940
444
ԺԸ դար։
շեղագիր։
թուղթ։
ստուարաթուղթ կիսակաշի։
բաւարար։
անյայտ, հաւանաբար գրիչը իր անձնական գործածութեան համար գրած։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ։
չունի։
«Զայս գիրս ստացաւ գրատան վանացս սրբոյն Ղազարու որ ի Վենետիկ՝ Վ. Հ. Յովհաննէս Վրդ.ն մեր Զօհրապեան՝ ի ճանապարհորդութեան իւրում, որ եւ եհաս յամի 1791 ՌՄԽ, Սեպտ. 26»։ Բովանդակութիւն. Ա. Վարդան Վրդ. Արեւելցի, Բ. Առաքել Դաւրիժեցի, Գ. Կղեմէս Կալանոս. Ա. Վարդան Վրդ. Արեւելցի, Պատմու1. Էջ 1. «Աբելն զկնի ջրոյն ծնաւ զԳոմիր, ուստի Գոմիրք, եւ Սագոգ՝ յորմէ Կողտըք եւ Գաղատացիք, եւ զՄեդա՝ որ զմարս շինեաց, եւ Թոբել՝ յորմէ Թէտալք, եւ զՄոսոք՝ որ էառ զԿիւլիկիա, եւ զԹիրաս՝ յորմէ մերն Ասքանազ...»։ - Վերջ էջ 92. «Առեալ զնայ եւ հարստացեալ եւ երթայ ի վերայ լաթին սուլտանին Հռոմոց եւ մելիք Աշրաֆին եւ մեծապէս խորտակումն կրեալ զօրքն սուլտանին փախչի սակաւուք» (հմմտ. տպ. Վենետիկ, 1862, էջ 14-144)։ Բ. Առաքել Դաւրիժեցի, Պատմութիւն. 2. Էջ 95. «Պատմագրութիւն յԱռաքել վարդապետէ շարագրեալ, սկսեալ ի թվ. մերոյ ՌԾԴ մինչեւ ի ՌՃԺԴ թուին, այլ եւ ի վաղեմեանցն աստի եւ անտի հաւաքեալ»։ Վերջ էջ 206։ Ընդհանուր կերպով կը հետեւի Առաքել Դաւրիժեցիի Պատմութեան, քաղելով եւ համառօտելով, յաջորդական թուականներու տակ դասաւորելով, օգտագործելով նաեւ զանազան մանր աղբիւրներ։ Էջ 206. «Կնիք, Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Իսահակ Վ(րդ). Մակվեցի, թվ. ՌՃԺԷ»։ Օրինակուած է Սահակ (Արդար) Մակուեցիի 11 Յունուար 1700 թուակիր նամակը, ուղղուած Լիվոռնոյի Աղաներուն, որոնք կ'ուզէին առանձին եկեղեցի շինել Լիվոռնոյի Գ. Կղեմէս Կալանոս, Պատմութիւն. 3. Էջ 207. «Ի Կղեմէսէ Առաջին հատորէն»։ - Վերջ էջ 258։ Համառօտ քաղուածք մըն է Կալանոսի «Միաբանութիւն Հայոց սուրբ եկեղեցւոյն ընդ մեծի սուրբ եկեղեցւոյն Հռովմայ» (տպ. հռոմ, 1650)։