947
2390
Ձեռագիր հատորս նոտր գրչութեամբ, ունի 69 էջ, եւ հատուած մըն է Ղեւոդնի Պատմութենէն (հմմտ. «Ղեւոնդ Պատմագիր», տպ. Փարիզ, 1857, էջ 66-128)։ Էջ 1. «Եւ կատարեալ զայս ամենայն վախճանեցաւ Մսլիմն, եւ յետ նորա փոխանորդէ զիշխանութիւնն Օմար, յամս երկու եւ ամիսս հինգ, եւ վախճանի. զսա ասեն ազնուագոյն քան զամենայն արս ազգատոհմի իւրոյ»։ - Վերջ էջ 69. «Քանզի զմթերըս գանձուց բացեալ բաշխէր հռոգ սպայիցն եւ յետ այսր ամենայնի եղելոյ վախջանիւր»։ Ձեռագրին աւարտին, էջ 69, կայ սա ծանօթութիւնը. «Տիրացու Մելքիսեդեկի օրինակեալ է զայս թուղթ, Կոստանդինուպօլիս, ի կարգէ հայերէն Պատմութեան Ղեւոնդեայ»։ Գրչագիրս Մատենադարանիս նուիրած է Տիար Սիքայէլ Չոպանեան. Հ. Ղուկաս Վրդ. Ինճիճեան Պոլիսէն բերած է Վենետիկ հոկտ. 1790ին։