1564
254
նկատած որ Յիշատակարանին մէջ կը խօսուի Յովհաննէս Որոտնեցիի մասին՝ իբր կենդանի, կը համարինք որ Ձեռագիրս գրուած է նոյն շրջանին, որ է՝ ժԺԴ դարու երկրորդ կէսին։
նօտր եւ բոլորգիր։
Ա-ԺԷ։
թուղթ բամպակեայ։
ստացած է ի սուրբ Ղազար. կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ։
Ձեռագիրս Ս. Ղազար հասած է անկազմ եւ հոս է որ ստացած է նոր կազմ. առաջին թուղթը մասամբ ցեցակեր. թղ. 189 կիսով չափ պոկուած է, որու փոխարէն դրուած է նոր թուղթ. թղ. 190ա եւ 196ա՝ անվարժ կամ մանուկի ձեռքով գծուած է ձիաւոր, կիսախորան եւ զարդագիր։ Ձեռագրին թուղթերը անհամաչափ են, գրութեան սիւնակները՝ նոյնպէս անհամաչափ. ունի սեղմ գրուած թուղթեր, սովորաբար բոլորգիր՝ նման նօտր գիրի, որ թղ. 177ա.էն կը փոխուի նօտր գիրի։ Ստորին լուսանցքներուն վրայ երբեմն կան թուրքերէն գրութիւններ. օրինակ՝ թղ. 176բ. «Պու տետրաքնրտա եանկըշ պաղլաբ դըր. ա տետրակնը աչ, տա դաբարսէն», որու ստորեւ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան գրած է. «Ի նոր կազմութեան ուղիղ է»։
անցեալին ունեցած է, որ գիրերէն մաս մը տպաւորուած են թղ. 1ա.ի վրայ։
եւ այլ զարդեր չունի։
կարմիր թանաքով։
թղ. 189բ։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 105բ. «Զսակաւ գրողս եւ զծնօղ իմ յիշեցէք ի տէր եւ Տէր զձեզ յիշէ»։ 2. Թղ. 162ա. «Զերկրորդ հազարապետն մեծի խորհրդոցն Քրիստոսի եւ զլրացեալն զեղմամբ շնորհաց Հոգոյն սրբոյ զառաքելաշուք րաբունեաց պետն իմաստից զԳէորգէոս մեծ հռետորն Հայոց, աղաչեմ յիշեսջիք առաջի Քրիստոսի, եւ Աստուած զձեզ յիշէ. 3. Թղ. 191բ. «Ընդ նմին եւ զառաքելաշնորհ րաբունապետն զՅովհաննէս Որոտնեցի, մականուն Կախեալ ի սէրն Աստուծոյ, աղաչեմ յիշել յաղաւթս հանդերձ ծնողօքն իւր, եւ Աստուած զձեզ յիշէ»։
«Զայս մատեան ստացաւ գրատան վանացս սրբոյն Ղազարու՝ որ ի Վենետիկ, Վ. Հ. Յովհաննէս Վրդ.ն մեր Ձօհրապեան, ի ճանապարհորդութեան իւրում ի Լեհաստան, որ եւ եհաս յամի 1791 - ՌՄԽ, Սեպտեմբերի 26»։ Մատեանս է Կիւրեղ Աղեքսանդրացւոյ Գիրք Պարապմանց եւ Թուղթք։ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան ձեռագրիս սկիզբը կու տայ սա դատաստանը. «Ընտիր է Ձեռագիրս եւ առաւել համաձայն յունականին, քան զմիւս այլ հնագոյն թուեցեալն», ակնարկելով Ձեռ. թիւ 448, Ներսէս Լամբրոնացիի օրինակին (Կիւրեղ Աղեքս. Ա.)։ Ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1ա. «Սրբոյն Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրու հայրապետին, Պարապմունք. Ա. Յաղագս մարդանալոյ միածնին. Առաջին թէ զինչ նշանակէ Քրիստոսդ անուն. Քրիստոսդ անուն ոչ սահմանի զօրութիւն ունի եւ ոչ զուրուք զէութիւն, եթէ զինչ երբեք իցէ նշանակէ, որպիսի՝՞ ինչ մարդ»։ Հմմտ. Կիւրեղ Աղեքս. Ա., (Ձեռ. թիւ 448), §§ 2-27։ Ներկայ մեր Ձեռագիրը ունի այլ թուարկում Գլուխներու. Ձեռ. թիւ 448ի Ա-ԻՉ-ի փոխարէն ունի Ա-ԼԶ։ 2. Թղ. 25ա. «ԼԷ. Հաւատարիմ քահանայապետի Քրիստոսի, մտերիմ ծառայի Աստուծոյ, սրբոյն Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրոյ ի Տիբերեայ քահանայէ եւ յեղբարցս. Բարիոք էր մեզ լսել, թէեւ էր ինչ յուղղութիւն»։ 3. Թղ. 27բ. «ԼԸ. Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրացւոց քաղաքին Լուծումն աւրինակացն խնդրոցն ի ձեռն Տիբերեայ քահանային»։ 4. Թղ. 34ա. «ԼԹ. Տեառն սրբոյն Կիւրղի եպիսկոպոսի Աղեքսանդրացւոյ առ բարեպաշտ թագաւորն Մէոդոսիոս, յաղագս տօնի սրբոյ զատկին. Ասէ ուրեմն սրբազանն գիր Սկիզբն իմաստութեան երկիւղ Տեառն»։ 5. Թղ. 37բ. «Խ. Երանեյոյն Տեառն Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրացո(յ) առ բարեպաշտ թագուհին Եւդոկիա, կին Թէոդոսի բարեպաշտ թագաւորի. Որոյ զաստուածայինն եւ երկնաւորն քահանայագործեն քարոզութիւն»։ 6. Թղ. 49ա. «ԽԱ. Յաղագս հնազանդութեանն Քրիստոսի» (հմմտ. Կիւրեղ Աղեքս. Ա, §§ 32-35)։ 7. Թղ. 69բ. «Նորին Տեառն Կիւրղի եպիսկոպոսապետի առ բարեպաշտ թագուհեսն միշտ կուսանսն քորս ուղղափառ թագաւորին Թէոդոսի, Արկադեայ եւ Մարինեայ, Պարկեշտաբանութիւն տիեզերական եւ պարծանս սրբոյ եկեղեցւոյ ամենեցուն փրկչին»։ Թղ. 74ա. «Բայց վարկանիմ պարտ գոլ եւ զայլոց սրբոցն եպիսկոպոսաց առընթեր դնել ձայն զնոյն ունելով դիտումն. Ատտիկոսի 8. Թղ. 77բ. «Սրբոյն Կիւրղի Աղեկսանդրի եպիսկոպոսի առ բարեպաշտ թագաւորն Թէովդէոս, յաղագս ուղղափառ հաւատոյն որ ի Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս. Որ ի մարդիկ փառաւորութիւն վերագունութեամբ եւ անհամեմատ առաքինութեամբք քան զայլսն»։ 9. Թղ. 105բ. «Նորին Կիւրղի Աղեքսանդրէ առ բարեպաշտ թագաւորն Թէովդէսյիոս՝ յետ դառնալոյն ի բնակութիւնս իւր, եկեալքն ի սուրբ ժողովոյն Եփեսոսի. Աստուածայինն եւ անմահ եւ բոլորիցս իշխեցօղն բնութիւն»։ 10. Թղ. 155բ. «Կիւրղի հպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրի, առ Երեմիաս ի յորս եւ մի է Քրիստոս». կայ միայն խորագիրը։ 11. Թղ. 155բ. «Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրի առ Սուկէսոս եպիսկոպոս Դիոմիդեայ քաղաքի, ի Սուրացոց գաւառի. Ընթերցայ զթուղթս զառ ի քո(յ)ոյդ սրբութենէ առաքեալ առ իս»։ 12. Թղ. 159ա. «Նորին Կիւրղի առ նոյն Սուկէսոս, թուղթ երկրորդ. Յայտնի կացուցանէ զինքն ճշմարտութիւնն որոց սիրենն 13. Թղ. 162բ. «Կիւրղի եպիսկոպոսապետի Աղեքսանդրի առ Ակակիոս եպիսկոպոս Մաղատինեայ, յորում զեկոյց նմա, եթէ զիարդ գրեաց առ արեւելեայսն. Մեծութիւն եղբարց է բանք քաղցունք եւ հրաշալիք»։ 14. Թղ. 169ա. «Կամէր շահել զսայ, զի զՆեստորին խորհէր Յոհան. կիւրղի եպիսկոպոսապետին Աղեքսանդրի պատասխանի թղթոյ առ Յոհան եպիսկոպոսն Անտիոքոյ մեծի. Տեառն եւ սիրելի եղբաւր եւ պաշտաւնակցի իմոյ Յոհաննու Կիւրղոս ի Տէր խնդալ, Ուրախասցին երկինք եւ ցնծասցէ երկիր»։ 15. Թղ. 171բ. «Սիրելեաց եւ փափագելեաց Անաստասու եւ Մարտիանեայ, Յովհանու եւ այլոց ուղղայփառ հարց միայնակեցեաց եւ որոց ընդ ձեզ միայնական ճգնին վարս հօատով Աստուծոյ սերտացելոց, Կիւրղի եպիսկոպոսի ի Տէր խնդալ. Զուսումնասիրութիւն եւ ջանասիրութիւնդ ձերոյդ սիրո(յ) եւ այժմ ոչ փոքր ինչ գովեցից»։ 16. Թղ. 173բ. «Մեկնութիւն սուրբ հաւատոյն որ ընդթանրական եկեղեցիս միշտն ասի, զոր կարգեցին սուրբ հարքն ի Նիկիացոց ժողովն. Հաւատամք ի մի Աստուած Հայր ամենակալ, ամենայն երեւելեաց եւ աներեւութից...»։ 17. Թղ. 179բ. «Սրբոյն Թէոդոսի եպիսկոպոսի Անկիւրեա(յ), խաւսք յաւր Ծննդեան փրկչին մերոյ եւ Աստուծոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որ ի կուսէն ծնաւ, եւ եթէ Աստուած է ծնեալն, մարդ եղեալ, սքանչելեօք եւ ոչ փոխադրութեամբ էութեանն, եւ եթէ մի եւ նոյն է եւ այն եւ այս ասացեալ եւ ոչ մտածութեամբ եւ ոչ խորհրդով անջատեալ. Պայծառ եւ հրաշափառէ մերձակայ տաւնիսխորհուրդ. պայծառ է, զի հասարակաց փրկութիւն»։ 18. Թղ. 185ա. «Նորին Թէոդորոսի եպիսկոպոսի խօսք երկրորդ ի Յայտնութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, ի քննութիւն դիմողաց, յորում թէ մի է Աստուած տէր Յիսուս. Պայծառ է մերձակայ տօնիս պատճառ եւ հասարակ փրկութիւն մարդկան բերեալ. պայծառ եւ մերձակայս ժողով»։ Վերջ թղ. 189ա. «Վասն այնորիկ որպէս ըզհրովարտակ թագաւորին ապականեալ, որպէս զբան թագաւորին» կը մնայ կիսատ։ 19. Թղ. 190բ. «Սրբոյն Կիպրիանոսի եպիսկոպոսի Ափրիկեցւոց Քարտագեն քաղաքի դիտողի եւ վկայի, յորմէ որ յաղագս ողորմածութեան ճառեն. Բազումք եւ մեծամեծք են, եղբարք սիրելիք, աստուածայինքն բարեգործութիւնք»։ Կը հետեւին փոքր հատուածներ՝ «Ամբրոսիոսի եպ.ի Սիդիողանացւոց», «Բարսղի Կեսարացւոյ», «Գրիգորի Նիւսացւոյ», «Ամփիլոքի եպ.ի Յիկոնացւոյ», «Գրիգորի Նազիազու», «Աստիկոսի եպ.ի Կոստանդինու20. Թղ. 191բ. Յիշատակարան Ստեփանոսի Սիւնեցւոյ. «Ի վեցհազարերորդի երկերիւրերորդի քսաներորդի չորրորդի (716) ամի արարածոց աշխարհիս, ըս(տ) յունարէն թուոյ, ի չորեքտասաներորդի ենդիքտիոնի, յերկրորդ ամի թագաւորութեան Աստասի, թարգմանեցան գիրքս Պարապմանց եւ թղթոց սրբոյն Կիւրղի եպիսկոպոսապետին Աղեքսանդրի, ի ստոյգ աւրինակաց, ի Կոստանդինուպաւլսի, ի ձեռն Դօթի հիպատոսի եւ թագաւորական սեղանոյ կենառի, եւ ի ձեռն Ստեփանոսի քերդողի, աշակերտի Մովսէսի, (Ս)իւնեաց եպիսկոպոսի։ Արդ, մաղթեմ զաստուածասէր պա(շ)տոնե(այ)սդ սրբոյ սեղանոյ, որք առնոյք օրինակ յայսմանէ, գրեսջիք եւ զբանս զայսոսիկ առ ի յիշատակ բարեխօսութեան առ Քրիստոս, զի գրեալ եղիցիք եւ դուք ի դպրութեան կենաց»։ 21. Թղ. 191բ. «Երանելոյն Կիւրղի եպ. ին Աղեքսանդրի, խաւսք ի սուրբ Աստուածածինն՝ ասացեալ ի ժողովն Եփեսոսի, ընդդէմ ջարափառին Նեստորի. Պայծառ է մեզ բանս եւ շնորհօք լցեալ, վասն զի պայծառ է եւ սուրբ արանցս հաւաքումն»։ - Վերջ թղ. 22. Թղ. 196բ. «Որ ինչ էրն մնաց եւ որ ինչ ոչ էրն՝ էառ. ի՞նչ էր է որ մնաց, եւ կամ ինչ ոչ էր է որ էառ. յետ անշփոթ միաւորութեան մարմնացելոյ եւ մարդացելոյ...»։ Վերջ անդ. կիսատ բան։