787
1288
Ձեռագիրս հաւատարիմ ընդօրինակութիւն մըն է Տաղարան Ա.ի (Ձեռ. թիւ 2070), կատարուած Պոլիս, 1836ին, մեր միաբաններէն Հ. Գէորգ Վրդ. Հիւրմիւզեանէ։ Ընդօրինակողն Հ. Գէորգ, Ձեռագրին սկիզբը գրած է սա ծանօթութիւնը. «Բնագիր Տաղարանիս բոլորգիր էր, թուղթ բամբակեայ, ութածալ կամ փոքր քառածալ դրիւք կազմեալ, ըստ հին գրչագրաց՝ երկրորդ անգամ, որպէս թուի, զի ոչ միայն պակասէին ի նմա թուղթք անկեալ ուրեք ուրեք, այլ եւ յետ եւ առաջ զետեղեալք։ Եւ էր գրչագիրն ստացուած Գըլճեան Գրիգոր աղայի, առն ազգասիրի եւ հմուտ եղելոյ ազգայնոց իրաց, յորմէ առեալ օրինակեցաւ առաջիկայս։ Յետ մահուան ստացողին՝ գրեալ առ որդի նորա Յովհաննէս, սիրող Միաբանութեանս, խնամ ունել գրչագրին, զի մի՛ կորիցէ. ետ պատասխանի զի խնդիր արարեալ այնմ, եւ չէ կարացեալ գտանել ուրեք ի տան. (ստորագրուած) Հ. Գէորգ Վ. Հիւրմիւզ»։ Կը յաջորդէ ուրիշ ծանօթագրութիւն մը, գրուած յետագային. «Բայց ի 1879 ստացաք զբուն բնագիրն եւ կայ ի Սատենադարանի վանացս»։ Երբ դեռ չէինք ստացած բնագիրը, Հ. Գէորգ Հիւրմիւզի ընդօրինակութիւնը մտած էր Մատենադարան, 1288 համարին ներքեւ։ 1879ին, երբ հասած է բնագիրը, Հ. Գէորգի ընդօրինակութիւնը դուրս թողուած է Մատենադարանէն, եւ բնագրին անցած է Ձեռագրին 1288 համարը։ 1970-1976 տարիներուն, Հ. Սերովբէ Վրդ. Ագըլեան, իբր գրապետ, Հ. Գէորգի ընդօրինակութիւնը կրկին անգամ անցուցած է Մատենադարան, դարձնելով անոր հին թիւը՝ 1288, իսկ բուն բնագրին տուած է նոր համար՝ 2070։ Երկու Ձեռագիրներուն բովանդակութիւնը նոյնն ըլլալով՝ զանց կ'ընենք ցանկել։ Իբր նորութիւն ունի առանձին թուղթ մը, զետեղուած Ձեռագրին սկիզբը, հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Ի գրչագրի միում ի Կոստանդնուպօլիս, ի կարգի օծման թագաւորաց, գտաւ երգս. Եւ երգեն զերգս, զոր ասացեալ ասեն մեծի եւ սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի ի բարի եւ ի սուրբ արքայն Տրդատ. Ի վերին ի յքքնականութենէն ծագեցաւ քեզ հանդէս բարեպաշտութեան» (3 տուն). (հմմտ. Ա. Տղրն., թղ. 42.ա)։ Այս գրութեան ստորեւ կայ սա ծանուցումը. «Ի նօտրագիր գրչագրէ գաղափարեալ, յամի 1845, ի Հ. Գէորգեայ Հիւրմիւզ։