857
550
Ժէ դար. թղ. 3բ.ի բնագիրը խօսելով Աւագ ուրբաթի մասին՝ կը գրէ. «Է որ աւագ ուրբաթ խաչելութեան օր հանդիպի, որպէս թվիս հայոց ՌՀԵ հանդիպեցաւ, դու այսպէս արա...»։ Արդ, ձեռագիրը գրուած ըլլալու է 1626էն ետք։
բոլորգիր ընտիր։
17, որոնցմէ ա ունի 11 թուղթ (12րդր չէ թուարկուած), ժե՝ 8 թղ., ժզ՝ 16 թղ., ժէ՝ 20 թուղթ. մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թուղթ։
մագաղաթ ընտիր։
շագանակագոյն կազի, մաշած դրոշմազարդերով. միջուկն է տախտակ, աստառը գծաւոր նուրբ մետաքս։ Կռնակի կողմը չորութենէ նաթած է եւ կաշիի շերտ մը ինկած։ Ինկած է փակելու կաշին եւ զոյգ ականջները. առաջին կողքին վրայ մնացած են մետաղէ երկու գամերը։
շատ լաւ, մաքուր եւ անբերի (տե՛ս Կազմ)։
չունի. անոր փոխարէն կայ երկուքի ծալուած մաքուր մագաղաթ մը։
ոսկետառք եւ կարմիր գոյներով։
տասէ աւելի, որոնցմէ ոմանք փոքրիկ նկարներ են, այսպէս՝ թղ.22բ տանարին դիմաց Սիմէոն ծերունին, գիրկը Յիսուս մանուկ, թղ. 29բ, 43բ, 176ա սուրբ մը կանգուն կեցած, թղ. 38բ Յիսուս նստած էշուն վրայ՝ կը մտնէ Երուսաղէմ, թղ. 96բ Յիսուսի այլակերպութիւնը, թղ. 106բ Աստուածամօր նինջը։ Բոլորն ալ գեղեցիկ գոյներով համադրուած։
երեք հատ. թղ. 6բ, մեծութիւնն է 3,5x5,3. կը ներկայացնէ մանուկ Յիսուս՝ Տիրամօր գիրկը, դիմացը մոգերը ծնրադիր. մոգերու մասը կամաւոր ձեռքէ մը սրբուած է եւ մնացած է միայն հետքը։ Թղ. 63բ, Յիսուսի յարութիւնը, ստորեւ երկու զինուորներ քունի մէջ. այս նկարն ալ մասամբ վնասուած է։ Երրորդն է թղ. 143բ, Ս. Ներսէս Շնորհալի, յունական շուրջառով, ձախ ձեռքը ունի աւետարան, աջով օրհնելու դիրքի մէջ։ Երեք նկարներն ալ բազմագոյն են եւ ընտիր, թէեւ կը պակսի գիծերու նրբութիւնը եւ դէմքերու կատարեալ արտայայտութիւնը։ (Տե՛ս նաեւ Լուսանցազարդք)։ - ԽՈ ՐԱՆՔ թղ. 7ա, 64ա, բազմագոյն եւ գեղեցիկ համադրութեամբ։
չկան։ - ԶԱՐԴԱՐԳԻՐՔ բազմաթիւ, բոլորն ալ բազմագոյն։
կարմիր։
թղ. 175բ, 187բ-191բ։
26 Դեկտ. 1826ին Պոյիսէն նուիրած է Յակոբ Ձէլէպի Տիւզեան. ձեռագիրը հասած է Ս. Ղազար 6 Սեպտ. 1827ին։ Մատեանս է մագաղաթեայ Տօնացոյց, որ կը հետեւի ընկալեալ օրինակներու կարգին։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը։ 1. Թղ. 1ա. «Քաղոց ամսոյ Հայոց ԻԱ եւ Դեկտեմբերի Հռովմայեցւոց Թ, Քասախ եբըայեցլոց ԻԴ...» ԼՀմմտ. Տօնացոյց Ե., թղ. 2. Թղ. 5բ. «Խրատք կիրակի աւուր Համբարձիներուն»։ 3. Թղ. 6ա. «Տօնացոյց եւ Աւետարանացոյց եւ Կարգաւորութիւն եւ հրահանգ տէրունական տօնից, զոր կարգեալ եւ սահմանեալ է Սահակայ հայրապետին, զոր ընկալեալ ի նմանէ հասուցին առ մեզ նախնիքն մեր։ Յունվարի Ա. կաղանդ է., Ձ. Յայտնութիւն եւ ջրաւրհնէք...»։ Տօնացոյցիս մէջ նորութիւն է Խաչվերացի տօնի սա խորագիրը. «Կանովն վասն սուրբ խաչին տօնին. Յառաջ քան յերեկոյին ժամուն դնի սարկաւագատունն արծաթէ սկտեղբն զսուրբ խաչն, որ ունի մասն ի խաչափայտէն ի յինքն. ռահանով եւ վարդէջրով ծածկեն պատուական կտաւով, եւ յորժամ հսկումն կատարի զգենու եպիսկոպոսն, քահանայիւք եւ սարկաւագօք, բուրվառով լապտերօք եւ քշոցօք, եւ յերթալն երկրորդ աւագերէցն առնու զխաչն սկտեղբն բարձրագոյն եւ կղերիկոսքն շուրջանակի սպասաւորեն, եւ եպիսկոպոսն զկնի գայ ունելով բուրվառ պաշտմամբ շարական խաչիւ ԳՁ. Որ ծագեցեր մեզ։ Եւ երթան առաջի խորանին ասելով եպիսկոպոսն. Տէր Աստուած մեր որ կարգեցեր...։ Եւ պաշտելով դնեն զսուրբ խաչն ի վերայ սուրբ սեղանոյն եւ խունկ արկանեն». կը հետեւի անդաստանի արարողութիւնը՝ իր եզական երգերով։ 4. Թղ. 141ա. «Խրատք կիրակի աւուր Համբարձիներուն»։ 5. Թղ. 142ա. «Խրատք իւղաբերից աւետարանաց այս է»։ 6. Թղ. 142բ. «Խրատ վասն ժամակարգութեան. Իսկ յորժամ թուականն Փարտ լինի...»։ 7. Թղ. 144ա. «Ալէլուք գիշերային կար8. Թղ. 160բ. «Յարութեան գիշերիք եւ երգ. ԱՁ. Դաս հրեշտակաց աւրհնեն ըզքեզ...» (ԱԶ-ԴԿ)։ 9. Թղ. 162ա. Առաւօտու երգ պահոց շաբաթու, Աւագ շաբաթու, ըստ պատշանի 10. Թղ. 164ա. «Առաւօտու պահոց շաբաթու նաշու»։ 11. Թղ. 168ա. Մեսեդի Յարութեան նաշու, աղուհացից, Ծննդեան, Յարութեան, մարտիրոսաց, ապաշխարութեան, յինանց կիրակիքն։ 12. Թղ. 171ա. «Ճաշու ալէլուք կարգաւ»։ 13. Թղ. 176ա. «Ժամամուտք ըստ պատշոծի ս.ուրէ նր ի հօրէ առաքեցար իրը14. Թղ. 192ա-209ա. Քաղուածք շարականաց