694
1787
1740։
թուղթ։
խաւաքարտ կաշեպատ։
մաքուր եւ կատարեալ։
եւ այլ զարդեր չկան։
կարմիր թանաքով են։
1. Էջ 1ի վրայ յօրինուած է անուանաթերթը, հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Հայերէն բոլորգիր օրինակը կ'ըսէ. «Յաղագս յայտարարութեան հայոց պատարագին, որ ի հայոց լեզուէ ի ռուստաց բարբառ թարգմանեցեալ է, կայսերական ինօստրաննի կօլեգի դեսպանական գործոց թարգմանիչ ազնիւ ազն ԼէՓ Պետրօվի, Զալէօվիւ, ի աթոռանիստ մեծի քաղաքին Մօսկովու, Յամի Փրկչին մերոյ ՌէՃԽ (1740), յամսեանն Մայիսի»։ 2. Թղ. Անմիջապէս ստորեւ, նոտրգրով կայ հետեւեալ ծանօթութիւնը. «Յիշեցէք ի Քրիստոս զՅովսէփ Արքեպիսկոպոս Ռուսաց երկրի Հայոց ազգին, որ ըստացայ զսա եւ ընծայեցի Մօսկովու եւ Կալուզու Առաջնորդ, սուրբ սինօթի Գահակալ եւ սուրբ Երրորդութեան վանիցն սուրբ Սարգսի սքանչելագործին սրբանուէր Արքիմանտրիտ Տեառըն Պլատօն սրբազան Արքեպիսկոպոսին։ 1782 Փետրուարի 9. ի Սանկրպետրբուրղ»։ 3. Էջ 116ի վրայ, ձեռագրի աւարտին. կայ գրիչին Յիշատակարանը. «Ով սրբազան տեարք եւ բարեմիտ ընթերցօղք, յիշեցէք ի մաքուր յաղօթս ձեր զգծօղ սորին զանարգ ծառայ Յարութի։ն Դաւթի Դիլանեան ջուղայեցի»։
«Ձեռագիրս է ի գրչագրաց Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այվազոսկեայ, եւ Հ. Համազասպ Վրդ. Սափարեան եբեր ի վանս ի ֆէստոսիոյ, յամին 1909»։ Մատեանս է Խորհրդատետը, տպագրութեամբ ընդհանրացած օրինակներու բովանդակութեամբ. Ընդօրինակութիւնը կատարուած է մեծ խնամքով, բոլորգիր կարմրատառ խորագիրներով եւ նոտրագիր բնագրով, իւրաքանչիւր էջի առաջին սիւնակներուն վրայ, իսկ երկրորդ սիւնակներուն մէջ՝ կայ նոյնին ռուսերէն թարգմանու