տէր Յուսիկի որդի տիրացու Մարկոսս մտի ի յառագաստ ի թագաւորութեանն Սուլթան մահմուտին, ի հայրապետութեան Տեառն Ղուկաս կաթողիկուին, ի յամսեանն Յունիսի, աւրն է ( = 7)» 58. Թղ. 423ա2. «Քրիստոս Աստուած, ողորմեա վերստին ըստացողի սուրբ գրոյս Ազբան, Տէր Յուսիկ քահանայի որդի Տէր Ղուկաս կաթողիկոսին, ծնողացն եւ յեղբարցն, քւերցն, զարմիցն եւ զաւակացն, Տէր Աստուած ողորմեսցի. ամէն»։

Informations

կը պակսին։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, գրուած Օշին թագաւորին համար։ Ձեռագրիս մէջ յատկանշական է Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու սուրբերու վկայաբանութեան գոյութիւնը, որոնք յետագայ ձեռքէ մը՝ կամաւոր կերպով եղծուած են, առանց յաջողելու ամբողջապէս ջնջել։ Յստակ կը տեսնուի արեւմտեան եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը եւ տօներու ներմուծումը, որու հետեւանքով ետեւառաջութիւններ կատարուած են հայկական Յայսմաւուրքին մէջ։ Ընդհանուրին մէջ կը հետեւի Բ. եւ Գ. Յայսմաւուրքներու կարգին եւ տարբե րակներուն։ Ստորեւ լայն կերպով կու տանք ձեռագրիս բովանդակութիւնը, միշտ աչքի դիմաց ունենալով յիշեալ Յայսմաւուրքները, զանց ընելով նոյնութիւնները։ Արքունական Յայսմաւուրքիս մէկ ուրիշ օրինակն է՝ մեր ԻՉ Յայսմաւուրքը (Ձեռ. թիւ 402), ուր զանց եղած են Յոյն եւ լատին սուրբերու մասնական յիշատակութիւնը. 1. Թղ. 1ա1. «Ամիս Սեպտեմբեր, աւուրս ունի Լ( = 30), տիւն ունի ժամս ԺԲ( = 12), գիշերն ԺԲ( = 12) եւ Ա. Սեպտեմբերի, որ է ըստ Հայոց ԻԲ( = 22) Նաւասարդի տարեմուտ է ըստ հոռոմոց. եւ սկիզբն թուականութեան յԱդամայ, յիշատակ է ամէնաւրհնեալ եւ միշտ կուսին անարատ Տիրուեւոյն մերոյ Մարիամու Աստուածածնին. յաղագս տարեմտիս սկիզբն. Ի տաւնս տարեկանաց մերոց ի նշան աւուր յաւրս...»։ Ձեռագրիս առաջին թուղթը ինկած ըլլալով՝ խորագիրը ամբողջացուցինք ԻՉ Յայսմաւուրքով (Ձեռ. 402)։ Բնագիրս կը սկսի. «...ռին ունիցիմք, զի ահա մինչեւ ցայժմ զոր ունէաք ժամանակ...»։ - 1բ2. «Յայսմ աւուր յիշատակ է ամէնաւրհնեալ Տիրուհւոյն...»։ - 2ա1. «Ի սմին աւուր կատարեցան... Երմոգինէս, Կալիստոս եւ սուրբն Եվուդու... եւ Աղաթոկլիսայ»։ - 2ա1. «Սոյնպէս կատարեցաւ Այիաթալլաս...»։ 2ա1. «Յայսմ աւուր վարք երանելոյն Սիմէոնի Սիւնակեցոյն...»։ - 3բ2. «Յայսմ աւ. չարչարանք քառասուն սրբուհի... կուսանացն...»։ - Անդ. «Ի սմին յիշատակ է վերացման եւ տեսլեան սրբոյն Պաւղոսի առաքելոյն...»։ - 4ա1. «Յայսմ աւ. յիշտ. Յեսուայ որդւոյ Նաւեայ...» - 4ա2. «Դարձեալ յիշ. Գեդէոնի աստուածաշնորհ դատաւորի...»։ - 4բ1. «Յայսմ աւ. յիշտ. հանգըստեան սրբ. Աննայի մարգարէուեւոյ...»։ Անդ. «Ի սոյն աւ. տաւն է... Պրիսկի...»։ Անդ. «Ի Կեսարիայ Կապադուկացւոց Ղունկինոսի...»։ - Անդ. «Եւ նոյնպէս պսակեցան... Կոզմաս...»։ - 4բ2. «Ի սոյն հանգիստ եպ.ի Սիքսդի...»։ - Անդ. «Յիշատակ ... Ագրիպպայ...»։ - Անդ «Եւ ի սմին... Եկետիոսի...»։ - Անդ. «Յայսմ աւ. յիշ. մեծի հրայրեցութեան...»։ 2. Թղ. 6բ. Սեպտեմբեր Բ. Մամասայ... Յովհաննու պահեցողի. հմմտ. Բ. Յայսմ. § 245։ Աւելի ունի, «Յայսմ աւ. երից հազարաց եւ վեց հարիւրից եւ քսան եւ ութիցն...»։ «Ի նմին աւուր... Թալա եւ Յուլիա...»։ 7ա1 «Յայսմ աւ. տաւն է... Եղիազարու եւ Փենեհեզի...»։ - 7ա2. «Լադինն տաւնէ... Անտոնինի...»։ - «Ճուսդիի եպ. ի Լաւկտունու...»։ - «Կոզմայի եւ Փիլիկտիմոնի եւ Հաբիբայ...»։ 3. Թղ. 7բ1. Սեպտեմբեր Գ. Անթիմոսի. հմմտ. Բ. Յայսմ. § 246։ Աւելի ունի հետեւեալ սուրբերու յիշատակութիւնը. Ջոտիկոսի..., Առիստիոնոսի..., Թէոկտիստու..., Վասիլիսա..., Փիբեայ..., Սերարապիէ...։ 4. Թղ. 9ա1. Սեպտեմբեր Դ. Բաբիլայ եպ.ին. հմմտ. Բ. Յայսմ. § 247։ Թուղթ ինկած ըլլալով՝ Բաբիլասի վկայաբանութեան սկզբնական մասը կը պակսի. ապա աւելի ունի՝ Միւս Բաբիլաս..., Ոկէանոս ..., Երմոնայ..., Մարկելոսի..., Մանգնի ..., Պաւնիֆացի...։ 5. Թղ. 10բ2. Սեպտեմբեր Ե. Զաքարիայ մարգարէին. հմմտ. Բ. Յայսմ. § 248։ Աւելի ունի. Աբդիոս եպ.ի...„ Ամբրոսիոսի.... Դաւրինի..., Կուվինդի..., Յիշտ. Թէոդոսի թգ. փոքու...։ 6. Թղ. 12բ2. «Սեպտեմբերի Զ. Յիշատակ է մեծի հրեշտակապետին Միքայէլի սքանչելեացն որ ի կոլասֆռիգացւոց. Յորժամ զաւրացան կռապաշտքն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 249։ Աւելի ունի. Ուրբանոսի..., Ռամիլոսի..., Սուքիասանց ..., Զաքարիայ մրգ.ի..., Ոնեսիփորոսի ..., Տաւմիցիանի...։ 7. Թղ. 15բ2. «Սեպտեմբերի յեւթն. Նախատաւնակ է սուրբ ծննդեան Աստուածածնին Մարիամու. Զսուրբ ծնունդ երանուհւոյն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 250։ Աւելի ունի. Ստեփաննոսի Հռոմայ..., Թէոդորայ եպ.ին Անկիւրիոյ..., Յովհաննիսի Նիկոմիդացւոյ..., Եվուրցի եպ.ի..., Պետրոսի եւ Լուկասու ճգնաւորաց...։ 8. Թղ. 18բ1. «Սեպտեմբերի յութն, ծնունդ է ամենասուրբ Տիրուհւոյն... Զամենաշնորհն եւ զճշմարիտ...»։ 27բ2. «Յայսմ աւուր ի հայս վկայութիւն սուրբ վկայիցն Մովսեսի. Եղիայի եւ Դանիէլի որդւոց թագաւորին Մազքթաց...»։ - «Լադինքն. յԱլեքսանդրիա վկայութիւն սրբոցն Ամմոնիսի եւ Թէոֆիլոսի...»։ - «Եւ յԱնտիոք է սրբոյն Տիմոթէի...»։ - «Ի Նիկոմիդա վկ. Ադրիանոսի...»։ - «Յայսմ աւ. յիշտ. Պաւղոսի եպ. ին...»։ 9. Թղ. 28ա1. «Սեպտեմբերի Թ. Վերըստին տաւն Աստուածածնի եւ հինգ աւր կատարի, եւ յիշատակ եւ ժողով արդարոցն Յո վակիմայ եւ Աննայի. Յետ փառաւորեալ եւ ամենասուրբ ծննդեան...»։ «Յայսմ աւ, յիշտ. սուրբ Լուսաւորիչ հաւրն մերոյ Սահակա(յ) մեծի կաթողիկոսին Հայոց մեծաց. Սուրբ եւ մեծ հայրապետն...»։ - 29բ2. «Ի սմին աւուր վկ. Սեւերիանոսի...»։ - Խարիտաւնոս..., Գաւրգոնիոսի..., Գուերադի ..., Եփեսոսի ժողովոյն։ 10. Թղ. 30բ. «Հոռի ամսոյ մուտ է եւ Սեպտեմբերի ժ. Երկրպագութիւն պատուական փայտին Քրիստոսի եւ վերստին տաւն Աստուածածնին. Բարեբանեալ ես ամենասրբուհի Մարիամ...» - Մինաւդորայ..., Բասիլիսա..., Պաւղոսի եպ.ին Նիկիոյ քաղաքին..., Վարիպսաւայ..., եպ.ացն՝ Պետրոսի, Նիլոսի..., Լադինն՝ Իլլարիի պապուն...։ 11. Թղ. 32ա2. «Սեպտեմբերի ԺԱ. Երկրպագութիւն սուրբ խաչին... Աստուածածնին ծննդեան եւ վկայ. սրբուեւոյ Նիա որ թարգ. Մանուշակ. Շապուհ հրապաշտ արքայն»։ - Թէոդորա..., Դանիէլի սկիւթացւոյ..., Դիոդորու..., Դիոմիտրիոսի..., Լատինն (ջնջուած)..., Հելէի...։ 12. Թղ. 37բ1. «Սեպտեմբերի ԺԲ. եւ ի Հոռի յերեքն, վերստին հինկաւրեա(յ) տօն ծննդեան Աստուածածնին եւ երկրպ. խաչին, եւ վկայ. Ապտաւնաւմիոսի եպ.ի. Այս երանելի քահանայապետս...»։ - Ռոմելոսի ..., Եւտոքսէոսի..., Մակեդոնիոսի..., Որոնատոսի..., Թէոդորոսի...„ Լատինն՝ Սիրիուի..., Տիրիի եպ.ի..., Ոնեսիմա...։ 13. Թղ. 38բ2. «Սեպտեմբերի ԺԳ. եւ Հոռի Դ. Նաւակատիք է սրբոյ Յարութեան... Երանելի դշխոյն Հեղինէ...»։ - Դիոդորա..., Կոռնելիոսի..., Մակրովիու..., Յուլիանոսի..., Եւգինեա..., Հոռոմն Կուռնիդու...։ 14. Թղ. 40բ2. «Ամենաժողով տաւն եւ բարձրութիւն եւ վերացումն երկրպագելի Խաչին Քրիստոսի որ ի Սեպտեմբերի ի ԺԴ աւրն ցուցանի ամենեցուն աստուածաբարձ սուրբ եւ կենդանարար խաչափայտն ի սուրբ Գողգոթայն։ Երանելւոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի յաւետարանին մեկնութենէն ի սուրբ խաչն աստուածընկալ. Մի՛ ոք այսուհետեւ ամաւթ համարեսցի...»։ - Յովհանու Ոսկեբերանին..., Կոռնելիոսի պապին..., Կիպիրիանոսի եպ.ի..., Յոյնք՝ Պլակիսայ...։ 15. Թղ. 46ա2. «Սեպտեմբերի ԺԵ. վերըստին տաւն սրբոյ Խաչին եւ ութ աւր կատարի, եւ յիշատակ... Կոստանդիանոսի բգ. նւ մաւր իւրոյ Հեղինեայ. Քրիստոսասէր մեծ ինքնակալն...»։ - Նիկիտասայ..., Գիւտ նշխարաց Ստեփանոսի նախավկային... Լատինն՝ Նիկոմիտէս..., 3Մ հարցն վեցերորդ ժողովոյն Կոստանդինուպոլսոյ...։ 16. Թղ. 47բ1, «Սեպտեմբերի ԺԶ. եւ Հոռի է. վերստին տաւն սուրբ Խաչին եւ վկայ... Եւրիմեա(յ).,. Կուռնիտոսի»։ Սեբաստիանիսայ..., Մելետինիսայ..., Եւփիմեա..., Յազդի...։ 17. Թղ. 48բ2. «Սեպտեմբերի Ժէ, եւ Հոռի Ը. վերստին տաւն սրբոյ Խաչին եւ յիշատակ... Մեսրովպայ Վարդապետի Հայոց մեծաց...»։ - Մեծին Սահակայ..., Հոռոմն՝ երից քերցն Պիստոսի..., Լատինն) ձուստինի..., Իսահակայ՝ զոր յիշէ Գրիգոր պապն...։ 18. Թղ. 50ա1 «Սեպտեմբերի ԺԸ. եւ Հոռի Թ. մուտ է Թշրին ամսոյ եբրայեցւոցն եւ աւր սուրբ եւ յիշատակ փողովք իջմանն Աստուծոյ ի Սինեայ։ Եւ վերստին տաւն սուրբ Խաչին եւ հանգիստ Ահարոնի քահանայապետին առաջնոյ. Աստուածային քահանայապետն առաջին...։ Ի սոյն աւր ընդ Ահարոնի յիշատակ է... Մովսէսի, նախկի աւրինադրողի...»։ - Արիադոնայ..., Սիմէոնի աշակերտին Քրիստոսի... Եվմենիոսի..., Լատինն..., Տրոպիի...։ 19. Թղ. 52բ1 «Սեպտեմբերի ԺԹ. եւ Հոռի Ժ. վերստին տաւն սուրբ Խաչին, Տրոփիմոսի... Պապայ...» - «Ի սմին աւուր կատարեցան Հայք աշակերտք սուրբ առաքելոյն Թադէոսի...»։ - Ապելիոսի..., Յունուարի եպ.ի..., Լատինն նոյնպէս Յունուարի եպ.ի...։ 20. Թղ. 54ա2. «Սեպտեմբերի Ի. եւ Հոռի ԺԱ. վերստին, տաւն սուրբ Խաչին եւ վկայաբ. Եւստաթէոսի... Մաքսիմոսի...»։ - Իպատոսի..., Յոյնք՝ Շուշանայ պաղեստինացւոյ..., Լատինն՝ Եվիլասիոսի..., եւ ի Կուռտապայ քաղաք՝ սուրբ Եւլաւղիոսի..., ի Փռիգիայ՝ Դիոնեսիոսի...։ 21. Թղ. 56բ2. «Սեպտեմբերի ԻԱ. եւ Հոռի ԺԲ. Տաւն ամենաժողով վասն գիւտի սուրբ աւետարանին Մատթէոսի եւ յիշատակ նմին սուրբ աւետարանիչն Մատթէոսի. Սուրբ առաքեալն եւ Աւետարանիչն Մատթէոս...»։ «Յայսմ աւուր վկայ. ՃԾ մարտիրոսացն ...»։ - Մակրոբայ..., Կոդրատոսի..., «Ի սոյն տաւն ութաւրեա(յ) սրբոյ Խաչին Քրիս տոսի»։ - Պրիսկու եպ.ին..., Նեստորիոսի ..., Իսակիոսի կիպրացւոյ..., Յոյնն՝..., Լատինն՝ Ալեքսանդրոսի եպ.ի..., Փոկասու ճգնաւորի...։ 22. Թղ. 57բ2. «Սեպտեմբերի ԻԲ. եւ Հոռի ԺԳ. Տաւն սուրբ մարգարէին Յունանու... Փոկասու...» - Սիւս Փոկասու..., Դրոսիլեայ..., Պրիսկու..., Լատինն սուրբ վկայից Թեբայեցւոց..., Յոյնն՝ Անդրիանոսի...։ 23. Թղ. 59բ1. «Սեպտեմբերի ԻԳ. եւ Հոռի ԺԴ. Տաւն աւետեաց յղութեան սրբոյն Յովաննու Մկրտչին Քրիստոսի, զոր ետ Գաբրիէլ հաւր նորա Զաքարիայի ի սուրբն սրբոց. Ամենագէտ եւ կանխատես տնաւրէնութիւն...»։ - «Յայսմ աւուր վկայութիւն Իրաիտա...»։ - Պաւլեքսի..., Անդրէու..., Լատինն՝ Լինոսի..., Ի Կոստանդիէ քաղաք Բադեռնի եպ.ի...։ 24. Թղ. 61ա1. «Սեպտեմբերի ԻԴ. եւ Հոռի ԺԵ. Թեկղի...»։ - Ապաւղոսի..., Լատինն՝ Անտիոքոսի...։ 25. Թղ. 61բ2. «Սեպտեմբերի ԻԵ. եւ Հոռի, ԺՁ. Դոսանայորի եպ.ի..., Ագաթոկլեայ...»։ - Պափնոտիոսի..., Տատիսայ ..., Եֆրուսինեայ..., Կղէոպայ..., Փերմինի...։ - «Յայսմ աւուր ասի թէ եղեւ հաւաքումն ոսկերաց սրբոց Հռիփսիմեանց ի ձեռն սրբոյն Գրիգորի...»։ 26. Թղ. 64բ1. «Սեպտեմբերի ԻԶ. եւ Հոռի ժէ. ննջումն է Յովհաննու առաքելոյ ...»։ - Յոյնն..., Լատինն...։ Թղ. 69ա2. «Սեպտեմբերի Իէ. եւ Հոռի ԺԸ. Կալիստրատոսի եւ ԽԹ. ընկերաց իւրոց... Մառինոսի...»։ - Ագրիպպեայ..., Հոռոմն՝ Եպիքուրայ..., Լատինն՝ Կուզմային ..., Հոռոմն՝ Նեգտառիոսի...։ 27. Թղ. 70բ2. «Սեպտեմբերի ԻԸ. եւ Հոռի ԺԹ. Շմաւոնի... Եպիքուրայ...»։ Յոյնք՝ Քարիտոնի..., Լադինն՝ Եքսուբերի եպ.ի..., Յիշատակ Գրիգորիսի Աղուանից 28. Թղ. 71բ1. «Սեպտեմբերի ԻԹ. եւ Հոռի Ի. Եղիշէի առաքելոյ... Քարիտոնի...»։ - Դադայ..., Յոյնք՝ Տրոփիմոսի..., Լատինն..., Ի Թրակիա՝ Եւտիքիոսի...։ 29. Թղ. 73բ1. «Սեպտեմբերի Լ. եւ Հոռի ԻԱ. Ամենաժողով եւ հռչակաւոր տաւն եւ յիշատակ վարուց եւ վկայութեան եւ հանգըստեան մեծ խոստովանողին Քրիստոսի եւ առաքելոյն Հայոց Գրիգորի նախահաւին մերոյ եւ Լուսաւորչին առաջին հայրապետին Հայոց մեծաց. Յետ մահուանն Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ...»։ «Յայսմ աւուր կատարի տաւն... Հռիփսիմեայ եւ Գայիանեայ...»։ Անտոնի եւ Կրաւնիդեայ..., Գիւտ նշխարաց Զաքարիայ հաւրն Յովհաննու..., Հերոնիմոսի..., Լատինն՝ Վիկդաւրիոսի...։ Այսուհետեւ զանց կ'ընենք նշանակել այն սուրբերու անունները՝ որոնք ամէն օրուան գլխաւոր վկայաբանութիւններուն կը յաջորդեն՝ յիշատակութեան ձեւով, ինչպէս նաեւ Յոյն եւ Լատին սուրբերու երկտող յիշատակութիւնները։ Ստորեւ կու տանք Հռոմէական ամիսներու կարգով միայն այն օրերու սուրբերը որոնք կը տարբերին Բ. յայսմաւուրքի կարգէն եւ բովանդակութենէն։ 30. Թղ. 88ա2. «Հոգտեմբերի Թ. եւ Հոռի Լ. Վկայաբ. Յակովբայ Ալփեան առաքելոյն որ յերկոտասանիցն. Սուրբ առաքեալն Քրիստոսի Յակոբոս...»։ «Յայսմ աւուր վկայաբ... Յուբենտիոսի... Երանելիքս այսոքիք...»։ «Ի սմին աւուր երանելի կանայք ... Ձինայիտեայ եւ Փիլոնիլեայ...»։ 31. Թղ. 89բ2. «Հոգտեմբերի Ժ. մուտ է Սահմի ամսոյ եւ վկայ. սրբոյն Եւլամբիոսի ...», հմմտ. Բ. Յայսմ. § 283. կը պակսի Յղութիւն Յովհաննու Կարապետի, որ օրինակուած է վերեւ (Սեպտ. ԻԳ.)։ 32. Թղ. 90բ2 «Հոգտեմբերի ԺԱ. եւ Սահմի Բ. Տաւն է եւ յիշատակ սուրբ առաքելոյն Փիլիպպոսի, որ մի էր յեւթն սարկաւագացն. Սուրբ առաքեալն Փիլիպպոս...», մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 284։ 33. Թղ. 95ա2. «Հոքտեմբերի ԺԶ. եւ Սահմի է. վկայութիւն սրբոյն Ղունկիանոսի...». հմմտ. Բ. Յայսմ. § 289։ Կաաւելցնէ. «է եւ յայսմ աւուր տաւն սրբոյն Յովաննու Մկրտչին եւ Աթանագինէ նշխարացն. Յորժամ ձեռնադրեցաւ սուրբն Գրիգոր ի Կեսարիայ...»։ 34. Թղ. 117բ1. «Հոկտեմբերի ԻԵ. եւ Սահմի ԺԶ. Յիշատակ է Յուսեփայ Արեմաթացոյն որ պատեալ թաղեաց զտէրունական մարմինն Տեառն. Արդար եւ բարեգործ նախարարն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 35. Թղ. 119ա2, «Հոկտեմբեր ԻԶ. եւ Սահմի ժէ. վկայ. Դեմետրիոսի...» հմմտ. Յայսմ. § 332. կը պակսի Տրդատի յիշատակութիւնը, որ փոխադրուած է յաջորդ օրուան կանոնին։ 44. Թղ. 193ա2. «Նոյեմբերի Լ. եւ Տրէի ԻԲ... Անդրէի...». հմմտ Բ. Յայսմ. § 334. կ'աւելցնէ. «Յայսմ աւուր... որդւոց սրբոյն Գրիգորի, Առիստակիսի... Սուրբ հայրապետքս աթոռակալք եղեն...»։ 45. Թղ. 197ա2. «Ամիս Դեկտեմբեր աւուրս ունի ԼԱ... Տրէ ԻԳ. Նաւումա(յ) մարգարէին. Սուրբ մարգարէն Նաւում...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 335։ 46. Թղ. 200ա1, «Դեկտեմբերի Բ, եւ Տրէի ԻԴ. Տաւն է սրբոյ մարգարէին Ամբակումայ. Ամբակումն թարգմանի արդարացեալ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Թէոդորոսի եպ. ի...»։ 47. Թղ. 201ա1. «Գեկտեմբերի Գ. եւ Տրէի ԻԵ. Յիշատակ Սոփոնեա մարգարէին. Սուրբ մարգարէն Սոփոնիա...»։ - «Յայսմ աւուր Թէոդուլի կիպրացւոյ. Պատուական աւոս այս...»։ - «Ի սմին աւուր ճգնութիւն Թէոդորոսի պատրկի եւ Կոռնելիոսի...»։ 48. Թղ 209ա2. «Դեկտեմբերի Ը. եւ Տրէի Լ. Յիշատակ... Կեփայի, Սոսթենէսի, Ապաւղոսի... Սուրբ առաքեալքս այսոքիկ...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 342։ 49. Թղ. 210բ2. «Մուտ է Քաղոց ամսոյ եւ Դեկտեմբերի Թ. տաւն է յղութեան սըրբուեւոյն մերոյ Մարիամու Աստուածածնին... Զտաւն ամենասուրբ կուսին Մարիամու...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 343։ 50. Թղ. 216բ2. «Դեկտեմբերի ԺԱ. եւ Քաղոց Գ. Յիշատակ Դամասոսի Հռովմայ հայրապետին. Սուրբն Դամասոս...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 345։ 51. Թղ. 224բ2. «Դեկտեմբերի ԺԵ. եւ Քաղոց է. Բերումն նշխարաց սրբոյն Յակովբայ եպ.ին Մծբնայ սքանչելագործին մեծի». հմմտ. Գ. Յայսմ. § 46։ 52. Թղ. 228բ2. «Դեկտեմբերի ԺԶ. եւ Քաղոց Ը. Յիշատակ մարգարէին Անկէի. Սուրբ մարգարէն Անկէաս...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 350։ 53. Թղ. 230բ2. «Դեկտեմբերի Ժէ. եւ Քաղոց Թ. Պատմութիւն սրբոյն Դանիէլի մարգարէին...». Հմմտ. Բ. Յայսմ. § 351. Բ. Յայսմ. § 299, կը պակսի Խարիթեանց վկայաբանութիւնը։ 36. Թղ. 125բ1 «Հոքտեմբերի Լ. եւ Սահմի ԻԱ. Տաւն է սուրբ առաքելոյն Կղէոպայ. Սուրբ առաքեալն Կղէովպաս...». մնացածը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 303։ 37. Թղ. 127ա1. «Հոքտեմբերի ԼԱ. եւ Սահմի ԻԲ. Յիշատակ սուրբ առաքեյոցն վեցից որք էին ի ՀԲ. աշակերտացն կարգէ. Սուրբ առաքեալն Ստաքէոս ի յԱնդրէ...»։ «Յայսմ աւուր վկ. Եպիմաքոսի». հմմտ. Բ. Յայսմ. § 304։ 38. Թղ. 128բ1. «Նոյեմբեր ամիս աւուրս ունի Լ. տիւն ժամս Ժ., գիշերն ժԴ., ի սորա մինն եւ ի Սահմի ԻԳ. տաւն է ամենասուրբ Աստուածածնին եւ ամենայն սրբոց, յայտնեաց եւ անյայտիցն, ի սկզբանէ եւ այսր ընտրելոցն Աստուծոյ ի մարդկանէ. ի Գրիգորէ կաթողիկոսէ ասացեալ դրուաստ. Կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցի սուրբ ընկալաւ աւրէն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 305։ 39. Թղ. 139բ1. «Նոյեմբերի Դ. եւ Սահմի ԻԶ. Տաւն սուրբ առաքելոցն Պատրոբա(յ), Երմա(յ), Լինոսի, Գայիոսի, Ֆիլաւգողոսի, որ էին յեւթանասուն եւ երկու աշակերտացն. Սուրբ առաքեալքս էին ի կարգէ...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 308. կը պակսի Բիգինտիոսի վկայաբանութիւնը։ 40. Թղ. 145բ2. «Նոյեմբերի Ը. եւ Սահմի Լ. Տաւն է սուրբ եւ փառաւորեալ հրեշտակապետացն...». հմմտ. Բ. Յայսմ. § 312. կ'աւելցնէ. «Տեառն Ներսէսի Հայոց կաթողիկոսի ասացեալ առ սուրբ հրեշտակս յաւուր տաւնի նոցա ոտանաւոր չափով. Այլ պաղատիմ առ հոգեղէնսդ...»։ 41. Թղ. 151ա1. «Նոյեմբերի Ժ. եւ Տրէի Բ. Տաւն սուրբ առաքելոցն Ոլիմբայ, Ռոդիանոսի, Սոսիպատրոսի, Մերտիլու, Երաստու եւ Կուարտոսի. Սուրբ առաքեալքս էին ի կարգէ...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 42. Թղ. 170բ1. «Նոյեմբերի ԺԹ. եւ Տրէի ԺԱ. Տաւն է սրբոյն Աբդիու մարգարէի. Սուրբ մարգարէն Քրիստոսի...»։ - «Յայսմ աւուր... Ռովմանոսի. Ի ժամանակս Մաքսիմիանոսի...»։ 43. Թղ. 188բ2. «Նոյեմբերի ԻԸ. եւ Տրէի Ի. Վկայ. սրբոյն Իրինարքոսի». հմմտ. Բ. Սանդուխտի վկայաբանութիւնը փոխադըրուած է Դեկտ. ԺԵ.ին։ 54. Թղ. 234ա2. «Դեկտեմբերի ԺԹ. եւ Քաղոց ԺԱ... Եւգինէոսի...». հմմտ. Ե. Յայսմ. § 11։ 55. Թղ. 238ա2. «Դեկտեմբերի ԻԲ. եւ Քաղոց ԺԴԻ. Նախատաւնակ է Քրիստոսի Ծննդեանն եւ տաւն սուրբ առաքելոյն Թադէոսի». հմմտ. Գ. Յայսմ. § 49։ 56. Թղ. 241ա1. «Դեկտեմբերի ԻԳ. եւ Քաղոց ԺԵ. նախատաւն է Քրիստոսի Ծնընդեան եւ վկայութիւն տասն մարտիրոսացն որ ի Կրիտիս կղզոջն կատարեցան. Սուրբ վկայքն...»։ - «Յայսմ աւ. վկայ. Ադդէի եպ.ի Եդեսիոյ. Երանելի Ադդէ...»։ 57. Թղ. 242բ2. «Դեկտեմբերի ԻԴ. եւ Քաղոց ԺԶ. նաւակատիք եւ ճրագալոյց ըստ մարմնոյ Ծննդեան Տեառն Յիսուսի...։ Թուղթ սրբոյն Յոհաննու արքեպիսկոպոսի քաղաքին Նիկիոյ, զոր գրեաց առ երանելին Զաքարիայ կաթողիկոսն Հայոց, զոր թարգմանեաց սուրբ եւ մեծ վարդապետն Հայոց Գրիգոր Սկեւռացի, հրամանաւ աստուածասէր թագաւորին Հայոց Լեւոնի առաջնոյ եւ ի խնդրոյ նորին ի Սիս մայրաքաղաք. Աստուածային առաքեալն Պաւղոս ի սէր եւ ի շնորհս...»։ - Վերջ թղ. 247բ1. «Եւ հատուցանել իւրաքանչիւր ըստ գործոց իւրոց, որում փառք ընդ Հաւր եւ ընդ Հոգւոյն յաւ.»։ 58. Թղ. 247բ1. «Դեկտեմբերի ԻԵ. եւ Քաղոց Ժէ. Տաւն է Ծննդեան միածնի որդւոյն Աստուծոյ...։ Երանելոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի ասացեալ ի յեղեալ աշխարհագիրն առ ի յԱւգոստոս կայսերէ եւ ի ծնունդն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ. Նախ այսորիկ անյայտ իմն էր գոլ աւրս...»։ - Վերջ թղ. 254ա1. «Եթէ եկն ուղղել զգործս իւր յեղանակաւ ծննդեանս այսորիկ»։ «Լադինն ի սոյն աւուր մեծահանդէս տաւնէ աստուածայայտնութեանն Տեառն. Տէր եւ Աստուած մեր...»։ «Յայսմ աւուր կատարեցաւ ի հայք... տիկինն Շուշանիկ...»։ «Ի սմին աւուր կատարեցաւ ի Հռոմ ի գերեզմանսն Աբրաւմիա59. Թղ. 254բ2. «Դեկտեմբերի ԻԶ. եւ Քաղոց ԺԸ. Վերստին տաւն է Ծննդեան Քրիստոսի, եւ յիշատակ ամենասուրբ Աստուածածնին եւ գովութիւն նմին ի ճառէ սրբոյն Եպիփանու համառաւտաբար. Ով կուսական աշտանակ երեքլուսեան...»։ «Յայսմ աւուր ... աստուածահաւրն Դաւթի, ընդ... Յակովբայ եւ Յուսեփայ. Նախապատիւն եւ աստուածահայրն...»։ «Յայսմ աւուր յիշատակ Յովսեփայ... աստուածահայր անուանեցաւ եւ Յակովբայ առաքելոյ որդւոյ իւրոյ. Սուրբ եւ արդար աստուածահայրն...»։ 60. Թղ. 260ա2. «Դեկտեմբերի Իէ. եւ քաղոց ԺԹ. Վերստին տաւն Ծննդեան Քրիստոսի. ի ճառէ սրբոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի առ բանն Աստուած. Տէր եւ Աստուածն մեր Յիսուս Քրիստոս որդին Աստուծոյ, որ էր ի սկզբանէ...»։ - «Յայսմ աւուր մեծահանդէս տաւն է... Ստեփաննոսի... Երեւելի արեգականս ընդ երկնաւ ծագելով...»։ 61. Թղ. 264բ2. «Դեկտեմբերի ԻԸ. եւ Քաղոց Ի. Վերստին տաւն է Ծննդեան...։ Ի նոյն ճառէ սրբոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի. Հին աւուրցն Աստուած վասն մեր մարմնացաւ...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ Պետրոսի եւ Պաւղոսի. Գլխաւոր եւ մեծ առաքեալքն...»։ - «Ի սմին աւուր վկայ. երկուց Բիւրուցն որք ի Նիկոմիդեայ... Կռապաշտ արքայն Մաքսիմիանոս...»։ - «Յայսմ աւուր. վարք... Եւսեբեայ կուսի. Սա էր ի Հռոմ քաղաքի...»։ 62. Թղ. 268ա1. «Դեկտեմբերի ԻԹ. եւ Քաղոց ԻԱ. Վերստին տաւն Ծննդեան Տեառն. ընդ Տեառն տաւն եւ մանկանցն Բեդղեհեմի. Որպէս պատմէ աւետարանիչն...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ Որդւոցն Որոտման Յոհաննու եւ Յակովբայ. Սիրելի աշակերտքն Քրիստոսի...»։ - «Ի սմին աւուր վկայ. Յույիանոսի բժշկին... Յամս անաւրէն արքային Նումերիանոսի...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սուրբ եպ.ինս ընկլիզաց Թումասու. Երանելին Թումաս...»։ 63. Թղ. 272ա2. «Դեկտեմբերի Լ. Եւ Քաղոց ԻԲ. Վերստին տաւն է Ծննդեան Յիսուսի...։ Երանելոյն Յովհաննու ոսկեբերանի ի ծնունդն Քրիստոսի ասացեալ. Արդ տես զինչ պատմէ մեզ Միքիեան...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Ինդոսի եւ Դոմնայի. Դոմնաս քրմուհի էր...»։ 64. Թղ. 274ա1. «Դեկտեմբերի ԼԱ. եւ Քաղոց ԻԳ. Վերստին տաւն Ծննդեան...։ Ի նոյն ճառէն սրբոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի. Բայց մեզ դեռ կայ պատմել...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Թեմիստոկլէսի վկային ճշմարտութեան...»։ - «Ի սմին աւուր յիշատակ Տիմոնի առաքելոյ...»։ 65. Թղ. 275բ1, «Ամիս Յունվար... եւ Քաղոցի ԻԴ. Տաւն է ութաւրեայ թլփատու բեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ եւ Ծնընդեան. Տէր եւ Աստուած մեր Յիսուս Քրիստոս միածին որդին Աստուծոյ յետ մարմնաւոր ...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ մեծին Բասիլիոսի...». հմմտ. Բ. Յայսմ. § 1։ 66. Թղ. 285բ2. «Յունվար Գ. եւ Քաղոց ԻԶ. Նախատաւնակ Մկրտութեան Քրիստոսի եւ տաւն սուրբ մարգարէին Մաղաքիայ, որ հրեշտակ թարքմանի. Սա յետ դարձի գերութեան...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Գորդիոսի. Սա էր ի Կեսարիա...»։ 67. Թղ. 286բ1. «Յունվարի Դ. եւ Քաղոց Իէ. Նախատաւն է Մկրտութեան Քրիստոսի, եւ ի սոյն ժողովումն Հ եւ Բ սուրբ աշակերտացն Քրիստոսի. Տէր եւ Աստուած մեր Յիսուս Քրիստոս ի ներմարդանալ...»։ «Յայսմ աւուր վկայ. Ձոսիմայ եւ Աթանա68. Թղ. 287բ1 «Յունվարի Ե. եւ Քաղոց ԻԸ. Նաւակատիք եւ ճրագալոյց Մկրտութեանն Քրիստոսի։ Երանելւոյն Սեբերիանոսի եպ.ի խաւսք ի յայտնութիւնն Տեառն. Ի մէջ քրիստոսասիրաց զՔրիստոսէ խոստա69. Թղ. 291ա1. «Յունվարի Զ. եւ Քաղոց ԻԹ. Աստուածայայտնութիւն է յաւր Մկրտութեան Տեառն...։ Երանելւոյն Պրոկղի եպիսկոպոսապետի ի Կոստանդինուպաւլսի. յԱստուածայայտնութիւնն. Քրիստոս աշխարհի յայտնեցաւ եւ զանզարդ...»։ 70. Թղ. 293բ1. «Յունվարի է. եւ Քաղոցի է. Վերստին տաւն է Մկրտութեան...։ Տեառն Յովհաննու Ոսկեբերանի ասացեալ ի մկրտութիւնն Քրիստոսի. Որք քրիստոսասէրք եւ եղբայրասէրք...»։ «Յայսմ աւուր ժողով սուրբ Մկրտչին Յովաննու Կարապետին. Տէրն մեր եւ Աստուած Յիսուս Քրիստոս պատուեաց...»։ «Լադինաց յիշատակ Տեառն մերոյ դարձին յԵգիպտոսէ...»։ 71. Թղ. 296բ1. «Յունվարի Ը. եւ Արաց Ա. Վերստին տաւն է Աստուածայայտնութեան։ Խաւսք ի ներբողական ճառէն սրբոյն Յովաննու Ոսկեբերանի ի մկրտութիւնն Քրիստոսի. Յորժամ խոնարհութեամբ տնաւրինաբար...»։ - «Ի սմին աւուր յիշատակ առաջին սքանչելեացն Տեառն... որ զջուրն ի գինի փոխեաց. Տէրն եւ Աստուածն մեր...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Թէոփիլոսի սարկաւագի...»։ 72. Թղ. 298բ1, «Յունվարի Թ. եւ Արաց Բ. վերստին տաւն է Աստուածայայտնութեան։ Երանելւոյն Պրոկղի ի նոյն խորհուրդ մկրտութեան. Յաւուրսն յայնոսիկ եկն Յովաննէս...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Պողոքտիոսի. Յետ Քրիստոսի համբարձմանն...»։ 73. Թղ. 300ա2, «Յունվարի Ժ. եւ Արաց Գ. վերստին տաւն է Աստուածայայտնութեան։ Ի ճառէն սրբոյն Պրոկղի. Արդ յորժամ եկն Տէրն մեր...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ Գրիգորի Նիւսացւոց եպ.ի. ճշմարիտ վարդապետին...»։ «Ի սմին աւուր յիշատակ.. Մաւրպաւհնաւի...»։ - «Յայսմ աւուր կուրութիւն եւ դարձ Պաւղոսի առաքելոյ...»։ 74. Թղ. 301բ1, «Յունվարի ԺԱ. եւ Արաց Դ. վերստին տաւն է Աստուածայայտնութեան։ ի նոյն ճառէն սրբոյն Պրոկղի եպ.ի. Ի մկրտիլն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի զիջանելով...» - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Պետրոսի որ կոչի Ավէսալամիտու, զոր Աբեսողոմ կոչեն. Պետրոս Քրիստոսի վկայն...»։ «Ի սմին աւուր յիշատակ Թէոդորոսի անապատականի...»։ 75. Թղ. 302բ2. «Յունվարի ԺԲ. եւ Արաց Ե. վերստին...։ Դարձեալ ի նոյն ճառէն. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս որ խոնարհապէս որպէս...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Մեաւրդի վկայի որ Մերտիոս կոչի. Ճշմարիտ վկայն Քրիստոսի...»։ - «Ի սմին աւուր տաւն է... Տատիանեայ...»։ 76. Թղ. 303բ2. «Յունվարի ԺԳ. իւ Արաց Ձ. Ութաւրեայ Աստուածայայտնութեան Տեառն...։ Երանելւոյն Յովաննու Ոսկեբերանի ի թլփատութիւնն Տեառն ութաւրեայ. Ոչ միայն թէ մարմին զգենու...» (կամաւոր ձեռքէ մը մելանով գծուած է ամբողջ ճառին վրայ)։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Երմելիոսի եւ Ստրատոնիկոսի. Այս բարեյաղթ վկայքս...» - «Յայսմ աւուր հանգիստ ... Յակովբայ Մծբնայ եպ.ին...»։ 77. Թղ. 311ա2. «Յունվարի ԺԷ. եւ Արաց Ժ. Վարք... անապատականին Անտոնի». հմմտ. Բ. Յայսմ. § 17. կ'աւելցնէ. «Յայսմ աւուր յիշատակ սրբոց նախահարցն Աբրահամու... Եւ այս են ամք կենացն...»։ 78. Թղ. 320բ2. «Յունվարի ԻԳ. եւ Արաց ՀՀ. վկայ... Կղեմայ...». Հմմտ. Գ. Յայսմ. 79. Թղ. 340բ2. «Փետրուարի Բ. եւ Արաց ԻԶ. Մեծահանդէս տաւն է քառասնաւրեայ Գալստեան ի տաճարն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ. Յորժամ ծնաւ ըստ մարմնոյ...»։ «Յայսմ աւուրք վարք սրբոցն Շաղիտայի եւ Եպիփանու... Սոքա աշակերտք էին Դանի80. Թղ. 344ա1. «Փետրուարի Գ. եւ Արաց Իէ. վերստին տաւն Գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն. եւ յիշատակ ամենասուրբ Աստուածածնին Մարիամու. Ամենասուրբ, ամէնաւրհնեալ ամենապարկեշտ եւ երանելի ...»։ - «Յայսմ աւուր հանգիստ սուրբ ծերունոյն Սիմէոնի աստուածաբարձի. Այս երանելիս...»։ - «Ընդ նմին յիշատակ է Աննայի մարգարէուեւոյ դստերն Փանուէլի ...»։ - «Ի սմին աւուր նահատակութիւն սրբոց վկայիցն Ադրիանու եւ էվուլու. Սոքա էին յազգէն իլկան...»։ 81. Թղ. 345բ2. «Փետրուարի Դ. եւ Արաց ԻԸ. վերստին..., եւ վկայ. Դիաւդորի, Կլաւդիանոսի եւ Պապիայ. Սոքա էին յաւուրս Դեկոսի...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Տարասահովվի. Ի թագաւորութեան Մաքսիմիանոսի...»։ 82. Թղ. 348ա1. «Փետրուարի Զ. եւ Արաց Լ. Վերստին տաւն Գալստեանն... որ եւ վերջատաւնակ իսկ է. զի տաւնս այս զհինկ օր կատարի յոմանց մինչեւ ցայսաւր. իսկ ոմանց ըստ աւուր կատարի եւ յիշատակ Նաթանայ մարգարէի. Սուրբ մարգարէն Նաթան...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Աբրահամու եպ. ի Արտավիլ քաղաքի ի Պարս. Ջայս երանելի եպիսկոպոս...» - «Ի սմին աւուր յիշատակ սրբոյն Վուկուլիոսի... Սա ի տղայական հասակէ...»։ - «Ի յայլ աւրինակս գտաք որ ի յայսմ աւուր տաւն է Եփեսոսի սուրբ ժողովոյն...»։ 83. Թղ. 349բ1. «Փետրուարի Ը. եւ Մեհեկի Բ. Տաւն Զաքարիայի սուրբ մարգարէին. Սուրբ մարգարէն Զաքարիայ մի էր ...»։ - «Յայսմ աւուր վարք երան. Պարթենիոսի Լափսակայ եպ. ին. Սուրբ քահանայապետս...»։ - «Ի սմին աւուր յիշատակ... Տրիփենայ. Սրբուհին Տրիփենայ...»։ 84. Թղ. 352ա1. «Փետրուարի Ժ. եւ Մեհեկի Դ. Գիւտ նշխարաց սուրբ առաքելոյն Թադէոսի». հմմտ. Գ. Յայսմ. § 69։ 85. Թղ. 359ա2. «Փետրուարի ԺԴ. եւ Մեհեկի Ը. Վկայ. սրբուհւոյն Փաւստեայ կուսի. Ի ժամանակս Մաքսիմիանոսի...»։ «Յայսմ աւուր հանգեաւ... Աւքսենտիոս մարգելական Խցի...»։ 86. Թղ. 361ա1, «Փետրուարի ԺԵ. եւ Մեհեկի Թ. Տաւն է Ասափայ մարգարէին». հմմտ. Գ. Յայսմ. § 72։ 87. Թղ. 366բ2. «Փետրուարի ԺԹ. եւ Մեհեկի ժԳ. Վարք սուրբ հաւրն մերոյ Ներսէսի Հայոց հայրապետի առաջնոյ. Յերկրորդ ամի թագաւորութեան...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Ալեքսանդրոսի Պոնտիողոնացւոյ. Յաւուրս կռապաշտ արքա88. Թղ. 371ա1, «Փետրուարի ԻԲ, եւ Մեհեկի ԺԶ. Նստիլն Պետրոսի առաքելոյ յԱթոռն Անտիոքայ առաջին պատրիարք զամս է. Յետ վերանալոյ Տեառն մերոյ...»«Յայսմ աւուր վկայ. Կոռնելիոսի հարիւրապետի. Սա էր ի Կեսարիոյ...»։ - «Ի նմին աւուր կատարեցաւ սրով սուրբ վկայն Յիզտբուզիտ եւ այլք ընդ նմա ի հայս ի պարսից»։ - «Լադինն աթոռն Պետրոսի...»։ 89. Թղ. 373բ2. «Փետրուարի ԻԴ. եւ Մեհեկի ԺԸ. Գիւտ սուրբ գլխոյն Յովաննու Մկրտչին Քրիստոսի. Սուրբ գլուխն Յովաննու...»։ - «Յայսմ աւուր տաւն է սուրբ առաքելոյն Մատաթիայի... Յորժամ Յուդայ մատնիչն...»։ 90. Թղ. 376բ2. «Փետրուարի ԻԶ. եւ Մեհեկի Ի. Յիշատակ է սուրբ կանանցն Գայիանէ եւ Հուփսիմեայ. Սուրբ տիկնայքն Գայիանէ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Շուշանայ կրաւնաւորի. Յաւուրքս Մաքսիմիանոսի...»։ - «Ի սմին աւուր զսրբոյն Յունվարի զԲենեւանդայ...»։ 91. Թղ. 379բ2. «Փետրուար ամիս աւուրըս ունի ԻԸ ( = 28), եւ ի նահանջի ամի՝ ԻԹ ( = 29). Յիշատակ Կասիանի. Այս մեծ եւ նշանաւոր...»։ - «Ի սմին աւուր ընթերցջիր զսքանչելիք պատկերին Քրիստոսի որ ի Բիւրիտոն զոր պատմէ սուրբ Աթանաս հայրապետ. Բիւրիտոն քաղաք...»։ 92. Թղ. 381ա1. «Մարտ... ի մինն սորա եւ Մեհեկի ԻԳ. վկայ. Սիմոնի Կիւրենացւոյ որ եբարձ զխաչն Քրիստոսի եւ որդւոց իւրոց ընդ նմայ. Սուրբն Սիմովն...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Եւդոկիայ. Երանելին Եւդոկիա էր ի քաղաքէն...»։ 93. Թղ. 382բ2. «Մարտի Բ. եւ Մեհեկի ԻԴ. Տաւն է մարգարէին Ամովսայ». հմմտ. Գ. Յայսմ. § 82։ 94. Թղ. 397ա2. «Մարտի ԺԳ. եւ Արեգի Ե. Յիշատակ Եզրի քահանայի հնոյ եւ դպրի աւրինացն Աստուծոյ եւ գրողի կտակաց մարգարէից սրբոց. Սուրբ քահանայն Եգր...»։ «Յայսմ աւուր վարք երան. Գրիգորի Հոսմայ հայրապետին. Այս երանելի այրս...»։ 95. Թղ. 400բ1. «Մարտի ԺԵ. եւ Արեգի է. Յիշատակ... Արիստաբուլայ. Սուրբ եւ երանելի առաքեալն Քրիստոսի...»։ - «Յայսմ աւուր վկայութիւն ութ վկայիցն...»։ 96. Թղ. 412ա2. «Մարտի ԻԴ. եւ Արեգի ԺԶ. Նախատաւնակ է ամենասրբուեւոյ Աստուածածնին Աւետեաց. Զնախատաւն աւետեաց մարդեղութեան...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Աբդայի եպ.ի եւ Որմիսդանայ եւ Սաենի... Ի ժամանակս բարեպաշտ...»։ - «Ի սոյն աւուր յիշտ. Մելքիսեդեկի... Թագաւոր Սաղիմ շինէ...»։ 97. Թղ. 415բ2. «Մարտի ԻԵ. եւ Արեգի ժԷ. Տաւն է Աւետեաց ամենասրբուեւոյ... Յորժամ եկեալ առ նա հրեշտակապետին...»։ 98. Թղ. 418բ1. «Մարտի ԻԶ. եւ Արեգի ԺԸ. Վերստին տաւն է Աւետեաց Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ...»։ - «Եւ ընդ նմին ամենասրբուհւոյ Աստուածածնին յիշատակ է եւ տաւն սրբոյ աւետաբեր հրեշտակապետին Գաբրիէլի որ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ... Պաւղոսի եւ քեռն իւրոյ Յուլիանեայ. Քրիստոսի մարտիրոսքս...»։ 99. Թղ. 423ա2. «Մարտի ԻԹ. եւ Արեգի ԻԱ. Յիշատակ սուրբ առաքելոյն Հերոդինոսի. Աստուածային առաքեալն Հերոդիոնոս ...» - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոց Խ եւ Բ մարտիւրոսացն որ յԱփրիկէ...»։ - «Յայսմ աւուր տաւն է երանելի թագաւորին Երմունալտի...»։ 100. Թղ. 431բ1. «Ապրիլի Ե. եւ Արեգի ԻԸ. Վկայ. սրբոյն Կալիպոսի եւ մաւր իւրոյ Թէոկլիայ. Երանելի վկայքն Քրիստոսի...»։ - «Յայսմ աւուր յիշտ. սուրբ հօրն մերոյ Գէորգէոսի որ ի Մալէոն լեառն...»։ 101. Թղ. 432ա2. «Ապրիլի Զ. եւ Արեգի ԻԹ. Վկայ. սրբոյն Պաւսիլիպաւսի. Այս երանելի վկայս Քրիստոսի...»։- «Յայսմ աւուր կատարեցան եւ յաշխարհին պարսից Ճ եւ Ի մարտիւրոսք...»։ - «Ի սմին աւուր չարչարանք... Երմէու. Սա նախ ճգնաւորական...»։ 102. Թղ. 432բ2. «Ապրիլի է. եւ Արեգի Լ. Վկայ. սրբոյն Բատիմոսի հաւր եւ եաւթն աշակերտաց նորա. Այս երանելի վկայս...»։ - «Յայսմ աւուր չարչարանք... Ռուֆինու սքանչելագործի...»։ 103. Թղ. 437ա1, «Ապրիլի Ժ. եւ Ահկի Դ. Վկայ. սրբոց Խ. մարտիրոսացն յորոց են սուրբքն Տերենտիոս, Ափրիկանոս... Այս սուրբ վկայքս Քրիստոսի...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Անտիպեայ եպ.ին Պերգամայ. Քահանայապետն Քրիստոսի Անտիպեա...»։ 104. Թղ. 443ա2. «Ապրիյի ԺԶ. եւ Ահկի Թ, Վկայ. սրբոյն Լեւոնիդոսի եւ սրբ. կանանցն Քարեսի... որք կատարեցան ի Կորնթացւոյ քաղաքն. Այս բարեյաղթ վկայքըս...»։ «Յայսմ աւուր տաւն է սրբոց եղաբեր կանանցն...»։ 105. Թղ. 447բ2. «Ապրիլի ԻԱ. եւ Ահկի ԺԴ. Տաւն է սրբոյ առաքելոյն Սիմովնի Նախանձայոյզի. Աստուածատեսն Սիմոն աշակերտն...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատ. Զակքէի. Սա մաքսաւոր էր...»։ - «Ի սմին աւուր վկայ. Թէոդորոսի որ ի Պերգէ Պանփիւլեայ եւ Սոկրատայ...» - «Ի սմին աւուր սուրբ վկայքն Քրիստոսի Ալփիոս, Փիլատելփոս ...» - «Յայսմ աւուր յիշտ. Ապաւլեայ եւ Սահակիոսի...»։ 106. Թղ. 457ա2. «Ապրիլի Իէ. եւ Սահմի Ի. Տաւն եւ վկայ. Սիմոնի Տեառնեղբաւր եւ եպ.ին Երուսաղէմի. Այս երանելիս Սիմէոն...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Մաքսիմոսի, Գադայ եւ Կենդիլիանոսի. Յաւուրս կռապաշտ արքային...»։ 107. Թղ. 461բ1. «Ապրիլի Լ. եւ Ահկի ԻԳ. Վկայ. Յակոբայ Ձեբեթանց. Սուրբ առաքեալն Յակոբ եղբայր էր...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Ժ. մարտիւրոսացն Մարկիանոսի... Քրիստոսի տասն վկայքս...»։ - «Ի սմին աւուր սուրբն Աղեքսանդրոս...»։ - «Եւ ի սոյն եղեւ կատարումն ի պարսիկս սրբուհւոյ վկա(յ)ին Քրիստոսի Թեսբեայ...»։ 108. Թղ. 471ա1. «Մայիսի է եւ Ահկի Լ. Տաւն երեւման Խաչին Քրիստոսի յԵրուսաղէմ ի յերկինս, հանդէպ սուրբ Գողգոթայի ի լերինն Ձիթենեաց. Ի ժամանակս արքային Կոստանդեայ...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ Փիլիկտիմոնի եւ տղայոյն եւ Ռուսինայ կնոջն եւ երկուց որդւոցն»։ 109. Թղ. 494բ2. «Մայիսի ԻԸ. եւ Մարերի ԻԱ. Վկայ. սրբոյն Դիդիմոսի եւ սրբուհւոյն Թէոդորայ. Յաւուրս Գիոկղիտիանոսի անաւրէն...»։ 110. Թղ. 495ա2. «Մայիսի ԻԹ. եւ Մարերի ԻԲ. Տաւն սուրբ եւ առաջին ժողովոյն Նիկիայ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Ելիկոնիդեայ. Աղախինն Քրիստոսի...»։ 111. Թղ. 525բ1. «Յունիս ԻԴ. եւ Մարգաց ԺԸ. Տաւն է մեծահանդէս եւ ամենահռչակ պատվելի եւ փառաւորեալ ծննդեան յառաջընթաց կարապետին Քրիստոսի մեծի մարգարէին Յովանու Մկրտչի. Մեծ քահանայն Զաքարիայ ի տաւնի քաւութեանն...»։ - «Յայսմ աւուր վարք Տայասայ պոռնկի...»։ 112. Թղ. 530բ1. «Յունիս Իէ եւ Մարգաց ԻԱ. Տաւն է մեծահանդէս Եփեսոսի առաջին սուրբ ժողովոյն. Երրորդ սուրբ ժողովն եղեւ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Արիստոկլէոսի քահանայի եւ... Ճշմարիտ քահանայն եւ վկայն...»։ 113. Թղ. 532բ2. «Յունիսի ԻԹ. եւ Մարգաց ԻԳ. Ամենաժողով եւ մեծահանդէս տաւն սուրբ եւ... գլխաւորաց առաքելոցն խաչելութեան մեծին Պետրոսի վիմի եւ գլխատութեան երիցս երանեալ վարդապետին հեթանոսաց Պաւղոսի անաւթոյն ընտրութեան որ ի մեծն Հռոմ կատարեցան ի Ներոնէ կայսերէ. Սուրբ առաքեալն Պետրոս...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Եւսեբեայ որդւոյ Բասլի...»։ «Թուղթ Դիոնէսիոսի Արիսպագացւոյ առ Տիմոթէոս աշակերտն Պաւղոսի վասն մահուանն Պետրոսի եւ Պաւղոսի. Ով աշակերտ աստուածային որդի հոգեւոր...»։ 114. Թղ. 542բ2. «Յուլիսի Դ. եւ Մարգաց Իէ. Տաւն... առաքելոյն Թովմայի մի յերկոտասանիցն. Առաքեալն Քրիստոսի սուրբն Թովմաս...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 115. Թղ. 551ա1. «Յույիս ԺԱ. եւ Հրոտից Ե. Վկայաբանութիւն... Եւփիմեայ երանուեւոյ. Սուրբ եւ բարեյաղթ կոյս...»։ «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Սրապիանի. Յաւուրս ամբարիշտ...»։ 116. Թղ. 552բ1. «Յուլիս ԺԳ. եւ Հրոտից է. Յիշատակ եւ տաւն է մեծի հրեշտակապետին Գաբրիէլի. Մեծ եւ աստուածային հրեշտակապետն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 194։ 117. Թղ. 553բ2. «Յուլիս ԺԴ. եւ Հրոտից Ը. Վկայ. Բագարատայ Տոռոմենայ եպ.ի եւ Լուսաւորչի աշակերտի Պետրոսի. Սուրբ Բագարատ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. Կիւրղի եպ.ին Գորտինոյ... Սուրբ քահանայապետն Քրիստոսի...»։ - «Ի սմին աւուր տաւն է սրբոյն Ներսեսի Տարոնի եպ.ի. Սքանչելին Ներսէս եպ.ն Տարոնի...»։ - «Յայսմ աւուր մեայ, Աբդլմսեհի վեայի. Ծառայն Իբրըստո118. Թղ. 562բ2. «Յուլիս ԺԵ. եւ Հրոտից Թ. Վկայութիւն... Կիրակոսի տղայի եւ մաւր նորա Յուղիտա սրբուհոյ որ ի Տարսոն կատարեցաւ. Այս երանելի եւ որդեսէր...»։ 119. Թղ. 570ա2. «Յուլիս ԻԱ. եւ Հրոտից ԺԵ. Յիշատակ Եզեկիէլի քահանայի եւ մարգարէի. Սուրբ քահանայ մարգարէն...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 202։ 120. Թղ. 573ա1. «Յուլիս ԻԲ. եւ Հրոտից ԺՁ. Տաւն... Մարիամու Մագդաղենացւոյն. Սրբուհի աղախինն Քրիստոսի...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 203։ 121. Թղ. 583ա2. «Յուլիս ԻԸ. եւ Հրոտից ԻԲ. Տաւն սրբոց առաքելոցն Պրոխորոնի, Տիմոնի, Նիկանորա եւ Պարմենայ նախասարկաւագացն. Սուրբ առաքեալքս ընտրեցան...» - «Յայսմ աւուր վկայ. Կալինիկոսի. Քրիստոսի վկայն սուրբն Կալինիկոս ...»։ - «Ի նմին աւուր յիշատակ սրբոյն Ապողոնիոսի. Սա էր ի Սարդիս քաղաքէն 122. Թղ. 585ա2. «Յուլիս Լ. եւ Հրոտից ԻԴ. Վկայ. սրբոյն Եւստաթէոսի Անկիւրացոյն. Սուրբն Եւստաթէոս զաւրական էր ...»։ - «Յայսմ աւուր յիշատակ երան. Մարթայի մաւր սրբոյն Սիմէոնի սիւնակեցին...»։ - «Յայսմ աւուր տաւն... Շիղայի եւ Սիղուիանոսի...»։ - «Եւ ի Փոքր հայս ի Սեբաստիա քաղաք վկայութիւն նոր վկայիցն Գոհարինէ, Ռատիոսի... Պատուական վկայքըս այսոքիկ...»։ 123. Թղ. 587բ1. «Յուլիս ԼԱ. եւ Հրոտից ԻԵ. վկայութիւն... Լուկիայ եւ Ռիկսոնի... Աղախինն Քրիստոսի Լուկիայ...»։ - «Յայսմ աւուր կատարեցան ի Հայք սուրբ աշակերտք եւ ընկերք սուրբ քահանայիցն Ղեւոնդեանց ...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբուհոյն Յուլիտայ. Սրբուհիս Յուլիտայ էր ի Կեսարի124. Թղ. 601բ1. «ՅԱւգոստոսի Զ. մուտ է Աւելեացն Սարկաւագին եւ տաւն Փոխակերպութեան Քրիստոսի, յորժամ լուսակերպեցաւ ի Թաբաւրական լեառն... Տէր եւ Աստուած մեր Յիսուս Քրիստոս ի մարդ լինելն...»։ - «Յայսմ աւուր կատարեցան ԲՃ վկայք ի Հայք ի դղեկի. Յետ աւերման աշխարհին Հայոց...»։ 125. Թղ. 608ա2. «ՅԱւգոստոսի Թ. եւ Աւելեացն Դ. Վերստին տաւն է Պայծառակերպութեան Տեառն եւ յայսմ աւուր նա հատակութիւն.., առաքելոյն Մատարեա, Սուրբ Մատաթիաս էր...»։ - «Յայսմ աւուր շորԵրանելի Սիւռոն լեալ էր ի Կրիտէս...»։ - «Տաւն սրբոյն Անտոնիու եւ ինն մարտիւրոսացն...»։ 126. Թղ. 616ա2. «Աւգոստոս ԺԵ. եւ Նաւասարդի Ե. Պատուական եւ փառաւորեալ ննջումն ամենասրբուհի Տիրուհւոյն մերոյ եւ միշտ կուսին... Վերափոխման եւ ութ աւր կատարի. Ամենասուրբ կոյսն Մարիամ Աստուածածինն սքանչելի...»։ - «Յայսմ աւուր ... Սուրբն Պարսիկիոս ընթերցող էր...»։ 127. Թղ. 625բ1. «Աւգոստոս ԺԷ. եւ Նաւասարդի է. Վերստին տաւն ննջման... Եղեն յայսմ աւուր սքանչելագործութիւն սրբոյ Աստուածածնի... ի սկզբան թագաւորութեանն Լէոնի Իսավռոսի, եկեալ բազմութիւնք տաճկաց...»։ - «Յայսմ աւուր վկայութիւն սրբոյն Միւռոնայ քահանայ վկային. Յաւուրս Դեկոսի...»։ 128. Թղ. 629բ1. «Աւգոստոս Ի. եւ Նաւասարդի Ժ. Վերստին տաւն ննջման Աստուածածնին եւ յիշատակ... մարգարէին Սամուէլի. Եւ գնաց Սամուէլ...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 232։ 129. Թղ. 635ա2. «Աւգոստոս ԻԴ. եւ Նաւասարդի ԺԴ. Վերադարձումն պատուական նշխարացն սուրբ առաքելոյն Բարդողոմէոսի. Որպէս զի սքանչելի է Աստուած...». մնացեալը հմմտ. Բ. Յայսմ. § 236։ 130. Թղ. 646բ1. «Աւգոստոս ԼԱ. եւ Նաւասարդի ԻԱ. Գիւտ գաւտոյ ամենասրբուհոյ Աստուածածնին. Յորժամ առաւել փառաւորեալ տիրուհին...»։ - «Յայսմ աւուր վկայ. սրբոյն Փաւտինեայ որ է կինն Սամարա131. Թղ. 648ա1. (Վկայաբանութիւն Յովհաննու). «... դապետութիւնս, վերակացութիւնս, հանգիստս...»։ Կը պակսի առաջին մասը, թուղթի մը անկումով։ Վկայաբանութեան մէջ կայ խօսակցութիւն մը ընդ մէջ Յովհաննէսի եւ Բիւռոսի։ 132. Թղ. 650բ1. «Յովհաննու Ոսկեբերանի ասացեալ վասն ննջեցելոց եւ որք անյուսաբար լան զմեռեալս իւրեանց եւ վասն մխիթարութեան Սգաւորաց. Քրիստոս էառ՝ երկրպագեսցուք, ստեղծիչն վերստին ստեղծ 133. Թղ. 652ա1. «Ճառք տէրունական տաւնից որ սուղ յիշատակին Յայսմաւուրքս Ղազարու եւ այլք զոր ընթեռնոյք զկնի։ Երանելոյն Հիպողիտա(յ) Բոստրացոյ եպ.ի ի Մեկնութիւն աւետարանին որ ըստ Յոհաննու. Զոր աւրենակ մայր որդիասէր...»։ 134. Թղ. 653.բ1, «Ի մեծի աւուր գալըստեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի յԵրուսաղէմ. Մամբրէի Վերծանողի ասացեալ Յողոգմանէն, որ է Արմաւենեաց տաւն. Ձի՞նչ են ինձ այսաւր երաժշտական ձայն135. Թղ. 654բ2. «Տեառն Յովհաննու Ոսկեբերանի ի յաւր բարեբանութեանն. Իբրեւ մաւտ եղեն յԵրուսաղէմ եւ եկն ի Բեթբա136. Թղ. 656ա1. «Ի մեծի աւուր Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, երանելոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի Կոստանդինուպաւլսի եպ.ի ի Մատթէոսի աւետարանին մեկնութենէն. Երեկոյին շաբաթուն յորում լուսանայր միաշաբաթին...»։ 137. Թղ. 656բ2. «Երանելոյն Կիւրղի եպիսկոպոսապետին Աղեքսանդրի. Արդ պահելով զաւրն յորում մատնեցաւ տէրն մեր 138. Թղ. 657բ1. «Երանելոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի ի Մատթէոսի աւետարանին մեկնութենէն. Իսկ մետասան աշակերտքն գնացին...»։ 139. Թղ. 658ա2. «Երանելոյն Գրիգորի Սքանչելագործի. Է՛ր Աստուած եւ եղեւ մարդ, ոչ հեռացեալ ի բնութենէն...»։ 140. Թղ. 658բ1. «Յաղագս Երեւման սրբոյ Խաչին յերկնից, երանելոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի ասացեալ ի սուրբ Խաչն Աստուածընկալ. Զխաչն մեր կենարար ուղիղ երգով երգեսցուք...»։ 141. Թղ. 660ա2. «Սրբոյն Գրիգորի Աստուածաբանի խաւսք ի Նոր կիւրակէն ի Կեսարիա(յ) Կապադովկեցոց եւ ի կատարման յիշատակի սրբոյ վկային Մամասայ, քանզի ի Նորում կիւրակէին կատարի միշտ ի Կեսարացոց քաղաքին. Նաւակատիք պատուեցին հին աւրէնքն...»։ 142. Թղ. 663բ1. «Երանելոյն սրբոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի ի Վերացումն Տեառն. Պայծառ է ինձ այսաւր եկելոյս տեսարան ...»։ - Վերջ 664բ2. «Արդ ոչ ամենեքեան յափշտակեսցուք՝ այլ ոմանք մնան եւ կէսք յափշտակին։ Լուր, զի՛նչ ասէ Քրիստոս. եր» կը մնայ կիսատ։

Content