— - Bibliographic notice
1173
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ Խ
ԺԸ դար - ԺԸ դար

ID
Number
1173
Old record number
2218
Title
ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ Խ
Start date
ԺԸ դար
End date
ԺԸ դար
Date details

Copy place
Reference
Type
Number of pages
Dimension
Layout
Writing details

Codicology

Principal subject
Subject details

Number of lines
Binding

State of preservation

Copyist
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

Images

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

Blank pages

Colophon

Informations

Մատեանս է փոքրադիր տետրակ մը, նոտր գրչութեամբ, կը բովանդակէ հետեւ1. Էջ 3-102. «Յաստուածախումբ եւ ի տիեզերական ժողովն Տարսոնի... Ատենական խօսք մեծին եւ սրբոյն Ներսիսի այնմ քաղաքի Աթոռակալի եւ աստուածախօս վարդապետի. Ով հարք սուրբք եւ վարդապետք ճշմարտութեանն»։ Ձեռագիրս հաւատարիմ ընդօրինակութիւնն է 1332ի Ձեռագրի մը, կատարուած Պոլիս, Գէորգ Դպիր Պալատեցիի ձեռքով, որ թողած է հետեւեալ Յիշատակարանը (էջ 104). «Եւ էր գրեալ Ձեռագիր օրինակն՝ յորմէ փոխադրեցաւ սա, ի թուին Հայոց ՉՁԱ, ի հայրապետութեան Հայոց Տեառն Յակովբայ եւ ի թագաւորութեանն Լեւոնի, ի տուն Կիլիկեցւոց, եւ անտի գրեցաւ այս օրինակ ի Կոստանդընուպօլիս, ի 1773 ամի մարդասէր փրկչին, ի Մարտի 7, ձեռամբ ուրումն Գէորգայ, նուաստ եւ փանաքի դպրի, որդւոյ Տէր Յովհաննէս քահանայի, ըստ ամենայնի յար եւ նման հին օրինակին՝ թէ ըստ կետիցն եւ թէ ըստ բթանշանիցն. քանզի հաւատարիմ եւ զգուշաւոր փութով եւ կրկին եւ կրկին հայելով ի գրչագիրն՝ այնպէս ստուգեցաւ, եւ տուաւ ի յընծայական յիշատակ՝ աշխարհալուր եւ մեծահռչակ վանացն Սրբոյն Ղազարու որ ի Վենէտիկ, ի ձեռն երկուց հարազատաց աստուածասէր կրօնաւորաց կոստանդնուպօլսեցւոց, ի զարմէն Ինճիճի Միքայէլեանց, յամի Տեառն 1776, Յունվարի 24»։ ՉՁԱ - 1332ի բնագիր Ձեռագիրը յաջորդաբար մտած է մեր Մատենադարանը (Ներս. Լամբր. Ձ., Ձեռ. թիւ 1630)։ 2. Էջ 105. «Գրիգորի (Սկեւռացւոյ) աղօթք առ ամէնօրհնեալ Աստուածածինն, ի խնդրոյ Պետրոսի քահանայի. Ամէնօրհնեալ Աստուածածին, տաճար բարձրելոյն, առագաստ անվայրափակ լուսոյն, տեղի անտանելւոյն, ժամանակ անժամանակ էին, սահման անսահմանելոյն, բովանդակութիւն անբովանդակելւոյն, մայր ըստ մարմնոյ անհօրն առ ի քէն»։ - Վերջ էջ 115. «Եւ բոլոր մարմնոյ եկեղեցւոյ գլխոյն Յիսուսի մաղթեսցես յարդիս մնալ խաղաղութեամբ յամենայն վտանգաւոր նեղութեանց հոգւոյ եւ մարմնոյ եւ ի յաւիտենական կեանսն ժամանել եւ ընդ ամենայն սուրբս փառաւորել զհայր եւ զորդի եւ զսուրբ հոգի այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս»։ Տիրացու Գէորգ Պալատեցիի ձեռքով կատարուած օրինակէ մըն է որ կատարուած է ներկայ ընդօրինակութիւնը, Ս. Ղազարի աշակերտներուն ձեռքով, 1790ին, եւ բնագիրը ետ դրկուած է Տիրացու Հ. Մկրտիչ Աւգերեան թողած է ծանօթութիւն մը (էջ 115-116), ըսելով թէ Գէորգ Պալատեցիի օրինակին վրայ կար նաեւ սա գրութիւնը. «Գրեցաւ աղօթքս սուրբ Աստուածածնին՝ յամի Տեառն 1781, լամսեանն Նոյեմբերի 12, որ արարեալ է ի Գրիգորէ Սկեւռացւոյ։ Եւ արդ օրինակեցաւ սա ի հին օրինակէ իմեքէ ի Տփղիս քաղաքի Վրաց աշխարհին, ի թագաւորութեան նոյնոյ քաղաքի եւ այլ շրջակայ գաւառացն Վրաստանի Հերակլի քաջ եւ յաղթող արքայի, որոյ դըշխոյն կոչիւր Տարէճան Տէտօփալ, եւ որդիքն անուանեալ լինէին ըստ կարգի երիցութեան եւ կրտցերութեան այսոքիկ անուամբք. այսինքն Վախթանկ եւ Կիորկի եւ Լեւոն եւ Իուլօն եւ Անտոն, եւ վախտանկ՝ որ է էլմաս եւ Միրեան եւ Ալեքսանտրէ եւ Փառնաւազ։ Իսկ դստերք նորին՝ Թամար եւ էլէնէ եւ Մարիամ եւ Անաստասիա եւ էգադերինէ եւ Թելկա։ Յորոց առաջինն Վախտանկ կոչեցեալ եւ երկրորդն Լեւոն յորջորջեալ՝ քաջն եւ արին վախճանեալք էին, զհոգիս որոց տէր լուսաւորեսցէ։ Բայց Անտոնն արհիասարկաւագ առընթեր գաթալիգոսին մնայր։ Իսկ այլքն կենդանիք եւ ի կենդանեաց անտի եօթանեքին արուք, ընդ նոսին եւ վեցեքին վերագրեալ դստերք. սոքա ամենեքեան էին շառաւիղեալ յազգէն Բագրատունեաց, ի սեընդոցն Աշոտոյ եւ Սմբատայ արքայից, որք կանխաւ թագաւորեցին յԱնի քաղաքին։ Եւ փեսայք Հերակլ արքային, նախ՝ այրն Թամարայ՝ Տաւիտ կոչեցեալ, որ սպարապետն էր. երկրորդ՝ այրն էլէնեայ՝ Արչիլ յորջորջեալ, որ եղբայր լեալ է Սողոմոնի արքային Իմէրէթի։ Իսկ այրն Մարիամայ՝ Տաւիտ Մօվրաւ։ Բայց եւ անուանք որդւոցն մեծ որդւոյն Հերակլ արքայի Կիորկի պարոնին սոքա են. Տաւիտ եւ Իովանէ եւ Բագրատ եւ Սոլոմոն։ Եւ արդ ի գնալն իմ Գէորգայ Կոստանդինուպօլսեցւոյ ի Տփղիս քաղաք, ի զըննին զբօսանաց որպիսութեան քաղաքին, սոքա մենեքեան կային ողջ ամբողջ բոլորեալ շուրջանակի զՀերակլ արքայիւ, զորս տէր Քրիստոս պահեսցէ անսասան մինչ ի կատարած աշխարհի»։

Content