1117
1166
նօտր մաքուր։
Ա-Զ։
թուղթ։
դրոշմազարդ կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ։
բաւարար։
չունի։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ։
Էջ 118-124։
Ձեռագիրս ունի երկու մաս. Ա. Էջ 1-116, նօտրգիր, որուն լուսանցքներուն վրայ 1777ին Գէորգ Պալատեցի կատարած է սրբագրութիւններ եւ յաւելումսեր, 1302ին գրուած Ձեռագրի մը վրայէն, թողլով մեզի սա ծանօթութիւնները. 1. էջ 116. «Յամի Տեառն 1777 եւ Հայոց ՌՄԻՉ, ի գարնան եղանակի սրբագրեցաւ»։ 2. Էջ 117. «Աւարտեցաւ գիրքս այս Թըղթոցն, զոր արարեալ են սուրբ հայրապետքն Հայոց Տէր Ներսէս եւ եղբօրորդի նորին Տէր Գրիգոր, որ զկնի նորին յաջորդեաց զաթոռըն, առ թագաւորն Հոռոմոց Մանուէլ եւ ի նորին կողմանէ առ նոսա, յաղագս միաբանութեան հաւատոյ եւ կարգաց եկեղեցւոյ, ի փառս Աստուծոյ։ «Օրինակեալ ի Թումայէ ումեմնէ կրօնաւոր քահանայէ Հոռոմկլայեցւոյ, ի լաւ օրինակէն Գրիգորի հանճարեղ գրչի, որ ի Հոռոմկլայէն, որ եւ նա գրեալ էր այսպէս. Ես Գրիգորիս մեղապարտ գրիչ, գտի զսուրբ թուղթքս այս (Տեառն Ներսիսի գրեալ գրով սուրբ ձեռին իւրոյ), զկնի ԿԷ ամի վերափոխման իւրոյ յաստեացս։ «Իսկ գրչութիւն Թումասու գրչին եղեալ է ի հռչակաւոր անապատն Խորին, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնին, որ է մերձ ի սահմանս Բարձրբերդոյ եւ Լեւոնկյային անառիկ դղեկացն, ի թուականիս Հայոց ՉԾԱ (1302), ի թագաւորութեան Հայոց Հեթմոյ, որ եդիր զեղբօրորդին իւր Լեւոն մանուկ տիօք յաթոռն իւր եւ ինքն ի կարգ կրօնաւորութեան մտեալ, եւ ի հայրապետութեան Տեառն Գրիգորի։ Եւ նախ քան զժ. ամ գրութեան տառիս, գերեալ եղեւ ի տաճկաց հայրապետական Աթոռն Հոռոմկլայ, յորմէ եմ ես նուաստ գրիչս Թումաս, զոր յիշել աղաչեմ։ Արդ եւ մեք ի սոյն ընտիր օրինակէ ուղղագրեցաք զգիրքս թղթոց միաբանութեան սուրբ հարցն մերոց Տեառն Ներսիսի եւ Տեառն Գրիգորի»։ Ձեռագրիս երկրորդ մասը, էջ 125-192, ընդօրինակութիւն մըն է 1204 թուականի ձեռագրէ մը, կատարուած Գէորգ Պալատեչիի,գուով, որ թողած է սա յիշատակագրու3. Էջ 192. «Գրեցաւ ներբողական ճառս Ներսէսի Լամբրօնացւոյ, ասացեալ ի վերայ նորին, ըստ խնդրոյ ազգականի սրբոյն, Ներսէսի քահանայի, յումեմնէ Գրիգոր վարդապետէ, ի թուին ՈԾԳ (1204). եւ յետ բազում ժամանակաց՝ մեր իսկ զսա տեսեալ տենչացաք բանիցն եւ փութով պնդութեամբ օրինակեցաք ՌՄԻ (1771) Յունիսի 20, ի Կոստանդնուպօլիս։ Գրիչ սորին եղեւ պիտակ եւ չնչին Գէորգ դպիր ի Պալատ»։
Ձեռագիրս կազմուած է երկու մասով, առաջին մասը (էջ 1-116) Գէորգ Պալատեցի նուիրած է վանքիս՝ 1787ին, իսկ երկրորդ մասը (էջ 119-192)՝ 1789ին՝ սա գրութեամբ. «Տիրացու Գէորգին Տէր Յոհաննիսեան, Յիշատակ ուխտիս սրբոյն Ղազարու ի Վենետիկ, ՌՄԼԸ»։ Երկու տետրակները Պոլիսէն բերած է Հ. Ղուկաս Վրդ. Իննիճեան, 8 Հոկտ. 1790ին, եւ Ս. Ղազարի մէջ է որ մէկ հատորով կազմուած է։ Բովանդակութիւն. Էջ 1-116 օրինակուած է 1302 թուականի Ձեռագրէ մը, իսկ յաջորդ մասը՝ 1204 թուականի գրչագրէ մը. 1. Էջ 1. «Պատճառք խնդրոյ միաբանութեան թագաւորին հոռոմոց Էմանուէլի եւ սրբոց կաթողիկոսացն Հայոց Ներսիսի եւ Գրիգորիսի թուղթքն, զոր գրեցին առ միմեանս. Սարգարէն Դաւիթ յաստուածային երգսն սաղմոսացն օրհնաբանէ եթէ յիշատակ յաւիտենից եղիցի արդարն, յայտնելով զի թէպէտեւ հասարակական վախճանաւն փոխի յաստեացս, սակայն արձան մշտնջենաւոր ինքեան թողու յերկրի, զարժանի յիշատակի 2. Էջ 4. «Գիր հաւատո, խոստովանութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, գրեալ ի Ներսիսէ արքեպիսկոպոսէ, ի խնդրոյ գերապատիւ փեսայի ինքնակալ թագաւոր հոռոմոց Էմանուէլի Ալեքսի մեծի պռոտօսռատորի, յորժամ ել յարեւելս եւ էր ի Մամսուեստիայ մայրաքաղաքն կիլիկեցոց. Բանիւք դուզնաքեայ իմն խօսելով ի լսելիս խոհեմագունիդ եւ աստուածասիրի անձին յաղագս մերոյ հաւատոյ եւ կարգաց եկեղեցւոյ, հարցմանց որ ի մէնջ տալով պատասխանի»։ - Վերջ էջ 22. «Իսկ այն զոր մի անգամ լսէ եւ հաւատայ եւ ոչ դատի որպէս ասաց քննողն սրտից, ընդ ճշմարիտ հաւատելոցն ընկալցի վարձս բարեաց ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերմէ, որում փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից. Էջ 22. «Զայս ընկալեալ իմաստուն առնն եւ օժտաբեր ընծայիւք պատուեաց զերանելին եւ առաքեաց խաղաղութեամբ ի դղեակն Լամբրուն, հանդերձ գերապատիւ իշխանաւն Օշնիւ, ուր եկեալ մնայր ժամանակս ինչ»։ Վերջ էջ 23. «Առաքէ ի խնդիր սրբոյ եպիսկոպոսին գրեալ թուղթ առ նախապատիւ եղբայրն Տէր Գրիգորիս Կաթողիկոս յաղագս այսր իրաց սոյնպիսի օրինակաւ»։ 3. Էջ 23. «Թուղթ առաջին թագաւորին հոռոմոց էմմանուէյի առ սրբազան Կաթողիկոսն Հայոց Տէր Գրիգորիս. Մանուէլ ծիրանածնունդ արքայ կարօղ եւ բարձր միշտ օգոստոս ինքնակալ հոռոմոց կոմնինոս եւ Քրիստոսի Աստուծոյ հաւատարիմ թագաւոր, առ շնորհիւ նորին պատուական եւ սրբազան Կաթողիկոսն Հայոց Տէր Գրիգորիս, ողջոյն սիրոյ առաքեմք»։ - Վերջ էջ 24. «Գրեցաւ լամսեան Սեպտեմբերի յընդիքտիոնի Ժ եւ Էջ 24. «Իսկ առն առաքելոյ փութանակի անցեալ զբազում գաւառօք գայր հասանէր յաշխարհն Միջագետաց ի հայրապետական աթոռն, զոր ի սկզբանն նշանակեցաք, եւ գտանէր վախճանեալ յայնմ ամի զԿաթողիկոսն Տէր Գրիգորիս ի թուականիս ի ՈԺԴ»։ 4. Էջ 25. «Պատասխանի առաջին թղթոյն թագաւորին հոռոմոց Մանուէլի, գրեալ ի Ներսիսէ Կաթողիկոսէ Հայոց. Քրիստոսա պսակեալ ինքնակալ ծիրանածին եւ օգոստոսափառ սուրբ թագաւորի, երկնաւորին յերկրի անուանակրի եւ աթոռակալի, գիր պատուական հրամանի որ առ հայրն մեր ըստ հոգւոյ եւ եղբայրն ըստ մարմնոյ Գրիգորիս Կաթողիկոս»։ - Վերջ էջ 35. «Ողջ լեր թագաւոր օգոստէ, երկնաւոր թագաւորին պահպանեալ զօրութեամբ»։ 5. Էջ 35. «Սահման հաւատոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գրեալ ի սրբոյն Ներսիսէ Կաթողիկոսէ Հայոց, ի խնդրոյ աստուածասէր թագաւորին Հոռոմոց Էմմանուէլի. Թէպէտ եւ աղքատութիւն մտաց եւ բանի ոչ տայ թոյլ ի բարձրագոյնսն քան զմեզ համարձակել»։ Էջ 44. «Նորին Տեառն Ներսէսի յաղագս աւանդութեանց եկեղեցւոյ. Ասասցուք սակաւուք եւ յաղագս աւանդութեանց եկեղեցւոյ, զոր ունիմք ի հարցն առաջնոց»։ Էջ 56. «Արդ առեալ զնամակ ի ձեռս թագաւորն, ընթանայր ի մեծ եկեղեցին, ցուցանելով տիեզերական հայրապետին եւ համագումար դասուց եկեղեցականաց»։ 6. Էջ 57. «Թուղթ առաջին թագաւորին հոռոմոց Մանուէլի, առ Տէր Ներսէս Կաթողիկոս Հայոց, յաղագս խնդրելոյ զմիաբանութիւն երկաքանչիւրոցս ազանց. Մանուէլ Քրիստոսի Աստուծոյ հաւատարիմ թագաւոր, ծիրանածին աստուածապսակեալ արքայ հըզօր... թագաւորութեանս մերում ի վաղ ժամանակաց ծանուցաւ բարւոք մտածութիւն ձեր»։ - Վերջ էջ 58. «Գրեցաւ յամսեանն Մայիսի յնդիքտիոնին Գ»։ Էջ 58. «Ընթերցեալ զայս սրբոյ հայրապետին, սկիզբն առնէր հարցաքննութեան ընդ այրն իմաստասէր եւ բազում ժամանակս դեգերէին առ աստուածաշունչ գիրս»։ 7. Էջ 58. «Պատասխանի թղթոյն մեծի թագաւորին հոռոմոց Կիռ Մանուէլի, գրեալ Ներսէսի Կաթողիկոսի, վասն ճշմարիտ դաւանութեան հաւատոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ. Հրամանք ինքնակալութեան ձերոյ, ով քրիստոսապսակեալ արքայ հըռոմայեցւոց, միշտ յաղթօղ օգոստէ՛, սիրող բարեպաշտութեան... փութայք լինել նմանօղ այնմ որ արար խաղաղութիւն յերկինս եւ յերկրի»։ - Վերջ էջ 65. «Գրեցաւ ի թուականութեանս Հայոց ՈԺԹ, յամսեանն հայ. Արեգ եւ հոռոմն Հոգտեմբռն»։ Էջ 65. «Իսկ նորա առեալ զթուղթն հարցմամբն եւ պատասխանեօքն, վասնզի զամենայն ի գրի դրոշմեաց»։ 8. Էջ 67. «Թուղթ կրկին անգամ պատասխանի դարձեալ ի թագաւորէն հոռոմոց Կիր Մանուէլէ, Տեառն Ներսէսի Կաթողիկոսի Հայոց, յաղագս նոյն խնդրոյ միաբանութեան երկաքանչիւրոց ազգաց եկեղեցւոյ ի տէր մեր. Մանուէլի Քրիստոս Աստուած հաւատացեալ... Առի ի քէն առաքեալ գիր թագաւորութեանս իմոյ ընդ արս պատուականութեան քո ընծայեցաւ եւ ընթերցաւ առաջի մերոյ թագաւորութեանս»։ - Վերջ էջ 68. «Գրեցաւ յամսեանն Դեկտեմբերի յընտիքտիոնին Էջ 68. «Գլխակարգեալք խնդիրք առ ի հոռոմոց, առաքեալ ի թագաւորէն, զի ի գումարել ժողովոյ հայոց, ընտրեսցեն զոր արժան է ընդունել սակս միաբանութեան եկեղեցւոյ Քրիստոսի. Ա. Նզովեցէք զասօղն մի բնութիւն» (Ա-Թ)։ 9. Էջ 69. «Թուղթ Պատրիարգին Տեառն Միխայէլի սակս այսր խնդրոյ առ սուրբ հայրապետն Ներսէս. Պատուական եւ սուրբ սիրեցելոյ սրբասնեալ Կաթողիկոսի ամենայն Հայաստանեայց Տեառն Ներսէսի, Միխայէլ ողորմութեամբն Աստուծոյ արքեպիսկոպոս Կոստանդնուպօլսի, նոր Հռոմայ եւ տիեզերական Պատրիարգ... Աստուծոյ օրէնքն սէրըն եւ հոգեւոր կապակցութիւնն»։ Էջ 71. «Զայսոսիկ զնամակս համագումար Հայաստանեայց եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք որ են ի Միջագետս եւ յամենայն լեառնս Տօրոսի ընթերցեալ սրբոյ կաթողիկոսին, անպատշաճ վարկան առանց արեւելեան եպիսկոպոսացն կատարելապէս գրել պատասխանի...»։ 10. Էջ 72. «Պատասխանի թագաւորական գրոյս Տեառն Ներսիսի երրորդ անգամ. Քըրիստոսապսակեալ բարձր եւ յաղթօղ... Կիր Մանուլի խնդալ միշտ, ի Ներսիսէ նուաստէ..., երկրորդ յետ աստուածեղէն մատանցըն գրաւորութեան, զոր ընկալաւ իսրայէլ ի ձեռն Մովսիսի»։ 11. Էջ 73. «Թուղթ Տեառն Ներսէսի Կաթողիկոսի առ Տէր Միքայէլ Պատրիարգ... Ի մօրդ իմաստութեան ստեանցն ընկալաք զցօղ կաթին տղայական մտաց մերոց յարբումն, փոքր բանիւ եւ մեծագոյն իմաստութեամբ»։ 12. Էջ 78. «Թուղթ Գրիգորի Կաթողիկոսի Հայոց, որ զկնի Տէր Ներսէսի յաջորդեաց զաթոռն, առ բարեպաշտ թագաւորն հոռոմոց Մանուէլ. Քրիստոսապսակ աստուածասէր արքայիդ..., հիմն բարի զոր արկ քո աստուածսիրութիւնդ ի ձեռն իմաստուն ճար տարապետին հասարակաց մեր հօրն եւ հայրապետի՝ ցարդ եւս անկատար է»։ Էջ 79. «Առեալ զայս գիր քահանայն Կոստանդին եւ ընդ նմա իշխանք ի տիրական աթոռոյն եւ եհաս առ թագաւորն յորժամ ել յարեւելս ի պատերազմ»։ 13. Էջ 81. «Թուղթ թագաւորին հոռոմոց Էմանուէլի, զոր գրեաց պատասխանի Գրիգորի Կաթողիկոսի Հայոց. Մանուէլ Քրիստոսի Աստուծոյ հաւատարիմ... զառաքեալ գիրս ձեր թագաւորութիւնս իմ ընթերցաւ, ուրախ եղեալ որքան եւ քննես եւ ծանեաք»։ Վերջ 86. «Յամսեանն Յունուարի յընտիքտիոնին ժ»։ 14. Էջ 86. «Թուղթ Պատրիարգին Կոստանդինուպօլսի առ Կաթողիկոսն Հայոց Գըրիգոր, համաձայնութեամբ ամենայն ժողովոյն. Միքայէլ ողորմութեամբն Աստուծոյ արքեպսիկոպոս Կոստանդնուպօլսի, նոր Հըռովմայ եւ տիեզերական Պատրիարգ... Զբանըս քո սուրբս բազում անգամ լուաք եւ ողջունեմք ի բացուստ իմացականաւ ըստ օրինակի տեառն»։ Էջ 91. «Զայսոսիկ զնամակս ընկալեալ Կաթողիկոսն Հայոց Գրիգոր եւ ընթերցեալ խորհրդակցութեամբ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց, ուրախ եղեւ յոյժ, քանզի փոխան ինն գլխոցն, զոր ի ժամանակս երանելւոյն Ներսիսի խնդրէին, որ ծանր թուէր յաչս 15. Էջ 91. «Թուղթ Գրիգորի Կաթողիկոսի Հայոց, ձայնակցութեամբ ընդհանուր ժողովոյ, պատասխանի թագաւորին հոռոմոց Մանուէլի, յորում եւ ուղղափառ դաւանութիւն ըստ խնդրոյ արքային, ձայնակցութեամբ եւ ձեռնագրով ամենայն Հայաստանեայց եպիսկոպոսաց. Քրիստոսիւ զօրացեալ եւ նովաւ պսակեալ արքայից արքայ... Զգիր հրամանի ձեր ծանեայ, հանդերձ ժողովովս եւ ամենայն եպիսկոպոսակցօքս»։ 16. Էջ 101. «Թուղթ Գրիգորիսի Կաթողիկոսի Հայոց եւ ընդհանուր Հայաստանեայց ժողովոյ, գրեալ ի Կաթողիկէ եկեղեցին հոռոմոց եւ յոր ի նմա սուրբ ժողովն, պատասխանի թղթոյն Միքայէլի Պատրիարգին, որ նախ քան զայս փոխեցաւ յաշխարհէ ի Քրիստոս Աստուած մեր. Սրբոյ եւ մեծի Աստուծոյ եկեղեցւոյդ որ ի գլուխդ տիեզերաց ի թագաւորական մայրաքաղաքն..., Ընկալաք զնամակ խաղաղութեան ձեր եւ որ ի տէր մեր Յիսուս Քրիստոս ուղղափառ բնութեան գրեալ յերանեալ պատրիարգէն ձայնակցութեամբ սրբոյ ժողովոյդ»։ Էջ 107. «Եւ աղաչեցին ամենայն ժողովն փութապէս առաքել զգրեալսն, զի մի՛, ասեն, պատահեսցէ արքայէն մահուամբ խափանումըն առաջարկեալ խորհրդոյս։ Իսկ կաթողիկոսն սուրբ պատրաստեաց վաղվաղակի...»։ 17. Էջ 109. «Ներսէսի Կաթողիկոսի պատասխանի թղթոյն Կեռ Մանուէլի հոռոմոց թագաւորի. Խոստովանիմք համագոյ եւ անեղ զամենասուրբ զԵրրորդութիւնն»։ Սա հատուած մըն է Կիռ Մանուէլի առ Ներսէս Կաթողիկոս գրած նամակին (տե՛ս վերեւ, §§ 7)։ 18. Էջ 113. «Պատասխանի Կեռ Մանուէլին զոր գրեաց առ Ներսէս Կաթողիկոսն»։ Սա եւս կրկնութիւնն է նոյն նամակին՝ որ տեսանք վերեւ (տե՛ս վերեւ § 8)։ 19. էջ 114. «Աթանաս եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրի, արտադրութիւն առաքելական յաղագս աստուածայնոյն մարմնաւորութեան Աստուծոյն բանի. Խոստովանիմք զորդին Աստուծոյ նախ քան զյաւիտեանս մշտնջենաւորապէս ի հօրէն ծնեալ, իսկ ի յետնում յաւիտենիս վասն մերոյ փրկութեան ի Մարիամա(յ) կուսէն ծնեալ»։ - Վերջ էջ 116. «Վասն որոյ եւ կոյս մայր որպէս Աստուածածին սուրբն Մարիամ. արդ մի՛ յաւէտ վայելչութենէ ասել զբանին բնութիւն եւ անձնաւորութիւն, մարմնացեալ եւ կատարելապէս մարդացեալ, եւ որ ոք զայս ոչ ասէ աստուածամարտ է եւ սրբոցն հարց պատերազմիչ»։ Կը յաջորդէ Մ. Ներսէս Լամբրոնացիի Պատարագի Մեկնութեան Յիշատակարանը եւ իր քեռորդիին, Ներսէս քահանայի Յիշատակարանը, ինչպէս նաեւ Ներսէս Լամբրոնացիի նուիրուած ներբողեան մը՝ հետեւեալ կարգով. 20. Էջ 126. «Նորին Ներսէսի Յիշատակարան. Գրեցաւ ի թուականիս ՈԻԶ, յանապատս Սուրբ Գէորգ, ի մէջ լերինս Տօրոսի, ի գահ Կիլիկիոյ, ի սկիզբն Պամփիւլեայ, ի կաթողիկոսութեան Տեառն Գրիգորի եւ յիշխանութեան Հեթմոյ Սեւաստոսի. Այս բանք եւ աստուածային օրինադրութիւնք, սպասաւորութեամբ մտաց եւ ձեռին իմոյ, թշուառ Ներսէսի, ասացաւ ի Հոգւոյն Աստուծոյ, ի նախակարգեալ թուականդ ի վեց հարիւր քսան եւ վեցին, եւ ի ժամանակ կենաց մերոց մինչ էի ԻԴ ամաց, եւ կայի ի լռութեան եւչի, միայնութեան ի մէջ լերանց Տօրոսիս 21. Էջ 128. «Յիշատակարան մատենի գրութեան. Յամի վեցհարիւրորդի յիսներրորդի չորրորդի թուականութեան հայոց, ես նուաստ եւ անարժան ծառայ Աստուծոյ Ներսէս, փափագեալ աստուածայնոյ տառիս (...) ետու գծագրել զսա առ ի մխիթարութիւն վշտագնեալ եւ թշուառական ոգւոյ իմոյ»։ - Վերջ էջ 139. «Ընդօրինակեցաւ գիրքս այս ընդ առաջին գրեալսն ձեռամբ սրբոյ առն Աստուծոյ եւ հաւատարիմ պաշտօնէի Քրիստոսի Ներսէսի. վասն որոյ զգուշասցի իւրաքանչիւր ոք թէ ո՛ գիտէ եւ առցէ ի գաղափար անտի եւ գրոյ հրամանի եւ ստորատի եւ տան»։ 22. էջ 139. «(Գրիգորի Սկեւռացւոյ) Ներբողեան պատմագրաբար ասացեալ ի վարըս մեծի քահանայապետի սրբոյն Ներսէսի արհիեպիսկոպոսին Տարսոնի Կիւլիկեցւոց, ի խնդրոյ նորին համանուան եւ համազգւոյ Ներսէսի քահանայի. Բազում զգուշութեան եւ ստէպ արթնութեան պէտք են այնոցիկ, որ յաստուածայնոց եւ սրբազանից արանց ձեռնարկեն դրուատ գովեստի»։ - Վերջ էջ 188. «Շնորհել աշխարհի զխաղաղութիւն, եկեղեցւոյ հաստատութիւն, թագաւորաց յաղթութիւն, իշխանաց քաջութիւն, քահանայապետից շնորհաբաշխութիւն, քահանայից մաքրութիւն, ժառանգաւորաց անբծութիւն, դատաւորաց ուղղութիւն, ռամկաց բարեգործութիւն, մեղաւորաց դարձ եւ ապաշխարութիւն, արդարոցն պատուիրանապահութիւն. յորոց ամենեցուն համաձայնութեամբ ի մի բերան փառաւորի ամենասուրբ Երրորդութիւնն, այժմ եւ միշտ»։ Էջ 188. «Բան յիշատակի մատենիս. Աստուածային մարդասիրութեան նախախնամութիւնն միշտ որպէս բարիոք վերակացու եղեալ, իբր սեպհական տէր տան առ յինքենէ ստացելոց (...)։ Եւ եղեւ վերափոխումն սորա ի ՈԽէ թուաբերութեանն տումարի հայոց, ի վերոյ գրեալ ամսեանն, իսկ գրութիւն ճառիս ի ՈԾԳ...»։ - Վերջ էջ 192. «Յոր եղիցի ամենեցուն հասանել շընորհօքն Քրիստոսի, ընդ որում Հօր եւ Հոգւոյն սրբոյ վայելէ փառք իշխանութիւն եւ պատիւ»։