1470
2239
1829։
շեղ։
կազմուած է երեք տետրակներէ։
կիսալաթ, ստուարաթուղթ։
բաւարար։
էջ 48, 60-65։
1831ին Հ. Եփրեմ Սէթեան իր կատարած օրինակութիւնները դրկած է Ս. Ղազար։ Մատեանս կազմուած է երեք տետրակներէ, այս է Ա. Էջ 1-47. «Երանելոյն Աթանասի ասացեալ Հարցմունք վայելուչք եւ պատասխանիք հոգեշահք»։ Հ. Եփրեմ Վրդ. Սէթեան Խրիմէն անցքին, 1829ի Մարտ ամսուն, գտնելով 1255 թուականէն առաջ գրուած Ձեռագիր մը, կ'ընդօրինակէ այս հատուածը եւ կը զրկէ Ս. Ղազար, ուր հասած է 16 Դեկտ. 1831ին։ Խրիմի յիշեալ Ձեռագրին մայր օրինակը, 1838ին, Հ. Մինաս Բշժկեան գնելով ղրկած է Ս. Ղազար, որ է Ձեռ. թիւ 425 (հմմտ. Սարգիսեան Հ. Բ., «Մայր Ցուցակ», Հտ. Բ., էջ 316)։ Բ. Էջ 49-59. «Երանելոյն Գրիգորի Աստուածաբանի ասացեալ՝ Ի Մեղիտէ. Աճեցոյց մեզ զթիւ առաքելոցն նոր առաքեալս»։ Հ. Եսայի Վրդ. Մզրաքեան, հաւանաբար 1338ին, Վիեննայի Մխիթարեան վանքէն անցքին՝ օրինակած է ճառս, առանց նշելու Ձեռագրին թիւը։ Գ. Էջ 67-122. «Պատմութիւն մեծի աշխարհակալի Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ. կեանք վարուց, քաջութիւն, մինչ ի վախճան, նշանօք. Իմաստունք եգիպտացւոց...»։ Հ. Եփրեմ Վրդ. Սէթեան գրութիւնը աւարտելուն՝ կը գրէ. «Գաղափարեցաւ պատմութիւն Աղեքսանդրի, ի բաց թողլով զոտանաւոր յաւելուածս Կեչառացւոյն. ի Տփխիս, ի բոլորգիր անթուական օրինակէ, 1829, ի Յունիսի, ի վանատան Քափուչինաց, ի ձեռն Հ. Եփրեմի Սէթեան»։ Նոյն Հ. Եփրեմ կատարած է յաջորդ օրինակութիւնները. Էջ 123-125. «Երանելւոյն Պրոկղի եպիսկոպոսապետին Կոստանդնուպաւլսի, Խօսք Աստուածայայտնութեան. Քրիստոս աշխարհի յայտնեցաւ եւ զանզարդ աշխարհս զարդարեալլուսաւորեաց, զաշխարհի մեղս եբարձ եւ զթշնամին աշխարհի արտաքս ընկեց»։ Հ. Եփրեմ կը նշէ աղբիւրը՝ գրելով„ «Գաղափարեալ ի Յայսմաւուրաց Ճկռաշէն եկեղեցւոյ Տփխիսու»։ Էջ 126. «Նորին. Արդ, յորժամ եկն Տէր մեր ի Յորդանան մկրտիլ եւ հրաժարէր դողալով Մկրտիչն Յովաննէս. յայնժամ ապա եւ գետն մեծ Յորդանան պակուցեալ աստուածեղէնն փառաց...»։ Էջ 127. «Ի նոյն ճառէն. Ի մկրտիլ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, զի իջանելով խոնարհութեամբ որպէս մարդ, յայտնեալ լինէր ի Հօրէ յերկնից...»։ Էջ 128. «Դարձեալ ի նոյն ճառէ. Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, որ խոնարհապէս իբրեւ մարդ ի Յովաննէ մկրտեցաւ, նոյն ինքն որպէս զԱստուած ստեղծ խորհրդով»։ - Վերջ