949
2675
Յիշատակարան 1689 թուականի Ձեռագրին։ Թղ. 43ա. «Արդ այսմ մատենի փափաքող եղեալ գերերջանիկ եւ աստուածարեալ եւ մեծ րաբունապետն Տէր Վարդան Բաղիշեցի, ետ գրել զսոյն Յովաննէս պատմագիրքս ի յիշատակ իւր եւ ի վայելումն ուսումնասէր աշակերտաց իւրոց եւ ի փրկութիւն հոգւոց ծնողաց իւրոց, հօրն Եղիային եւ մօրն Ղարիպին, եւ եղբարցն Խաչատուրին փոխեցելոյն ի Քրիստոս, եւ Խօշխապարին, եւ որդւոց նորին Ներսէս սարկաւագին եւ այլ ամենայն արեանառու զարմից նորին, եւ հոգեւոր ուսուցչին իւրոյ Խաչատուր վարդապետին։ «Գրեցաւ պատմագիրքս ի քաղաքն Բաղէշ, ի վանս Ամրդօլու, ընդ հովանեաւ սրբոյն Յովհաննու Մկրտչին, Սրբուհւոյ Աստուածածնին եւ սրբոյն Ստեփաննոսի նախավկային. ի թուականիս Հայոց ՌՃԼԸ (1689), Օգոստոսի ԻԴ եղեւ աւարտ սորին, օրն շաբաթ, ձեռամբ Յակոբ երիցու գծագրողի սորին»։
Տետրակս ունի 43 թուղթ, Տիրացու Գէորգ Պալատեցի Տէր Յովհաննիսեանի գրչութեամբ։ Գէորգ Պալատեցիի խնդրանքին վրայ Ս. Ղազարէն իրեն ղրկուած է Յովհաննէս Կաթողիկոսի Պատմութեան լրիւ օրինակութիւնը, հանուած Ձեռ. թիւ 236էն (Պտմգր. Հյց. ԼՋ.)։ Գէորգ Պալատեցի համեմատելով 1689 թուականի Ձեռագրի մը հետ՝ այս հատորիկին մէջ հաւաքած է տարընթերցումները եւ ղրկած Ս. Ղազար, 1784ին։ Պալատեցի օրինակած է նաեւ 1689 թուականի Ձեռագրին Յիշատակարանը։