969
1146
առաջին մասին (էջ 1-120) 1842, մնացած մասին 4-27 Դեկտ. 1835։
շեղագիր։
Ա-ԺԱ։
թուղթ։
ստուարաթուղթ կիսակաշի։
լաւ։
սեւ։
Աւգերեան Յուցակին մէջ կը կարդանք. «Զընտիր օրինակ Պատմու թեանս գաղափարեցաք ի բոլորգիր օրինակէն, զոր առաքեալ էր առ մեզ (ի 1842) ի Ղարապաղէ Պաղտասար Եպս. Հասան Ջալալեան. զպակասորդ գլուխսն օրինակեցաք միայն, իսկ զտարբերութիւնսն նշանակեցաք ի լուսանցսն օրինակին գաղափարելոյ ի մերոց եւ զբնագիրն յետս դարձուցաք»։ Բովանդակութիւն. 1842ին Պաղտասար Եպս. Հասան-Ջալալեան Ղարաբաղէն Ս. Ղազար կը ղրկէ Մովսէս Կաղանկատուացիի բոլորգիր մէկ Ձեռագիրը, որմէ լրիւ կ'ընդօրինակուին այն Գլուխները՝ որոնք կը պակսէին մեր օրինակին մէջ, իսկ այն Գլուխները որ նախապէս ունէինք՝ կ'առնուին միայն ձեռագրական տարբերակները։ Արդ ներկայ Ձեռագիրը ունի երկու մաս. էջ 1-120՝ մաքուր օրինակութիւն Պաղտասար Եպս.ի ղրկած բոլորգիր Ձեռագրէն՝ Մատենադարանիս օրինակին (Ձեռ. թիւ 1485, հմմտ. Պտմգր. Հյց. Լ., § 3) պակաս գլուխները, իսկ էջ 121-185՝ մեր միաբաններու կողմէն նախապէս օրինակուած Կաղանկատուացիի թերի օրինակը, որու վրայ կարմիր թանաքով անցուցած են բոլորգիր Ձեռագրին տարբերակները։ Միջանկեալ, էջ 89-90ի միջեւ, երկու թուղթերու վրայ առանձին օրինակուած եւ ներմուծուած է. «Ողբ ի մահն Ջուանշիրի մեծի իշխանին», առնուած «Նոյեան Աղաւնի», 1352, թիւ 37 եւ 58։